Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 6/1 էջ 16-21
  • Մաքուր լեզու մը բոլոր ազգերուն համար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մաքուր լեզու մը բոլոր ազգերուն համար
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խօսելու պարգեւը
  • Մաքուր լեզուի մը կարիքը
  • Անոնք որոնց տրուած է մաքուր լեզուն
  • Այս լեզուն սորվիլը ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • «Մաքուր լեզուն» սահուն կերպով կը խօսի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Եհովայի վերահաստատուած ժողովուրդը զինք կը փառաբանէ համայն երկրի մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • «Բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր»
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Օտարախօս դաշտը մշակել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 6/1 էջ 16-21

Մաքուր լեզու մը բոլոր ազգերուն համար

«Այն ժամանակ ժողովուրդներուն լեզուները մաքուր լեզուի մը պիտի փոխեմ, որպէսզի ամէնքը Եհովայի անունը կանչեն եւ ուս ուսի անոր ծառայութիւն ընեն»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3։9, ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ։

1, 2. (ա) Սոփոնեայ 3։9–ի առ ի կատարում, Եհովա ի՞նչ կ’ընէ մեր օրերուն։ (բ) Հասկնալու համար թէ Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՛նչպէս կ’ազդէ մեզի, ո՞ր հարցումները պէտք է պատասխանուին։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մեր օրերուն իրապէս հոյակապ գործ մը կը կատարէ։ Ան բոլոր ազգերէն եկող անհատներ միութեան մէջ կը բերէ։ Ինչպէս վաղուց նախագուշակած էր իր Սուրբ Խօսքին մէջ, ասիկա կ’ընէ, անոնց նոր լեզու մը սորվեցնելով։—Սոփոնեայ 3։9

2 Ի՞նչ է այդ լեզուն։ Անիկա ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Անհատապէս ի՞նչ կը պահանջուի մեզմէ զայն սորվելու համար։

Խօսելու պարգեւը

3. (ա) Ադամ ո՞ր հոյակապ պարգեւով օժտուած էր։ (բ) Ադամ ո՞ր լեզուն կը խօսէր։

3 Խօսելով հաղորդակցելու կարողութիւնը աստուածային պարգեւ մըն է, որ մարդը կը զատէ բոլոր կենդանիներու ստեղծագործութենէն։ Առաջին մարդը՝ Ադամ, ստեղծուած էր մտքով մը որ կարող էր ուշիմ կերպով մտածել։ Ան օժտուած էր ձայնային լարերով, լեզուով եւ շրթունքներով, որոնք կրնար գործածել խօսելու համար, ինչպէս նաեւ բառամթերքով ու նոր բառեր կազմելու կարողութեամբ։ Ադամ կը հասկնար երբ Եհովա իր հետ կը խօսէր, իսկ ան իր կարգին կրնար իր միտքը բառերու վերածել։ (Ծննդոց 1։28–30. 2։16, 17, 19–23) Ադամի տրուած լեզուն բացայայտօրէն այն լեզուն էր, որ հետագային Եբրայերէն կոչուեցաւ։ Մարդկային գոյութեան առնուազն առաջին 1,757 տարիներու ընթացքին, ամբողջ մարդկութիւնը որոշապէս շարունակեց այդ մէկ լեզուն խօսիլ։—Ծննդոց 11։1

4. Նեբրովթի օրերու դէպքերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցան մարդկային լեզուին վրայ։

4 Ապա Նեբրովթի օրերուն, ամբարիշտ մարդոց ջանքերը ի դերեւ հանելու համար, Եհովա խառնեց լեզուները այն բոլորին, որոնք թոյլ տուած էին որ Բաբելոնի աշտարակը շինելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերելու ենթարկուին։ (Ծննդոց 11։3–9) Այնպէս կը թուի որ Եհովա նախ անոնց մտքէն ջնջեց իրենց խօսած նախկին լեզուն եւ ապա նոր լեզուներ զետեղեց իրենց մտքերուն մէջ։ Ասիկա ոչ միայն նոր բառամթերք մը, այլ նաեւ նոր քերականութիւններ եւ նոր մտածելակերպեր կը բովանդակէր։ Բաբելոնի մէջ Եհովայի ծագում տուած լեզուներէն ժամանակի ընթացքին ուրիշներ զարգացան մինչեւ օրս. ըստ լեզուի ակադեմիաներու, ամբողջ երկրի վրայ շուրջ երեք հազար լեզուներ կը խօսուին։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ ‘մեր լեզուները ‘մաքուր լեզուի մը փոխուիլը’ ի՞նչ կը բովանդակէ։

5 Այս բոլոր լեզուները խօսող անհատներուն լեզուները ‘մաքուր լեզուի մը փոխուիլը’ պիտի պահանջէ՞ր որ իրենց մայրենի լեզուն ձգելով սորվին այն սկզբնական լեզուն, զոր Աստուած Ադամի տուաւ։ Այս մարգարէութիւնը տրուելուն պատճառ եղած պարագաները կը պատասխանեն այս հարցումին։

Մաքուր լեզուի մը կարիքը

6–8. (ա) Սոփոնեայ 3։9–ի մարգարէութիւնը տրուելէն առաջ, Յուդայի մէջ կրօնական ի՞նչ վիճակ զարգացած էր։ (բ) Յուդայի շուրջ գտնուող ազգերուն մէջ ի՞նչ կեցուածք կը տիրէր։

6 Յուդայի Թագաւորութեան վրայ այն ատեն նախ Մանասէն եւ ապա Ամոնը իշխած էր, որոնք Բահաղի սեղաններ կանգնած, գուշակութիւն ըրած եւ ոգեհարցական սովորութիւններ քաջալերած էին։ (Դ. Թագաւորաց 21։1–6. Բ. Մնացորդաց 33։21–23) Որպէս հետեւանք, Ամոնի որդւոյն եւ յաջորդին՝ Յովսիայի իշխանութեան ընթացքին, Եհովա իր Սոփոնիա մարգարէն յանձնարարեց երկրին վրայ գալիք աստուածային դատաստանին գործադրուելուն ազդարարութիւնը տալու։—Սոփոնեայ 1։1, 2

7 Հակառակ անոր որ Յուդայի բնակիչները իրենց պատմութենէն եւ ներշնչեալ Գրութիւններէն գիտէին որ Եհովա է ճշմարիտ Աստուածը, սակայն անոնք Բահաղի պաշտամունքին անբարոյ անձնատուր եղած էին։ Անոնք արեւուն, լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպերուն երկրպագութիւն կ’ընէին, որոնք ուղղակիօրէն հակառակ էին Աստուծոյ օրէնքին։ (Բ. Օրինաց 4։19. Դ. Թագաւորաց 23։5) Այս բոլորին վրայ, անոնք միջդաւանութեան կը մասնակցէին, իրենց վարմունքով ցոյց տալով որ բոլոր կրօնքներն ալ նոյնն են, թէ՛ Եհովայի եւ թէ Մեղքոմ չաստուծոյն անունով երդումներ ընելով։ Անոնք հետեւեալ դիրքը բռնած էին. «Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք»։ (Սոփոնեայ 1։4–6, 12) Իսկ Յուդայի շուրջ գտնուող ազգերը, բոլորն ալ արձանագրութիւն ունէին որպէս Եհովայի եւ իր ժողովուրդին հակառակողներ, ուստի անոնց վրայ ալ աստուածային արդարութիւնը պիտի գործադրուէր։—Սոփոնեայ 2։4–15

8 Այս բոլոր միջադէպերուն ի տես էր որ Եհովա նախագուշակեց թէ ինք «ժողովուրդներուն լեզուները մաքուր լեզուի մը պիտի [փոխէր], որպէսզի ամէնքը Եհովայի անունը կանչեն եւ ուս ուսի անոր ծառայութիւն ընեն»։ (Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ։) Արդ, ի՞նչ է այդ մաքուր լեզուն։

9. (ա) Մաքուր լեզուն ինչո՞ւ Եբրայերէնը կամ պարզապէս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը չէ։ (բ) Ի՞նչ է այդ մաքուր լեզուն, եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն ունի զայն խօսողներուն կեանքերուն վրայ։

9 Անիկա Եբրայերէ՞ն լեզուն է։ Ոչ. արդէն Յուդայի բնակիչները ունէին այդ լեզուն, բայց անոնց ըսած եւ ըրած բաները ակներեւաբար Եհովայի աչքին մաքուր եւ ուղիղ չէին։ Իսկ մաքուր լեզուն պարզապէս Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը չէ, քանի որ անիկա ալ ունէին։ Ուստի անոնք կարիքը ունէին Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութեան պատշաճ հասկացողութիւն մը ունենալու եւ միայն Եհովա կրնար հայթայթել ատիկա իր հոգիին միջոցաւ։ Երբ անոնք սորվէին այդ մաքուր լեզուն խօսիլ, անոնց մտածումը, խօսակցութիւնը եւ վարքը պիտի կեդրոնանար այդ իրողութեան վրայ թէ Եհովա է միակ ճշմարիտ Աստուածը։ (Սոփոնեայ 2։3) Անոնք իրենց վստահութիւնը անոր վրայ պիտի դնէին եւ լիովին թիկունք կանգնէին անոր գերիշխանութեան։ Ասիկա մասնաւորաբար կը հետաքրքրէ մեզ այսօր. ինչո՞ւ։

Անոնք որոնց տրուած է մաքուր լեզուն

10. Սոփոնեայ 3։9–ի մարգարէութիւնը ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ պիտի կատարուէր։

10 Այս մարգարէութեան կատարուելուն մասնայատուկ ժամանակաշրջանին մատնանշելով, Սոփոնեայ 3։9–ն կ’ըսէ. «Վասնզի այն ժամանակ ժողովուրդներուն լեզուները մաքուր լեզուի մը պիտի փոխեմ (ՆԱ)»։ Ե՞րբ է այդ ժամանակը։ Ութերորդ համարը կը պատասխանէ թէ ‘իր սաստիկ բարկութիւնը թափելէ’ առաջ համար «ազգերը հաւաքել»ու ժամանակամիջոցին է որ Եհովա երկրի խոնարհներուն լեզուն մաքուր լեզուի մը կը փոխէ։

11. (ա) Արդի ժամանակներէն առաջ, Սոփոնեայ 3։9–ի մարգարէութիւնը ի՞նչ երկու կատարումներ ունեցաւ։ (բ) Անոր ներկայ կատարումը ինչպէ՞ս տարբեր է։

11 Յովսիա Թագաւորի օրերուն, Եհովա թոյլատրելէ առաջ որ Բաբելոնական բանակները դատաստան ի գործ դնեն, շատեր կեղծ պաշտամունքը, լքելով սկսան Եհովան պաշտել։ (Բ. Մնացորդաց 34։3–33) Դարձեալ, Հ.Դ. առաջին դարուն, Հռովմէացիներու կողմէ Երուսաղէմը կործանուելէ առաջ, հազարաւորներ Աստուծոյ եւ իր նպատակին մասին ճշմարտութիւնը սորվեցան եւ իր ծառայութեան միացան։ Այդ ժամանակ, ճշմարտութեան լեզուն մեծապէս ճոխացած էր Եհովայի նպատակը իրագործած Յիսուս Քրիստոսի ըրած բաներով։ Բայց մեր օրերուն Սոփոնիայի մարգարէութիւնը կը կատարուի համաշխարհային տարողութեամբ։ Բոլոր ազգերը հիմա կը հաւաքուին Ամենակալ Աստուծոյ մեծ օրուան պատերազմին Արմագեդոնին համար։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Այդ հաւաքումը սկսաւ 1914–ին՝ Թագաւորութեան ծնունդէն ի վեր։ Իսկ այս ժամանակամիջոցին է որ Եհովա այս մարգարէութիւնը կատարելով, ժողովուրդներուն լեզուն կը փոխէ մաքուր լեզուի մը։ Այդ լեզուն սորվիլը կենսական կարեւորութիւն ունի, քանի որ մեծ նեղութենէն վերապրողները պիտի ըլլան անոնք որոնք իրապէս այդ մաքուր լեզուն իւրացուցած են։—Յովելեայ 2։32

12. (ա) Եսայեայ վեցերորդ գլուխի տեսիլքին կատարումը ի՞նչ կապակցութիւն ունի մաքուր լեզուի մը մարգարէութեան հետ։ (բ) Օծեալ մնացորդը ինչո՞ւ օգնութեան կարիքը ունէր, Եհովայի ծառայութեան համար դարձեալ ընդունելի ըլլալու մէջ։

12 Ասոր հետ համընթաց ըլլալով, Առաջին Աշխարհամարտին յաջորդող շրջանին էր որ Եհովա սկսաւ իր օծեալ ծառաներուն հասկացողութեան աչքերը բանալ, Եսայեայ վեցերորդ գլուխին մէջ արձանագրուած տեսիլքը ըմբռնելու։ (Համարներ՝ 1–4) Այս տեսիլքը Եհովայի ընդունելի կերպով ծառայելու համար մաքուր շրթունքներ ունենալու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովա գերադրականօրէն սուրբ է։ Իր ծառաներն ալ պէտք է ցոլացնեն այդ յատկութիւնը։ (Ա. Պետրոս 1։15, 16) Սակայն, օծեալ մնացորդը այս առնչութեամբ օգնութեան կարիքը ունէր։ Առաջին Աշխարհամարտի տեւողութեան, անոնք որոշ չափով արատաւորուած էին աշխարհի գործերուն միջամուխ ըլլալով։ «Տէրոջը վախը սուրբ» կամ մաքուր է, բայց անոնք թոյլ տուած էին որ մարդու եւ մարդկային կազմակերպութիւններու վախը ազդէր իրենց շրթունքներուն, լայն տարողութեամբ Աստուծոյ Խօսքին իրենց ծանուցումը լրեցնելով։ (Սաղմոս 19։9) Քրիստոնեայ Աշխարհին հետ շփման մէջ ըլլալով, մնացորդը տակաւին արատաւորուած էր անոր աւանդութիւններով եւ սովորութիւններով։

13, 14. (ա) Մնացորդը ինչպէ՞ս շիտակ կեցուածք մը ցոյց տուաւ, եւ Եհովա ի՞նչ քայլ առաւ անոր ի նպաստ։ (բ) Եհովա ի՞նչ կերպով մնացորդին մաքուր լեզու մը տուաւ։

13 Իրենց վիճակին գիտակցելով, մնացորդը Եսայի մարգարէին նման ըսաւ. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. վասնզի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։ (Եսայեայ 6։5) Անոնք գիտակցեցան որ իրենց վիճակը անընդունելի էր։ Անոնք ամբարշտութեամբ սխալ ընթացքի մը մէջ չյարատեւեցին, կամ յամառօրէն Եհովայի յանդիմանութիւնները չմերժեցին։ Կղերներուն ալ չմիացան, երբ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան միայն շրթներու ծառայութիւն կը մատուցանէին, միեւնոյն ատեն թիկունք կանգնելով Ազգերու Դաշնակցութեան, որպէս թէ անիկա ըլլար այդ Թագաւորութիւնը։

14 Այդ խոնարհ մնացորդին զղջումը տեսնելով, Եհովա իր անարժան ողորմութեամբ անոնց շրթունքները մաքրելու ձեռնարկեց։ Եսայեայ 6։6, 7–ն կ’ըսէ մեզի. «Սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։ Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ. ‘Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ’»։ Աստուծոյ Խօսքին մաքրող պատգամն էր որ կրակի պէս փճացուց մարդկային աւանդութիւններն ու ուսուցումները։ Անիկա անոնց սրտերէն վանեց մարդու վախը եւ զայն փոխարինեց Եհովան պատուելու համար իրենց շրթունքները գործածելու այրող եռանդով մը։ Այս կերպով Եհովա իրագործեց ‘ժողովուրդներուն լեզուները մաքուր լեզուի մը [բառացիօրէն՝ շրթունքի մը] փոխելու’ իր խոստումը, «որպէսզի ամէնքը Եհովայի անունը կանչեն»։—Սոփոնեայ 3։9, ՆԱ։

15. Մնացորդին ընդառաջումը ինչպէ՞ս ներդաշնակ էր անոնց մաքուր լեզուն տալու Եհովայի նպատակին հետ։

15 Ուստի, արդի Եսայի դասակարգը երբ լսեց Եհովայի հարցումը, որ արձանագրուած է Եսայեայ 6։8–ի մէջ՝ «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», անոնք ուրախութեամբ պատասխանեցին. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ Բոլորին համար դիւրին չէր հանրային ծառայութեան սկսիլ, բայց անոնք ուզեցին Աստուծոյ կողմէ գործածուիլ որպէս իր անուանը համար ժողովուրդ մը։ Եհովայի հոգին զօրացուց զիրենք եւ անոնց թիւը աւելցաւ։

16. (ա) Մնացորդին քարոզչութիւնը ի՞նչ անսպասելի արդիւնքներ ունեցաւ։ (բ) Մեծ բազմութիւնը ինչպէ՞ս կ’ապացուցանէ թէ ինքն ալ հիմա մաքուր լեզուն կը խօսի։

16 Ժամանակի ընթացքին բացայայտ եղաւ որ անոնց քարոզչութիւնը անսպասելի արդիւնքներ կ’ունենար։ Անոնց միջոցաւ, Եհովա ուրիշ խումբի մը կ’օգնէր որպէսզի մաքուր լեզուն սորվին։ (Եսայեայ 55։5) Այս երկրորդ խումբը երկնային կեանքի յոյսին մասնակից չէր, բայց առանձնաշնորհում կը նկատէր Թագաւորութեան ժառանգորդներու մնացորդին ընկերակիցները ըլլալ եւ անոնց հետ ուս ուսի ծառայել որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հրատարակիչներ։ Անոնք աստիճանաբար եկան «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», մինչեւ որ հիմա միլիոններու հասնող «մեծ բազմութիւն մը» կը կազմեն։ Անոնց բերաններէն ելած խօսակցութիւնը զիրենք կը զատորոշէ աշխարհի պառակտուած տարրերէն։ Անոնք իրենց յոյսը չեն դներ ոեւէ մարդու կամ մարդկային կազմակերպութեան վրայ։ Այլ՝ «մեծաձայն [կ’աղաղակեն՝] ըսելով. ‘Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին’»։—Յայտնութիւն 7։9, 10

Այս լեզուն սորվիլը ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ

17. Ինչո՞ւ կարեւոր է մաքուր լեզուն լաւ սորվիլ եւ զայն գործածելու մեր կարողութիւնը բարելաւել։

17 Եհովայի կազմակերպութեան հետ որքան ալ երկար ատենէ շփման մէջ եղած ըլլանք, տակաւին շատ բան կրնանք ընել մաքուր լեզուն սորվելու եւ զայն լաւ գործածելու մեր կարողութիւնը բարելաւելու համար։ Կարեւոր է ջանք թափել ասոր համար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ասիկա կը մատնանշէ որ ճշմարտութիւնը կը սիրենք։

18, 19. (ա) Սկիզբէն իսկ, ինչո՞ւ կարեւոր է զօրաւոր սէր մշակել ճշմարտութեան համար։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է շարունակել այդ սէրը սնուցանել։

18 Սկիզբը, այս սէրը կ’օգնէ որ անհատին միտքը եւ սիրտը բացուին, որպէսզի կարենայ իրեն նշուած համարները լաւ հասկնալ. անիկա կը մղէ զինք որ Եհովայի մօտենայ եւ գնահատէ Իր կազմակերպութիւնը։ Հետեւաբար, ճշմարտութեան սէրը սուտ կրօնքի շղթաներէն ձերբազատուելու բանալին է։ Կարգ մը անհատներ կը դաւանին որ Աստուածաշունչի պատգամը զիրենք կը հետաքրքրէ, բայց բնաւ սուտ կրօնքին աւելորդապաշտութիւններէն եւ անոր թոյլատու ապրելակերպէն իրապէս չեն ձերբազատուիր։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Ինչպէս բացատրուած է Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։10–ի մէջ, անոնք ‘ճշմարտութեան սէրը չեն ընդունիր որ փրկուին’։ Որքա՜ն կենսական է որ այդ սէրը ունենանք։

19 Անգամ մը որ ճշմարտութիւնը ողջունենք, մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան նպաստող գլխաւոր ազդակն է սնուցանել այդ սէրը։ Միշտ ձեր մտքին մէջ պահեցէք որ Եհովա ճշմարտութեան կ’ակնարկէ որպէս «լեզու» մը։ Երբ անհատ մը նոր լեզու մը սորվի, պէտք է ջանադիր ըլլայ որպէսզի իր բառամթերքը զարգացնէ, բառերը շիտակ արտասանէ, քերականութեան մանրամասնութիւնները սորվի, եւայլն։ Այդ նոր լեզուին եւ զայն խօսող ժողովուրդին հանդէպ սէրը պիտի օգնէ իրեն որ շարունակէ յառաջդիմել։ Ան թերեւս կարենայ քիչ մը այդ լեզուն խօսիլ քանի մը ամսուայ մէջ, բայց տարիներու բծախնդիր ջանք կը պահանջէ զայն բնիկի մը պէս խօսելու համար։ Նոյնպիսի ջանք կը պահանջուի մաքուր լեզուին տիրանալու համար։

20. (ա) Ի՞նչ բան մաքուր լեզուն իրապէս մաքուր կը դարձնէ։ (բ) Ինչո՞ւ իւրաքանչիւրս շատ զգոյշ պէտք է ըլլանք։

20 Մասնայատուկ ուշադրութեան արժանի է իր ծառաներուն Աստուծոյ տուած լեզուին մաքրութիւնը։ Ասիկա ճիշդ է, ոչ թէ անոր քերականական կազմին համար, այլ, քանի որ անիկա բարոյական եւ հոգեւոր մաքրութիւն կ’ապացուցանէ։ Այս լեզուին մէջ թոյլատրուած չէ ստել, խաբել, կամ խարդախել։ Այս լեզուն խօսողները միշտ ճշմարտութիւնը պէտք է խօսին։ (Սոփոնեայ 3։13. Եփեսացիս 4։25) Անոնց խօսակցութիւնը սեռային բարոյականութեան նկատմամբ ալ Եհովայի բարձր չափանիշները պէտք է ցոլացնէ։ (Եփեսացիս 5։3, 4) Աստուածաշունչը նաեւ մեզ կը զգուշացնէ թէ Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան, հետ կապ ունեցող ամէն բան պիղծ է։ (Յայտնութիւն 18։2–4) Անոր չաստուածներուն նկարները կոչուած են՝ «կեղտոտ կուռքեր»։ (Երեմեայ 50։2, ՆԱ։) Տեղին ըլլալով, ուրեմն, մաքուր լեզուն սորվողները սուտ կրօնքի ֆիզիքական աւելորդապաշտութիւններէն պէտք է ձերբազատուին, անոր ուսուցումները մերժեն, անոր տօնակատարութիւններէն ազատագրուին, նաեւ իրենց խօսակցութենէն վանեն անոր սխալ մտածելակերպ ցոլացնող արտայայտութիւնները։ Ասկէ զատ, Յայտնութիւն 16։13–16–ի մէջ, մեր ուշադրութեան կը յանձնուի թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան դէմ ելլելու համար ազգերը հաւաքող պրոպականդն ալ պիղծ է, դեւերու կողմէ ներշնչուելով։ Ուստի արթուն պէտք է ըլլանք որ այս պիղծ բաներէն որեւէ մէկը ազդէ մեր խօսակցութեան։

21. Մաքուր լեզուն խօսելու ատեն, բառերէն զատ ի՞նչ բաներ ալ պէտք են։

21 Մեր սորվածը լեզու կը կոչուի եւ ասիկա տեղին է, բայց չի նշանակեր որ զայն խօսողները միմիայն կը սորվին Եհովայի ժողովուրդին սովորական եղող արտայայտութիւնները ի՛նչպէս գործածել։ Ձայնի աստիճանը, դէմքի արտայայտութիւնները եւ շարժուձեւերն ալ կարեւոր են։ Ասոնք, բառերով չարտայայտուելիք պատգամներ կը հաղորդեն. յաճախ կը ցոլացնեն մեր ներքինը։ Անոնք կը մատնանշեն թէ արդեօք մեր մէջ արմատացած նախանձներ, հակասութիւններ, բարկութեան նոպաներ ունինք թէ ոչ, որոնք մեղաւոր մարմնին գործերն են։ Երբ Աստուծոյ հոգին ազատօրէն կը ներգործէ մեր կեանքերէն ներս, անոր պտուղները կը տեսնուին ուրիշներուն հետ մեր խօսած կերպէն։—Գաղատացիս 5։19–23. Եփեսացիս 4։31, 32

22. Երբ մաքուր լեզուն լաւ կը սորվինք, անիկա ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր առնելիք որոշումներուն։

22 Նոր լեզու մը սորված անհատ մը գիտէ թէ ամենէն կարեւոր աստիճանին հասած է երբ կը սկսի նոր լեզուով մտածել, փոխանակ իր մայրենի լեզուէն թարգմանելու։ Նմանապէս, երբ ճշմարտութիւնը կ’ուսումնասիրենք, զայն մեր կեանքերուն մէջ կիրարկելու համար մեծ ջանքեր կը թափենք եւ կանոնաւորաբար զայն կը բաժնենք ուրիշներու հետ, կը տեսնենք որ աստիճանաբար կը սկսինք ճշմարտութեան բառերով մտածել։ Յաւիտենապէս հինը եւ նորը իրարու հետ չենք բաղդատեր որոշում մը առնելու համար պայքար մղելով։ Նոյնիսկ պզտիկ բաներուն մէջ, կը յիշենք Աստուածաշունչի սկզբունքները որոնք մեզի պէտք եղած ուղղութիւնը կը հայթայթեն։—Առակաց 4։1–12

23. Ի՛նչ ալ ըլլայ մայրենի լեզուն, ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ համայն աշխարհի մէջ, բոլոր Եհովայի Վկաները մաքուր լեզուն կը խօսին։

23 Ճիշդ է որ մարդիկ հազարաւոր լեզուներ կը գործածեն, բայց այս բոլոր լեզուներով կարելի է մաքուր լեզուն արտայայտել։ Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաները միակամօրէն լաւ կերպով կը գործածեն մաքուր լեզուն, ուս ուսի ծառայելով հանրային վկայութիւն մը կու տան, որ կը պատուէ Եհովան՝ մեր սիրալիր Աստուածը։

Վերաքաղի հարցումներ

◻ Խօսելու պարգեւը ի՞նչ կը բովանդակէ։

◻ Ի՞նչ է մաքուր լեզուն։

◻ Սոփոնեայ 3։9–ն որո՞նց վրայ կատարուած է։

◻ Ինչպէ՞ս կ’ապացուցանենք որ իրապէս կը սիրենք մաքուր լեզուն։

[Նկար՝ էջ 19]

Մաքուր լեզուն գիտցողները զայն ուրիշներուն հետ կը բաժնեն

[Նկար՝ էջ 21]

Ի՛նչ ալ ըլլայ իրենց մայրենի լեզուն, համայն աշխարհի Եհովայի Վկաները մաքուր լեզուն կը խօսին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել