Ոճիրը՝ քաոսային աշխարհի մը մէջ
ՈՃԻՐԸ արդի բներեւոյթ մը չէ։ Առաջին սպանութիւնը տեղի ունեցաւ հազարաւոր տարիներ առաջ, երբ Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը։ Բռնաբարութիւնը եւ սոդոմականութիւնը յիշուած են Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ (Ծննդոց 3։8. 19։4, 5. 34։1–4) Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, մարդիկ կը կողոպտուէին, ինչպէս բարի Սամարացիին առակը ցոյց կու տայ։ (Ղուկաս 10։29–37) Բայց ներկայիս տարբերութիւն մը կայ։
Աշխարհի շատ մը գլխաւոր քաղաքներու, ինչպէս՝ Նիւ Եորքի, Լոնտոնի, Կալկադայի, կամ Պոկոթայի բնակիչներուն զգացումը այդ է թէ ոճիրը հիմա աւելի տարածուած է եւ աւելի կը սպառնայ։ Ինտիա Թուտէյ լրագրին մէջ, «Անիշխանութեան Պաշտամունք» խորագիրը կրող տեղեկագրութիւն մը կը նշէ. «Երկիրը իրար կապող փխրուն բարոյականը եւ ընկերային հիւսուածքը բեկանել սպառնացող խռովեցուցիչ զարգացումը այն է թէ բռնութիւնը, անկարգութեան մարտահրաւէրը եւ անօրէնութիւնը պաշտամունքի աստիճանի բարձրացած են»։ Ոճիրի դէմ իրենց պայքարին մէջ, երբեմն նոյնիսկ ոստիկանները կը փորձուին օրէնքի պահանջքէն անդին անցնիլ եւ ոճրային կերպեր գործածել։ Հնդկաստանէն եկող նախորդ տեղեկագրութիւնը կը նշէ. «Ոստիկանական հսկողութեան ներքեւ եղողներուն մէջ մեռնողները կը շարունակեն լուրերու մաս կազմել»։
Ոճիրի զոհ դառնալու հաւանականութիւնը երթալով կը վատթարանայ։ Միացեալ Նահանգներէն եկող տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ թէ «1988–ին, Ամերիկացի ընտանիքներէն չորսէն մէկը բռնութեան կամ գողութեան ոճիրի զոհ դարցած էր»։ Ասկէ զատ, մարդիկ հիմա վայրագ ոճիրներ կը գործեն աւելի երիտասարդ տարիքի մէջ։ Լատին–Ամերիկեան պարբերաթերթը՝ Վիզիոն՝ կը նշէ թէ «տասը սիգարիոսներէն [վճարուած մարդասպաններէն] ինն, անչափահասներ են։ [Անոնք] ծննդական իմաստով ‘երախաներ’ եւ օրինական պահպանութեան ներքեւ [են]»։ Դարձեալ, անչափահասներու կողմէ գործուած ոճրային վայրագութիւնները համաշխարհային տարողութիւն մը ունին։
Մօտաւորապէս 2,000 տարի առաջ, Աստուածաշունչը մարգարէացաւ. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ... անսուրբ, անգութ, ... անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, ... չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–4, 13
Շատ մը իրողութիւններ ցոյց կու տան թէ 1914–էն ի վեր կ’ապրինք այդ չար վերջին օրերուն մէջ։ Աշխարհը երկու աշխարհամարտերէ եւ ուրիշ մեծ պայքարներէ տառապած ըլլալով, շատ մը կերպերով անղեկավարելի, քաոսային դարձած է։ Ոճիրը կ’ուռճանայ։ Քաղաքային շատ մը շրջաններու մէջ, ոճրագործները իրենք ձեռք առած են ամէն բան, օրինապահ մեծամասնութեան ապրելակերպը փոխելով։ Ինչպէս Մ.Ն. կարկառուն մէկ ծերակուտականը նշեց. «Հիմա շատ մը բաներ կան, որոնք կը մտահոգեն մեզ. բաներ որոնցմէ նախապէս չէինք վախնար։ Երբեմն այնքան կը վախնանք որ կը բանտարկուինք, մինչ անոնք որոնք պէտք է կղպանքի տակ ըլլան՝ ազատ կը պտըտին»։
Որպէս հետեւանք, մարդիկ ներկայիս կարգ մը նախազգուշութիւններ ձեռք կ’առնեն, որոնք անպէտ էին 20 կամ 30 տարի առաջ։ Դռները կրկին կամ երրեակ կղպանքներ ունին եւ կապարով աւելի ամրացուած են։ Շատ մը վայրեր, մարդիկ իրենց հետ բաւարար դրամ կը կրեն, որպէսզի կողոպտիչի մը գոհացում տան, յուսալով ծեծ չուտել, գողերուն տալիք բան մը չունենալնուն համար։ Շատ մը փողոցներ արեւնամուտէն ետք գրեթէ ամայի են, ուրկէ միայն միամիտները, իրենք զիրենք անտեղիօրէն վտանգի մէջ դնողները, կամ պարագաներու բերմամբ ստիպուած եղողները կ’անցնին. քաղաքի մացառուտքի մէջ թափառող կողոպտիչներուն համար, դիւրամատչելի թիրախներ։
Ի՞նչ կրնանք ընել այս քաոսային կամ անիշխանական աշխարհին մէջ ոճիրի զոհ ըլլալէ խուսափելու համար։ Ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել։