Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ91 12/1 էջ 4-6
  • Որո՞նց աղօթքները կը պատասխանուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Որո՞նց աղօթքները կը պատասխանուին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Փաստեր՝ Թէ Աստուած կը Պատասխանէ Աղօթքներու
  • Ինչո՛ւ Կարգ մը Աղօթքներ Չեն Պատասխանուիր
  • Յիսուս «Լսուեցաւ»
  • Եհովա Ինչպէ՞ս Այսօր կը Պատասխանէ Աղօթքներու
  • Անոնց Աղօթքները Պատասխանուած Են
  • Աղօթքով՝ Աստուծոյ մօտեցիր
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Եհովան ինչպէ՞ս մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Աղօթելը որեւէ օգուտ ունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուած կը պատասխանէ՞ ձեր աղօթքներուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
դ91 12/1 էջ 4-6

Որո՞նց աղօթքները կը պատասխանուին

ԵՀՈՎԱ Աղօթքներու պատասխանող Աստուած է։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ զինք կը կոչէ «աղօթքի Լսող»։ (Սաղմոս 65։2) Ան կը կամի պատասխանել աղօթքներու, բայց իրապէս որո՞նց աղօթքներուն կը պատասխանէ։

Աստուած իրեն հաճելի եղող անհատներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Անոնք սաղմոսերգուին յարգալից կեցուածքը ունին, որ ըսաւ. «Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։ Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն»։ (Սաղմոս 42։1, 2) Սակայն ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա կը պատասխանէ իր ճշմարիտ երկրպագուներուն աղօթքներուն։

Փաստեր՝ Թէ Աստուած կը Պատասխանէ Աղօթքներու

Աստուածաշունչին մէջ շատ մը արձանագրութիւններ կան, որոնք կը փաստեն թէ Եհովա կը պատասխանէ իր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքներուն։ Օրինակի համար, երբ Յուդայի Յովսափատ Թագաւորը ազատագրութեան համար աղօթեց, Աստուած լսեց անոր աղօթքին եւ իրեն յաղթանակ տուաւ, պատճառ ըլլալով որ անոր թշնամիները զիրար կոտորեն։ (Բ. Մնացորդաց 20։1–26) Երբ Եզեկիա Թագաւորը նոյնպէս ահաւոր զինուորական ոյժի մը դիմաց գտնուեցաւ, ան օգնութեան համար, խոնարհութեամբ Աստուծոյ աղօթեց։ Եզեկիա Եհովայի փրկութիւնը տեսաւ, երբ հրեշտակը մէկ գիշերուան մէջ 185,000 Ասորեստանցիներ սպաննեց։—Եսայեայ 37։14–20, 36–38

Աստուած ինչո՞ւ պատասխանեց այս աղօթքներուն։ Երկու պարագաներուն ալ, թագաւորները բանարկեցին որ պատերազմը կորսնցնելը Եհովայի անուան վրայ նախատինք պիտի բերէր։ (Բ. Մնացորդաց 20։6–9. Եսայեայ 37։17–20) Անոնք Աստուծոյ համբաւով հետաքրքրուած էին։ «Աղօթքին բուն նպատակը պարզապէս պաղատողին բարիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ անուան պատիւ տալն է», կ’ըսէ համայնագիտարան մը (The International Standard Bible Encyclopedia)։ Ուստի, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները կրնան վստահ ըլլալ որ ան պիտի օգնէ իրենց «իր անուան համար»։ Այսպիսի աղօթքներ պատասխանուած ըլլալու փաստին արձանագրութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին վստահութիւն կու տայ, թէ Ան կը լսէ իրենց աղօթքներուն։—Սաղմոս 91։14, 15. Առակաց 18։10

Նոյնիսկ երբ Եհովայի անունը խնդրոյ առարկայ է, Աստուած ի՛նք կ’որոշէ թէ կարգ մը աղօթքներու պիտի պատասխանէ թէ ոչ։ Ան կրնայ, կարգ մը աղօթքներու չպատասխանելու համար, վաւերական պատճառներ ունենալ։ Եթէ կը խորհինք որ մեր աղօթքները չեն լսուիր, լաւ է նկատի առնել պատճառը։

