Աստուծոյ անգին գոհարին՝ Աստուածաշունչին՝ երեսակները քննենք
ՀԱՐԱԻ Ափրիկեցի ագարակապան մը՝ Շագ Վան Նիէգէրք՝ 1867–ին, կարգ մը քարերու հետ երախաներուն խաղալը կը դիտէր։ Մասնայատուկ փայլք ունեցող գեղեցիկ քար մը իր ուշադրութիւնը գրաւեց։ «Եթէ կ’ուզէք, կրնաք առնել», ըսաւ երախաներուն մայրը։ Վան Նիէգէրքը այդ քարը հանքաբանի մը ղրկեց քննութեան համար։ Երախաները չէին գիտցած որ 500 Սթէրլին արժող ադամանդի մը հետ կը խաղային։
Կրնա՞յ ըլլալ որ դուք ալ անգին գոհար մը ունիք առանց անոր գիտակցելու։ Շատեր Աստուածաշունչ մը ունին, քանի որ ան միշտ լաւագոյն ծախուած գիրքը եղած է, որ մասամբ կամ ամբողջութեամբ աւելի քան 1,900 լեզուներով մատչելի է։ Սակայն, անոնց մեծամասնութիւնը չէ կարդացած զայն եւ շատ քիչ բան գիտէ անոր պարունակութեան մասին։
Աստուածաշունչը կը դաւանի ‘Աստուծմէ ներշնչուած ըլլալ’ եւ հետեւաբար Աստուծոյ Խօսքն է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16. բաղդատել Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։ Անիկա մարդուն ամենէն թանկագին ստացուածքն է։ Անոր միջոցաւ, կը սորվինք թէ ի՛նչպէս կրնանք լաւագոյնս օգտուիլ կեանքէն հիմա եւ մանաւանդ աւելի կարեւորը, ի՛նչպէս կրնանք յաւիտենական կեանք շահիլ։ (Յովհաննու 17։3, 17) Ասկէ աւելի թանկագին բան գոյութիւն ունի՞։
Սակայն այս գոհարը եւ անոր բոլոր երեսակները գնահատելու համար, պէտք է անոր հետ ընտելանանք։ Սկիզբը ասիկա կրնայ դժուար թուիլ։ Իրապէս Աստուածաշունչը 66 տարբեր գրքերու հաւաքածոյ մըն է։ Այս գիրքերը ի՞նչ կը պարունակեն։ Անոր դասաւորումը որեւէ նպատակի կը ծառայէ՞։ Եթէ այո, անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուածաշունչէն հատուած մը գտնել։
Աստուածաշունչին ծանօթանալը դժուար է, բայց իրական գոհարի մը նման, Աստուածաշունչն ալ համաչափութիւն եւ դասաւորութիւն ունի։ Ասիկա կրնանք տեսնել երբ անոր պարունակութիւնը նկատի առնենք։
Եբրայերէն Գրութիւնները—Քրիստոսի կը Մատնանշեն
Աստուածաշունչը ընդհանրապէս բաժնուած է «Հին Կտակարան»ի եւ «Նոր Կտակարան»ի։ Թէեւ ասոնք սխալ անուանումներ են, այն տպաւորութիւնը տալով թէ «Հին Կտակարան»ը ժամանակավրէպ է եւ հիմա քիչ արժէք ունի։ Աւելի պատշաճ է Աստուածաշունչի այդ մասը կոչել Եբրայերէն Գրութիւններ, քանի որ անիկա գլխաւորաբար Եբրայերէն լեզուով գրուած էր։ «Նոր Կտակարան»ը Յունարէնով գրուած էր Հ.Դ. առաջին դարուն. հետեւաբար շատ պատշաճօրէն կոչուած է Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ։
Աստուածաշունչի առաջին գիրքը՝ Ծննդոցը, կը սկսի անհաշուելի դարեր առաջ, երբ Աստուած կը ստեղծէ երկինքն ու երկիրը եւ ապա կը սկսի երկիրը պատրաստել մարդկային բնակութեան համար։ Մարդկային առաջին զոյգը կատարեալ կը ստեղծուին, սակայն, մեղքի հետեւելով իրենց սերունդին վրայ եղերական հետեւանքներ կը բերեն։ Բայց, աղօտ լոյսով տեսնուած գոհարի մը նման, Աստուածաշունչը յոյսի շող մը կը հայթայթէ ինկած մարդկութեան. «սերունդ» մը որ վերջապէս մեղքին եւ մահուան ազդեցութիւնները կը չէզոքացնէ։ (Ծննդոց 3։15) Ո՞վ պիտի ըլլար այս Սերունդը։ Ծննդոցը կը սկսի այս Սերունդին շառաւիղը գծել, Սերունդին կարգ մը հաւատարիմ նախահայրերուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով, ինչպէս Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ։
Ապա Ելիցը կը բացատրէ Մովսէսի ծնունդը։ Մովսէսի կեանքը շատ մը կերպերով կը նախագուշակէ գալիք Սերունդը։ Տասը պատուհասներէն ետք, Իսրայէլ մեծ գաղթ մը կ’ընէ Եգիպտոսէն եւ կը հաստատուի Սինա Լերան ստորոտը, որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ազգը։ Ինչպէս անունը կը մատնանշէ, Ղեւտացւոցը Իսրայէլի մէջ Ղեւտական քահանայութեան կանոնները կու տայ։ Թուոցը կը խօսի այն առիթներուն մասին, երբ Իսրայելացիները համրուեցան (մարդահամարներու միջոցաւ), ինչպէս նաեւ անապատին մէջ Իսրայէլի բնակած ժամանակին մասին։ Իսկ, Խոստացեալ Երկիրը մտնելու ժամանակ, Իսրայէլ կը ստանայ Մովսէսի վերջին յորդորները որոնք կը կազմեն Երկրորդ Օրինացին բովանդակութիւնը։ Գալիք Սերունդին մատնանշելով, Մովսէս կը յորդորէ ազգը որ մտիկ ընէ ‘այն մարգարէին զոր Աստուած պիտի հանէր’։—Բ. Օրինաց 18։15
Անոր կը յաջորդեն պատմական գիրքերը։ Ասոնք ընհանրապէս ժամանակագրական շարքով են։ Յեսուան կը նկարագրէ Խոստացեալ Երկրին նուաճումը եւ բաժանումը։ Դատաւորացը կը պատմէ անոր յաջորդող տարիներուն պատահած դէպքերը, երբ Իսրայէլ շարք մը դատաւորներով կը կառավարուէր։ Հռութան կը խօսի աստուածավախ կնոջ մը մասին, որ դատաւորներու շրջանին կ’ապրի եւ առանձնաշնորհումը կ’ունենայ Յիսուս Քրիստոսի նախամայրերէն մէկը ըլլալու։
Սակայն դատաւորներու իշխանութեան ժամանակաշրջանը իր վախճանին կը հասնի։ Առաջին Թագաւորացը Իսրայէլի առաջին թագաւորին՝ Սաւուղի եղերական իշխանութեան մասին կը խօսի, Սամուէլ մարգարէին աչքերէն դիտուած։ Երկրորդ Թագաւորացը կը նկարագրէ Սաւուղի յաջորդը եղող Դաւիթի յաջող իշխանութիւնը։ Երրորդ եւ Չորրորդ Թագաւորացները Սողոմոնի փառաւոր իշխանութենէն սկսելով կը տանին մեզի մինչեւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Իսրայէլ ազգին դէպի Բաբելոն տխուր աքսորը։ Առաջին եւ Երկրորդ Մնացորդացները այս պատմութիւնը կ’ամփոփեն, այս աքսորէն վերադարձած ազգին նպաստաւոր դիրքէն։ Վերջապէս, Եզրասայ, Նէեմեայ եւ Եսթերայ գիրքերը կը նկարագրեն թէ ի՛նչպէս Իսրայելացիները վերադարձան իրենց հայրենիքը եւ յետագայ կարգ մը պատմութիւնները։
Ասոնց յաջորդող բանաստեղծական գիրքերը գրուած ամենէն գեղեցիկ բանաստեղծութիւնները կը պարունակեն։ Յոբը տառապանքի ներքեւ ուղղամտութիւն պահելու եւ անոր վարձատրութեան յուզիչ պատկերը կը հայթայթէ։ Սաղմոսներու գիրքը Եհովայի փառաբանութեան երգեր եւ իր ողորմութեան եւ օգնութեան համար աղօթքներ կը պարունակէ։ Ասոնք Աստուծոյ անթիւ ծառաներուն համար մխիթարութեան աղբիւր մը եղած են։ Ասկէ զատ, Սաղմոսները շատ մը մարգարէութիւններ ունին, որոնք գալիք Մեսիային վրայ աւելի լոյս կը սփռեն։ Առակացը եւ Ժողովողին աստուածային իմաստութեան երեսակները կը յայտնեն հակիրճ եւ ազդու խօսքերով։ Իսկ Երգ Երգոցը սիրային գերադրական բանաստեղծութիւն մըն է, որ մարգարէական խոր իմաստ մը ունի։
Յաջորդ 17 գիրքերը՝ Եսայեայէն Մաղաքիա՝ գլխաւորաբար մարգարէական են։ Բոլորն ալ գրողներուն անունը կը կրեն։ Այս մարգարէութիւններէն շատերը արդէն յատկանշական կատարումներ ունեցած են։ Անոնք կը մատնանշեն նաեւ մեր օրերուն եւ մօտ ապագային կատարուելիք ճակատագրական դէպքերուն։
Արդ, Եբրայերէն Գրութիւնները ձեւի եւ ոճի ապշեցուցիչ զանազանութիւն մը կը ներկայացնեն։ Բայց բոլորն ալ հասարակաց բնաբան մը ունին։ Անոնց մարգարէութիւնները, ազգաբանութիւնները եւ զգայացունց դէպքերը գործնական իմաստութիւն եւ մարգարէական նշանակութիւն ունին։
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները—Սերունդը կը Յայտնուի
Մարդը մեղքին մէջ իյնալէն չորս հազար տարիներ անցած են։ Յանկարծ երկրային թատերաբեմին վրայ կը յայտնուի երկար ատենէ սպասուած Սերունդը, Մեսիան, Յիսուսը։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները մարդկային պատմութեան եւ գլխաւոր անձնաւորութեան ծառայութիւնը կ’արձանագրեն չորս տարբեր բայց զիրար ամբողջացնող գիրքերու մէջ, որոնք Աւետարաններ կը կոչուին։ Այս Աւետարաններն են՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս, Յովհաննու։
Քրիստոնեաներուն համար որքա՜ն թանկագին են այս չորս Աւետարաններուն գրութիւնները։ Անոնք կը խօսին Յիսուսի ապշեցուցիչ հրաշքներուն, իր իմաստալից առակներուն, իր Լերան Քարոզին, իր խոնարհութեան օրինակին, իր գութին եւ իր Հօրը հանդէպ ունեցած անշեղ հնազանդութեան, իր «ոչխարներ»ուն հանդէպ ունեցած սիրոյ եւ վերջապէս իր զոհաբերական մահուան ու փառաւոր յարութեան մասին։ Աւետարաններու ուսումնասիրութիւնը մեր մէջ խոր սէր մը կը կերտէ Աստուծոյ Որդւոյն հանդէպ։ Մանաւանդ, աւելի կը մօտենանք Քրիստոսը ղրկող Եհովա Աստուծոյ։ Կ’արժէ այս պատմութիւնները կրկին ու կրկին կարդալ։
Գործք Առաքելոցը կը շարունակէ Աւետարաններուն կեցած տեղէն։ Անիկա կը պատմէ Պէնտէկոստէի օրէն ի վեր Քրիստոնէական ժողովքին սկիզբի տարիներուն մասին, հասցնելով մինչեւ Հ.Դ. 61–ին, Հռովմի մէջ Պօղոսի բանտարկութեան։ Այս գրքին մէջ կը կարդանք Ստեփանոսի, առաջին Քրիստոնեայ նահատակին, Սօղոսի դարձի գալուն, առաջին Հեթանոսներուն Քրիստոնէութիւնը ընդունելուն եւ Պօղոսի յուզիչ աւետարանչական շրջապտոյտներուն մասին։ Այս պատմութիւնները թէ հոգեցունց եւ թէ հաւատք կերտող են։
Ասոնց կը յաջորդեն 21 նամակներ կամ ընդհանրական թուղթեր։ Առաջին 14–ը Պօղոսի կողմէ, որոնք անուանակոչուած են զայն ստացող Քրիստոնեաներու կամ ժողովքներու անունով. մնացեալը գրողներուն անունները կը կրեն. Յակոբու, Պետրոսի, Յովհաննու եւ Յուդայի։ Այս նամակները ի՜նչ ճոխ խրատներ եւ քաջալերութիւններ կը պարունակեն։ Անոնք վարդապետութիւններու եւ մարգարէութիւններու կատարման մասին կը խօսին։ Անոնք կ’օգնեն Քրիստոնեաներուն որ զիրենք շրջապատող ամբարիշտ միջավայրէն հեռու մնան, որու մէջ ստիպուած են ապրիլ։ Անոնք կը շեշտեն եղբայրական սէր եւ աստուածային ուրիշ յատկութիւններ մշակելու կարիքը։ Անոնք հոգեւոր երէցներու առաջնորդութեան ներքեւ ժողովքային պատշաճ կազմակերպութեան օրինակ կը հանդիսանան։
Ինչպէս որ Եբրայերէն Գրութիւնները մարգարէական մտքով մը կը վերջանան, նոյնն է պարագան Յունարէն Գրութիւններուն։ Յայտնութիւնը որ Հ.Դ. 96–ին Յովհաննէս առաքեալի կողմէ գրուած է, կը միահաւաքէ մարգարէութիւններուն միտքը եւ Աստուածաշունչի գլխաւոր բնաբանը. Եհովայի անուան սրբացումը՝ իր Մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ։ Տեսիլքներու շարք մը կը նկարագրեն Սատանայի ապականած դրութեան կրօնական, զինուորական եւ քաղաքական ոյժերու կործանումը։ Ասոնք կը փոխարինուին Քրիստոսի վարչական քաղաքով որ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ երկրի գործերու տեսչութեան։ Թագաւորական այս իշխանութեան ներքեւ, Աստուած կը խոստանայ որ «բոլոր աչքերէն արցունքները պիտի սրբէ ... եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»։—Յայտնութիւն 21։4
Կասկած կա՞յ թէ Աստուածաշունչը կատարեալ գոհար մըն է, որ աստուածային լոյսը կը ցոլացնէ։ Եթէ զայն լիովին չէք կարդացած, ինչո՞ւ հիմա չսկսիք ասիկա ընել։ Անոր համաչափութեամբ պիտի համակուիք, անոր փայլքով պիտի լուսաւորուիք, անոր գեղեցկութեամբ պիտի յուզուիք եւ անոր պատգամով պիտի խայտաք։ Անիկա արդարեւ «կատարեալ պարգեւ մըն է ... եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ»։—Յակոբու 1։17
[Ցուցակ էջ 28,29]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ
Կը մատնանշէ գրողը, գրութեան վայրը, գրութեան ամբողջացումի թուականը եւ գրքին դէպքերուն առած ժամանակը։
Կարգ մը գիրքերուն գրողներուն եւ գրուած վայրերուն անունները անորոշ են։ Շատ մը թուականներ միայն մօտաւոր են. ե. գիրը կը նշանակէ «ետք», ա.՝ «առաջ», իսկ շ.՝ «շուրջ»։
Եբրայերէն Գրութիւններուն Գիրքերը (մեր Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ)
Գիրք Գրող(ներ) Գրուած Վայրը Գրութեան Ամբողջացումը Ծածկած Ժամանակը
Ծննդոց Մովսէս Անապատ 1513 «սկիզբ»էն մինչեւ 1657
Ելից Մովսէս Անապատ 1512 1657–1512
Ղեւտացւոց Մովսէս Անապատ 1512 1 ամիս (1512)
Թուոց Մովսէս Անապատ/Մովաբի Դաշտավայրեր 1473 1512–1473
Երկրորդ Օրինաց Մովսէս Մովաբի Դաշտավայրեր 1473 2 ամիս (1473)
Յեսուայ Յեսու Քանանու շ.1450 1473–շ.1450
Դատաւորաց Սամուէլ Իսրայէլ շ.1100 շ. 1450–շ.1120
Հռութայ Սամուէլ Իսրայէլ շ.1090 Դատաւորներու Իշխանութեան 11 Տարի
Ա. Թագաւորաց Սամուէլ. Գադ. Նաթան Իսրայէլ շ. 1078 շ. 1180–1078
Բ. Թագաւորաց Գադ. Նաթան Իսրայէլ շ. 1040 1077–շ. 1040
Գ. Թագաւորաց Երեմիա Երուսաղէմ/Յուդա 580 շ. 1040–911
Դ. Թագաւորաց Երեմիա Երուսաղէմ/Եգիպտոս 580 շ. 920–580
Ա. Մնացորդաց Եզրաս Երուսաղէմ (՞) շ. 460 Ա. Մնացորդաց 9։44–էն ետք, 1077–537
Բ. Մնացորդաց Եզրաս Երուսաղէմ (՞) շ. 460 1037–537
Եզրասայ Եզրաս Երուսաղէմ շ. 460 537–շ. 467
Նէեմեայ Նէեմիա Երուսաղէմ ե. 443 456–ե. 443
Եսթերայ Մուրթքէ Շուշան, Եղամ շ. 475 493–շ. 475
Յոբայ Մովսէս Անապատ շ. 1473 140 տարիէ աւելի 1657–ի եւ 1473–ի միջեւ
Սաղմոսաց Դաւիթ եւ ուրիշներ շ. 460
Առակաց Սողոմոն. Ագուր. Լեմուէլ Երուսաղէմ շ. 717
Ժողովողի Սողոմոն Երուսաղէմ ա. 1000
Երգ Երգոց Սողոմոն Երուսաղէմ շ. 1020
Եսայեայ Եսայի Երուսաղէմ ե. 732 շ. 778–ե. 732
Երեմեայ Երեմիա Յուդա/Եգիպտոս 580 647–580
Ողբք Երեմեայ Երեմիա Երուսաղէմի մօտ 607
Եզեկիէլի Եզեկիէլ Բաբելոն շ. 591 613–շ. 591
Դանիէլի Դանիէլ Բաբելոն շ. 536 618–շ. 536
Ովսեայ Ովսէ Սամարիա (Նահանգ) ե. 745 ա. 804–ե. 745
Յովելեայ Յովէլ Յուդա շ. 820 (՞)
Ամովսայ Ամովս Յուդա շ. 804
Աբդիու Աբդի շ. 607
Յովնանու Յովնան շ. 844
Միքիայ Միքիա Յուդա ա. 717 շ. 777–717
Նաւումայ Նաւում Յուդա ա. 632
Ամբակումայ Ամբակում Յուդա շ. 628 (՞)
Սոփոնեայ Սոփոնիա Յուդա ա. 648
Անգեայ Անգէ Երուսաղէմ 520 112 օր (520)
Զաքարեայ Զաքարիա Երուսաղէմ 518 520–518
Մաղաքեայ Մաղաքիա Երուսաղէմ ե. 443
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն Գիրքերը (մեր Հասարակ Դարաշրջանին)
Գիրք Գրող Գրուած Վայրը Գրութեան Ամբողջացումը Ծածկած Ժամանակը
Մատթէոսի Մատթէոս Պաղեստին շ. 41 2 Հ.Դ.Ա.–33 Հ.Դ.
Մարկոսի Մարկոս Հռովմ շ. 60–65 29–33 Հ.Դ.
Ղուկասու Ղուկաս Կեսարիա շ. 56–58 3 Հ.Դ.Ա.–33 Հ.Դ.
Յովհաննու Յովհաննէս Առաքեալ Եփեսոս, կամ շուրջ շ. 98 Նախաբանէն ետք,29–33 Հ.Դ.
Գործք Ղուկաս Հռովմ շ. 61 33 –շ. 61 Հ.Դ.
Հռովմայեցիս Պօղոս Կորնթոս շ. 56
Ա. Կորնթացիս Պօղոս Եփեսոս շ. 55
Բ. Կորնթացիս Պօղոս Մակեդոնիա շ. 55
Գաղատացիս Պօղոս Կորնթոս կամ Սուրիոյ Անտիոք շ. 50–52
Եփեսացիս Պօղոս Հռովմ շ. 60–61
Փիլիպպեցիս Պօղոս Հռովմ շ. 60–61
Կողոսացիս Պօղոս Հռովմ շ. 60–61
Ա. Թեսաղոնիկեցիս Պօղոս Կորնթոս շ. 50
Բ. Թեսաղոնիկեցիս Պօղոս Կորնթոս շ. 51
Ա. Տիմոթէոս Պօղոս Մակեդոնիա շ. 61–64
Բ. Տիմոթէոս Պօղոս Հռովմ շ. 65
Տիտոս Պօղոս Մակեդոնիա (՞) շ. 61–64
Փիլիմոն Պօղոս Հռովմ շ. 60–61
Եբրայեցիս Պօղոս Հռովմ շ. 61
Յակոբու Յակոբոս (Յիսուսի Եղբայր) Երուսաղէմ ա. 62
Ա. Պետրոս Պետրոս Բաբելոն շ. 62–64
Բ. Պետրոս Պետրոս Բաբելոն (՞) շ. 64
Ա. Յովհաննու Յովհաննէս Առաքեալ Եփեսոս, կամ մօտ շ. 98
Բ. Յովհաննու Յովհաննէս Առաքեալ Եփեսոս, կամ մօտ շ. 98
Գ. Յովհաննու Յովհաննէս Առաքեալ Եփեսոս, կամ մօտ շ. 98
Յուդա Յուդա (Յիսուսի Եղբայր) Պաղեստին (՞) շ. 65
Յայտնութիւն Յովհաննէս Առաքեալ Պատմոս շ. 96