Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 9/1 էջ 31
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայէ սորվածի պէս քալենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Կեանքը փրկել՝ արիւնով—Ինչպէ՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 9/1 էջ 31

Հարցումներ ընթերցողներէն

◼ Քրիստոնեայ մը որքա՞ն յանդգնաբար պէտք է դէմ դնէ ատեանի մը կողմէ հրամայուած կամ արտօնութիւն տրուած արեան ներարկումի։

Իւրաքանչիւր պարագայ յատուկ է, ուստի, ամբողջ պարագաները պարփակող օրէնք մը չկայ այս առնչութեամբ։ Քրիստոնեաները ճանչցուած են որպէս ‘ի՛նչ որ Կայսրին է՝ Կայսրին տուող’, հնազանդելով աշխարհի կառավարական օրէնքներուն։ Սակայն անոնք կ’ընդունին որ իրենց մեծագոյն պարտականութիւնն է՝ «այն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ» տալ, իր օրէնքը չբռնաբարելով։—Մարկոս 12։17

Հռովմայեցիս 13։1–7–ն կը խօսի կառավարական ‘վերին իշխանութիւններուն’ հանդէպ Քրիստոնեաներուն յարաբերութեան մասին։ Այսպիսի կառավարութիւններ հեղինակութիւնը ունին օրէնքներ հանելու կամ ուղղութիւններ տալու, բնակչութեան ընդհանուր բարօրութեան համար։ Իսկ կառավարութիւնները ‘թուր կը կապեն’ իրենց օրէնքները պարտադրելու եւ «բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ»։ Վերին իշխանութիւններուն հպատակելով, Քրիստոնեաները կը փափաքին հնազանդիլ օրէնքներու եւ ատեաններու, բայց այս հպատակութիւնը յարաբերական պէտք է ըլլայ։ Եթէ Քրիստոնեայէ մը խնդրուի հպատակիլ բանի մը որ Աստուծոյ աւելի բարձր օրէնքը կը բռնաբարէ, այդ պարագային առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ աստուածային օրէնքը։

Կարգ մը արդի օրէնքներ որոնք հիմնականօրէն լաւ են, կրնան սխալ կիրարկուիլ, հեղինակութիւն տալով որ Քրիստոնեայի մը պարտադրուի արեան ներարկում։ Այս պարագային, պէտք է Պետրոս առաքեալի դիրքը որդեգրել. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։—Գործք 5։29

Եհովա պատուիրեց Իսրայելացիներուն. «Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասնզի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր»։ (Բ. Օրինաց 12։23) 1917–ի Հրէական Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը կ’ըսէ. «Միայն հաստատ եղիր որ արիւն չուտես»։ Իսկ Իզաակ Լիզըր հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Միայն վստահ եղիր որ արիւն չուտես»։ Արդեօք այս համարը այն գաղափարը կու տայ թէ Աստուծոյ ծառաները իր օրէնքը պահելու մէջ անտարբեր կամ կրաւորակա՞ն պէտք է ըլլան։

Լաւ պատճառով Քրիստոնեաները վճռած են Աստուծոյ հնազանդիլ, նոյնիսկ երբ կառավարութիւն մը տարբեր բան մը պահանջէ։ Ուսուցչապետ Ռապըրթ Ուիլգըն կը գրէ. «Քրիստոնեաները ոչ միայն կը մերժէին [Հռովմէական] զինուորական սպասաւորութիւնը, այլ նաեւ՝ չէին ընդուներ հանրային պաշտօն մը, ոչ ալ քաղաքները կառավարելու որեւէ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէին»։ (Քրիստոնեաները՝ Հռովմէացիներու Աչքով) Մերժումը կրնար զիրենք դասել որպէս օրինադրուժներ, կամ Հռովմէական կրկէսին դատապարտել։

Այսօր ալ Քրիստոնեաները պէտք է անսասան ըլլան, վճռած՝ չբռնաբարել աստուածային օրէնքը, նոյնիսկ երբ անիկա աշխարհային կառավարութիւններու հետ վտանգաւոր կացութեան մէջ ձգէ զիրենք։ Տիեզերքի բարձրագոյն օրէնքը՝ Աստուծոյ օրէնքը՝ կը պահանջէ որ անոնք խուսափին արեան սխալ գործածութենէ, ինչպէս որ Քրիստոնեաներէն պահանջուած է խուսափիլ պոռնկութենէ (սեռային անբարոյութենէ)։ Աստուածաշունչը այս արգելքները կը կոչէ «հարկաւոր բաներ»։ (Գործք 15։19–21, 28, 29) Աստուածային այսպիսի օրէնքներ թեթեւի պէտք չէ առնուին, զանոնք նկատելով բան մը որու կը հնազանդինք միայն երբ մեզի յարմար է, կամ խնդիր չի յարուցաներ։ Պէ՛տք է Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլ։

Կրնանք գնահատել, ուրեմն, թէ ի՛նչու էջ 19–ի վրայ յիշուած Քրիստոնեան ատեանին ըսաւ որ «ինք արեան ներարկումը կը նկատէ որպէս իր մարմնին վրայ եղած յարձակում մը եւ զայն կը նմանցնէ բռնաբարումի»։ Ոեւէ Քրիստոնեայ կին, երիտասարդ թէ տարեց, հլու կերպով պիտի ենթարկուէ՞ր բռնաբարումի, նոյնիսկ երբ օրինաւորապէս շնորհուէր որ սեռային յարձակմամբ պոռնկութիւնը թոյլատրելի էր։

Նմանապէս, նոյն էջին վրայ յիշուած 12 տարեկանին խօսքերը կասկած չձգեց թէ ‘ինք իր ունեցած բոլոր ոյժովը պիտի պայքարէր ատեանին կողմէ պարտադրուած արեան ներարկման դէմ, թէ ան պիտի աղաղակէր եւ մաքառէր, թէ իր բազուկէն պիտի քաշէր ներմուծման գործիքը եւ պիտի ջանար իր անկողնին վրայ կախուած տոպրակին արիւնը փճացնել’։ Ան վճռած էր Աստուծոյ օրէնքին հնազանդիլ։

Յիսուս հեռացաւ շրջանէ մը ուր ամբոխը կ’ուզէր զինք թագաւոր ընել։ Նմանապէս, հոն ուր հաւանականութիւնը կայ որ ատեանը պարտադրէ արեան ներարկում, Քրիստոնեայ մը կրնայ խոյս տալ, որպէսզի Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարելու վիճակին մէջ չգտնուի։ (Մատթէոս 10։16. Յովհաննու 6։15) Միեւնոյն ատեն, Քրիստոնեան իմաստուն կերպով, բժշկական փոխարինող դարմանի պէտք է դիմէ, անկեղծ ջանք թափելով որ իր կեանքը պահէ եւ իր առողջութիւնը վերագտնէ։

Եթէ Քրիստոնեայ մը շատ յանդուգն ջանքեր թափէ արեան շուրջ աստուածային օրէնքը չբռնաբարելու համար, հեղինակութիւնները կրնան զինք նկատել որպէս օրինազանց եւ զինք դատի քաշել։ Եթէ պատիժ տրուի իրեն, Քրիստոնեան կրնայ զայն նկատել, արդարութեան սիրոյն՝ տառապանք։ (Բաղդատել Ա. Պետրոս 2։18–20)։ Բայց շատ մը պարագաներուն, Քրիստոնեաները խուսափած են արեան ներարկումէ եւ բժշկական հմուտ հոգատարութեամբ, իրենց առողջութիւնը վերագտած են, այնպէս որ օրինական երկար խնդիրներ յարուցուած չեն։ Բայց ամենէն կարեւորը, անոնք իրենց Աստուածային Կենսատուին եւ Դատաւորին հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել