Նախնական եկեղեցին կը սորվեցնէ՞ր թէ Աստուած երրորդութիւն մըն է
ՄԱՍ Դ.—Երրորդութեան վարդապետութիւնը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս զարգացաւ
Այս յօդուածաշարքին առաջին երեք յօդուածները ցոյց տուին թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը ո՛չ Յիսուսի, ո՛չ իր աշակերտներուն եւ ո՛չ ալ նախնական Եկեղեցիի Հայրերուն կողմէ ուսուցուած էր։ (Դիտարան Փետրուար 1, 1992. Մայիս 1, 1992. Յուլիս 1, 1992) Այս վերջին յօդուածը պիտի բացատրէ թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը ի՛նչպէս զարգացաւ եւ Հ. Դ. 325–ի Նիկիոյ Խորհրդաժողովը ի՛նչ դեր ունեցաւ ասոր մէջ։
ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ՝ Հռովմէացի կայսրը, Հ.Դ. 325–ին, Փոքր Ասիոյ Նիկիոյ քաղաքին մէջ, ժողովի հրաւիրեց եպիսկոպոսներու խորհուրդ մը։ Իր նպատակն էր վերջ մը դնել Աստուծոյ Որդիին եւ Ամենակալ Աստուծոյ միջեւ եղած յարաբերութեան մասին գոյութիւն ունեցած շարունակական վէճին։ Այդ խորհրդաժողովի արդիւնքին առնչութեամբ, Պրիթանիքա Համայնագիտարանը (Անգլ.) կ’ըսէ.
«Կոստանդին ինքն էր ատենապետը, աշխուժօրէն կ’առաջնորդէր բանավէճերը եւ անձնապէս առաջարկեց ... այն ճակատագրական բանաձեւը որ կը յայտնէր Քրիստոսի ունեցած յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, թէ ըստ Խորհրդաժողովին հանգանակին, Քրիստոս՝ ‘Հօրը հետ նոյն էութիւնն է [հոմօուսիոս]’։ ... Կայսրէն ահաբեկուած, եպիսկոպոսները՝ ի բացառեալ երկուքէն՝ իրենց կամքէն անկախ ստորագրեցին հանգանակը»։
Այս հեթանոս կառավարիչը սուրբ գրային իր համոզումներո՞ւն պատճառով միջամտեց։ Ո՛չ։ Քրիստոնէական Վարդապետութեան Հակիրճ Պատմութիւն մը գիրքը (Անգլ.) կը նշէ. «Կոստանդին ո՛չ մէկ հասկացողութիւն ունէր հոն ծեծուած Յունական աստուածաբանութեան հարցերուն մասին»։ Կրօնական այս վիճաբանութենէն իր հասկցած միակ բանը այդ էր թէ իր կայսրութեան միութիւնը սպառնալիքի տակ էր եւ ինք կ’ուզէր զանոնք լուծել։
Անիկա Հաստատե՞ց Երրորդութեան Վարդապետութիւնը
Նիկիոյ Տիեզերական ժողովը հաստատե՞ց Երրորդութիւնը որպէս Քրիստոնեայ Աշխարհին վարդապետութիւններէն մէկը։ Շատեր կ’ենթադրեն թէ այդ էր պարագան, սակայն իրողութիւնները ուրիշ բան ցոյց կու տան։
Այդ խորհրդաժողովին կողմէ հրահանգուած հանգանակը կարգ մը բաներ կը հաստատէր Աստուծոյ Որդւոյն մասին, զորս թոյլ կու տային որ կարգ մը կղերներ որոշ մարզերու մէջ զինք Աստուծոյ հաւասար նկատէին։ Սակայն, կը լուսաբանուինք երբ տեսնենք թէ Նիկիոյ Հանգանակը ի՛նչ չէր ըսեր։ Երբ առաջին անգամ հրատարակուեցաւ, ամբողջ հանգանակը հետեւեալ կերպով բանաձեւուած էր.
«Հաւատամք ի մի Աստուած, ի Հայր ամենակալ, արարիչն երեւելեայ եւ աներեւոյթի.
«Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, Որդին Աստուծոյ, ծնեալ Աստուծոյ, Հօրմէն Միածին, այսինքն յէութենէ Հօր, Աստուած Աստուծոյ, լոյս ի լոյսոյ, Աստուած ճշմարիտ, Աստուծոյ ճշմարտէ. ծնունդ եւ ոչ արարած. նոյն ինքն ի բնութենէ Հօր, որով ամենայն ինչ եղեր, յերկինս եւ ի վերայ յերկրի երեւելիք եւ աներեւոյթ, Որ յաղագս մեր մարդկանց, վասն մերոյ փրկութեան իջեալ յերկինս մարմնացաւ, մարդացաւ, չարչարեալ, թաղեալ, երրորդ աւուր յարուցեալ. ելլել ի յերկինս եւ ի դատել զկենդանի եւ զմեռեալս.
«Եւ Հոգւոյ Սրբոյ»։
Այս հանգանակը կ’ըսէ՞ որ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին երեք անձեր են մէկ Աստուծոյ մէջ։ Անիկա կ’ըսէ՞ թէ երեքն ալ յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ հաւասար են։ Ոչ, այդպիսի բան մը չ’ըսեր։ Անոր մէջ երեքը մէկ ըլլալու բանաձեւը բնաւ գոյութիւն չունի։ Նիկիական նախնական Հանգանակը Երրորդութիւն մը չի հաստատեր։
Այդ հանգանակը միայն Որդին Հօրը հետ «նոյն էութիւնը» ըլլալը դաւանելով, զանոնք իրար կը հաւասարեցնէր։ Բայց սուրբ հոգիին մասին այդպիսի բան մը չէր ըսեր։ Այլ միայն կ’ըսէր. «Կը հաւատանք ... սուրբ հոգիին»։ Ասիկա Քրիստոնեայ Աշխարհին սորվեցուցած Երրորդութիւնը չէ։
Նոյնիսկ «նոյն էութիւնը» (հոմօուսիոս) անպայմանօրէն չի նշանակեր որ խորհրդաժողովը կը հաւատար Հօրը եւ Որդւոյն թիւով նոյնը ըլլալուն։ Նոր Կաթողիկէ Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը նշէ.
«Կասկածելի է որ Խորհրդաժողովին մտադրութիւնն էր Հօրը եւ Որդւոյն նոյն եւ մէկ բնոյթ տալ»։
Նոյնիսկ եթէ խորհրդաժողովը ըսել ուզեր որ Որդին եւ Հայրը մէկ են, տակաւին ասիկա Երրորդութիւն չէր ըլլար։ Անիկա միայն մէկ Աստուծոյ մէջ երկուք կ’ըլլար եւ ոչ թէ երեք՝ ինչպէս կը պահանջէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը։
«Փոքրամասնութեան Տեսակէտը»
Նիկիոյ մէջ, բոլոր եպիսկոպոսներն ալ կը հաւատայի՞ն որ Որդին Աստուծոյ հաւասար է։ Ոչ, այս մասին տարակարծութիւններ կային։ Օրինակի համար, անոնցմէ մէկն էր Արիոս, որ կը սորվեցնէր թէ Որդին սահմանուած սկիզբ մը ունեցած էր եւ Աստուծոյ հաւասար չէր, այլ բոլոր մարզերու մէջ Անկէ ստորադաս էր։ Միւս կողմէ, Աթանաս կը հաւատար որ կերպով մը Որդին Աստուծոյ հաւասար էր։ Տակաւին կային ուրիշ կարծիքներ։
Որդին Աստուծոյ նոյն էութիւնը (համագոյ) ունենալուն մասին խորհրդաժողովին որոշումին առնչութեամբ, Մարթին Մարթի կը նշէ. «Իրականութեան մէջ Նիկիան փոքրամասնութեան տեսակէտը ներկայացուց. Արիոսեան տեսակէտ մը չունեցողներուն համար յարմարուիլը դժուար եւ անընդունելի էր»։ Նոյն գծով, Քրիստոնէական Եկեղեցիին Նիկիական եւ հակա–Նիկիական Հայրերուն Ընտրուած Գրադարանը (Անգլ.) գիրքը կը նշէ որ «Արիոսականներու հակառակ, յստակ բանաձեւուած վարդապետական դիրք մը առնուած էր միայն փոքրամասնութեան կողմէ, այսուհանդերձ այս փոքրամասնութիւնն էր որ յաղթանակ տարաւ»։ Իսկ, Քրիստոնէական Վարդապետութեան Հակիրճ Պատմութիւն մը գիրքը կը նշէ.
