Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • մսա դաս 6
  • Համարձակ եղիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Համարձակ եղիր
  • Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսին օրինակը
  • Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք
  • Յիսուսին նմանէ
  • Յիսուսը ընդօրինակէ. համարձակութեամբ քարոզէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Համարձակութեամբ կը Քարոզէ՞ք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
  • ‘Աստուծոյ խօսքը համարձակ խօսէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Շարունակէ՛ համարձակութեամբ քարոզել Աստուծոյ խօսքը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Տես աւելին
Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ
մսա դաս 6

ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ

Յիսուս Զաքէոսէն կը խնդրէ որ ծառէն վար իջնէ, ինչ որ իր շուրջիններէն ոմանց կը զարմացնէ։

Ղուկ. 19։1-7

ԴԱՍ 6

Համարձակ եղիր

Սկզբունք. «Համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը» (Ա. Թես. 2։2)։

Յիսուսին օրինակը

Յիսուս Զաքէոսէն կը խնդրէ որ ծառէն վար իջնէ, ինչ որ իր շուրջիններէն ոմանց կը զարմացնէ։

ՎԻՏԷՕ. Յիսուս Զաքէոսին կը քարոզէ

1. Դիտէ՛ ՎԻՏԷՈՆ կամ կարդա՛ Ղուկաս 19։1-7։ Ետքը, այս հարցումներուն պատասխանէ.

  1. ա) Կարգ մը մարդիկ թերեւս ինչո՞ւ կարեւորութիւն չէին տար Զաքէոսին։

  2. բ) Հակառակ ասոր, ի՞նչը ձգեց որ Յիսուս իրեն բարի լուրին մասին խօսի։

Յիսուսէն ի՞նչ կը սորվինք

2. Պէտք է համարձակ ըլլանք, որ ամէն տեսակ մարդու խօսինք Թագաւորութեան մասին։

Յիսուսին նմանէ

3. Եհովային օգնութեան վստահէ։ Ինչպէս որ սուրբ հոգին Յիսուսին օգնեց որ քարոզէ, քեզի ալ կրնայ օգնել (Մատ. 10։19, 20. Ղուկ. 4։18)։ Եհովայէն համարձակութիւն խնդրէ որ քարոզես անոնց, որոնցմէ կը քաշուիս (Գործք 4։29)։

4. Մարդիկը մի՛ դատեր։ Թերեւս քաշուինք կարգ մը մարդոց քարոզելէ՝ իրենց տեսքին, դիրքին, դրամական վիճակին, ապրելակերպին կամ կրօնական համոզումներուն պատճառով։ Բայց յիշէ.

  1. ա) Եհովան եւ Յիսուսը կրնա՛ն մէկու մը սրտին մէջինը գիտնալ, բայց մենք չենք կրնար։

  2. բ) Եհովան կրնայ ոեւէ մէկուն օգնել, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան։

5. Համարձակ եղիր, բայց նաեւ յարգանքով վարուէ եւ զգոյշ եղիր (Մատ. 10։16)։ Մի՛ վիճաբանիր։ Եթէ դիմացինը բարի լուրը չընդունի կամ եթէ անապահով զգաս, քաղաքավար կերպով խօսակցութեան վերջ դիր (Առ. 17։14)։

ՏԵ՛Ս ՆԱԵՒ

Գործք 4։31. Եփ. 6։19, 20. Բ. Տիմ. 1։7

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել