Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի ընդօրինակէ՞ք
«Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։—ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։1
1. Ինչո՞ւ ուրիշները ընդօրինակելը պէտք է բոլորս հետաքրքրէ։
ՇԱՏ մը անհատներ կ’ընդօրինակեն ուրիշները՝ լաւ կամ գէշ կերպով։ Մեր շուրջը գտնուողները՝ որոնց կրնանք ընդօրինակել՝ որոշ չափով կրնան ազդել մեզի։ Առակաց 13։20–ի ներշնչեալ գրողը զգուշացուց. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ Ուստի, լաւ պատճառով Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է»։—Գ. Յովհաննու 11
2. Որո՞նց պէտք է ընդօրինակենք եւ ի՞նչ կերպով։
2 Աստուածաշունչի մէջ այրերու եւ կիներու հոյակապ օրինակներ ունինք։ (Ա. Կորնթացիս 4։11. 11։1. Փիլիպպեցիս 3։17) Այսուհանդերձ, ընդօրինակուելիք կարեւորագոյն էակը՝ Աստուած է։ Եփեսացիս 4։31–5։2–ի մէջ, նշելէ ետք նկարագրի այն գծերը եւ սովորութիւնները որոնցմէ պէտք է խուսափինք, Պօղոս առաքեալ մեզ կը յորդորէ որ ‘գթած ըլլանք, ներելով իրարու’։ Ասիկա առաջնորդեց որ ան հետեւեալ յորդորը տայ. «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։
3, 4. Աստուած ինչպէ՞ս նկարագրեց ինքզինք, եւ իր արդար Աստուած մը ըլլալը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։
3 Ի՞նչ են Աստուծոյ կերպերը եւ յատկութիւնները զորս պէտք է ընդօրինակենք։ Իր անձնաւորութեան եւ արարքներուն շատ մը երեսակները կան, ինչպէս կը տեսնուի իր մասին Մովսէսի տուած նկարագրութենէն. «Եհովա Եհովա՝ Աստուած ողորմած եւ գթած՝ երկայնամիտ եւ առատ ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով, որ հազարների ողորմութիւն ես անում, որ անօրէնութիւն՝ յանցանք եւ մեղք ես ներում, բայց յանցաւորին բնաւ անպարտ չես թողում. որ հայրերի անօրէնութիւնը հատուցանում ես որդիները վերայ»։—Ելից 34։6, 7 Արեւելահայերէն Աստուածաշունչ։
4 Քանի որ Եհովան «արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ», պէտք է որոշապէս ճանչնանք զինք եւ իր անձնաւորութեան այս երեսակը ընդօրինակենք։ (Սաղմոս 33։5. 37։28) Ան Ստեղծիչն է, ինչպէս նաեւ գերագոյն Դատաւորը եւ Օրէնսդիրը, ուստի ան ամէնուն հանդէպ արդարութիւն կ’արտայայտէ։ (Եսայեայ 33։22) Ասիկա յստակօրէն յայտնուած է իր ժողովուրդին եւ հետագային Քրիստոնէական ժողովքին մէջ արդարութիւն պահանջելու եւ ապա զայն գործադրելու իր կերպէն։
Աստուածային Արդարութիւնը Գործադրուած
5, 6. Իսրայէլի հետ Աստուծոյ ունեցած գործառնութեանց մէջ ինչպէ՞ս արդարութիւնը յայտնուած է։
5 Երբ Իսրայէլը ընտրեց որպէս իր ժողովուրդը, Աստուած անոնց հարցուց թէ կ’ուզէի՞ն ‘իր ձայնին հնազանդիլ ու իր ուխտը պահել’։ Սինա Լերան ստորոտը համախմբուած ժողովուրդը պատասխանեց. «Եհովային բոլոր ասածները կ’անենք»։ (Ելից 19։3–8, Արեւելհայերէն Աստուածշունչ)։ Ի՜նչ լուրջ ստանձնում մը։ Հրեշտակներու միջոցաւ, Աստուած Իսրայելացիներուն տուաւ շուրջ 600 օրէնքներ եւ որպէս իրեն նուիրուած ժողովուրդ մը, անոնք պատասխանատուութիւնը ունէին պահելու զանոնք։ Բայց ի՞նչ կը պատահէր երբ անհատ մը զանցառու ըլլար ասոր մէջ։ Աստուծոյ Օրէնքին մասնագէտ մը բացատրեց. «Այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին»։—Եբրայեցիս 2։2
6 Այո, անհնազանդ Իսրայելացի մը ‘արդար հատուցում կ’առնէր’, ոչ թէ մարդկային թերի արդարութիւն մը, այլ՝ մեր Ստեղծիչէն եկած արդարութիւն մը։ Օրէնքը բեկանողներուն հանդէպ Աստուած տարբեր պատիժներ սահմանած էր։ Մեծագոյն պատիժը՝ ‘կորսուիլը’, կամ մահապատիժն էր։ Այս պատիժը կիրարկելի էր լուրջ սրբապղծումներու՝ ինչպէս կռապաշտութեն, շնութեան, ազգապղծութեան, անասնութեան, միասեռականութեան, երախայ զոհելու, սպանութեան եւ արեան սխալ գործածութեան համար։ (Ղեւտացւոց 17։14. 18։6–17, 21–29) Երբ աստուածային այս արդարութիւնը գործադրուէր, անոր ազդեցութիւնները լաւ կերպով կրնային զգացուիլ յանցագործին ընտանիքին կողմէ։
7. Աստուծոյ երբեմնի ժողովուրդին մէջ արդարութիւն ի գործ դնելուն կարգ մը հետեւանքները ի՞նչ էին։
7 Այս պատիժները կը շեշտէին աստուածային օրէնքը բեկանելու լրջութիւնը։ Օրինակի համար, եթէ տղայ մը գինեմոլ եւ որկրամոլ ըլլար, ան հասուն դատաւորներուն առջեւ պէտք էր տարուէր։ Եթէ տեսնէին որ ան գիտակից եւ անզեղջ յանցագործ մըն էր, ծնողքը պէտք էր մասնակցէր արդարութեան գործադրումին։ (Բ. Օրինաց 21։18–21) Մեզմէ անոնք որ ծնողներ են, կրնան երեւակայել որ դիւրին չէր ասիկա ընել։ Այսուհանդերձ, Աստուած գիտէր թէ հարկ էր ասիկա ընել, որպէսզի ամբարշտութիւնը չտարածուեր ճշմարիտ երկրպագուներուն մէջ։ (Եզեկիէլ 33։17–19) Ասիկա կարգադրուեցաւ Անոր կողմէ, որու մասին կարելի էր ըսել. «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։—Բ. Օրինաց 32։4
8. Քրիստոնէական ժողովքին հետ Աստուծոյ գործառնութեանց մէջ արդարութիւնը ինչպէ՞ս նշուած է։
8 Դարեր ետք, Աստուած մերժեց Իսրայէլ ազգը եւ ընտրեց Քրիստոնէական ժողովքը։ Բայց Եհովան չփոխուեցաւ։ Ան տակաւին արդարութեան կառչած կը մնար եւ կը նկարագրուէր որպէս «մաշող կրակ»։ (Եբրայեցիս 12։29. Ղուկաս 18։7, 8) Ուստի յանցագործները դուրս ընելով, Աստուծոյ վախը ամբողջ ժողովքին սորվեցնելու համար, ան շարունակեց կարգադրութիւն մը ընել։ Նուիրուած Քրիստոնեաները որոնք իրենց յանցանքին համար չէին զղջար, պէտք էր վտարուէին։
9. Ի՞նչ է վտարումը, եւ անիկա ի՞նչ կ’իրագործէ։
9 Վտարումը ի՞նչ կը բովանդակէր։ Առարկայական դաս մը կը գտնենք, առաջին դարուն այս խնդիրը ձեռք առնուած կերպին մէջ։ Կորնթոսի մէջ, Քրիստոնեայ մը իր հօրը կնոջ հետ անբարոյութիւն գործած էր եւ չէր զղջացած, ուստի Պօղոս ուղղութիւններ տուաւ որ ան այդ ժողովքէն վտարուի։ Աստուծոյ ժողովուրդին մաքրութիւնը պահպանելու համար ասիկա պէտք էր կատարուէր, քանի որ «քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ»։ Զայն վտարելը արգելք պիտի հանդիսանար որ իր ամբարշտութիւնը անպատուէր թէ՛ Աստուած եւ թէ Իր ժողովուրդը։ Վտարումի խիստ կրթութիւնը կրնար նաեւ ցնցել ու զգաստացնել զինք, իր եւ ժողովքին մէջ Աստուծոյ վախը զետեղելով։—Ա. Կորնթացիս 5։1–13. Բաղդատել Բ. Օրինաց 17։2, 12, 13։
10. Երբ անհատ մը վտարուի, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս պէտք է հակազդեն։
10 Աստուածային հրամանն էր վտարուած ամբարիշտին հետ ‘չխառնուիլ ... անոր հետ հաց ալ չուտել’։a Այս կերպով ան Աստուծոյ օրէնքը յարգող եւ անոր համաձայն քալել ուզող հաւատարիմներու ընկերակցութենէն, նաեւ ընկերութենէն կը կտրուի։ Անոնցմէ ոմանք անմիջական ընտանիքէն դուրս եղող եւ նոյն տան անդամը չեղող ազգական մը կրնան ըլլան։ Ազգականներուն համար կրնայ դժուար ըլլալ աստուածային այս ցուցմունքը կիրարկել, ինչպէս որ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ դիւրին չէր Եբրայեցի ծնողներուն, իրենց ամբարիշտ տղուն սպանութեան մասնակից ըլլալ։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ պատուէրը որոշ էր. ուստի կրնանք վստահ ըլլալ որ վտարումը արդարացի է։—Ա. Կորնթացիս 5։1, 6–8, 11. Տիտոս 3։10, 11. Բ. Յովհաննու 9–11. տես Դիտարան Սեպտեմբեր 15, 1981, էջ 26–31. Ապրիլ 15, 1988, էջ 28–31 [Անգլ.]։
11. Վտարումի կապակցութեամբ, Աստուծոյ անձնաւորութեան տարբեր երեսակները ինչպէ՞ս կրնան տեսնուիլ։
11 Յիշեցէք սակայն, որ մեր Աստուածը միմիայն արդար չէ. ան նաեւ «առատ [է] ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող» է։ (Թուոց 14։18) Իր Խօսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ վտարուած անհատ մը կրնայ զղջալ, աստուածային թողութիւն փնտռելով։ Ապա, փորձառու տեսուչներ կրնան տեսնել զինք, աղօթքով եւ զգուշութեամբ որոշելու թէ ան իր վտարումին առաջնորդող յանցագործութեան համար իրապէս զղջացած է թէ ոչ։ (Բաղդատել Գործք 26։20)։ Եթէ ասիկա բացայայտ է, ան կրնայ ժողովքին մէջ վերընդունուիլ, ինչպէս պատահեցաւ Կորնթոսի մէջ գտնուող մարդուն, զոր ցոյց տրուած է Բ. Կորնթացիս 2։6–11–ի մէջ։ Սակայն, կարգ մը վտարուածներ տարիներէ ի վեր հեռու են Աստուծոյ ժողովքէն, ուստի կրնա՞նք բան մը ընել որ անոնք վերադարձի ճամբան տեսնեն։
Արդարութիւնը Հաւասարակշռուած Ողորմութեան Հետ
12, 13. Աստուած ընդօրինակելը ինչո՞ւ արդարութիւնը ցոլացնելէն աւելին կը բովանդակէ։
12 Նախորդ պարբերութիւններուն մէջ գլխաւորաբար տեսանք Աստուծոյ յատկութիւններէն մէկը, որ յիշուած է Ելից 34։6, 7–ի մէջ։ Այս համարները սակայն, միայն Աստուծոյ արդարութեան ուշադրութիւն չեն հրաւիրեր եւ զինք ընդօրինակել ուզողները միմիայն արդարութիւնը պարտադրելու վրայ պէտք չէ կեդրոնանան։ Եթէ Սողոմոնի կողմէ շինուած տաճարին մէկ օրինակը պիտի ընէիք, միայն անոր մէկ սի՞ւնը պիտի ուսումնասիրէիք։ (Գ. Թագաւորաց 7։15–22) Ոչ, քանի որ անիկա տաճարին բնոյթին եւ դերին մասին հաւասարակշռուած պատկեր մը պիտի չներկայացներ։ Նմանապէս, եթէ կը փափաքինք Աստուած ընդօրինակել, պէտք է իր միւս կերպերը եւ յատկութիւններն ալ ընդօրինակենք, ինչպէս ըսուած է թէ ան «ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, ... յանցանքը ներող» է։
13 Իսրայէլի հետ իր վարուած կերպէն կը տեսնենք որ ողորմութիւնը եւ ներողամտութիւնը Աստուծոյ հիմնական յատկութիւններն են։ Արդարութեան Աստուածը պատիժէ զերծ չպահեց իր ծառաները, իրենց յաճախադէպ յանցանքներուն համար, այսուհանդերձ ան շա՜տ ողորմած եւ ներողամիտ եղաւ իրենց նկատմամբ։ «Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։ Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր»։ (Սաղմոս 103։7–9. 106։43–46) Այո, հարիւրաւոր տարիներու իր արարքներուն վրայ յետադարձ ակնարկ մը նետելը կը հասատատէ այս խօսքերուն ճշմարտութիւնը։—Սաղմոս 86։15. 145։8, 9. Միքիա 7։18, 19
14. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք Աստուծոյ ողորմածութիւնը ընդօրինակած էր։
14 Քանի որ Յիսուս Քրիստոս «[Աստուծոյ] փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը», կ’ակնկալենք որ ինքն ալ նոյնանման ողորմութիւն եւ ներողամտութիւն ցուցաբերէ։ (Եբրայեցիս 1։3) Ուրիշներուն հանդէպ իր վերաբերմունքը ցոյց տուաւ որ Յիսուսի պարագան ալ այս էր։ (Մատթէոս 20։30–34) Ան իր խօսքերով ալ շեշտեց ողորմութիւնը, զոր կը կարդանք Ղուկաս 15–րդ գլուխին մէջ։ Հոն արձանագրուած երեք առակները կը փաստեն թէ Յիսուս ընդօրինակեց Եհովան եւ անոնք մեզի համար ալ կենսական դասեր են։
Կորսուածին Հանդէպ՝ Հոգածութիւն
15, 16. Ի՞նչ բան մղեց որ Յիսուս Ղուկաս 15–րդ գլուխի առակները տայ։
15 Այս առակները կը վկայեն մեղաւորներուն հանդէպ Աստուծոյ ունեցած ողորմած հետաքրքրութիւնը եւ անոնք մեզի ներդաշնակ պատկեր մը կը պարզեն, որ արժանի է ընդօրինակուելու։ Նկատի առնենք այս առակներուն բովանդակութիւնը. «Շատ մը մաքսաւորներ ու մեղաւորներ [Յիսուսի] կը մօտենային իրմէ լսելու համար։ Իսկ Փարիսեցիները ու դպիրներ տրտունջ կ’ընէին ու կ’ըսէին. ‘Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ’»։—Ղուկաս 15։1, 2
16 Հոն գտնուողներուն բոլորը Հրեաներ էին։ Փարիսեցիները եւ դպիրները կը հպարտանային, քանի որ Մովսիսական Օրէնքին բծախնդրօրէն կառչած էին. տեսակ մը օրինական արդարութիւն։ Սակայն Աստուած այսպիսի ինքնապանծ արդարութենէն չախորժիր։ (Ղուկաս 16։15) Բացայայտօրէն, խնդրոյ առարկայ մաքսաւորները Հրեաներ էին, որոնք Հռովմի համար մաքս կը հաւաքէին։ Քանի որ անոնցմէ շատերը իրենց ազգակիցներէն չափազանց գումարներ կը պահանջէին, անոր համար նախատուած դասակարգ մըն էին։ (Ղուկաս 19։2, 8) Անոնք «մեղաւորներ»ուն հետ դասուած էին, մէջը ըլլալով անբարոները եւ նոյնիսկ պոռնիկները։ (Ղուկաս 5։27–32. Մատթէոս 21։32) Բայց Յիսուս տնտունջ ընող կրօնական առաջնորդներուն հարցուց.
17. Ղուկաս 15–րդ գլուխին մէջ Յիսուսի տուած առաջին առակը ի՞նչ էր։
17 «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասնզի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներուն համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։ Կրօնական առաջնորդները շատ լաւ կրնային հասկնալ պարզուած պատկերը, քանի որ ոչխարները եւ հովիւները սովորական պատկեր մըն էին իրենց համար։ Հոգածու հոգիւ մը 99 ոչխարները կը ձգէր ծանօթ առօտ մը, մինչ ինք կ’երթար մոլորած ոչխարը փնտռելու։ Ան կը յարատեւէր մինչեւ որ գտնէր զայն ու ապա քնքշութեամբ սարսափահար ոչխարը կը վերադարձնէր հօտին։—Ղուկաս 15։4–7
18. Ըստ Ղուկասի 15–րդ գլուխի Յիսուսի երկրորդ առակին, ի՞նչ բան ուրախութեան պատճառ եղաւ։
18 Յիսուս երկրորդ առակ մը տուաւ. «Կամ ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկաներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասնզի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’։ Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ (Ղուկաս 15։8–10) Մէկ դրամը գրեթէ մէկ օրուայ աշխատավարձ էր։ Այս կնկան դրամը թերեւս ընտանեկան ժառանգ մըն էր եւ կամ գոհարեղէնի մը վերածուած էր։ Երբ կորսուեցաւ, ան անդադար փնտռեց մինչեւ գտնէ եւ ապա ինք ու իր ընկերուհիները ուրախացան։ Ասիկա մեզի ի՞նչ կը յայտնէ Աստուծոյ մասին։
Երկնային Ուրախութիւն. Ի՞նչ Բանի Վրայ
19, 20. Ղուկաս 15–րդ գլուխի Յիսուսի երկու առակները գլխաւորաբար որո՞նց մասին էին, եւ անոնց բուն կէտը ի՞նչ էր։
19 Այս երկու առակներով Յիսուս կը պատասխանէր իր դէմ եղած ամբաստանութեան, քանի որ քանի մը ամիս առաջ Յիսուս ինքզինք նմանցուցած էր «բարի հովիւ»ի մը, որ իր կեանքը իր ոչխարներուն համար պիտի դնէր։ (Յովհաննու 10։11–15) Այսուհանդերձ, այս առակները գլխաւորաբար Յիսուսի մասին չէին։ Դպիրները եւ Փարիսեցիները պէտք էր սորվէին Աստուծոյ կեցուածքին եւ կերպերուն մասին։ Ուստի, Յիսուս ըսաւ որ երկնքի մէջ ուրախութիւն կ’ըլլայ դարձի եկող մեղաւորի մը համար։ Այդ կրօնաւորները կը դաւանէին Եհովայի ծառայել, առանց զինք ընդօրինակելու։ Իսկ Յիսուսի ողորմած արարքները կը ներկայացնէին իր Հօրը կամքը։—Ղուկաս 18։10–14. Յովհաննու 8։28, 29. 12։47–50. 14։7–11
20 Եթէ հարիւրէն մէկը ուրախութեան պատճառ մը եղաւ, տասը դրամէն մէկը աւելի մեծ պատճառ մըն է։ Հիմա իսկ կրնանք զգալ այդ մէկ դրամը գտած կիներուն ցնծութիւնը։ Հոս դարձեալ ուշադրութիւնը երկնքի ուղղուած է. «Աստուծոյ հրեշտակներ»ը Եհովայի հետ կ’ուրախանան «մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Նկատի առէք վերջին բառը՝ «կ’ապաշխարէ»։ Այս առակները իրապէս ապաշխարող կամ զղջացող մեղաւորներու մասին է։ Իսկ կը տեսնենք որ երկու առակներն ալ կը շեշտեն ապաշխարողներուն համար ուրախանալու պատշաճութիւնը։
21. Ղուկաս 15–րդ գլուխի Յիսուսի առակներէն ի՞նչ դաս պէտք է սորվինք։
21 Կրօնական այս մոլորած առաջնորդները որոնք ինքնահաւանութեամբ Օրէնքին յարեւանցի կերպով կը հնազանդէին, կ’անտեսէին որ Աստուած «ողորմած ու բարերար ... անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող» է։ (Ելից 34։6, 7) Եթէ անոնք ընդօրինակէին Աստուծոյ գործելակերպերուն եւ անձնաւորութեան այս երեսակը, պիտի գնահատէին զղջացող մեղաւորներուն հանդէպ Յիսուսի ցուցաբերած ողորմութիւնը։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Այս դասը սրտանց ընդունելով կը կիրարկե՞նք զայն։ Նկատի առնենք Յիսուսի երրորդ առակը։
Զղջումը եւ Ողորմութիւնը Գործի Վրայ
22. Հակիրճօրէն ըսէք թէ Ղուկաս 15–րդ գլուխին մէջ Յիսուսի երրորդ առակը ի՞նչ էր։
22 Ասիկա յաճախ կոչուած է անառակ որդիին առակը։ Սակայն զայն կարդալով կրնաք տեսնել թէ ի՛նչու ոմանք զայն կը նկատեն հօր մը սէրը արտայայտող առակը։ Ան կը խօսի որ ընտանիքի մը կրտսեր որդին իր հօրմէն իրեն ինկած ժառանգը կ’առնէ։ (Բաղդատել Բ. Օրինաց 21։17)։ Այս որդին հեռու երկիր մը կ’երթայ եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը կը փճացնէ, կը ստիպուի խոզարած ըլլալ եւ նոյնիսկ խոզերուն տրուած ուտելիքին կարօտ կը մնայ։ Ան վերջապէս ինքզինքին կու գայ եւ կ’որոշէ տուն վերադառնալ, նոյնիսկ յօժարելով աշխատիլ որպէս իր հօրը մէկ վարձկանը։ Երբ տան կը մօտենայ, իր հայրը նախաքայլը առնելով զինք կը դիմաւորէ եւ նոյնիսկ խնճոյք մը կը սարքէ։ Մեծ եղբայրը՝ որ տունը մնալով աշխատած էր՝ կ’ընդվզի ցոյց տրուած ողորմութեան համար։ Բայց հայրը կ’ըսէ թէ պէտք է ուրախանան, քանի որ այս որդին մեռած էր ու ողջնցաւ։—Ղուկաս 15։11–32
23. Անառակ որդիին առակէն ի՞նչ պէտք է սորվինք։
23 Կարգ մը դպիրներ եւ Փարիսեցիներ թերեւս զգացին որ իրենք կը բաղդատուէին մեծ որդւոյն, իսկ հակառակը՝ մեղաւորները կրտսեր որդւոյն հետ։ Բայց արդեօք անոնք հասկցա՞ն առակին բանալի կէտը. իսկ մե՞նք։ Անիկա կը շեշտէ մեր ողորմած երկնաւոր Հօր աչքառու մէկ յատկութիւնը. ան կը կամի ներել երբ մեղաւոր մը անկեղծօրէն կը զղջայ ու դարձի կու գայ։ Յիսուսի ունկնդիրները պէտք է ուրախանային որ զղջացող մեղաւորները կրնային փրկուիլ։ Աստուած այսպէս կը դիտէ հարցը եւ այսպէս կը վարուի, իսկ զինք ընդօրինակողներն ալ նոյնը կ’ընեն։—Եսայեայ 1։16, 17. 55։6, 7
24, 25. Աստուծոյ ո՞ր գործելակերպերը պէտք է ջանանք ընդօրինակել։
24 Որոշ է որ Աստուծոյ բոլոր ճամբաները արդարութեամբ յատկորոշուած են, ուստի Եհովան ընդօրինակել փափաքողները մեծապէս կ’արժեւորեն արդարութիւնը եւ կը հետապնդեն զայն։ Սակայն մեր Աստուածը միայն վերացական եւ անթեքելի արդարութեամբ չի շարժիր։ Անոր ողորմութիւնը եւ սէրը մեծ են. ասիկա ցոյց կու տայ անկեղծ զղջումի հիման վրայ ներելու պատրաստակամութեամբ։ Տեղին ըլլալով ուրեմն, Պօղոս մեր ներողամիտ ըլլալը կապեց Աստուած ընդօրինակելու հետ. «[Ներեցէք] իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։ Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։—Եփեսացիս 4։32–5։2
25 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները միշտ ջանացած են Եհովայի արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ողորմութիւնը եւ ներելու պատրաստակամութիւնը ընդօրինակել։ Որքան լաւ ճանչնանք զինք, այդքան դիւրին կ’ըլլայ այս մարզերուն մէջ զինք ընդօրինակել։ Արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա կիրարկել անհատի մը նկատմամբ, որ իրաւացիօրէն կրթութիւն ստացած է, մեղաւոր ընթացքի մը հետեւած ըլլալուն համար։ Տեսնենք։
[Ստորանիշ էջ 16]
a «Լայն իմաստով, բանադրութիւնը գիտակից արարք մըն է, որով խումբ մը կը մերժէ անդամակցութեան առանձնաշնորհումը տալ անոնց որոնք ատեն մը լաւ կեցուածք ունեցող անդամներ էին։ ... Բանադրութիւնը Քրիստոնէական դարաշրջանին կ’ակնարկէր վտարումի արարքի մը, որով կրօնական համայնք մը յանցագործներուն կը մերժէր եկեղեցական Խորհուրդներու, ժողովքային պաշտամունքի եւ որեւէ տեսակ ընկերային յարաբերութեան մասնակցիլ»։—Միջազգային Ստուգատիպ Աստուածաշունչի Համայնագիտարան։
Ի՞նչ Սորվեցաք
◻ Աստուծոյ արդարութիւնը ինչպէ՞ս յայտնաբերուեցաւ Իսրայէլի ժողովքին եւ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ։
◻ Ինչո՞ւ, իր արդարութենէն զատ, պէտք է ընդօրինակենք Աստուծոյ ողորմութիւնը։
◻ Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ Ղուկաս 15–րդ գլուխի առակներուն, եւ անոնցմէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։
[Նկար՝ էջ 16,17]
Սինա Լերան դիմաց՝ էր–Ռահա դաշտագետինը (ձախին ետեւը)
[Վերապահուած Իրաւասութիւն]
Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.
[Նկար՝ էջ Վերապահուած Իրաւասութիւն էջ 15]
Կարօ Նալպանտեան
[Պատկեր՝ Վերապահուած Իրաւասութիւն էջ 18]
Կարօ Նալպանտեան