«Ինչ որ Արեւելքի եպիսկոպոսներուն եւ աստուածաբաններուն համար մասնաւորաբար առարկելի կը թուէր, Կոստանդին ինք որպէս հաւատամք, հանգանակին մէջ դրաւ, այսինքն, հոմոուսիոսը (նոյն էութենէ ըլլալը), որ հետագայ պայքարներով ուղղափառներուն եւ հերետիկոսներուն մէջ անհամաձայնութեան պատճառ եղաւ»։
Այս խորհրդաժողովէն ետք, տասնեակ տարիներ վէճը շարունակուեցաւ։ Անոնք որոնք Որդին՝ Ամենակալ Աստուծոյ կը հաւասարեցնէին, նոյնիսկ ժամանակ մը նսեմացուեցան։ Օրինակի համար, Մարթին Մարթի Աթանասի մասին կ’ըսէ. «Անոր ժողովրդականութիւնը բարձրացաւ եւ ցածցաւ եւ այնքան յաճախ աքսորուեցաւ [խորհրդաժողովին յաջորդող տարիներուն], որ ան բառին առումով երթեւեկող մը եղաւ»։ Աթանաս տարիներ աքսորութեան մէջ անցուց, քանի որ քաղաքական եւ եկեղեցական պաշտօնեաներ հակառակ էին Որդին Աստուծոյ հաւասար ըլլալու իր տեսակէտներուն։
Ուստի սխալ է պնդել որ Հ.Դ. 325–ի Նիկիական Տիեզերական Ժողովը հաստատեց կամ ընդունեց Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ ինչ որ հետագային Երրորդութեան ուսուցումը կազմեց, այն ատեն գոյութիւն չունէր։ Այն գաղափարը թէ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին, իւրաքանչիւրը ճշմարիտ Աստուած է եւ յաւիտենականութեամբ, զօրութեամբ, դիրքով եւ իմաստութեամբ իրար հաւասար են՝ երեքը մէկ Աստուծոյ մէջ՝ ո՛չ այդ խորհրդաժողովին, ո՛չ ալ անկէ առաջուան Եկեղեցական Հայրերուն կողմէ յղացուած էր։ Ինչպէս կը նշէ Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին (Անգլ.) գիրքը.
«Երրորդութեան արդի ժողովրդական վարդապետութիւնը ... Յուստինոսի [Նահատակ] բարբառին մէջ տեղ չի գրաւեր. եւ այս դիտողութիւնը կարելի է ընդլայնել նախա–Նիկիան բոլոր Հայրերուն. այսինքն, Քրիստոսի ծնունդին յաջորդող երեք դարերու Քրիստոնեայ հեղինակներու։ Ճիշդ է որ անոնք կը խօսին Հօր, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին մասին, բայց ո՛չ՝ որպէս հաւասարակից եւ ոչ ալ էութեամբ մէկ, ո՛չ՝ Երեքը Մէկի մէջ, ներկայ Երրորդութենականներուն հասկցած որեւէ իմաստով։ Իրողութիւնը ճիշդ ասոր հակառակն է։ Այդ Հայրերուն կողմէ բացատրուած Երրորդութեան վարդապետութիւնը հիմնականօրէն տարբեր էր արդի վարդապետութենէն։ Ինչ որ կը նշենք կարելի է փաստել մարդկային կարծիքներուն պատմութեան որեւէ իրողութեան նման»։
«Մենք ասպարէզ կը կարդանք ոեւէ մէկուն, որ կրնայ առաջին երեք դարերու գրողներէն որեւէ գրութիւն մը բերել որ այս [Երրորդութեան] վարդապետութեան իմաստը կը կրէ»։
Այսուհանդերձ, Նիկիան դարձակէտ մը հանդիսացաւ։ Անիկա դուռը բացաւ որ հետագային պաշտօնապէս ընդունուի թէ Որդին Հօրը հաւասար է եւ ճամբան հարթեց Երրորդութեան գաղափարին։ Երկրորդ Դարու Ուղղափառութիւնը գրքին մէջ (Անգլ.), Ժ. Պուգլի կը նշէ.
«Մինչեւ երկրորդ դարու վերջաւորութեան առնուազն, տիեզերական Եկեղեցին հիմնական մէկ իմաստով միացած մնաց. բոլորն ալ ընդունեցին Հօրը գերակայութիւնը։ Բոլորն ալ Աստուած կը նկատէին որպէս Ամենակալ Հայր, որպէս միակը, որ գերակայ է, անփոփոխ, աննման եւ անսկիզբ. ...
«Երկրորդ դարու այդ գրողներուն եւ առաջնորդներուն վախճանելով, Եկեղեցին ... դանդաղ՝ բայց անողոք կերպով սկսաւ ընթանալ դէպի հոն ... ուր Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովին, սկզբնական հաւատքէն այս աստիճանաւոր խախտումը իր գագաթնակէտին հասաւ։ Հոն, դիւրափոփոխ անհատներու փոքրամասնութիւն մը իր հերետիկոսութիւնը նենգութեամբ պարտադրեց լրութեամբ համաձայնող մեծամասնութեան եւ իր ետին ունենալով քաղաքական հեղինակութիւնները, բռնադատեց, շողոքորթեց եւ վախցուց անոնց որոնք կը ջանային իրենց հաւատքին վաղեմի անդորրութիւնը անարատ պահել»։
Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովը
Հ.Դ. 381–ին, Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովը հաստատեց Նիկիական Հանգանակը։ Բայց ան բան մը եւս աւելցուց. անիկա սուրբ հոգին «Տէր» եւ «կենսատու» կոչեց։ Հ.Դ. 381–ի ընդլայնուած հանգանակը (ինչ որ ներկայիս հիմնականօրէն կը գործածուի եկեղեցիներուն մէջ եւ որ կը կոչուի «Նիկիոյ Հանգանակ»), ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը Երրորդութեան վարդապետութեան վերջին զարկ մը տալու սեմին կը գտնուէր։ Սակայն, նոյնիսկ այս խորհրդաժողովը չամբողջացուց այդ վարդապետութիւնը։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) հետեւեալը կ’ընդունի.
«Հետաքրքրական է որ Նիկիոյ Առաջին ժողովէն 60 տարի ետք, [Հ.Դ. 381–ի] Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովը, Սուրբ Հոգիին աստուածութեան բացատրութեան մէջ խուսափեցաւ հոմօուսիոսէն»։
«Ուսումնականներ շփոթած են այս հանգանակին երեւութական մեղմ արտայայտութենէն. օրինակի համար, ան կը թերանայ Սուրբ Հոգիին համար հոմօուսիոս բառը գործածելէ որպէս Հօրը եւ Որդիին հետ համագոյ»։
Այդ նոյն համայնագիտարանը կ’ընդունի. «Սուրբ Գրութիւններուն մէջ հոմօուսիոս բառը գոյութիւն չունի»։ Աստուածաշունչը այդ բառը ո՛չ սուրբ հոգիին եւ ոչ ալ Որդիին համար կը գործածէ որպէս Աստուծոյ հետ համագոյ եղողներ։ Անիկա ոչ–սուրբ գրային արտայայտութիւն մըն էր, որ օգնեց, ապա՝ սուրբ գրային, արդարեւ, հակա–սուրբ գրային Երրորդութեան վարդապետութեան։
Նոյնիսկ Կոստանդնուպոլսոյ Խորհրդաժողովէն ետք, դարեր առաւ մինչեւ որ ամբողջ Քրիստոնեայ Աշխարհը ընդունի Երրորդութեան ուսուցումը։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Արեւմուտքի մէջ ... այնպէս կը թուի թէ ընդհանուր լրութիւն մը տիրապետեց Կոստանդնուպոլսոյ Ա.–ին եւ անոր հանգանակին նկատմամբ»։ Այս նոյն աղբիւրը ցոյց կու տայ թէ խորհրդաժողովին հանգանակը լաւ կերպով չէր ընդունուած Արեւմուտքի մէջ մինչեւ եօթներորդ եւ ութերորդ դարը։
Ուսումնականներ նաեւ կը գիտակցին որ Աթանասեան Հանգանակը, որ յաճախ կը մէջբերուի որպէս Երրորդութեան մասին նախնական մեկնաբանութիւն տալու եւ զայն պաշտպանելու համար, Աթանասի կողմէ չէր գրուած, այլ շատ աւելի ետք՝ անծանօթ հեղինակի մը կողմէ։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.) կը բացատրէ.
«Հանգանակը անծանօթ էր Արեւելեան Եկեղեցիին մինչեւ ԺԲ. դար։ Մինչեւ ԺԷ. դար, ընդհանուր առմամբ ուսումնականները համաձայն էին որ Աթանասեան Հանգանակը Աթանասի (մեռած՝ 373–ին) կողմէ չէր գրուած, այլ հաւանաբար Ե. դարուն Ֆրանսայի հարաւը շարադրուած էր ...։ Այնպէս կը թուի որ Հանգականակը իր ազդեցութիւնը բանեցուց գլխաւորաբար Ֆրանսայի հարաւը եւ Սպանիոյ մէջ, Զ. եւ Է. դարերուն։ Անիկա Գերմանիոյ եկեղեցական արարողութեան մէջ գործածուեցաւ Թ. դարուն եւ տակաւին անկէ ետք՝ Հռովմի մէջ»։
Ի՛նչպէս Զարգացաւ
Երրորդութեան վարդապետութիւնը դարերու ընթացքին դանդաղօրէն զարգացաւ։ Քրիստոսէ դարեր առաջ ապրած Յոյն իմաստասէր Պղատոնին երրորդութենական գաղափարները աստիճանաբար սպրդեցան եկեղեցիի ուսուցումներուն մէջ։ Ինչպէս կը բացատրէ Առաջին Երեք Դարերու Եկեղեցին (Անգլ.) գիրքը.
«Կը հաստատենք որ Երրորդութեան վարդապետութիւնը աստիճանաւոր եւ դանդաղ կերպով կազմուեցաւ. թէ անիկա Հրէական եւ Քրիստոնէական Սուրբ Գրութիւններէն բոլորովին տարբեր աղբիւրէ մը ծագում առած է. թէ անիկա մեծցաւ եւ պատուաստուեցաւ Քրիստոնէութեան վրայ, Պղատոնապաշտ Հայրերու ձեռքով. թէ Յուստինոսի ժամանակ եւ անկէ շատ ետք, ընդհանուր ուսուցումն էր թէ Որդին անջատ բնոյթ մը ունի եւ ստորադաս է. եւ թէ միայն անկէ ետք Երրորդութեան ուրուագիծը աղօտ կերպով գծուեցաւ եւ սկսաւ տեսանելի ըլլալ»։
Պղատոնէն առաջ, երրեակներ, կամ երրորդութիւններ սովորական էին Բաբելոնի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Իսկ անհաւատները Հռովմէական աշխարհին մէջ քաշելու եկեղեցականներու ջանքերը պատճառ եղան որ այդ գաղափարներէն ոմանք Քրիստոնէութեան մէջ ներմուծուին։ Ասիկա վերջապէս առաջնորդեց այն հաւատալիքը ընդունելու թէ Որդին եւ սուրբ հոգին Հօրը հաւասար են։a
Նոյնիսկ «Երրորդութիւն» բառը դանդաղօրէն ընդունուեցաւ։ Երկրորդ դարուն վերջին կիսուն էր որ Սուրիոյ Անտիոքի եպիսկոպոսը՝ Թէօփիլոս, Յունարէն գրելով թրիաս բառը ներմուծեց, որ կը նշանակէ «երրեակ» կամ «երրորդութիւն»։ Ապա, Հիւսիսային Ափրիկէի Կարդագայի մէջ, Լատին գրող Տերտուղիանոս իր գրութիւններուն մէջ ներմուծեց «երրորդութիւն» նշանակող թրինիթաս բառը։b Բայց թրիաս բառը չի գտնուիր Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, իսկ թրինիթաս բառը չի գտնուիր Աստուածաշունչի Լատիներէն Վուլկաթա թարգմանութեան մէջ։ Այս արտայայտութիւններէն ո՛չ մէկը սուրբ գրային է։ Սակայն, հեթանոսական հաւատալիքի վրայ հիմնուած «Երրորդութիւն» բառը եկեղեցիներուն գրականութեան մէջ սպրդեցաւ եւ Դ. դարէն ետք իրենց ուսուցումին մէկ մասը կազմեց։
Հետեւաբար, ուսումնականները Աստուածաշունչը ամբողջովին չքննեցին, տեսնելու համար թէ անոր մէջ այսպիսի վարդապետութիւն մը ուսուցուած էր թէ ոչ։ Ընդհակառակը, աշխարհական եւ եկեղեցական քաղաքականութիւնն էր որ մեծապէս որոշում առաւ վարդապետութեան համար։ Քրիստոնէական Աւանդութիւն (Անգլ.) գրքին մէջ, հեղինակ Եարոսլաւ Փէլիգան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ «վիճաբանութեան մէջ ապա–աստուածաբանական ազդակներուն եւ, ըստ երեւոյթին, անոնցմէ շատերը պատրաստ էին կրկին ու կրկին որոշելու արդիւնքը. իրենց դիմաց ունենալով հակառակող ուրիշ նման ուժեր։ Վարդապետութիւնը յաճախ կը թուէր զոհը ըլլալ, կամ արդիւնքը դառնալ եկեղեցիին քաղաքականութեան եւ անձնաւորութիւններու բախումի»։ Եալի ուսուցչապետ, Ուաշպըրն Հոբգինզ այսպէս կը բացատրէ. «Երրորդութեան վերջնական ուղղափառ բացատրութիւնը մեծ մասամբ եկեղեցիի քաղաքականութեան հարց էր»։
Երրորդութեան վարդապետութիւնը որքա՜ն անտրամաբանական էր, բաղդատած Աստուածաշունչի պարզ ուսուցումին հետ, ըստ որուն, Աստուած գերագոյն Էակն է եւ իրեն հասարակակից չունի։ Ինչպէս Աստուած կ’ըսէ. «Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք, զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք»։—Եսայեայ 46։5
Անիկա Ի՛նչ կը Ներկայացնէր
Երրորդութեան աստիճանաւոր զարգացումի գաղափարը ի՞նչ կը ներկայացնէր։ Անիկա մաս կը կազմէր Յիսուսի նախագուշակած ճշմարիտ Քրիստոնէութենէն տեղի ունենալիք դասալքման։ (Մատթէոս 13։24–43) Պօղոս առաքեալ ալ նախագուշակեց հետագայի հաւատուրացութիւնը.
«Ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4
Այդ առասպելներէն մէկն էր Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Աստիճանաբար զարգացած ուրիշ առասպելներ որոնք Քրիստոնէութեան օտար էին, հետեւեալներն են. մարդկային հոգիին ժառանգական անմահութիւնը, քաւարանը, Լիմպոսը եւ դժոխքի մէջ յաւիտենական տանջանքը։
Ուստի, ի՞նչ է Երրորդութեան վարդապետութիւնը։ Անիկա իրականութեան մէջ հեթանոսական վարդապետութիւն մըն է որպէս Քրիստոնէական վարդապետութիւն դիմակաւորուած։ Անիկա Սատանայի կողմէ խրախուսուած է, որպէսզի Աստուած շփոթեցուցիչ եւ խորհրդաւոր բան մը դարձնէ իրենց համար։ Ասիկա զիրենք աւելի կամեցող դարձուցած է կրօնական ուրիշ սուտ գաղափարներ եւ սովորութիւններ ընդունելու։
«Իրենց Պտուղներէն»
Մատթէոս 7։15–19–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ սուտ կրօնքը ճշմարիտ կրօնքէն կրնանք զանազանել հետեւեալ կերպով.
«Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։ Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ ... Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի»։
Ահաւասիկ օրինակ մը։ Յովհաննու 13։35–ին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Դարձեալ, Ա. Յովհաննու 4։20 եւ 21–ին մէջ, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կ’ըսէ.
«Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ Աստուած այս պատուէրը տուած է. ‘Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ’»։
Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրարու մէջ սէր ունենալու այս հիմնական սկզբունքը կը կիրարկեն, այս դարուս տեղի ունեցած համաշխարհային պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշ կռիւներուն մէջ։ Ազգային խտրութիւններու պատճառով, Քրիստոնեայ Աշխարհի նոյն կրօնքին պատկանող անհատներ ռազմադաշտերու մէջ իրար սպաննեցին։ Իւրաքանչիւր կողմ կը դաւանէր Քրիստոնեայ ըլլալ, իւրաքանչիւր կողմի թիկունք կը կանգէր իր կղեր դասակարգը, դաւանելով որ Աստուած իրենց կողմն էր։ «Քրիստոնեայի» մը կողմէ ուրիշ «Քրիստոնեայի» մը սպանութիւնը չար պտուղ մըն է. Բռնաբարում մըն է Քրիստոնէական սիրոյ, ժխտում մըն է Աստուծոյ օրէնքներուն։—Տես նաեւ Ա. Յովհաննու 3։10–12
Հաշուեյարդարի Օր մը
Ուստի, Քրիստոնէութենէն անկումը ոչ միայն Երրորդութեան վարդապետութեան նման ամբարիշտ հաւատալիքներու առաջնորդեց, այլ նաեւ՝ ամբարիշտ սովորութիւններու։ Սակայն հաշուեյարդարի օրը պիտի գայ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի»։ Անոր համար Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ.
«Ելէ՛ք ատոր [սուտ կրօնքի] մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք։ Վասնզի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց»։—Յայտնութիւն 18։4, 5
Շուտով Աստուած քաղաքական հեղինակութիւններու ‘սրտին մէջ պիտի դնէ’ որ սուտ կրօնքի դէմ ելլեն։ Անոնք «զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ (Յայտնութիւն 17։16, 17) Սուտ կրօնքը յաւիտեան պիտի բնաջնջուի Աստուծոյ մասին իր հեթանոսական փիլիսոփայութիւններով։ Իրապէս, Աստուած սուտ կրօնքը գործադրողներուն պիտի ըսէ, ինչպէս Յիսուս ըսաւ իր օրերուն. «Ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ»։—Մատթէոս 23։38
Ճշմարիտ կրօնքը պիտի վերապրի Աստուծոյ դատաստաններէն, այնպէս որ վերջապէս ամէն մարդ պիտի պատուէ եւ փառք տայ Անոր, զոր Յիսուս կոչեց «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»։ Ան այդ Աստուածն է որու սաղմոսերգուն բնորոշեց, ըսելով. «միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկիր վրայ»։—Յովհաննու 17։3. Սաղմոս 83։18
Մատենագրութիւն.
1. Encyclopædia Britannica, 1971, Հատոր Զ, էջ 386
2. A Short History of Christian Doctrine, Bernhard Lohse–ի կողմէ, 1963, էջ 51
3. Ibid., էջ 52–3
4. New Catholic Encyclopedia, 1967, Հատոր Է., էջ 115
5. A Short History of Christianity, Martin E. Marty–ի կողմէ, 1959, էջ 91
6. A Select Library of Nicene and Post-Nicene Fathers of the Christian Church, Philip Schaff–ի եւ Henry Wace–ի կողմէ, 1892, Հատոր Դ., էջ ժէ
7. A Short History of Christian Doctrine, էջ 53
8. Ibid., էջ 91
9. The Church of the First Three Centuries, Alvan Lamson–ի կողմէ, 1869, էջ 75–6, 341
10. Second Century Orthodoxy, J. A. Buckley–ի կողմէ, 1978, էջ 114–15
11. New Catholic Encyclopedia, 1967, Հատոր Է., էջ 115
12. Ibid., Հատոր Դ., էջ 436
13. Ibid., էջ 251
14. Ibid., էջ 436
15. The New Encyclopædia Britannica, 1985, ԺԵ Հրատարակութիւն, Micropædia, Հատոր Ա., էջ 665
16. The Church of the First Three Centuries, էջ 52
17. The Christian Tradition, Jaroslav Pelikan–ի կողմէ, 1971, էջ 173
18. Origin and Evolution of Religion, E. Washburn Hopkins–ի կողմէ, 1923, էջ 339
[Ստորանիշ էջ 30]
a Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տես Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք գրքոյկը (Անգլ.), հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Ստորանիշ էջ 30]
b Ինչպէս այս յօդուածաշարքի նախորդ նիւթերուն մէջ ցոյց տրուեցաւ, թէեւ Թէոփիլոս եւ Տերտուղիանոս այս բառերը գործածեցին, բայց անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհին ներկայիս հաւատացած Երրորդութիւնը ի մտի չունէին։
[Նկար՝ էջ 29]
Աստուած քաղաքական հեղինակութիւնները պիտի մղէ, որ սուտ կրօնքին դէմ դառնան
[Նկար՝ էջ 31]
Ճշմարիտ կրօնքը Աստուծոյ դատաստաններէն պիտի վերապրի