Քաոսային աշխարհի մը մէջ ոճիրին հետ գլուխ ելլել
ԳԻՇԵՐԸ դուրս ելլելու կը վախնա՞ք։ Ձեր դռներուն եւ պատուհաններուն վրայ երկու կամ երե՞ք կղպանքի պէտք ունիք։ Ձեր ինքնաշարժը կամ հեծանիւը բնաւ գողցուա՞ծ է։ Ինքնաշարժին մէջէն ձայնասփիւռը քակած հանա՞ծ են։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, դուք ձեզ վտանգուա՞ծ կը զգաք։
Եթէ այս հարցումներէն որեւէ մէկուն այո կը պատասխանէք, ուրեմն դուք ալ կը ջանաք քաոսային աշխարհի մը մէջ ոճիրին հետ գլուխ ելլել։ Ի՞նչ կրնաք ընել այս մասին։ Աստուածաշունչը կրնա՞յ օգնել ձեզի անոր հետ գլուխ ելլելու։
Ոճրագործ մտայնութիւնը եւ արդարութիւնը
Ոճիրի աշխարհին մէջ, երեք հիմնական տարրեր կան. ոճրագործները, ոստիկանութիւնը եւ զոհերը։ Ի՞նչ ընել անհրաժեշտ է, որպէսզի դուք ալ՝ հաւանական զոհ մը՝ կարենաք ոճիրին հետ գլուխ ելլել։ Կրնա՞ք այս երեք տարրերէն մէկուն վրայ ազդել։ Օրինակի համար, կրնա՞ք ոճրագործները փոխել։
Շատ մը ոճրագործներ ոճիրը իրենց ասպարէզը ըրած են։ Անոնք զայն ընտրած են որպէս աւելի դիւրին ապրելակերպ մը։ ‘Ինչո՞ւ աշխատիլ, երբ կարելի է ուրիշին շահածով ապրուիլ’. այս է անոնց փիլիսոփայութիւնը։ Կողոպտիչները գիտեն թէ ընդհանրապէս զոհը առանց պայքարելու իր դրամը պիտի յանձնէ։ Իսկ ձերբակալուելու եւ բանտ ղրկուելու հաւանականութիւնը շատ մեծ չըլլալով, անոնց համար կ’արժէ ոճիր գործել։
Ասկէ զատ, դատական խնդիրները խրթին եւ երկարատեւ են։ Շատ մը երկիրներու մէջ, շատ քիչ ատեաններ, դատաւորներ եւ բանտեր կան։ Դատական դրութիւնը ողողուած է ոճրային դատերով։ Արդարութեան անիւը այնքան դանդաղ կը դառնայ, որ վիճակը երեք հազար տարի առաջ Աստուածաշունչի նկարագրութեան կը նմանի. «Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է»։ Ինչպէս կը մատնանշէ Աստուածաշունչի այս սկզբունքը, ոճրագործներուն թիւը պակսեցնելու, կամ զանոնք բարեփոխելու շատ քիչ յոյս կայ։—Ժողովողի 8։11
Ի՞նչ կրնանք ըսել երկրորդ տարրին՝ ոստիկանութեան մասին։ Որեւէ յոյս կա՞յ որ ոստիկանութիւնը իր հակակշռին տակ պիտի առնէ վիճակը։ Ուղղակի անոնք պիտի պատասխանեն. Յաճախ ոճրագործներուն իրաւունքներուն ի նպաստ եղող օրէնքներով, յանցապարտ մը արձակելու համար օրէնքին հետ խաղցող անխիղճ փաստաբաններով, աւելի շատ եւ աւելի մեծ բանտեր շինելու համար հսկայական ծախսերուն դժկամող հասարակութիւնով եւ ոստիկանական ուժերու անձնակազմին նուազումով, ոստիկանութիւնն ալ շատ քիչ կրնայ յառաջ երթալ ոճիրի ձիւնակոյտին դէմ դնելու։
Ուստի երրորդ տարրը կը մնայ՝ հաւանական զոհերը. մենք, հանրութիւնս։ Կրնա՞նք բան մը ընել մենք մեզի օգնելու, գրեթէ անիշխանական այս վիճակին հետ աւելի լաւ գլուխ ելլելու համար։
Գործնական իմաստութիւն եւ ողջամտութիւն
Աստուածաշունչի Առակաց գիրքը կը նշէ. «[Գործնական (ՆԱ)] իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ եւ քու հոգիիդ՝ կեանք ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։ Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես եւ քու ոտքդ պիտի չսահի»։ Այս խրատը կրնայ կիրարկուիլ երբ անհատ մը ոճիրի զոհ դառնալու հաւանական պարագաներու մէջ կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ ի՞նչ են կարգ մը կերպերը երբ գործնական իմաստութիւնը կրնայ օգնել մեզի։—Առակաց 3։21–23
Ոճրագործները գիշատիչ գազաններու նման են. Անոնք ամենէն դիւրին որսը կը փնտռեն։ Անոնք չեն ուզեր պայքարելու կամ թերեւս բռնուելու վտանգը առնել, երբ կրնան նոյնը ձեռք ձգել դիւրին զոհէ մը։ Ուստի անոնք տարեցը, հիւանդը, շուարածը եւ վտանգը չնկատողը կը հետապնդեն։ Խուլիգանները յարձակումի համար յարմարագոյն ժամանակը եւ վայրը կ’ընտրեն։ Հոս է որ հաւանական զոհերը կրնան գործնական իմաստութիւն ի գործ դնել։
Ինչպէս Աստուածաշունչը կը նկարագրէ, չարութիւնը սիրողները յաճախ իրենց գործերը խաւարի ծածկոյթին ներքեւ կը կատարեն։ (Հռովմայեցիս 13։12 Եփեսացիս 5։11, 12) Ճիշդ է որ ներկայիս մարդոց եւ ստացուածներու դէմ շատ մը ոճիրներ գիշերը կը կատարուին։ (Բաղդատել Յոբ 24։14. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2)։ Հետեւաբար, երբ կարելի է, իմաստուն անհատ մը պէտք է խուսափի գիշերը վտանգաւոր շրջաններ ման գալէ։ Ոճիրի ոստան եղող Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, ոստիկանութեան օրական տեղեկագրութիւնը կը յայտնէ թէ շատեր կողոպուտի կ’ենթարկուին արեւնամուտէն եւ մանաւանդ ժամը տասնէն ետք, յաճախ երբ իրենց տուները կը վերադառնան։ Աւազակները ամայի փողոցներուն մէջ իրենց զոհերը կը սպասեն։ Ուստի, եթէ օթոպիւսի մը կամ թաքսիի մը սպասելու, կամ վտանգաւոր շրջանէ մը քալելով անցնելու ընտրութեան առջեւ կը գտնուիք, համբերութեամբ սպասեցէք, ապա թէ ոչ կրնաք ցաւալի փորձառութիւն մը ունենալ։
Քրիստոնեայ մը ծանրօրէն ծեծուեցաւ եւ կողոպտուեցաւ, երբ ժամը տասնի ատենները փոխանակ օթոպիւսի մը սպասելու, կարճ հեռաւորութիւն մը կիսամութ փողոցէ մը քալեց։ Փողոցին մէջ ուրիշներ ալ կային, բայց երեք խուլիգանները թակարդ մը լարած էին անզգոյշ անհատին։ Անոնցմէ մէկը միւսներուն նշան ըրաւ թէ հաւանական զոհ մը փողոցէն կը բարձրանար։ Առանց բառ մը արտասանելու, անոնք զոհին վրայ յարձակեցան եւ ապա կողոպտեցին զինք։ Այնքան արագօրէն ըրին որ նոյնիսկ դրացի մը ժամանակ պիտի չունենար օգնութեան հասնելու։ Այս զոհը հետագային ըսաւ. «Յաջորդ անգամ օթոպիւսին պիտի սպասեմ»։
Տիգընզի՝ Օլիվըր Թուիսթ վէպին մէջ, երիտասարդ քսակահատը՝ Խորամանկ Խուսափողը՝ արդի փողոցի յանցագործին յարաբերաբար անվտանգ բնատիպն էր։ Խորամանկ Խուսափողին հակառակը, ներկայ գողերն ու աւազակները՝ առանց տարիքը նկատի ունենալու՝ շատ հաւանական է որ զէնք մը կամ դանակ մը կը կրեն, զոր պիտի գործածեն։ Այս անխղճամիտ եղեռնագործներուն համար, աղմկարար քաղաքին մէջ շուարած զբօսաշրջիկները, այցելուները եւ պատահական արածուողները դիւրին թիրախներ են։ Անոնց ձեռքը ի՛նչ որ անցնի ակնթարթէ մը աւելի արագ՝ կը գողնան։ Ի՞նչ բան գողի մը սիրտը արագ տրոփել կու տայ. առանց պահուելու հագուած ոսկիէ շղթայ մը կամ ուրիշ սուղ գոհարեղէն մը։ Կամ զբօսաշրջիկի մը վզէն կախուած նկարիչ մեքենայ մը։ Այսպիսի բաներ որպէս թէ համարժէք ըլլան ցուցանիշի մը, որ կ’ըսէ՝ «Եկո՛ւր ա՛ռ»։ Ուստի, պէտք է զգօն ըլլալ։ Որեւէ գոհարեղէն որ կը կրէք, պահեցէք զայն, իսկ նկարիչ մեքենան աւելի նուազ նկատելի կերպով կրեցէք, թերեւս գնումի տոպրակի մը մէջ պահելով։ Ասիկա գործնական իմաստութիւն է։
Ոճիրին հետ գլուխ ելլելու ուրիշ կերպն է՝ արթուն ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ»։ (Ժողովողի 2։14) Այս ազդարարութիւնը ոճիրի հարցին կիրարկելը մեզի պիտի առաջնորդէ որ նկատի ունենանք այն անհատները որոնք երեւութապէս աննպատակ կը դեգերին։ Զգոյշ եղէք այն գողերէն որոնք ձեր ետեւէն գալով ձեր պայուսակը կրնան խլել, երբ մայթին վրայէն կը քալէք։ Քանի որ ոմանք հեծիքով շատ արագ ընթանալով մարդոց ստացուածքը կը խլեն անոնց քսուելով, ուրեմն մայթին ծայրէն մի՛ քալէք, մանաւանդ երբ գործի կամ ձեռքի պայուսակ մը ունիք։ Խուսափեցէք այն ստորերկրեայ ելեկտրակառքերէն որոնք գրեթէ պարապ են։ Աւելի ապահով էք հոն ուր շատ մարդ կայ, ու շատ լուսաւոր է։ Գողերը չեն ուզեր տեսնուիլ եւ ճանչցուիլ։
Աւազակութիւնն ալ ուրիշ հասարակ ոճիր մըն է, որ յաճախ կարելի է անկէ խուսափիլ, եթէ մարդիկ աւելի գիտակից ըլլան ոճիրի նկատմամբ։ Աստուածաշունչը իրաւացիօրէն հետեւեալ բաղդատութիւնը կ’ընէ. «Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն»։ (Յովելեայ 2։9) Գործնական իմաստութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ դռները ու պատուհանները բաց չձգել։ Միշտ աւելի լաւ է առաջքը առնել քան թէ բուժել։ Ձեր տունը պաշտպանելու յաւելեալ ծախսը իրապէս ապահովագրութիւն մըն է գողութեան եւ մարմնաւոր վնասներու դէմ։
Ի՞նչ կրնաք ընել երբ կողոպտուիք
Լաւ, հակառակ բոլոր նախազգուշութիւններուն, ի՞նչ կրնաք ընել երբ աւազակ մը ձեզ կեցնէ։ Ջանացէք խուճապի չմատնուիլ եւ փութկոտ շարժումներ չընել։ Յիշեցէք որ գողն ալ կրնայ ջղագրգիռ ըլլալ եւ սխալ բացատրել ձեր արարքները։ Փորձեցէք անհատին հետ խօսիլ կամ տրամաբանել եթէ ան թոյլ տայ։ (Ձեր վրայ յարձակողը կրնայ կին կամ այր մը ըլլալ։) Երբեմն կիղոպտիչները կակուղցած են գիտնալով որ անկեղծ եւ ճշմարիտ Քրիստոնեայի մը վրայ յարձակած են։ Ի՞նչ ալ ըլլայ հակազդեցութիւնը, մի՛ փորձէք ընդդիմանալ, եթէ միայն ձեր դրամը կամ ստացուածքը կ’ուզեն։ Տուէք ի՛նչ որ կը պահանջեն։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ անհատի մը կեանքը իր ունեցած որեւէ բանէն աւելի արժէքաւոր է։—Բաղդատել Մարկոս 8։36։
Առանց զգացնելու որ մանրակրկիտ կերպով կը զննէք զինք, ջանացէք նկատել կողոպտիչին ունեցած մասնայատուկ մէկ յատկանիշը, ըլլայ իր հագուածքին թէ ֆիզիքական երեւոյթին մէջ։ Ինչպի՞սի խօսելակերպ մը ունի։ Այս բոլոր մանրամասնութիւնները պիտանի կրնան ըլլալ, երբ ոստիկանութեան կը տեղեկագրէք ոճիրը, քանի որ ոճրագործներէն շատեր միշտ իրենց անհատական գործելակերպը ունին, որով աւելի դիւրին կրնայ ըլլալ ճանչնալ զանոնք։
Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել ինքնապաշտպանութեան համար զէնք կրելու մասին։ Վստահաբար իմաստութիւն չէ որ Քրիստոնեայ մը զէնք կրէ։ Երբ աւազակը մտածէ թէ ձեր ձեռքը զէնքին կը տանիք, պիտի չտատամսի ձեզ վիրաւորել կամ սպաննել։ Ասկէ զատ, ինչպէ՞ս կրնաք ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենալու’ Աստուածաշունչի սկզբունքին հետեւիլ, եթէ վայրագ հակայարձակման համար զինուած էք։—Հռովմայեցիս 12։18
Հակառակ ձեր առած նախազգուշութիւններուն, երաշխիք մը չկայ որ օրին մէկը ձեր կարգին զոհ մը չըլլաք։ Ոճիրով ողողուած քաղաքներու մէջ, բաւական է սխալ վայր մը գտնուիլ, սխալ ժամանակի մը մէջ։ Տակաւին վերջերս, Նիւ Եորքի մէջ, փաստաբան մը իր գրասենեակէն ելաւ որ գաւաթ մը սուրճ գնէ։ Երբ խանութը մտաւ, քանի մը երիտասարդներ ներս խուժեցին ու կրակեցին։ Փաստաբանը սպաննուեցաւ գլուխէն փամփուշտ մը ստանալով։ Քանի որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին», ան իր կեանքը կորսնցուց։ Ի՜նչ ողբերգութիւն։ Ներկայիս աշխարհը ողողող ոճիրի այս ալիքին համար որեւէ մնայուն յոյս մը կա՞յ։—Ժողովողի 9։11
Ե՞րբ պիտի դադրի ոճիրը
Շուրջ երկու հազար տարի առաջ, Յիսուս նախագուշակեց թէ սերունդ մը պիտի գար, որ ոեւէ ուրիշ սերունդէ աւելի ահաւոր դէպքերու ականատես պիտի ըլլար։ Հեռատեսիլի եւ վայրկենական հաղորդակցութեան շնորհիւ, միլիոնաւորներ, այո, միլիառաւորներ, իրենց լուրերու ալիքէն կրնան վկայ ըլլալ ներկայիս կատարուող գազանութիւններուն։ Աշխարհը գիւղի մը նման եղած է, իսկ աշխարհի լուրերը՝ տեղական անմիջական լուրերու։ Որպէս հետեւանք, իրողութիւնը ամէն օր կը հարուածէ տուները եւ ինչպէս Յիսուս ըսաւ՝ ‘Մարդոց սրտերը կը նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն’։—Ղուկաս 21։26
Յիսուս նախատեսեց այն դէպքերը որոնք տեղի ունեցած են 1914–էն ի վեր, դէպքեր որոնք «իրերու դրութեան վախճան»ին նախերգանքը պիտի ըլլային։ (Մատթէոս 24։3–14) Բայց ան ըսաւ նաեւ. «Դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է»։ (Ղուկաս 21։31) Ատիկա կը նշանակէ թէ Աստուծոյ արդար իշխանութիւնը շուտով անակնկալօրէն պիտի պատէ երկիրը։—Մատթէոս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։1–4
Այս իշխանութեան ներքեւ, միայն հեզերը, խաղաղասէրները եւ Աստուծոյ հնազանդ եղողները պիտի բաժնեն երկրի դրախտանման պայմանները։ Ի՞նչ պիտի պատահի ոճրագործներուն եւ չարագործներուն։ «Անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։ Վասնզի չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։ Այդ արդար երկնային կառավարութեան ներքեւ, ո՛չ քաոսային վիճակ եւ ոչ ալ ոճիր պիտի ըլլայ։—Սաղմոս 37։2, 9
Եթէ կ’ուզէք յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խաղաղարար եւ մնայուն համաշխարհային կառավարութեան այս յոյսին մասին, ձեր շրջանի Եհովայի Վկաներուն կամ անոնց տեղւոյն Թագաւորութեան Սրահին հետ շփման մէջ մտէք։ Անոնք ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի որ Աստուածաշունչը հասկնաք՝ ձրիօրէն։
[Մէջբերում՝ էջ 6]
«Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։
[Նկարներ՝ էջ 7]
Չարլզ Տիգընզի քսակահատը՝ Խորամանկ Խուսափողը, արդի ոճրագործներուն հետ բաղդատած՝ սկսնակ մըն էր։