Նախնական եկեղեցին կը սորվեցնէ՞ր թէ Աստուած երրորդութիւն է
Մաս Ա. Յիսուս եւ իր աշակերտները սորվեցուցի՞ն երրորդութեան վարդապետութիւնը
Յիսուս եւ իր աշակերտները սորվեցուցի՞ն Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Յաջորդ դարերուն, եկեղեցական առաջնորդներ սորվեցուցի՞ն զայն։ Անիկա ինչպէ՞ս ծագում առաւ։ Իսկ ինչո՞ւ կարեւոր է այս հաւատամքին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Դիտարանը այս նիւթերը պիտի ծեծէ յօդուածաշարքով մը, Մաս Ա.–ը սկսելով այս թիւին մէջ։ Պարբերաբար ուրիշ յօդուածներն ալ յաջորդ թիւերուն մէջ լոյս պիտի տեսնեն։
Թանյոնի Եկեղեցին, Ֆրանսա
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ որպէս Աստուծոյ Խօսքը ընդունողները ուրիշներուն Ստեղծիչին մասին սորվեցնելու իրենց պատասխանատուութեան կը գիտակցին։ Անոնք նաեւ կ’ընդունին որ Աստուծոյ մասին ի՛նչ որ կը սորվեցնեն՝ ճշմարիտ պէտք է ըլլայ։
Աստուած յանդիմանեց Յոբի «մխիթարիչները» ասոր մէջ զլանալնուն պատճառով։ «Արդ՝ Տէրը՝ ... Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. ‘Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասնզի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք’»։—Յոբայ 42։7
Պօղոս առաքեալ, երբ յարութեան մասին կը խօսէր, ըսաւ որ ինք ‘սուտ վկայ կ’ըլլար’, եթէ Աստուծոյ գործունէութիւններուն մասին անճիշդ բաներ սորվեցնէր։ (Ա. Կորնթացիս 15։15) Երբ ասիկա ճշմարիտ է յարութեան յոյսին մասին, ուրեմն որքա՜ն ուշադիր պէտք է ըլլանք, երբ Աստուծոյ ինքնութեան մասին կ’ուսուցանենք։
Երրորդութեան Վարդապետութիւնը
Քրիստոնեայ Աշխարհի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներն ալ կը սորվեցնեն թէ Աստուած Երրորդութիւն է։ Կաթողիկէ Համայնագիտարանը [Անգլ.] Երրորդութեան վարդապետութիւնը կը կոչէ «Քրիստոնեայ կրօնքներուն կեդրոնական վարդապետութիւնը», հետեւեալ կերպով սահմանելով.
«Աստուածութեան միութեան մէջ Երեք Անձեր կան, Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այս Երեք Անձերը իրարմէ իրապէս անջատ են։ Հետեւաբար, Աթանասեան Հանգանակին խօսքերով՝ ‘Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է եւ սակայն երեք Աստուածներ չկան, այլ՝ մէկ Աստուած’։ ... Անձերը յաւիտենակից եւ հաւասարակից են. բոլորն ալ անստեղծ եւ ամենակալ են»։
Մկրտչական Համայնագիտարանը [Անգլ.] նոյնանման սահմանում մը կու տայ։ Անիկա կ’ըսէ.
«[Յիսուս] ... յաւիտենական Եհովան է։ ... Սուրբ Հոգին Եհովան է։ ... Որդին եւ Հոգին ճիշդ Հօրը հետ հաւասար են։ Եթէ ինք Եհովան է, անոնք ալ են»։
Հակառակորդները Նզովուած
Փոքր Ասիոյ Նիկիոյ քաղաքին մէջ, Հ.Դ. 325–ին, եպիսկոպոսներու խորհուրդ մը հանգանակ մը բանաձեւեց, որ Աստուծոյ Որդին կը յայտարարէր «ճշմարիտ Աստուած», ճիշդ ինչպէս Հայրը «ճշմարիտ Աստուած» է։ Այդ հանգանակը մասամբ կ’ըսէր.
«Իսկ անոնք որոնք կ’ըսեն թէ, [ժամանակ մը] կար երբ [Որդին] չկար եւ թէ ան ոչինչէ մէջտեղ եկաւ, կամ կը դաւանին թէ Աստուծոյ Որդին տարբեր իսկութիւն կամ նիւթ է եւ կամ ստեղծուած է, կամ այլայլումի, կամ փոփոխութեան ենթակայ է՝ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը նզովէ զանոնք»։
Այս կերպով, ոեւէ մէկը որ կը հաւատար թէ Աստուծոյ Որդին Հօրը հետ յաւիտենակից չէր, կամ թէ Որդին ստեղծուած էր, յաւիտենական դատապարտութեան ենթարկուած էր։ Կրնաք երեւակայել թէ ասիկա սովորական հաւատացեալներուն վրայ համակերպելու ի՜նչ ճնշում կը դնէր։
Ուրիշ խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Հ.Դ. 381–ին եւ յայտարարուեցաւ թէ սուրբ հոգին ալ պէտք է պաշտուի եւ փառաւորուի Հօրը եւ Որդւոյն նման։ Տարի մը ետք, Հ.Դ. 382–ին, ուրիշ խորհրդաժողով մը գումարուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ հաստատեց սուրբ հոգիին լիովին աստուածային ըլլալը։ Նոյն տարին, Հռովմի մէջ խորհուրդի մը դիմաց, Դամասոս Պապը ուսուցումներու հաւաքածոյ մը ներկայացուց, որոնք եկեղեցիին կողմէ պէտք էր դատապարտուէին։ Փաստաթուղթը կոչուեցաւ Դամասոսի Հատոր որ կը բովանդակէր հետեւեալ նախադասութիւնները.
«Եթէ ոեւէ մէկը ուրանայ թէ Հայրը յաւիտենական է, թէ Որդին յաւիտենական է եւ թէ Սուրբ Հոգին յաւիտենական է՝ ան հերետիկոս մըն է»։
«Եթէ ոեւէ մէկը ուրանայ թէ Աստուծոյ Որդին ճշմարիտ Աստուած է, ճիշդ ինչպէս Հայրը ճշմարիտ Աստուած է, բոլոր զօրութիւնը ունեցող, բոլոր բաները գիտցող եւ Հօրը հաւասար՝ ան հերետիկոս մըն է»։
«Եթէ ոեւէ մէկը ուրանայ թէ Սուրբ Հոգին ... ճշմարիտ Աստուած է, ... բոլոր զօրութիւնը ունի եւ բոլոր բաները գիտէ, ... ան հերետիկոս մըն է»։
«Եթէ ոեւէ մէկը ուրանայ թէ երեք անձեր՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին՝ իրական անձեր են, հաւասար, յաւիտենական, բոլոր տեսանելի եւ անտեսանելի բաները պարունակող, թէ անոնք ամենակալ են, ... ան հերետիկոս մըն է»։
«Եթէ ոեւէ մէկը ըսէ թէ [Որդին որ] մարմին [եղաւ] երկրի վրայ եղած ատեն երկինքի մէջ իր Հօրը հետ չէր, ան հերետիկոս մըն է»։
«Եթէ ոեւէ մէկը որ նոյնիսկ ըսէ թէ Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է, ... չ’ըսէ թէ անոնք մէկ Աստուած են, ... ան հերետիկոս մըն է»։
Ժէզուիթ ուսումնականներ որ վերոյիշեալ գրութիւնը Լատիներէնէն թարգմանեցին, հետեւեալ մեկնութիւնը աւելցուցին. «Սբ. Կելեստին Ա. Պապը (422–32) երեւութապէս ասոնք կանոնական օրէնքներ նկատեց. անոնք կրնան նկատուիլ որպէս հաւատքի սահմանումներ»։ Իսկ Էտմունտ Ժ. Ֆորթման ուսումնականը կը հաստատէ թէ այս հատորը կը ներկայացնէ «երրորդութենական լուրջ եւ հաստատ վարդապետութիւնը»։
Եթէ դուք եկեղեցիի մը կը պատկանիք, որ Երրորդութեան ուսուցումը կ’ընդունի, այս խօսքերը ձեր հաւատքին սահմանո՞ւմն են։ Նաեւ, կը գիտակցի՞ք թէ եկեղեցիներուն կողմէ ուսուցուած Երրորդութեան վարդապետութեան հաւատալը ձեզմէ կը պահանջէ հաւատալ թէ Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն, միեւնոյն ատեն երկինքի մէջ էր։ Այս ուսուցումը կը նմանի ինչ որ Դ. դարուն եկեղեցական Աթանասիոս նշեց՝ Մարդեղութեան Մասին իր գրքին [Անգլ.] մէջ.
«Բանը [Յիսուս] Իր մարմնին մէջ կաշկանդուած չէր, ոչ ալ մարմնով ներկայ ըլլալը արգելք կը հանդիսանար Իրեն այլ տեղ ալ գտնուելու։ Երբ Իր մարմինը կը փոխադրէր, Ան չէր դադրեր Իր Մտքով եւ զօրութեամբ տիեզերքը առաջնորդելէ։ ... Ան տակաւին կեանքի Աղբիւրն էր բոլոր տիեզերքին համար, անոր ամէն մէկ մասին մէջ ներկայ ըլլալով եւ սակայն այդ բոլորէն դուրս»։
Երրորդութեան Վարդապետութիւնը Ի՞նչ կը Նշանակէ
Ոմանք եզրակացուցած են թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը պարզապէս Յիսուսի աստուածութիւն վերագրել է։ Իսկ ուրիշներու համար, Երրորդութեան հաւատալը՝ Հօր, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին հաւատալ է։
Սակայն, Քրիստոնեայ Աշխարհի հաւատամքը ուշի ուշով քննելը երեւան կը հանէ թէ այս գաղափարները որքա՜ն ցաւալիօրէն չեն յարմարիր պաշտօնական վարդապետութեան հետ։ Պաշտօնական սահմանումները յստակօրէն ցոյց կու տան թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը պարզ գաղափար մը չէ։ Ընդհակառակը, անիկա իրարմէ անջատ, խրթին գաղափարներու միացում մըն է, որոնք երկար ժամանակաշրջանի մը մէջ իրարու միացուած եւ իրարու մէջ հիւսուած են։
Հասարակ Դարաշրջան 381–ին Կոստանդնուպոլսոյ Խորհուրդէն ետք, Երրորդութեան վարդապետութեան ընդհանուր պատկերէն, Դամասոսի Հատորէն, աւելի ետք եկող Աթանասական Հանգանակէն եւ ուրիշ փաստաթուղթերէն դատելով, յստակօրէն կրնանք որոշել թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը Երրորդութեան վարդապետութիւնով ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։ Անիկա հետեւեալ որոշ գաղափարները կը բովանդակէ.
1. Կ’ըսուի թէ երեք աստուածային անձեր կան Աստուածութեան մէջ. Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին։
2. Կ’ըսուի թէ այս իրարմէ անջատ անձերէն իւրաքանչիւրը յաւիտենական է, ոեւէ մէկը միւսէն առաջ կամ վերջը չէ։
3. Կ’ըսուի թէ իւրաքանչիւրը ամենակալ է, ոեւէ մէկը միւսէն մեծ կամ պզտիկ չէ։
4. Կ’ըսուի թէ իւրաքանչիւրը ամենագէտ է։
5. Կ’ըսուի թէ իւրաքանչիւրը ճշմարիտ Աստուած է։
6. Սակայն, կ’ըսուի թէ երեք Աստուածներ չկան, այլ՝ մէկ Աստուած։
Որոշապէս, Երրորդութեան վարդապետութիւնը գաղափարներու խրթին շարք մըն է, ներառելով գոնէ վերոյիշեալ կենսական տարրերը եւ տակաւին անոնցմէ աւելին, երբ մանրամասնութիւնները ձեռք առնուին։ Բայց եթէ միայն վերոյիշեալ հիմնական գաղափարները նկատի առնենք, բացայայտ է որ երբ անոնցմէ մէկը վերցուի, մնացեալը Քրիստոնեայ Աշխարհի Երրորդութիւնը չի կազմեր այլեւս։ Ամբողջ պատկերը ունենալու համար, այս բոլոր կտորները ներկայ պէտք է ըլլան։
Հիմա որ «Երրորդութիւն» բառը լաւ հասկցանք, կրնանք հարցնել. Յիսուս եւ իր աշակերտները կ’ուսուցանէի՞ն ասիկա։ Եթէ այո՛, ուրեմն Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն անիկա լման կերպով ձեւաւորուած, յայտնի պէտք էր ըլլար։ Իսկ քանի որ ի՛նչ որ անոնք սորվեցուցին, Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի, ուրեմն Երրորդութեան վարդապետութիւնը կա՛մ սուրբ գրային ուսուցում մըն է եւ կամ՝ ո՛չ։ Եթէ անիկա է, պէ՛տք է յստակօրէն ուսուցուի Աստուածաշունչին մէջ։
Անտրամաբանական է մտածել թէ Յիսուս եւ իր աշակերտները մարդոց պիտի սորվեցնէին Աստուծոյ մասին, առանց անոնց ըսելու թէ ո՛վ է Աստուած, մանաւանդ երբ կարգ մը հաւատացեալներէն պահանջուած էր նոյնիսկ իրենց կեանքերը զոհել Աստուծոյ համար։ Հետեւաբար, Յիսուս եւ իր աշակերտները մեծագոյն նախապատուութիւնը տուած ըլլալու էին ուրիշներուն այս կենսական վարդապետութիւնը սորվեցնելով։
Համարները Քննեցէք
Գործք 17–րդ գլուխին 11–րդ համարին մէջ, մարդիկ «ազնիւ» կոչուած են, քանի որ անոնք Պօղոս առաքեալի սորվեցուցածներուն համար «ամէն օր գիրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են»։ Անոնք քաջալերուած էին Սուրբ Գրութիւնները գործածել, նոյնիսկ առաքեալի մը ուսուցումը հաստատելու համար։ Դո՛ւք ալ նոյնը պէտք է ընէք։
Ի մտի ունեցէք թէ Աստուածաշունչը ‘Աստուծմէ ներշնչուած’ է եւ պէտք է գործածուի «շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Ուստի, Աստուածաշունչը կատարեալ է վարդապետական հարցերու մէջ։ Եթէ Երրորդութիւնը ճիշդ է, անիկա տեղ պէտք է գրաւէ անոր մէջ։
Ձեզ կը հրաւիրենք որ քննէք Աստուածաշունչը, մանաւանդ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն 27 գիրքերը, անձամբ տեսնելու թէ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երրորդութիւնը սորվե՛ցուցին թէ ոչ։ Երբ այս քննութիւնը կը կատարէք, դուք ձեզի հարց տուէք.
1. Որեւէ համար կա՞յ որ «Երրորդութիւն» կը յիշէ։
2. Որեւէ համար կրնա՞մ գտնել ուր կ’ըսէ թէ Աստուած երեք անջատ անձերէ բաղկացած է, Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին, բայց երեքը միայն մէ՛կ Աստուած են։
3. Որեւէ համար կրնա՞մ գտնել ուր կ’ըսէ թէ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին ամէն կերպով՝ յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ՝ իրար հաւասար են։
Փորձեցէք փնտռել, հա՛մար մ’իսկ պիտի չգտնէք որ Երրորդութիւն բառը կը գործածէ, ոչ ալ պիտի գտնէք համար մը, որ կ’ըսէ թէ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին ամէն կերպով՝ յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ իրարու հաւասար են։ Ո՛չ մէկ համար կ’ըսէ թէ Որդին Հօրը հաւասար է այս բաներուն մէջ. իսկ եթէ ըլլար այդպիսի բան մը, անիկա ոչ թէ Երրորդութիւն, այլ՝ «երկեակութիւն» պիտի ըլլար. իսկ Աստուածաշունչի ո՛չ մէկ մասին մէջ սուրբ հոգին Հօրը հետ հաւասար նկատուած է։
Ի՛նչ կ’Ըսեն Շատ մը Ուսումնականներ
Շատ մը ուսումնականներ՝ ի ներառեալ Երրորդութենականներ՝ կ’ընդունին որ Աստուածաշունչը Երրորդութեան վարդապետութիւն մը չի պարունակեր։ Օրինակի համար, Կրօնքի Համայնագիտարանը [Անգլ.] կը նշէ.
«Ներկայիս, Աստուածաշունչի մեկնաբաններ եւ աստուածաբաններ համաձայն են, որ Եբրայերէն Աստուածաշունչը Երրորդութեան վարդապետութիւնը չի պարունակեր։ ... Թէեւ Եբրայերէն Աստուածաշունչը Աստուած կը նկարագրէ որպէս Իսրայէլի հայրը եւ Աստուած կը մարմնաւորէ որպէս Բան (տավար), Հոգի (րուահ), Իմաստութիւն (հոխմա) եւ Ներկայութիւն (շէքինահ), սակայն Հին Կտակարանին միտքէն եւ հոգիէն շա՜տ հեռու է այս երեւոյթները կապել հետագայ Երրորդութեան վարդապետութեան հետ։ ...
«Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի մեկնաբաններ եւ աստուածաբաններ կը համաձայնին նաեւ, թէ Նոր Կտակարանն ալ որոշապէս չի պարունակեր Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Հայր Աստուածը ամէն էութեան աղբիւրն է (Փանթօքրաթօր), ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոսի հայրն է. ‘Հայր’ը Երրորդութեան առաջին անձին համար տրուած տիտղոս մը չէ, այլ՝ Աստուած բառին հոմանիշ մըն է։ ...
«Նոր Կտակարանին մէջ Աստուծոյ վերացական բնոյթին առնչութեամբ փոխադարձ գիտակցութիւն մը չկայ (երրորդութենէ ծագեալ), ոչ ալ Նոր Կտակարանը հետագայ վարդապետութեան արուեստագիտական լեզուն կը գործածէ (հիբոսթասիս, ուսիա, սիպսթանդիա, սիպսիսդէնդիա, բրոզոբօն, բէրսօնա)։ ... Անժխտելի է որ այդ վարդապետութիւնը միայն սուրբ գրային փաստերով կարելի չէ ապացուցանել»։
Այս հարցին շուրջ պատմական իրողութիւններու առնչութեամբ, Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը [Անգլ.] կը նշէ.
«Ո՛չ Երրորդութիւն բառը եւ ո՛չ ալ բացայայտ վարդապետութիւնը կը տեսնուի Նոր Կտակարանին մէջ։ ...
«Այս վարդապետութիւնը քանի մը դարերու ընթացքին եւ շատ մը հակաճառութիւններով աստիճանաբար զարգացաւ։ ...
«Միայն Դ. դարուն էր որ երեքին անջատութիւնը եւ անոնց միութիւնը համատեղուեցաւ երեք անձեր՝ մէկ էութիւն, մէկ ուղղափառ վարդապետութեան մէջ»։
Երրորդութեան վարդապետութեան ծագումին մասին, Նոր Կաթողիկէ Համայնագիտարանը [Անգլ.] նոյնանման բացատրութիւն մը կու տայ.
«Աստուածաշունչի մեկնաբաններ եւ աստուածաբաններ եւ երթալով աւելի մեծ թիւով Հռովմէական Կաթողիկէներ կ’ընդունին թէ անհատ մը Նոր Կտակարանին մէջ Երրորդութեան վարդապետութեան գոյութեան մասին պէտք չէ խօսի առանց որ լրջօրէն ատակ ըլլայ անոր համար։ Նաեւ, վարդապետութիւններու պատմաբաններ եւ մեթոտաբան աստուածաբաններ իրենց կարգին կ’ընդունին թէ երբ անհատ մը կը խօսի տակաւին չսահմանուած Երրորդութենականութեան մասին, ան կը մեկնի Քրիստոնէութեան ծագումէն եւ կը հասնի մինչեւ Դ. դարու վերջին քառորդին։ Միայն այն ատեն էր որ ‘երեք Անձեր մէկ Աստուծոյ մէջ’ Երրորդութենական վարդապետութիւնը վերջնականապէս ներմուծուեցաւ Քրիստոնեային կեանքին եւ խորհուրդին մէջ։ ...
«Այս բանաձեւը ինքնին չ’արտացոլացներ սկզբնական շրջանին անմիջական գիտակցութիւնը. անիկա երեք դար տեւող վարդապետական զարգացումի արդիւնքն է»։
Անիկա «Թելադրուա՞ծ» Է
Երրորդութենականները կրնան ըսել թէ Աստուածաշունչը Երրորդութիւն մը կը «թելադրէ»։ Բայց այս դաւանութիւնը, Աստուածաշունչը գրուելէն շա՜տ վերջը կատարուած է։ Անիկա պարզապէս փորձ մըն է Աստուածաշունչին ըսել տալու, ինչ որ հետագային կղերները դիտումնաւոր կերպով որոշեցին ընդունիլ որպէս վարդապետութիւն։
Դուք ձեզի հարցուցէք. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը միայն պիտի «թելադրէր» իր կարեւորագոյն ուսուցումը՝ ո՞վ է Աստուած։ Աստուածաշունչը շատ յստակ է ուրիշ հիմնական ուսուցումներուն շուրջ. ինչու ո՛չ այս կարեւորագոյնին մասին ալ։ Տիեզերքի Ստեղծիչը իր Երրորդութիւն մը ըլլալուն մասին յստակօրէն պիտի չյայտնէ՞ր իր գրել տուած գրքին մէջ, եթէ այս ըլլար պարագան։
Պատճառը շատ պարզ է թէ Աստուածաշունչը ի՛նչու Երրորդութիւն մը չի սորվեցներ. անիկա սուրբ գրային ուսուցում մը չէ։ Եթէ Աստուած Երրորդութիւն ըլլար, ան վստահաբար յստակօրէն պիտի գիտցնէր ասիկա, որպէսզի Յիսուս եւ իր աշակերտները կարենային ուրիշներուն սորվեցնել ասոր մասին։ Իսկ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ այդ կենսական տեղեկութիւնը պիտի գտնուէր։ Անիկա պիտի չձգուէր որ դարեր ետք անկատար մարդիկ անոր համար պայքարէին։
Երբ քննենք Երրորդութենականներուն մատուցած Երրորդութիւն «թելադրող» համարները, ի՞նչ կը գտնենք։ Պարկեշտ արժէւորում մը ցոյց կու տայ թէ այդ տրուած համարները Քրիստոնեայ Աշխարհին Երրորդութեան մասին չեն խօսիր։ Այլ, աստուածաբանները կը ջանան այդ համարներուն պարտադրել Երրորդութեան իրենց կանխայղացուած գաղափարները։ Բայց այդ գաղափարները չեն գտնուիր անոնց նշած համարներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ, անոնք կը հակասեն ամբողջ Աստուածաշունչի յստակ վկայութեան։
Այդ համարներէն մէկն է Մատթէոս 28։19, 20–ը, ուր կը յիշուին Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին միասնաբար։ Ոմանք կը դաւանին թէ ասիկա Երրորդութիւն կը թելադրէ։ Բայց դուք անձամբ կարդացէք այս համարները։ Արդեօք անոնց մէջ կա՞յ բան մը որ կ’ըսէ թէ երեքը մէկ Աստուած են, յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ հաւասար։ Ո՛չ, այդպիսի գաղափար չկայ։ Նոյնն է պարագան այն համարներուն որոնք երեքը միասին կը յիշեն։
Իսկ անոնք որոնք Մատթէոս 28։19, 20–ին մէջ Երրորդութեան գաղափարը կը տեսնեն, Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին ակնարկող «անուն» բառին եզակի գործածութեան համար, թող հաճին Աբրահամի եւ Իսահակի համար «անուն» բառին եզակի գործածութիւնը բաղդատել Ծննդոց 48։16–ի մէջ։
Երրորդութենականները նաեւ կը նշեն Յովհաննու 1։1–ը ուր, կարգ մը թարգմանութիւններու մէջ, ըսուած է թէ «Բանը» «Աստուծոյ հետ էր» եւ Բանը «Աստուած» էր, բայց ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն որ Բանը «աստուած մըն էր» կամ «աստուածային» էր, որ անպայմանօրէն չի նշանակեր Աստուած, այլ՝ հզօր մէկը։ Ասկէ զատ, այդ համարը կ’ըսէ թէ «Բանը» Աստուծոյ «քով» էր, ինչ որ կը վանէ նոյն Աստուածը ըլլալու գաղափարը։ Սակայն ի՛նչ որ եզրակացուի «Բան»ին առնչութեամբ, իրողութիւնը այդ է թէ Յովհաննու 1։1–ի մէջ երկու անձեր յիշուած են եւ ո՛չ թէ երեք։ Ուստի, այդ բոլոր համարները որոնք կը գործածուին Երրորդութեան վարդապետութեան թիկունք կանգնելու համար, երբ պարկեշտօրէն քննուին, բացարձակօրէն կը ձախողին այս ուղղութեամբ։a
Նկատի առնուելիք ուրիշ ազդակ մը հետեւեալն է. Եթէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը ուսուցուած ըլլլար Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն կողմէ, այդ պարագային անոնց անմիջապէս յաջորդած եկեղեցականներն ալ նոյնը պիտի սորվեցնէին։ Սակայն ներկայիս Եկեղեցիի Հայրեր կոչուող այդ անհատները Երրորդութեան վարդապետութիւնը սորվեցուցի՞ն։ Այս հարցումը պիտի քննուի այս յօդուածաշարքի Մաս Բ.–ին մէջ, որ Դիտարանի ուրիշ թիւի մը մէջ լոյս պիտի տեսնէ։
Մատենագրութիւն՝
1. The Catholic Encyclopedia, 1912, Հատոր ԺԵ. էջ 47
2. The Baptist Encyclopædia, հրատարակուած՝ Ուիլլիըմ Գէթգարթի կողմէ, 1883, էջ 1168–9
3. A Short History of Christian Doctrine, Պէրնհար Լոհսի կողմէ, 1980–ի հրատարակութիւն, էջ 53
4. Ibid., էջ 64, 65
5. The Church Teaches, թարգմանուած եւ հրատարակուած՝ Ճոն Ֆ. Գլէրգսընի, Ս.Ժ., Ճոն Հ. Էտուըրտսի, Ս.Ժ., Ուիլլիըմ Ժ. Գէլլիի Ս.Ժ., եւ Ճոն Ժ. Ուէլշի, Ս.Ժ., կողմէ, 1955, էջ 125–7
6. Ibid., էջ 125
7. The Triune God, Էտմունտ Ժ. Ֆորթմանի կողմէ, 1982–ի հրատարակութիւն, էջ 126
8. On the Incarnation, թարգմանուած՝ Փէնլոփ Լոսընի կողմէ, 1981–ի հրատարակութիւն, էջ 27–8
9. The Encyclopedia of Religion, խմբագրապետ՝ Միլգա Էլիատ, 1987, Հատոր ԺԵ. էջ 54
10. The New Encyclopædia Britannica, ԺԵ. հրատարակութիւն, 1985, Հատոր ԺԱ., Micropædia, էջ 928
11. New Catholic Encyclopedia, 1967, Հատոր ԺԴ., էջ 295
[Ստորանիշ էջ 29]
a Այս համարները աւելի խոր կերպով քննելու համար, տես Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ (Անգլ.)։