Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 6/1 էջ 29-31
  • Եհովա—Արդարութիւնը ու իրաւունքը սիրող

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա—Արդարութիւնը ու իրաւունքը սիրող
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ողորմութիւն եւ Եհովայի Արդարութիւնը
  • Եհովայի Արդարութիւնը Ընդօրինակենք
  • Արդարութիւնով Ցանեցէք
  • Եհովան՝ ճշմարիտ իրաւունքի եւ արդարութեան Աղբիւրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովան ընդօրինակեցէք՝ իրաւունք ու արդարութիւն ընելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովա ‘իրաւունք պիտի ընէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի ընդօրինակէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 6/1 էջ 29-31

Եհովա—Արդարութիւնը ու իրաւունքը սիրող

ՍԱՐԱՅԷՎՈՅԷՆ երիտասարդուհի մը ինքն իրեն հարց կու տայ թէ իր երկրին երախաները ի՛նչու այսքան տառապանք պէտք է կրեն։ «Մենք բան մը չենք ըրած որ այսքան տառապանքի արժանի ըլլանք. մենք անմեղ ենք», կ’ըսէ ան։ 15 տարիէ, Արժանթինցի խորապէս շփոթած մայրեր, Պուէնոս Այրէսի հանրային հրապարակը կը հաւաքուին, իրենց անհետացած տղոցը համար բողոքելու։ Էմմանուէլ անունով Ափրիկեցի մարդ մը, որու մայրը եւ երեք քոյրերը վայրագօրէն սպաննուած են ցեղային բռնարարքներու ընթացքին, կը պնդէ. «Ամէն մարդ իր արդար պատիժը պէտք է ստանայ ... Մեր իրաւունքը կը պահանջենք»։

Իրաւունքը, կամ արդարութիւնը, Եհովա Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւններէն մէկն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՝ «Անոր բոլոր ճամբաները արդար են»։ Արդարեւ, Եհովա «արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ»։ (Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 33։5) Աստուած լաւ ճանչնալու համար, պէտք է արդարութեան իր զգացումը հասկնանք եւ սորվինք զինք ընդօրինակել։—Ովսեայ 2։19, 20. Եփեսացիս 5։1

Արդարութեան նկատմամբ մարդոց տեսակէտը հաւանաբար այս յատկութեան հանդէպ մեր տեսակէտին վրայ ազդած է։ Աշխարհի շատ մը մասերուն մէջ, արդարութիւնը ներկայացուած է ձեռքը սուր եւ կշիռ մը ունեցող, աչքերը կապուած կնոջմով մը։ Ինչ որ կը թելադրէ որ մարդկային արդարութիւնը անաչառ պէտք է ըլլայ, այսինքն, հարստութիւն կամ հեղինակութիւն ունեցողներու նկատմամբ՝ կոյր։ Անիկա զգուշութեամբ պէտք է կշռադատէ, դատապարտուած անհատին յանցապարտութիւնը կամ անմեղութիւնը։ Իսկ սուրով, արդարութիւնը պէտք է պաշտպանէ անմեղը, իսկ պատժէ՝ յանցաւորը։

Գիրք մը (Right and Reason—Ethics in Theory and Practice) կ’ըսէ որ «արդարութիւնը կապուած է օրէնքի, պարտաւորութեան, իրաւունքի եւ պատասխանատուութեան հետ եւ տրուելիք պատիժը կ’որոշէ անաչառութեամբ եւ արժանիքի համաձայն»։ Սակայն Եհովայի արդարութիւնը անկէ անդին կ’երթայ։ Ասիկա կրնանք տեսնել, ճիշդ իր Հօրը նմանող Յիսուս Քրիստոսի արարքներն ու յատկութիւնները քննելով։—Եբրայեցիս 1։3

Աւետարանիչ Մատթէոս՝ Եսայեայ 42։3–ի խօսքերը Յիսուսի կը կիրարկէ, ուր կ’ըսէ. «Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպըլած պատրոյգը պիտի չմարէ, իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ»։ Յիսուս ջախջախուած եղէգի նման ծռած եւ նոյնիսկ ոտնակոխուած մարդոց մխիթարական պատգամ մը հաղորդեց։ Անոնք պլպլացող պատրոյգի կը նմանէին, կարծես թէ իրենց կեանքի վերջին կայծը մարելու վրայ էր։ Փոխանակ ջախջախուած եղէգը փշրելու եւ պլպլացող պատրոյգը մարելու, Յիսուս խղճաց ցաւագարներուն, անոնց սորվեցուց ու զանոնք բժշկեց եւ անոնց պարզեց Եհովա Աստուծոյ արդարութիւնը։ (Մատթէոս 12։10–21) Ինչպէս Եսայիի մարգարէութիւնը նախագուշակած էր, այսպիսի արդարութիւն յոյս ներշնչեց։

Ողորմութիւն եւ Եհովայի Արդարութիւնը

Ողորմութիւնը Աստուծոյ արդարութեան անբաժան մէկ մասն է։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ասիկա բացայայտ եղաւ։ Ան կատարելապէս ներկայացուց արդարութեան ու իրաւունքի Աստուծոյ չափանիշները։ Սակայն, Հրեայ դպիրներն ու Փարիսեցիները ջանացին, արդարութեան հասնիլ, մեծաւ մասամբ իրենց կողմէ հաստատուած օրէնքներու անթեք կանոնագրի մը հետեւելով։ Անոնց օրինագիժ արդարութեան մէջ ողորմութեան տեղ չկար։ Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն միջեւ բախումը յաճախ հետեւեալ նիւթին շուրջ կը դառնար. Ի՞նչ է իրական իրաւունքը եւ արդարութիւնը։—Մատթէոս 9։10–13. Մարկոս 3։1–5. Ղուկաս 7։36–47

Յիսուս օրինակով մը ցոյց տուաւ որ ուրիշներուն հետ ի՛նչպէս իրաւունքով եւ արդարութեամբ պէտք է վարուիլ։ Առիթով մը, օրինական մը Յիսուսի հարցուց որ ի՛նչ պէտք է ընել յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։ Առ ի պատասխան Յիսուս անոր հարցում մը հարցուց եւ գովեց զինք, երբ պատասխանեց որ երկու ամենէն կարեւոր պատուիրաններն են Աստուած սիրել բոլոր սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութիւնով, եւ ընկերը սիրել անձին պէս։ Ապա այս մարդը հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Յիսուս բարի Սամարացիին առակով պատասխանեց անոր։—Ղուկաս 10։25–37

Յիսուսի տուած Սամարացիին առակին մէջ, Եհովայի արդարութիւնը ու ողորմած իրաւունքը կը պարզուէին։ Իրեն անծանօթ վիրաւորուած մարդուն անշահախնդրաբար օգնելով, Սամարացին ուղիղ, շիտակ եւ ողորմած բան մը ըրաւ։ Յիսուս երկրի վրայ եղած ժամանակ նոյն հոգին ցուցաբերեց։ Ան արդար եւ ուղիղ էր։ Ան նոյնիսկ իր կեանքը տուաւ չքաւոր անհատներուն, տառապանքի, հիւանդութեան ու մահուան ենթակայ մեղաւոր ու անկատար մարդոց համար։ Պօղոս առաքեալ արդարութիւնը կապեց փրկանքի կարգադրութեան հետ։ Ան գրեց. «ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս մէկուն արդարութիւնովը [կամ, «մէկ արդար արարքով»] բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ»։ (Հռովմայեցիս 5։18) Աստուած այս «մէկ արդար արարք»ով հնազանդ մարդկութիւնը փրկեց Ադամի մեղքին աղետալի հետեւանքներէն, որու համար իրենք ուղղակիօրէն պատասխանատու չէին։

Աստուծոյ արդարութեան նպատակն էր մեղաւոր մարդիկը փրկել եւ միեւնոյն ժամանակ, իր արդար սկզբունքները պաշտպանել։ Մեղքը անտեսելը անիրաւ եւ անսիրալիր պիտի ըլլար, քանի որ անով անօրինութիւնը քաջալերուած պիտի ըլլար։ Իսկ միւս կողմէ, եթէ Աստուծոյ արդարութիւնը միմիայն վարձատրութեան կամ պատիժի սահմանափակուէր, մարդկութեան կացութիւնը անյոյս պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչին համաձայն, «մեղքին վարձքը մահ է» եւ «արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը»։ (Հռովմայեցիս 3։10. 6։23) Անհատապէս իրեն եւ իր Որդւոյն շատ սուղի նստելով, Եհովա մեղքերու համար քաւիչ զոհ մը հայթայթեց։—Ա. Յովհաննու 2։1, 2

Փրկանքը ցոյց կու տայ որ աստուածային արդարութիւնը ընդելուզուած է սիրոյ (Յունարէն՝ ակաբէ) սկզբունքին հետ։ Արդարեւ, Աստուծոյ իրաւունքը իր արդար սկզբունքներուն դրսերեւոյթն է. Անոր բարոյական չափանիշին արտացոլացումն է։ Երբ Աստուծոյ կողմէ գործադրուի, ուրեմն, ակաբէն ա՛յն սէրն է որու վրայ աստուածային արդարութիւնը հիմնուած է։ (Մատթէոս 5։43–48) Ուստի, եթէ իրապէս հասկնանք Աստուծոյ արդարութիւնը, այդ պարագային իր դատաստաններուն բացարձակապէս պիտի վստահինք։ Որպէս «բոլոր երկրի Դատաւորը», ան միշտ շիտակ եղածը կ’ընէ։—Ծննդոց 18։25. Սաղմոս 119։75

Եհովայի Արդարութիւնը Ընդօրինակենք

Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ ‘Աստուծոյ նմանող ըլլանք’։ (Եփեսացիս 5։1) Ասիկա կը թելադրէ որ իր արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ սէրը ընդօրինակենք։ Սակայն, քանի որ անկատար ենք, մեր ճամբաները Եհովա Աստուծոյ ճամբաներուն չափ բարձր չեն։ (Եսայեայ 55։8, 9. Եզեկիէլ 18։25) Ուստի, ի՞նչպէս կրնանք փաստել որ իրաւունքը եւ արդարութիւնը կը սիրենք։ ‘Նոր մարդը մեր վրայ հագնելով, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ (Եփեսացիս 4։24) Այդ պարագային պիտի սիրենք ի՛նչ որ Աստուած կը սիրէ, ու պիտի ատենք՝ ի՛նչ որ Աստուած կ’ատէ։ ‘Ճշմարիտ արդարութիւնը’ կը վանէ բռնութիւնը, անբարոյութիւնը, պղծութիւնը եւ հաւատուրացութիւնը, քանի որ ասոնք կը պղծեն ինչ որ սուրբ է։ (Սաղմոս 11։5. Եփեսացիս 5։3–5. Բ. Տիմոթէոս 2։16, 17) Աստուածային արդարութիւնն ալ մեզ կը մղէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք։—Սաղմոս 37։21. Հռովմայեցիս 15։1–3

Ասկէ զատ, եթէ Աստուծոյ արդարութեան ողորմած ըլլալը գնահատենք, մեր հոգեւոր եղբայրներն ու քոյրերը դատելու հակումը պիտի չունենանք։ Մենք կրնա՞նք զանոնք հասկնալ ինչպէս Եհովա կը հասկնայ։ Չի՞ կրնար ըլլալ որ սխալ տեսակէտով մը զանոնք դատենք։ Անոր համար Յիսուս զգուշացուց. «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու»։ (Մատթէոս 7։1–5) Մեր անձնական անկատարութիւնները պարկեշտօրէն նկատի առնելը, մեզ ետ պիտի պահէ ուրիշները դատելէ, որ Եհովան կրնայ անարդար նկատել։

Ժողովքին նշանակուած երէցները, ստիպուած են դատել, երբ լուրջ յանցագործութիւն մը կատարուի։ (Ա. Կորնթացիս 5։12, 13) Այս պարագային, անոնք կը յիշեն որ Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմած ձեռք կ’երկարէ հոն ուր կարելի է։ Եթէ ողորմութեան հիմ մը չկայ՝ ինչպէս անզեղջ յանցագործներու պարագային՝ կարելի չէ ողորմիլ։ Բայց երէցները ոխակալութենէ մղուած չէ որ այսպիսի յանցագործ մը ժողովքէն կը վտարեն։ Անոնք կը յուսան որ վտարումը թերեւս անհատին խելքը գլուխը բերէ։ (Տես Եզեկիէլ 18։23) Քրիստոսի գլխաւորութեան ներքեւ, երէցները արդարութեան շահերուն կը ծառայեն եւ այս կերպով, «հովին դէմ դնող պատսպարան» մը կ’ըլլան։ (Եսայեայ 32։1, 2) Հետեւաբար, անոնք անաչառութիւն եւ բանականութիւն ցոյց պէտք է տան։—Բ. Օրինաց 1։16, 17

Արդարութիւնով Ցանեցէք

Մինչ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը կը սպասենք, Աստուծոյ հաճութիւնը վայելելու համար պէտք է ‘արդարութիւն փնտռենք’։ (Սոփոնեայ 2։3. Բ. Պետրոս 3։13) Այս գաղափարը գեղեցիկ կերպով արտայատուած է Ովսեայ 10։12–ի մէջ. «Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։ Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք, քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է, մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ»։

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ‘արդարութիւնով ցանելու’ շատ պատեհութիւններ ունինք, ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ բարի Սամարացիին առակին մէջ։ Եհովա հոգ պիտի տանի որ մենք ‘ողորմութիւնով հնձենք’։ Եթէ շարունակենք ‘իմաստութեան ճամբուն’ մէջ քալել, իր արդար խրատները պիտի ստանանք Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։ (Եսայեայ 40։14) Ժամանակի ընթացքին, անկասկած աւելի լիովին պիտի գնահատենք որ Եհովան արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։—Սաղմոս 33։4, 5

[Նկար՝ էջ 31]

Բարի Սամարացին Եհովայի արդարութիւնը պատկերացուց

[Նկար՝ էջ 31]

Յիսուս ցաւագար մարդոց խղճաց, որոնք ջախջախուած եղէգի նման էին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել