Աստուած կը պատասխանէ՞ ձեր աղօթքներուն
«ԲՆԱՒ չեմ զգացած որ աղօթքներս պատասխանուած են», ըսաւ Հոքքայտօ, Ճաբոնի մէջ բնակող կին մը։ Ասոր նկատմամբ, ան առանձին չէ, քանի որ շատեր կը զգան որ իրենց աղօթքները բնաւ չեն պատասխանուիր։ Թերեւս դուք ձեզի հարց կու տաք թէ Աստուած կը պատասխանէ՞ ձեր աղօթքներուն։
Միլիոնաւոր անհատներ անթիւ չաստուածութիւններու անհամար աղօթքներ կը մատուցանեն։ Ինչո՞ւ այդպէս կը թուի թէ բազմաթիւ աղօթքներ անպատասխան կը մնան։ Ասիկա գիտնալէ առաջ, նախ քննենք մատուցուած աղօթքներու տեսակները։
Ոմանք Ի՞նչ Բանի Համար կ’Աղօթեն
Նոր Տարուան շրջանին, Ճաբոնի բնակչութեան երկու երրորդը, կամ շուրջ 80 միլիոն անհատներ, կ’աղօթեն Շինթոյական սրբավայրերու կամ Պուտտայական տաճարներու մէջ։ Անոնք մետաղադրամներ կը մատուցանեն եւ բախտի ու ընտանեկան ապահովութեան համար կ’աղօթեն։
Յունուարին եւ Փետրուարին, վերամուտի խիստ քննութիւններէն ճիշդ առաջ, ուսանողներ կը խուժեն սրբավայրեր, ինչպէս Թոքիոյի մէջ գտնուող սրբավայր մը, որ նշանաւոր է իր ուսումի չաստուծոյն համար։ Անոնք իրենց մաղթանքները կը գրեն աղօթքի փայտէ տախտակներու վրայ, զորս սրբավայրի տախտակամածին փայտէ ձողերուն վրայ կը կախեն։ Առնուազն 100,000 այսպիսի տախտակներ զարդարեցին Թոքիոյի համբաւաւոր սրբավայրի մը կից հողերը, 1990–ի քննութեան շրջանին։
Մատուցուած աղօթքներէն շատերը առողջութեան համար են։ Ճաբոնի Գաուազագի քաղաքին մէկ սրբավայրին մէջ, մարդիկ կ’աղօթեն ԱԴԱ–էն [AIDS] պաշտպանուելու համար։ «ԱԴԱ–ի համար աղօթելուն իմաստն է թէ մարդիկ աւելի խոհեմ պիտի ըլլան իրենց վարմունքին մէջ», բացատրեց սրբավայրին քահանան։ Բայց աղօթքներուն նպատակը միայն ատիկա՞ է։
Ուրիշ տաճարի մը մէջ, տարեց կին մը «յանկարծամահ» ըլլալու համար աղօթեց։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան կ’ուզէր երկարատեւ հիւանդութեան տառապանքէն խուսափիլ եւ իր ընտանիքին վրայ բեռ չըլլալ։
Քրիստոնեայ կոչուած երկրի մը մէջ, ոտնագնդակի խումբի մը պետը աղօթեց որ իր խումբը յաղթանակ տանի եւ վիրաւորուելէ պաշտպանուի։ Լեհաստանի Կաթողիկէները իրենց բարօրութեան համար կ’աղօթեն եւ երբ հաւատան որ իրենց աղօթքները պատասխանուեցան, իրենց Մատոնաները գոհարեղէններով կը զարդարեն։ Շատեր Միքսիքայի մէջ Կուատըլուփի, կամ Ֆրանսայի մէջ Լուրտի նման եկեղեցիներ կը խուժեն, հրաշքով բուժում պաղատելով։
Թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ, մարդիկ տարբեր պատճառներով աղօթքներ կը մատուցանեն։ Բացայայտ է որ անոնք կ’ուզեն որ իրենց աղօթքները լսուին եւ պատասխանուին։ Բայց իրապաշտութի՞ւն է ակնկալել որ բոլոր աղօթքներն ալ նպաստաւոր կերպով լսուին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել ձեր անձնական աղօթքներուն մասին։ Անոնք պատասխանուա՞ծ են։ Աստուած կը պատասխանէ՞ աղօթքներու։