Անոնք Գադմանտուի մէջ համոզուեցան
ԱՐՈՒՍԵՏԱԳԷՏ մը 1980–ին սկսաւ ճշմարտութիւնը փնտռել Ֆրանսայի Պրըթանյը քաղաքին մէջ։ Ան Պէնտէկոստականներուն հետ խօսակցած եւ Արեւելեան կրօնքներ սերտած էր, բայց չէր գոհացած։ Ապա քանի մը խօսակցութիւններ ունեցած էր Եհովայի Վկայի մը հետ, բայց շուտով անոնց վերջ դրած էր։ Այս կինը ուրիշ արուեստագէտի մը ծանօթացաւ եւ որոշեց անոր հետ աշխատիլ եւ բնակիլ։
Քիչ ետք, իրարու հետ կենակցող այս զոյգը որոշեցին Նէփալ այցելել։ Անոնք մեծապէս տպաւորուեցան այդ երկրին գեղեցկութեամբ եւ խաղաղութեամբ, բայց շատ յուսախաբ եղան դասակարգային բաժանումի դրութենէն, քանի որ իրենց արեւմտեան մտայնութեան համար անիկա անարդար թուեցաւ։
Երբ Ֆրանսա վերադարձան, կինը առաջարկեց իր ընկերոջ որ միասնաբար Աստուածաշունչը սերտեն եւ ի զարմանք իրեն, ան համաձայնեցաւ։ Անոնք շփման մէջ մտան այն Վկային հետ, որու հետ ինք խօսակցութիւններ ունեցած էր երկու տարի առաջ։ Սկիզբը միայն Աստուածաշունչը գործածեցին, բայց վերջը համաձայնեցան ճշմարտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ եւ աւելի ետք՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ գիրքերը գործածել։ Տարի մը ետք անոնք թմրեցուցիչի գործածութիւնը ձգեցին։
Դարձեալ երկու ամսուան համար Նէփալ այցելելով, անոնք վերադարձան Ֆրանսա եւ շարունակեցին իրենց ուսումնասիրութիւնը։ Անոնք ծխելը եւ սրճարան ու գիշերային վայրեր յաճախելը դադրեցուցին եւ սկսան Եհովայի Վկաներուն ժողովներուն յաճախել։ Սակայն, երբ վերջացուցին Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը, որոշեցին ուսումնասիրութիւնը դադրեցնել։
Անոնք դարձեալ Նէփալ գացին, ուր Հիմալայա Լեռներուն ստորոտը պզտիկ տան մը մէջ բնակեցան։ Օր մը, զգեստ հագած եւ փողկապ կապած տարեց մարդ մը դուռը զարկաւ։ Կինը առանձին էր տան մէջ եւ ան խորհեցաւ որ արուեստի վաճառական մըն է որ եկած է իրենց նկարչութիւնները տեսնելու։ Շատ զարմացաւ որ ան Վկայ մըն էր եւ Ֆրանսայի մէջ իրենց հետ սերտած անհատին կողմէ կու գար։ Քիչ ետք, իր ընկերը վերադարձաւ եւ երկու ժամուան խօսակցութիւն մը ունեցան։
Քանի մը օր ետք, անոնք Գադմանտուի մէջ Եհովայի Վկաներու ժողովի մը ներկայ եղան եւ շատ տպաւորուեցան հոն ներկայ եղողներուն կոկիկ երեւոյթէն։ Անոնք Ֆրանսայի մէջ ժողովներուն իրենց տեսած նոյն եղբայրական սէրը եւ ուրախութիւնը տեսան հոն։ Նաեւ նշմարեցին որ հոն ներկայ եղողները տարբեր դասակարգի պատկանելով հանդերձ, իրարու հետ միութեան մէջ են։ Արդ, անոնք համոզուեցան որ ասիկա՛ պէտք է ըլլայ Եհովայի կազմակերպութիւնը։
Ամիս մը ետք, Ֆրանսա վերադարձան եւ անմիջապէս վերսկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ ժողովներու յաճախել։ Անոնք ամուսնացան, սկսան վկայութեան գործին մասնակցիլ եւ վերջապէս մկրտուեցան։ Ամուսինը հիմա օգնական ծառայ մըն է, իսկ կինը կանոնաւորաբար կը մասնակցի օժանդակ ռահվիրայութեան։ Իրապէս, Եհովայի հոգին պիտի օգնէ սրտի շիտակ վիճակ մը ունեցողներուն որ յառաջդիմեն եւ իր երկրպագուները ըլլան։—Յայտնութիւն 7։15–17
[Շրջագիծ/Քարտէս՝ էջ 26]
ՆԷՓԱԼ
Բնակչութիւն. - 17,712,221
1990 Հրատարակիչներու Գագաթ. - 63
Համեմատութիւն, 1 Հրատարակիչի. - 281,146
Ռահվիրայ հրատարակիչներու Միջին. - 10
Ժողովքի Թիւ. - 1
Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններու Միջին. - 107
Յիշատակատօնին Ներկաներ. - 220
[Քարտէս]
ՆԷՓԱԼ
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ
[Նկար՝ էջ 26]
Շուկայի տեսարան Գադմանտուի մէջ, Նէփալ