Ինչո՛ւ Կարգ մը Աղօթքներ Չեն Պատասխանուիր

«Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ», ըսաւ Եհովա, առիթով մը Իսրայելացիներուն։ Պատճառին մատնանշելով, ան շարունակեց. «Վասնզի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են»։ (Եսայեայ 1։15) Անհատ մը չի կրնար Եհովայի օրէնքը անտեսել եւ իրմէ լսուիլ։ Աստուածաշունչի առակ մը յստակ պատասխան մը կու տայ այս ուղղութեամբ. «Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, անոր աղօթքն անգամ պիղծ է»։—Առակաց 28։9

Աստուածաշունչը ուրիշ պատճառ մըն ալ կու տայ թէ ի՛նչու կարգ մը աղօթքներ չեն պատասխանուիր, երբ կ’ըսէ. «Կը խնդրէք ու չէ՛ք առներ, վասնզի չարաչար կը խնդրէք՝ որպէսզի ձեր ցանկութիւններուն բանեցնէք»։ (Յակոբու 4։3) Ո՛չ, Եհովա չի պատասխաներ այն աղօթքներուն որոնք սխալ ցանկութիւններ հագեցնելու միտումով են։ Նաեւ պէտք է յիշենք որ Եհովա մարդոցմէ հրաման չստանար. Ինք կ’որոշէ թէ ի՛նչպէս պիտի պատասխանէ մեր աղօթքներուն։

Աստուած վստահօրէն կը պատասխանէ ա՛յն աղօթքներուն որոնք մաքուր սրտով, շիտակ շարժառիթով եւ իր նշանակած կերպով, այսինքն, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ կը մատուցուին։ (Յովհաննու 14։6, 14) Սակայն, նոյնիսկ այս պահանջները լեցնողները երբեմն զգացած են որ իրենց աղօթքները չեն պատասխանուիր։ Աստուած ինչո՞ւ շուտով չի պատասխաներ իր ծառաներուն կարգ մը աղօթքներուն։

Եհովա գիտէ աղօթքներու պատասխանելու լաւագոյն ժամանակը։ Տղեկ մը կրնայ հեծանիւ մը խնդրել իր հօրմէն, բայց հայրը թերեւս չի գներ զանիկա, մինչեւ որ երախան ապահովութեամբ անոր վրայ հեծնելու չափ մեծ չըլլայ։ Աստուած սիրողներուն կարգ մը աղօթքներուն համար ալ պարագան նոյնը կրնայ ըլլալ։ Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ բան լաւագոյնն է անոնց համար եւ պէտք եղածը կը հայթայթէ յարմարագոյն ատենին։

Սակայն, Եհովայի ծառաները իրենց բոլոր խնդրանքները չեն ստանար։ Անկատար ըլլալով, անոնք կրնան ցանկալ բանի մը, որ իրենց համար լաւ չէ։ Անոնց սիրալիր երկնաւոր Հայրը անոնց պիտի չտար բան մը, որ կը վնասէ, քանի որ Ան «ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ» Տուողն է։ (Յակոբու 1։17) Նմանապէս, Աստուած կրնայ չտալ բան մը, որ իր աչքին անհրաժեշտութիւն մը չէ։ (Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 12։7–10)։ Ան կը պատասխանէ ա՛յն աղօթքներուն որոնք իր ժողովուրդին նկատմամբ իր կամքին եւ իր նպատակին համաձայն են։—Ա. Յովհաննու 5։14, 15

Յիսուս «Լսուեցաւ»

Յիսուս Քրիստոս աղօթարար անհատ մըն էր։ (Մատթէոս 6։9–13. Յովհաննու 17։1–26) Ան կատարեալ վստահութիւն ունէր որ իր երկնաւոր Հայրը մտիկ պիտի ընէր իր աղօթքներուն եւ անոնց պիտի պատասխանէր։ Առիթով մը ան ըսաւ. «Հա՛յր, ... ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես»։ (Յովհաննու 11։41, 42) Բայց Յիսուս իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան յուսախաբ չեղա՞ւ։ Այն ատեն չաղաղակե՞ց՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։—Մատթէոս 27։46

Յիսուս այս խօսքերը ըսելով, իր մահուան մասին մարգարէութիւն մը կը կատարէր։ (Սաղմոս 22։1) Սակայն աւելի խոր իմաստով մը, Յիսուս հաւանաբար ըսել ուզեց թէ Եհովա իր պաշտպանութիւնը վերցուցած էր իր վրայէն, թոյլ տալով որ իր Որդին տանջալի եւ ամօթալի մահուան ենթարկուի, որպէսզի վերջին ծայր իր ուղղամտութիւնը փորձուի։ Յիսուսի երկրային կեանքին վերջին դէպքերը ցոյց կու տան թէ Աստուած լսեց իր աղօթքներուն։

Իր ձերբակալուած գիշերը, Յիսուս Գեթսեմանի պարտէզին մէջ աղօթեց։ Ան երեք անգամ պաղատեցաւ. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի»։ (Մատթէոս 26։39, 42, 44) Յիսուս հաւատացեալ մարդկութեան համար իր կեանքը որպէս փրկանք տալու չդըժկամեցաւ։ Ո՛չ, բայց խորապէս մտահոգուած էր որ տանջանքի ցիցին վրայ որպէս անիծեալ չարագործ մը, իր մահը կրնար անպատուել իր շատ սիրելի Հայրը։ Եհովան լսե՞ց Յիսուս աղօթքին։

Տարիներ ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7. Ղուկաս 22։42, 44) Այո, իր մահուան նախորդող տանջալից գիշերը, Յիսուս «լսուեցաւ«, բայց ինչպէ՞ս։

Եհովա հրեշտակ մը ղրկեց որ Յիսուսի երեւնալով «զօրացուց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։43) Այսպէս զօրանալով, Յիսուս կրցաւ տանջանքի ցիցին վրայ մահը դիմագրաւել։ Այնպէս կը թուի թէ Եհովա այն ատեն զինք վստահեցուց որ ցիցին վրայ իր մահը աստուածային անուան վրայ նախատինք պիտի չբերեր, ընդհակառակը բուն իսկ զայն սրբացնելու պիտի ծառայէր։ Արդարեւ, տանջանքի ցիցին վրայ Յիսուսի մահը ճամբայ մը բացաւ Հրեաներուն համար, առանց որու անոնք Օրէնքին ներքեւ անիծուած էին եւ մահուան դատապարտութենէն փրկուելու կարիքը ունէին։—Գաղատացիս 3։11–13

Երեք օր ետք, Եհովա յարուցանեց Յիսուսը եւ երկնքի մէջ աւելի բարձր դիրք մը տալով անոր, հայհոյութեան որեւէ հաւանական ամբաստանութենէ մաքրեց զինք։ (Փիլիպպեցիս 2։7–11) «Այս գաւաթ»ին մասին Յիսուսի աղօթքին ի՜նչ հոյակապ պատասխան մը։ Այդ աղօթքը պատասխանուեցաւ Եհովային կերպով։ Իսկ Յիսուս հոյակապ օրհնութիւններ վայելեց, քանի որ իր երկնաւոր Հօրը ըսաւ. «Ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։—Ղուկաս 22։42

Եհովա Ինչպէ՞ս Այսօր կը Պատասխանէ Աղօթքներու

Անոնք որոնք ներկայիս կը ջանան Եհովան հաճեցնել, Յիսուսի նման պէտք է խնդրեն որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ։ Անոնք պէտք է հաւատան որ Եհովա իրենց աղօթքներուն կը պատասխանէ այնպիսի կերպով որ իրենց լաւագոյն օգտին ծառայէ։ Իրականութեան մէջ, ան ‘մեր խնդրածէն կամ խորհածէն աւելի առատօրէն պիտի տայ ամէն բան’։—Եփեսացիս 3։20

Քրիստոնեայ երիտասարդ կին մը որ իր անհաւատ ծնողքին հետ կը բնակէր, այս համարին ճշմարիտ ըլլալը զգաց։ Դիտարանի Ընկերութենէն յղուած նամակով մը, անոր քաջալերութիւն տրուեցաւ որ աղօթքով նկատի առնէ միսիոնարական մասնաւոր նշանակում մը ընդունելու կարելիութիւնը։ Թէեւ ան սրտանց կը փափաքէր տունը մնալ եւ իր ծնողքին օգնել ճշմարտութեան գալու, բայց ան հարցը աղօթքով Աստուծոյ ներկայացուց, ըսելով. «Ի՞նչ է քու կամքդ։ Հակառակ ծնողքիս ընդդիմութեան, ընդունի՞մ այս հրաւէրը թէ ոչ քու կամքդ է որ ծնողքիս հետ մնալով իրենց օգնեմ»։ Ամէն անգամ որ կ’աղօթէր, իր խիղճը կ’ըսէր իրեն հրաւէրը ընդունիլ։ Ան եզրակացուց որ ասիկա իր աղօթքին պատասխանն էր։

Աստուած զօրացուց այս կինը որ իր որոշումին կառչած մնայ։ Երբ իրմէ խնդրուեցաւ որ Ճաբոնի Ավաճի Կղզին փոխադրուի, իր ծնողքը անակնկալի եկաւ եւ իրենց հակառակութիւնը սաստկացուցին։ Սակայն, կարող չըլլալով աղջկան միտքը փոխել, մայրը որոշեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, պարզապէս տեսնելու համար թէ ան ի՛նչու այս որոշումը առած էր։ Երեք ամիս ետք, ծնողքը իրեն այցելութեան եկաւ։ Տեսնելով որ ուրիշ Վկաներ որքա՛ն հոգ կը տանին իրեն, հայրը խորապէս տպաւորուեցաւ եւ երբ առանձին մնաց՝ լացաւ։ Շուտով ան ալ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ժամանակ մը վերջ, այս աղջկան ծնողքը մկրտուեցաւ եւ սկսաւ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել։ Եհովա այս Քրիստոնեայ կնոջ առատապէս չօրհնե՞ց։

Անոնց Աղօթքները Պատասխանուած Են

Նախորդ յօդուածին բացման մէջի կնոջ խօսքերը կը յիշէ՞ք։ Ան կը խորհէր որ բնաւ իր աղօթքներուն պատասխանը չէր ստացած։ Այս կինը իր աղօթքներուն միտքը արձանագրած եւ պահած էր։ Օր մը իր յուշատետրին մէջ նայեցաւ եւ անդրադարձաւ որ Եհովա լսած էր իր աղօթքներէն շատերուն, նոյնիսկ անոնք որ ինք իսկ մոռցած էր։ Այսպիսով ան գիտցաւ որ Աստուած իրեն հոգ կը տանէր եւ իր աղօթքներուն կը պատասխանէր փափկասուն եւ իրեն համար ամենէն օգտակար կերպով։

Եթէ կը խորհիք որ ձեր աղօթքները չեն պատասխանուիր, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ես «Աղօթքի Լսող»ին՝ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն ունի՞մ։ Եթէ ոչ, իր մասին սորվելու եւ իր նուիրուած ծառաներէն մէկը ըլլալու համար, պէտք եղած քայլերը կ’առնե՞մ’։ Եհովա կը պատասխանէ անոնց աղօթքներուն, որոնք զինք կը սիրեն եւ իր կամքը կը կատարեն։ Անոնք Յիսուսի նման ‘անդադար կ’աղօթեն’ եւ կը լսուին։ (Հռովմայեցիս 12։12) Ուստի, Եհովայի «առջեւ սրտերնիդ բացէք» եւ իր կամքը կատարեցէք։ (Սաղմոս 62։8) Այն ատեն ձեր աղօթքները պիտի լսուին։

Ներկայիս, միլիոնաւոր անհատներ մասնաւոր բանի մը համար կ’աղօթեն եւ անոնց աղօթքները կը լսուին։ Տեսնենք թէ ի՛նչու վստահ կրնանք ըլլալ թէ այսպիսի աղօթքներ պիտի պատասխանուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել