Աստուածաշունչը—Իրապէս սո՞ւրբ է
ՆԵՐԿԱՅԻՍ քանի հոգի Աստուածաշունչը սուրբ, Աստուծոյ Խօսքը կը նկատէ։ Այս սկեպտիկ դարուն մէջ, շատեր զայն հնամեայ եւ ժամանակավրէպ կը համարեն, անոր իրապէս սուրբ ըլլալուն վրայ կասկած յայտնելով։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնական առաջնորդներէն ոմանք կը սորվեցնեն թէ Աստուածաշունչը լեցուն է առասպելներով եւ աւանդութիւններով։ Անոնք հարց կու տան թէ ‘մտացի անհատ մը կրնա՞յ բաժնել պատմութեան մասին սուրբ գրային մեկնութիւնները’։—Աստուածաշունչի Մեկնաբանին Բառարանը, հատոր Բ, էջ 611
Կարկառուն ուսումնականներ կասկածի սերմեր կը ցանեն Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը նկատելու պատշաճութեան մասին։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ որ «եթէ մէկը ուզէ Աստուծոյ–Խօսքը արտայայտութիւնը գործածել, Աստուածաշունչին համար աւելի պատշաճ արտայայտութիւնը պիտի ըլլար՝ Իսրայէլի Խօսքը, նախկին Քրիստոնեաներու կարգ մը առաջնորդներուն Խօսքը»։ (Աստուածաշունչը Արդի Աշխարհին Մէջ, Ճէյմս Պարր–ի կողմէ)։ Դուք ի՞նչ կը խորհիք։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօ՞սքն է։ Անիկա իրապէս սո՞ւրբ է։
Ո՞վ Գրեց Աստուածաշունչը
Աստուածաշունչի առաջին գրքին՝ Ծնընդոցին գրութիւնը աւանդականօրէն վերագրուած է Մովսէսի, Եբրայեցի մը, որ ապրեցաւ շուրջ 3,500 տարիներ առաջ։ Ըստ Աստուածաշունչին, կեանքի տարբեր խաւերէն եկած շուրջ 40 անհատներ բաժին բերած են մնացեալ Գրութիւններուն, կազմելով Աստուածաշունչի 66 գրքերու կամ ենթաբաժանումներու հաւաքածոյ մը։ Այսուհանդերձ, այս անհատները իրենք զիրենք Աստուածաշունչին իրական հեղինակները չնկատեցին։ Գրողներէն մէկը ըսաւ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Ուրիշ մը Աստուածաշունչը գրողներուն մասին ըսաւ. «Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։—Բ. Պետրոս 1։21
Այս արտայայտութիւնները գրութեան մասնակցողները գրագիրներու կամ քարտուղարներու տեղ կը դնեն, որոնք Աստուծոյ կողմէ ղեկավարուած կամ առաջնորդուած են։ Ըստ Աստուածաշունչին, գրողը արտօնութիւն ունէր իրեն հայթայթուած աստուածային տեղեկութիւնները իր անձնական բառերով արտայայտելու։ (Ամբակումայ 2։2) Անոր համար Աստուածաշունչի մէջ գրութեան տարբեր ոճեր կը գտնենք, բայց գրութիւնը միշտ Աստուծոյ կողմէ առաջնորդուած էր։
Կ’ընդունինք որ Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալու գրողներուն դաւանութիւնը ինքնին փաստ մը չէ որ Աստուածաշունչը մարդկութեան տուած Ստեղծիչին պատգամն է։ Աստուածաշունչի Հեղինակը Բարձրեա՞լն է թէ ոչ, պէտք է յստակօրէն տեսնուի, երբ ուղղակիօրէն գիրքը քննենք ուշադրութեամբ եւ անաչառութեամբ։ Արդեօք Աստուածաշունչը կ’ապացուցանէ՞ թէ աստուածային հեղինակութիւն ունի։ Իրապէս, կրնա՞նք վստահութեամբ ըսել թէ Աստուածաշունչը սուրբ է։