Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 4/1 էջ 3-4
  • Անմոռանալի Ջրհեղեղը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անմոռանալի Ջրհեղեղը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչի Ջրհեղեղին Պատմութիւնը
  • Տապանին Փնտռտուքը
  • Նոյի տապանը գտա՞ծ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հսկայ Ջրհեղեղը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյ տապան մը կը շինէ
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 4/1 էջ 3-4

Անմոռանալի Ջրհեղեղը

ՇՈՒՐՋ 4,300 տարիներ առաջ, աղետաբեր ջրհեղեղ մը ողողեց երկիրը։ Հսկայական հարուածով մը, անիկա գրեթէ ամէն ապրող բան ջնջեց։ Անիկա այնքա՛ն զօրաւոր էր որ անջնջելի տպաւորութիւն մը ձգեց մարդկութեան վրայ, իսկ իւրաքանչիւր սերունդ այս պատմութիւնը փոխանցեց իր յաջորդին։

Ջրհեղեղէն մօտ 850 տարիներ ետք, Եբրայեցի Մովսէս գրողը երկրածաւալ Ջրհեղեղին պատմութիւնը գրի առաւ։ Ասիկա պահպանուեցաւ Աստուածաշունչին Ծննդոց գրքին մէջ, ուր կրնանք կարդալ անոր նկարագրական մանրամասնութիւնները 6–էն 8–րդ գլուխներուն մէջ։

Աստուածաշունչի Ջրհեղեղին Պատմութիւնը

Ծննդոցը ակներեւաբար ականատեսի մը հետեւեալ մանրամասնութիւնները կու տայ. «Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան։ Ու երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ եւ ջուրերը շատցան ու տապանը վերցուցին եւ անիկա երկրէն բարձրացաւ։ Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին»։—Ծննդոց 7։11, 17, 19

Ապրող բաներու վրայ Ջրհեղեղին ունեցած ազդեցութեան մասին, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ անասուն, թէ՛ գազան եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն եւ ամէն մարդ մեռան»։ Սակայն, Նոյ եւ եօթը ուրիշ անհատներ, ինչպէս նաեւ ամէն գազանի, թռչունի եւ երկրի վրայ շարժող արարածի ամէն տեսակ փրկուեցան։ (Ծննդոց 7։21, 23) Բոլորն ալ տատանող մեծ տապանի մը մէջ պահպանուեցան, որու երկարութիւնը շուրջ 133 մեթր, լայնութիւնը՝ 22 մեթր, իսկ բարձրութիւնը 13 մեթր էր։ Քանի որ տապանին միակ դերն էր անջրանցիկ ըլլալ եւ ծփալ, անիկա կլոր ողնափայտ մը, սուր ցռուկ մը, յառաջմղումի միջոց մը, կամ ղեկ մը չունէր։ Նոյի տապանը պարզապէս ուղղանկիւն, արկղանման նաւ մըն էր։

Ջրհեղեղը սկսելէն հինգ ամիս ետք, տապանը ներկայ արեւելեան Թիւրքիոյ մէջ գտնուող Արարատ լեռներուն վրայ կանգ հանգչեցաւ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս, ցամաք գետնին վրայ ոտք դրին Ջրհեղեղը սկսելէն տարի մը ետք եւ նոր, բնականոն կեանք մը սկսան։ (Ծննդոց 8։14–19) Ժամանակի ընթացքին, մարդկութիւնը բաւական աճած էր, Եփրատ Գետին մօտերը Բաբել քաղաքը եւ անոր վատահամբաւ աշտարակը շինել սկսելու համար։ Այդ վայրէն է որ մարդիկ երկրի բոլոր մասերը աստիճանաբար ցրուեցան, երբ Աստուած անոնց լեզուները խառնակեց։ (Ծննդոց 11։1–9) Բայց տապանը ի՞նչ եղաւ։

Տապանին Փնտռտուքը

ԺԹ. դարէն ի վեր, Արարատ լեռներուն վրայ տապանը գտնելու բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան։ Այս Լեռները երկու գագաթ ունին, մէկը՝ 5,165 մեթր բարձրութեամբ, իսկ միւսը՝ 3,914 մեթր։ Ամենէն բարձրը մշտնջենական ձիւնով ծածկուած է։ Ջրհեղեղին յաջորդած կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառաւ, հաւանաբար տապանը շուտով ձիւնին տակ թաղուեցաւ։ Կարգ մը հետախոյզներ հաստատօրէն կը հաւատան որ տապանը տակաւին հոն է, սառնակոյտի մը մէջ խոր թաղուած։ Անոնք կը դաւանին որ շրջաններ եղած են, երբ սառը բաւական հալած է եւ տապանին մէկ մասը ժամանակաւորապէս տեսնուած է։

Նոյեան Տապանին Փնտռտուք խորագրով գիրքը (Անգլ.) կը մէջբերէ Գէորգ Յակոբեանի խօսքերը, որ դաւանեցաւ թէ բարձրացաւ Արարատ Լերան վրայ եւ տապանը տեսաւ 1902–ին եւ ապա՝ 1904–ին։ Առաջին այցելութեան, ան ըսաւ որ իրապէս բարձրացաւ տապանին վրայ։ «Շիտակ կայնեցայ եւ ամբողջ նաւը դիտեցի։ Անիկա երկար էր։ Լայնքը շուրջ 12 մեթր էր»։ Իր երկրորդ այցելութեան ընթացքին, իր դիտարկութիւններու մասին ան ըսաւ. «Ես որեւէ կորութիւն չտեսայ։ Անիկա նման չէր մինչեւ հիմա իմ տեսած նաւերուս։ Անիկա աւելի կը նմանէր տափանաւի մը»։

1952–էն 1969, Ֆէրնանտ Նավառա տապանին հետքը գտնելու համար չորս փորձեր կատարեց։ Արարատ Լեռը կատարած իր երրորդ այցելութեան, ան սառնակոյտի մը մէջ խորխորատի մը մինչեւ յատակը իջաւ, ուր սառին մէջ թաղուած սեւ փայտի կտոր մը գտաւ։ «Անիկա շատ երկար ըլլալու էր», ըսաւ ան, «եւ թերեւս տակաւին նաւուն կառոյցի ուրիշ մասերուն կապուած էր։ Միայն կրցայ փայտին լարերն ի վեր ճեղքել մինչեւ որ 1.5 մեթր երկարութեամբ կոտրտեցի»։

Ուսուցչապետ Րիչարտ Պլիս, փայտը քննած մասնագէտներէն մէկը, ըսաւ. «Նավառայի գտած փայտին բեկորը շինարարական գերան մըն է, որ կուպրով պատուած է։ Անիկա թորիծներ եւ շիրիշակներ ունի։ Անիկա յստակօրէն ձեռքով յղկուած եւ հարթուած է»։ Փայտին տարիքին շուրջ չորս կամ հինգ հազար տարի տրուեցաւ։

Թէեւ Արարատ Լերան վրայ տապանը գտնելու ջանքեր թափուած են, սակայն աղիտալի ջրհեղեղէ մը վերապրելու համար անոր գործածութեան հիմնական փաստը գրաւոր կերպով կը գտնուի Աստուածաշունչին Ծննդոց գրքին մէջ։ Այդ արձանագրութեան վաւերացումը կարելի է տեսնել համայն աշխարհի նախնական ցեղախումբերուն ջրհեղեղի բազմաթիւ աւանդավէպերուն մէջ։ Յաջորդ յօդուածով հաճեցէք նկատի առնել անոնց վկայութիւնները։

[Նկար՝ էջ 4,5]

Տապանը համազօր տարողութիւնը ունէր 10 բեռնատար գնացքի, իւրաքանչիւրը 25 ծածկուած բեռնակարգով

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել