‘Արցունքով ցանեցի, ցնծութիւնով հնձեցի’
Կը պատմէ՝ Միյօ Իտէի
«Կը մեռնի՜մ. կը մեռնի՜մ. օգնեցէք ինծի». հայրս ճիգ կ’ընէր պոռալու։ Իր ձայնը լեցուցած էր տունը, մինչ ես դուրս կը խուժէի։ Կէս գիշեր էր եւ հայրս սրտի կաթուած կ’ունենար։ Մեզի մօտ բնակող հօրեղբօրս քով վազեցի, բայց երբ վերադարձանք, այլեւս հօրս բազկերակը չէր զարներ։
ԱՍԻԿԱ տեղի ունեցաւ 14 Դեկտեմբեր 1918–ին։ Տասներեք տարեկանիս որբ մնացի։ Եօթը տարեկանիս արդէն մայրս մեռած էր։ Այսքան կանուխ ծնողքս կորսնցնելով, սկսայ ես ինծի հարց տալ. ‘Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Մահուընէ ետք ի՞նչ տեղի կ’ունենայ’։
Ուսուցիչներու դպրոցը աւարտելէ ետք, Թոքիոյի Շինակավայի նախակրթարանին մէջ սկսայ դասաւանդել։ Յետոյ, ծանօթ մը ինծի ներկայացուց երիտասարդի մը՝ Մոթոհիրոյի որու հետ ամուսնացայ 22 տարեկանիս։ Անցեալ 64 տարիներու ընթացքին, կեանքի քաղցր եւ դառն փորձառութիւնները միասնաբար բաժնեցինք։ Շուտով Թայուան փոխադրուեցանք որ այն ատեն Ճաբոնական տիրապետութեան ներքեւ էր։ Այդ ատեն չէի գիտեր թէ այդ երկրին մէջ ցնծութեան աղաղակ բարձրացնելու պատճառ պիտի ունենայի։
Ճշմարտութիւնը Սորվեցայ
1932–ի գառնան, երբ կեդրոնական Թայուանի Չիայի շրջակայքը կը բնակէինք, Սապուրօ Օչիայի կոչուող մարդ մը մեզ այցելեց։ Ան մեզի ցոյց տուաւ թէ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները մեռելներու յարութեան խոստումն ալ կը բովանդակեն։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մը։ Շատ կը փափաքէի դարձեալ հայրս ու մայրս տեսնել։ Տրամաբանական առարկութիւններով, բացատրութիւններով եւ սուրբ գրային հաստատ ապացոյցներով, իր խօսքերը ճշմարտութիւն կ’արձագանգէին։ Ժամանակը սահեցաւ մինչ մենք ամբողջ օրը Աստուածաշունչին մասին խօսելով անցուցինք։ Յանկարծ անիկա գրաւիչ գիրք մը դարձաւ ինծի համար։
Քիչ ետք, Պր. Օչիային ելաւ որ ուրիշ տեղ մը երթայ, մեզի ձգելով կարգ մը գիրքեր, ինչպէս Ստեղծագործութիւն, Աստուծոյ Քնարը, Կառավարութիւն, Մարգարէութիւն, Լոյս եւ Հաշտութիւն, բոլորն ալ Դիտարանի սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած։ Անոնց մէջ թաղուեցայ եւ մինչ կը կարդայի, ստիպողականութիւն մը զգացի կարդացածս ուրիշներուն պատմելու։ Եթէ Յիսուս իր ծառայութիւնը Նազարէթէն՝ իր ծննդավայրէն սկսաւ, ինչո՞ւ ես ալ իմ բնակած վայրէս չսկսիմ։ Քովի դրացիիս այցելութեան գացի։ Ոեւէ մէկը ինծի չէր սորվեցուցած ի՛նչպէս քարոզել, ուստի Աստուածաշունչս եւ կարդացած գիրքերը առի եւ տունէ տուն գացի, կարողութեանս չափով քարոզելով։ Մարդիկ լաւ ընդունեցին եւ պարբերաթերթեր առին։ Թոտաիշայէն (այն ատեն Ճաբոնի մէջ Դիտարանի Ընկերութիւնը այդպէս կը կոչուէր) 150 օրինակ խնդրեցի Թագաւորութիւնը՝ Աշխարհի Յոյսը գրքոյկէն եւ զանոնք ցրուեցի։
Օր մը, ինծմէ գրականութիւն առած անհատ մը, ինծի ըսաւ որ իմ մեկնելէս քիչ ետք, ոստիկանը եկած եւ գիրքերը գրաւած էր։ Անկէ շուտով վերջ, 4 գաղտնի ոստիկաններ իմ տունս եկան եւ բոլոր գիրքերը եւ պարբերաթերթերը գրաւեցին։ Միայն Աստուածաշունչը ձգեցին։ Հինգ տարի, Եհովայի ժողովուրդէն ո՛չ մէկը տեսայ, բայց ճշմարտութեան կրակը կ’այրէր սրտիս մէջ։
Ապա 1937–ի Դեկտեմբերին, Ճաբոնէն երկու փերեզակներ [լիաժամ քարոզիչներ] այցելութեան եկան։ Ապշած հարցուցի. «Ինչպէ՞ս գիտցաք մեր մասին»։ Անոնք ըսին. «Ձեր անունը հոս գրուած ունինք»։ Եհովան յիշած էր մեզ։ Երկու Վկաները, Եորիիչի Օէ եւ Եոշիուչի Գոսագա հին հեծանիւով 240 քմ. քշած էին Թայփէիէն մինչեւ Չիայի, իրենց պիտոյքները հեծիքին ետեւը բարձր դիցուած։ Մինչ անոնք մեզի հետ կը խօսէին, ես Եթէովպացի ներքինիին պէս զգացի որ ըսաւ. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ (Գործք 8։36) Իրենց հասած գիշերը, ամուսինս եւ ես մկրտուեցանք։
Բանտարկեալ Եղբայրներուն Հոգ կը Տանիմ
1939–ին ամբողջ Ճաբոնի մէջ Եհովայի Վկաներու ձերբակալութիւններ եղան։ Հալածանքի ալիքը շուտով հասաւ Թայուան։ Ապրիլին երկու եղբայրները՝ Օէ եւ Գոսագան բռնուեցան։ Երկու ամիս ետք՝ մենք ալ։ Քանի որ ուսուցիչ էի, յաջորդ օրը ազատ արձակեցին զիս, բայց ամուսինս չորս ամիս բանտը մնաց։ Ամուսինիս ազատ արձակուելէն ետք, Թաիփէի փոխադրուեցանք։ Ասիկա լաւ եղաւ, քանի որ երկու եղբայրներուն գտնուած բանտին մօտն էինք։
Թաիփէի Բանտը խիստ ապահով բանտ մըն էր։ Հագուելիք եւ ուտելիք առի եւ գացի եղբայրները տեսնելու։ Նախ եղբայր Գոսագան երեւցաւ պահակով մը եւ 30 սմ. երկաթի ձողերով հիւսուած պատուահանին ետին գաղտնի ոստիկան մը։ Ան գունատ էր եւ իր շրթունքները թարմ ելակի պէս կարմիր էին. թոքատապէ վարակուած էր։
Ապա եղբայր Օէն եկաւ ժպիտը դէմքին, ուրախութեամբ կրկնելով. «Ի՜նչ լաւ որ կրցար գալ»։ Քանի որ դէմքը գունատ եւ ուրած էր, իր առողջութիւնը հարցուցի։ «Ես շատ լաւ եմ», պատասխանեց ան։ «Հոս շատ լաւ տեղ մըն է։ Ոչ մլուկ կայ եւ ոչ ոջիլ։ Նոյնիսկ սեւ ալիւրէ շինուած մագարօնի կ’ուտեմ։ Վիլլայի մէջ կ’ապրիմ», ըսաւ ան։ Ոստիկանը եւ պահակը չկրցան իրենց խնդուքը զսպել եւ ըսին. «Իրապէս այս Օէ–ն անպարտելի է»։
Դարձեալ Բանտարկութիւն
Եղբայրներուն այցելութենէն վերադառնալէս քանի մը օր ետք, 30 Նոյեմբեր 1941–ին, դուռը զառնուեցաւ։ Դրան ապակիին ծակէն լեռնակուտակ գլխարկներու երեւոյթ մը տեսայ. ութ հատ համրեցի։ Ոստիկաններ էին։ Անոնք ներս խուժեցին եւ տան բոլոր առարկաները ծուռ դարձուցին. բայց ի զուր։ Ժամ մը խուզարկելէ ետք, անոնք պատկերներու քանի մը ալպոմներ գրաւեցին եւ մեզի ըսին որ անոնք առնելով իրենց հետեւինք։ Յիշեցի որ Յիսուս ալ կէս գիշերին ձերբակալուեցաւ։ (Մատթէոս 26։31, 55–57. Յովհաննու 18։3–12) Խնդուք կը պատճառէր մտածել որ երկուքիս համար ութ մարդ գործի լծուած էր։
Հսկայ եւ մութ անծանօթ շէնք մը տարին մեզ։ Վերջը գիտցանք որ անիկա Թաիփէի՝ Հիչիսէի Բանտն էր։ Մեծ գրասեղանի մը դիմաց նստեցուցին մեզ եւ հարցուփորձը սկսաւ։ Կրկին ու կրկին հարցուցին. «Որո՞ւ կը ճանչնաք», եւ մենք պատասխանեցինք. «Ոեւէ մէկը չենք ճանչնար»։ Ինչպէ՞ս կրնայինք բոլոր Ճաբոնի մէջ եղողները ճանչնալ։ Միայն Օէ եւ Գոսագա եղբայրները կը ճանչնայինք, իսկ անուղղակիօրէն մեր լսած անուններուն համար լուռ կեցանք։
Արդէն առտուան ժամը հինգն էր եւ երկու գաղտնի ոստիկաններ խցիկս տարին զիս։ Ժամանակ առաւ մինչեւ որ իմ նոր միջավայրիս վարժուիմ։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով մլուկ կը տեսնէի։ Այս միջատները որ նորեկներուն հետ խնճոյք ընել կը սիրեն, անդադար նեղեցին զիս, խցիկին մէջ գտնուող երկու կիները առանձին ձգելով, հակառակ անոր որ դէպի ինծի եկողներուն հաշիւին կը նայէի։ Վերջապէս ձաձրացայ եւ ձգեցի որ ուտեն զիս։
Մեր ուտելիքը գաւաթ մը կէս եփուած բրինձի մալէզ էր, բայց բերանս միշտ կը խորհէր թէ ան հում բրինձ էր։ Մալէզին հետ քիչ մը աղուած բողկի տերեւ կու տային, որու վրայ տակաւին աւազի հետքեր կային։ Սկիզբը չէի կրնար ուտել, քանի որ գէշ կը հոտէր եւ նողկանք կը պատճառէր եւ սենեկիցներս կու գային իրենք կ’ուտէին։ Անշուշտ, վերջապէս վարժուեցայ որպէսզի վերապրիմ։
Բանտին մէջ կեանքը ահռելի էր։ Առիթով մը, լսեցի մարդ մը որ կը կարծուէր թէ լրտես է, չարչարանքէն կը ճչար ամբողջ օրը։ Նաեւ քովի խցիկին մէջ տեսայ մարդ մը որ սաստիկ տառապանքէն մահացաւ։ Այս բոլորը մեր աչքին առջեւ կատարուելով, ամբողջ սրտով կը զգայի որ իրերու այս հին դրութիւնը պէտք է վերջանայ եւ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ իմ հաւատքս աւելի կը զօրանար։
Հարցաքննութիւն
Շուրջ տարի մը բանտը մնացի եւ հինգ անգամ հարցաքննուեցայ։ Օր մը դատախազը առաջին անգամ ըլլալով եկաւ եւ ես հարցաքննութեան նեղ սենեակ մը տարուեցայ։ Առաջին հարցումը հետեւեալն էր. «Ո՞վ աւելի մեծ է, Ամաթէրասու Օմիգամի՞ն [արեւու չաստուածուհին] թէ՝ Եհովան. ըսէ՛ ինծի»։ Պահ մը մտածեցի թէ ի՞նչ պատասխանեմ։
«Ըսէ ինծի ո՛վ մեծ է, ապա թէ ոչ պիտի ծեծեմ քեզ», խոժոռ դէմքով ըսաւ ինծի։
Հանդարտութեամբ պատասխանեցի. «Աստուածաշունչին սկիզբը գրուած է. ‘Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց’»։ Կարիքը չտեսայ բան մը աւելցնելու։ Ան միայն շեշտակի երեսիս նայեցաւ առանց բառ մը ըսելու եւ ապա նիւթը փոխեց։
Բայց բանտարկութեանս պատճառը ի՞նչ էր։ Քննութեան տեղեկագրութիւնը կ’ըսէր. «Կը վախցուի որ ան ժողովուրդը մոլորեցնէ իր խօսքերով եւ արարքներով»։ Ասոր համար առանց դատուելու բանտարկուած էի։
Այս բոլոր ժամանակամիջոցին Եհովան միշտ մօտս եղաւ։ Եհովայի ողորմութեամբ, գրպանի չափով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները ունեցայ։ Ոստիկան մը օր մը խցիկիս մէջ նետեց եւ ըսաւ. «Թոյլ կու տամ որ ասիկա ունենաս»։ Ամէն օր կը կարդայի, այն աստիճան որ կարդացածս գոց կը սորվէի։ Գործք Առաքելոց գրքին մէջ նախկին Քրիստոնեաներուն խիզախ օրինակները ինծի համար մեծ քաջալերութեան աղբիւր մը եղան։ Պօղոսի 14 նամակներն ալ զիս զօրացուցին։ Պօղոս չափազանց հալածուած էր, բայց սուրբ հոգին միշտ անոր թիկունք կը կանգնէր։ Այսպիսի արձանագրութիւններ ինծի ոյժ տուին։
Շատ նիհարցայ եւ տկարացայ, բայց Եհովան պահեց զիս յաճախ անսպասելի կերպերով։ Կիրակի օր մը, ինծի անծանօթ գաղտնի ոստիկան մը եկաւ, վարշամակի մը մէջ փաթթուած ծրարով մը։ Ան խցիկին դուռը բացաւ եւ ինծի բակ տարաւ։ Երբ հսկայ ծառի մը քով եկանք, ան բացաւ ծրարը։ Ի՜նչ տեսնեմ. պանաններ եւ բլիթներ մէջը։ Ինծի ըսաւ որ հոն ուտեմ զանոնք։ Ան ըսաւ. «Դուք բոլորդ լաւ մարդիկ էք։ Բայց ստիպուած ենք այսպէս վարուիլ ձեզի հետ։ Կ’ուզեմ շուտով այս գործը ձգել»։ Այս կերպով պահակները եւ ոստիկանները շատ լաւ կը վարուէին հետս։ Ինծի կը վստահէին եւ թոյլ կու տային որ իրենց սենեակները մաքրեմ եւ շատ մը ուրիշ առանձնաշնորհեալ գործեր կը յանձնէին ինծի։
1942–ի վերջաւորութեան, մեզ ձերբակալած ոստիկաններէն մէկը կանչեց զիս։ «Թէեւ դուք մահուան վճիռի արժանի էք, բայց այսօր ազատ պիտի արձակուիք», ըսաւ ան։ Ամուսինս ինծմէ ամիս մը առաջ տուն վերադարձած էր։
Վկաներուն Հետ Ընկերակցութիւնս Վերանորոգուեցաւ
Երբ տակաւին բանտն էինք, Ճաբոնը Բ. Աշխարհամարտին մէջ մտած էր։ Ապա, 1945–ին, լսեցինք որ Ճաբոն պատերազմը կորսնցուցած էր եւ լրագիրներէն կարդացինք թէ քաղաքական բանտարկեալները ազատ պիտի արձակուին։ Գիտէինք թէ եղբայր Գոսագան բանտին մէջ հիւանդութենէն մահացած էր։ Շուտով նամակներ գրեցի Թաիփէի–ի եւ Հսինչու–ի բանտերը եղբայր Օէի մասին տեղեկանալու համար։ Բայց պատասխան չստացայ։ Հետագային գիտցայ որ եղբայր Օէն սպաննուած էր զինեալ խումբի մը կողմէ։
1948–ին, Շանկայէն անակնկալ նամակ մը ստացանք։ Նամակը եղբայր Սթէնլի Ճոնզէն էր, որ Գաղաադի՝ Եհովայի Վկաներու միսիոնարական նոր դպրոցին կողմէ, Չինաստան ղրկուած էր։ Եհովա դարձեալ յիշեց մեզ։ Եհովայի կազմակերպութեան հետ այս շփումը ունենալուս համար ցնծութեան մէջ էի։ Եղբայր Օէի հանդիպումէն եօթը տարի անցած էր։ Թէեւ այս բոլոր ժամանակը մեկուսացած էր, բայց ուրիշներուն կը խօսէի բարի լուրին մասին։
Եղբայր Ճոնզի առաջին այցելութիւնը մեծ ուրախութեան ժամանակ մը եղաւ մեզի համար։ Ան շատ ընկերային էր։ Թէեւ նախապէս բնաւ չէինք տեսած զինք, այնպէս մը զգացինք թէ շատ մտերիմ ազգական մը կ’ընդունէինք մեր տունը։ Քիչ ետք, եղբայր Ճոնզ Թ’այթունկ մեկնեցաւ, լեռներուն անդիի կողմը, ամուսինս ունենալով որպէս մեկնաբան։ Շուրջ շաբաթ մը ետք վերադարձան, այդ միջոցին մէկ օրուան համաժողով մը ունեցած էին եւ մօտ 300 հոգի մկրտուած էր արեւելեան ծովափի Ամիս ցեղախումբէն։
Եղբայր Ճոնզի այցելութիւնը ուրիշ կերպով մըն ալ իմաստալից եղաւ ինծի համար։ Մինչեւ այն ատեն առանձին կը քարոզէի։ Արդ, եղբայր Ճոնզի այցելութեան ընթացքին, զոյգ մը մկրտուեցաւ եւ ամուսինը մեր հողատէրն էր։ Անկէ ի վեր, Թագաւորութիւնը ծանուցանելու ուրախութենէն զատ, շատ անգամ աշակերտելու ուրախութիւնն ալ ունեցայ։ Յետոյ, Հսինչու փոխադրուեցանք, ուր եղբայր Ճոնզ երեք անգամ այցելութեան եկաւ, իւրաքանչիւր անգամ երկու շաբաթ մնալով։ Շատ կ’ախորժէի իր շինիչ ընկերակցութենէն։ Վերջին անգամ, ան ըսաւ. «Յաջորդ անգամ, իմ ընկերս՝ Հէրոլտ Գինկը պիտի բերեմ»։ Բայց այդ «յաջորդ անգամ»ը բնաւ չեկաւ, քանի որ անկէ շուտով վերջ երկուքն ալ Չինաստանի մէջ բանտարկուեցան։
1949–ին, Գաղաադի 11–րդ դասարանի միսիոնարներէն Ճոզէֆ Մագկրէթ եւ Սիրիլ Չարլզ եկան Թայուան։ Անոնք Թայուանի մէջ գործը ընդարձակեցին, մեր տունը որպէս կեդրոն գործածելով։ Անոնց օրինակները իրապէս քաջալերեցին զիս։ Սակայն, քաղաքական վիճակը պարտադրեցին որ անոնք Հոնկ Գոնկ երթան։ Չկրցայ արցունքներս զսպել երբ ոստիկանի մը ընկերակցութեամբ մեկնեցան։ «Մի՛ լար, Միյօ», ըսաւ Ճոն։ Ան աւելցուց. «Շնորհակալ եմ» եւ ինծի տուաւ իր շատ գործածուած գրիչը որպէս յիշատակ։
Զաւկի Կրթութեան կը Ձեռնարկեմ
Ամուսինս եւ ես զաւակ չունեցանք։ Ուստի ամուսինիս զարմուհին որդեգրեցինք, երբ չորս ամսուան էր։ Մօրը կեանքը վտանգուած էր շնչարգելութեամբ։
1952–ին, եղբայր Լոյտ Պէրրի, որ Ճաբոնի մէջ որպէս միսիոնար կը ծառայէր, Թայուան եկաւ, Եհովայի Վկաներուն գործունէութիւնը օրինաւորապէս վաւերացնել ջանալու համար։ Ան մեզի մնաց եւ մեզ շատ քաջալերեց։ Այդ ժամանակ մեր աղջիկը 18 ամսուան էր։ Ան առաւ զինք եւ հարցուց անոր. «Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը»։ Զարմացած, հարցուցի իրեն. «Ըսել կ’ուզես որ այս տարիքէ՞ն իսկ պէտք է սորվեցնենք իրեն»։ «Այո՛», հաստատօրէն պատասխանեց ան։ Ապա ան խօսեցաւ, երախայ մը շատ մատղաշ տարիքէն կրթելու կարեւորութեան մասին։ «Ան Եհովայէն քեզի տրուած պարգեւ մըն է քեզ մխիթարելու համար». սա իր խօսքերը մտքիս մէջ գամուեցան։
Անմիջապէս սկսայ աղջիկս՝ Ագէմին՝ մարզել, որպէսզի Եհովան ճանչնայ եւ սիրէ ու իր ծառան ըլլայ։ Անոր կարգ մը գիրերու հնչումները սորվեցուցի, սկսելով է, հո եւ պա տառերէն, որոնք Ճաբոներէնով «Էհոպա» կամ Եհովա բառը կը կազմեն։ Երբ երկու տարեկան էր, ան կը հասկնար ինչ որ իրեն կ’ըսէի։ Ուստի ամէն գիշեր անկողին երթալէ առաջ, Աստուածաշունչի պատմութիւններ կը պատմէի իրեն։ Հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընէր եւ զանոնք չէր մոռնար։
Երբ երեքուկէս տարեկան էր, եղբայր Պէրրին դարձեալ մեզի այցելեց եւ Ագէմիին խօսակցական ոճով Ճաբոներէն Աստուածաշունչ մը տուաւ։ Աստուածաշունչը ձեռքը, սենեակին մէջ կը դառնար՝ «Ագէմիին Աստուածաշունչը. Ագէմիին Աստուածաշունչը» ըսելով։ Ապա քանի մը վայրկեան ետք բարկութեամբ ըսաւ. «Ագէմիին Աստուածաշունչը Եհովա չունի. չեմ ուզեր ասիկա» եւ ձեռքէն նետեց։ Զարմացած պարունակութիւնը քննեցի։ Նախ բացի Եսայեայ 42։8։ Հոն Եհովային անունը փոխարինուած էր «Տէր»ով։ Ուրիշ համարներ ալ բացի, բայց Աստուծոյ Եհովա անունը չգտայ։ Ագէմին հանդարտեցաւ երբ հին Ճաբոներէնով գրուած իմ Աստուածաշունչիս մէջ ցոյց տուի Եհովայի անունը։
Ճաբոն Վերադարձը
1958–ին Ճաբոն վերադարձանք եւ Գոպէի մէջ Սաննոմիա ժողովքին հետ ընկերակցեցանք։ Եհովային երախտապարտ ըլլալու այսքան շատ պատճառներ ունենալով, ուզեցի իմ երախտագիտութիւնս յայտնել ռահվիրայ (Եհովայի Վկաներու լիաժամ քարոզիչ) ըլլալով։ Ռահվիրայական ծառայութեան մէջ ջանադրութեամբ աշխատեցայ։ Որպէս արդիւնք, տան սուրբ գրային բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կրցայ վարել եւ շուրջ 70–80 անհատներու ճշմարտութեան գալը տեսնելու ուրախութիւնը ճաշակեցի։ Ժամանակ մը առանձնաշնորհումը ունեցայ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ ծառայել, ամէն ամիս ծառայութեան 150 ժամ տրամադրելով, մինչ ամուսինիս եւ աղջկանս հոգ կը տանէի։
Քանի որ աւելի քան 30 տարի Թայուան ապրած էինք, Ճաբոնի մշակութային կեանքին չվարժուեցայ եւ շատ դժուար պահեր ունեցայ։ Այդ ատենները Ագէմին իմ մխիթարիչս եւ նեցուկս եղաւ, ճիշդ ինչպէս եղբայր Պէրրին տարիներ առաջ ըսած էր ինծի։ Երբ ընկճուած զգայի, ինծի կ’ըսէր. «Մամա, քաջ եղիր։ Եհովան ճամբայ մը ցոյց պիտի տայ»։ «Այո, անշուշտ ցոյց պիտի տայ», կ’ըսէի եւ քաղցրութեամբ կը համբուրէի զինք։ Քաջալերութեան ի՜նչ աղբիւր մըն էր ինծի։ Ի՜նչպէս Եհովայի երախտապարտ չըլլայի։
Աղջիկս Եհովայի կը Նուիրեմ
Ագէմին 7 տարեկանին հրատարակիչ եղաւ եւ 1963–ի ամռան, 12 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Ջանացի կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցնել իրեն հետ։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Պատանեկութեան շրջանին դժուարութիւններ ունեցաւ, բայց մեր ժողովքը ղրկուած ռահվիրաներուն լաւ օրինակով եւ քաջալերութեամբ, Ագէմին վերջապէս նպատակակէտ դրաւ նոր թաղամասերու մէջ ռահվիրայ ըլլալ։
1968–ի նահանգային համաժողովին, ան Աստուածաշունչի թատերախաղին մէջ Յեփթայէի աղջկան դերը խաղցաւ։ Մինչ կը դիտէի թատերախաղը, որոշեցի մինչեւ այդ ատեն գուրգուրանքիս առարկան եղած միակ աղջիկս, Յեփթայէի նման Եհովայի մատուցանել լիաժամ ծառայութեան համար։ Կեանքս ինչպէ՞ս պիտի ըլլար առանց աղջիկս կողքիս ունենալու։ Ասիկա շատ դժուար էր ինծի համար, մանաւանդ որ արդէն 60 տարեկան էի։
1970–ին ժամանակը եկաւ որ մեր աղջիկը մեզմէ հեռանայ։ Ամուսինէս հրաման առաւ եւ Գիօթօ գնաց որպէս ռահվիրայ ծառայելու համար։ Հասկնալով մեր զգացումները, մեկնած ատեն սիրտը կ’արիւնոտէր։ Որպէս ողջերթի համար, իրեն յիշեցի Սաղմոս 126։5, 6–ը. «Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, ցնծութիւնով պիտի հնձեն։ Ան որ լալով կ’երթայ, ցանելու սերմը տանելով, անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, իր ցորենի խուրձերը բերելով»։ Այս խօսքերը ինծի համար ալ սրտապնդիչ եղան։
Հետագային Ագէմին ամուսնացաւ եւ իր ամուսնոյն հետ ռահվիրայութիւնը շարունակեց։ 1977–էն ի վեր ամուսինը շրջանային տեսուչ նշանակուեցաւ եւ միասնաբար ճամբորդական ծառայութեան ձեռնարկեցին։ Ես կանոնաւորաբար գարտէսը կը բանամ եւ գարտէսով «կը ճամբորդեմ» աղջկանս հետ։ Ինծի համար հաճոյք է անոնց փորձառութիւնները լսել եւ աղջկանս միջոցաւ բազմաթիւ քոյրերու ծանօթացայ։
Արդէն 86 տարեկան եմ։ Անցած օրերը գիշերուան պահու մը պէս թուեցան։ Առաջուան նման չեմ կրնար աշխատիլ, բայց դաշտի ծառայութիւնը տակաւին ինծի ուրախութիւն կը պատճառէ։ Երբ ճշմարտութիւնը ճանչնալէ ի վեր անցած 60 տարիներուն մասին մտածեմ, Աստուծոյ մխիթարիչ խոստումը սիրտս կը լեցնէ։ Այո, Եհովան իր հաւատարիմներուն հետ հաւատարմութեամբ վարուելով, թոյլ կու տայ որ առատ ուրախութիւն հնձենք։—Սաղմոս 18։25