Նոյի տապանը գտա՞ծ են
ԱՅՆՊԷՍ կը թուի թէ Նոյի տապանը փնտռելը, մերթ ընդ մերթ լուսարձակի տակ կը դրուի, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Արդարեւ, այդ վիթխարի տապանը, որուն միջոցով Նոյ եւ իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան՝ մ.թ.ա. 2370-2369–ին, կրնայ աչքառու հնագիտական գիւտ մը նկատուիլ։ Սակայն հակառակ թափուած ջանքերուն, Նոյի տապանը փնտռելը տակաւին կը շարունակուի։ Այժմ բազմաթիւ ենթադրութիւններ ու զգայացունց դաւանութիւններ կան։ Անոր մասին իրապէս ի՞նչ գիտցուած է։
Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Նոյի տապանը «Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ» (Ծննդոց 8։4)։ Արարատի շրջանը կ’ընդգրկէ այն հանրածանօթ գագաթը, որ ներկայիս Արարատ լեռ կը կոչուի եւ կը գտնուի Թուրքիոյ արեւելքը, Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն մօտ։
Բազմաթիւ արշաւախումբեր այս շրջանին մէջ Նոյի տապանը փնտռած են ու հետաքրքրաշարժ դաւանութիւններ ըրած են, առանց վճռական ապացոյցներ ներկայացնելու։ Ուշագրաւ օդալուսանկարներ, կուպրով ծեփուած փայտեր եւ տապանը տեսնողներու տեղեկագրութիւններ, շատերը մղած են որ աւելի շօշափելի փաստեր փնտռեն։ Սակայն փնտռտուքը դժուար եղած է։ Յաճախ նշուած հաւանական մէկ վայրը կը գտնուի Արարատ լերան վրայ, շուրջ 4600 մեթր բարձրութեամբ։ Ասկէ զատ, քաղաքական լարուածութեան պատճառաւ, օտար արշաւախումբեր լեռը բարձրանալու օրինական արտօնութիւն միշտ չեն ստանար։
Այսուհանդերձ, խանդավառ մարդիկ կ’ուզեն որ աւելի արշաւախումբեր վայրը այցելեն։ Անոնք կը հաւատան, թէ տապանին կարգ մը մասերը տակաւին անփոփոխ կերպով կը գտնուին ձիւնածածկ Արարատ լերան վրայ, եւ կը դաւանին թէ միայն այն տարիներուն, որոնց ամառ եղանակը բաւական տաք կ’ըլլայ, հաւանականութիւն կայ տապանը տեսնելու եւ անոր հասնելու։
Կարգ մը տեղեկագրութիւններ այսպիսի յոյսեր հրահրած են։ Մ.թ. առաջին դարու հրեայ պատմաբան Յովսեպոս կ’ակնարկէ քանի մը նախկին պատմաբաններու, որոնք նշեցին թէ տապանը տակաւին կը տեսնուէր Արարատի շրջանին մէկ բարձունքին վրայ։ Նոյնիսկ ըսուած է, թէ մարդիկ կրնային անոր ձիւթով–ծեփուած փայտերէն յուշանուէր առնել։ Յովսեպոսի ակնարկած անհատներէն մէկն էր՝ Բերոսոս, մ.թ.ա. երրորդ դարու բաբելոնացի ժամանակագիր մը։
Նախորդ դարուն, ամէնէն հետաքրքրաշարժ մէկ տեղեկագրութեան աղբիւրն էր՝ Ճորճ Յակոբեանը։ Ան պատմեց թէ 1900–ական թուականներուն սկիզբը, երբ տակաւին տղեկ մըն էր, իր ազգականին հետ տապանը այցելեց ու անոր վրայ մագլցեցաւ։ Յակոբեան 1972–ին մահացաւ, բայց իր վկայութիւնը տակաւին շատերը կ’ոգեւորէ ու կը սքանչացնէ։
Հաւատքի իսկական հի՞մ մը
Իրապէս հիմ մը կա՞յ հաւատալու, թէ երկրախոյզներ տապանը գտած են կամ պիտի գտնեն։ Թերեւս, բայց այնպէս կը թուի թէ կասկածելու պատճառները աւելի են։ Ազդակներէն մէկը այն է, թէ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ տապանը ճիշդ ո՛ւր հանգչեցաւ, երբ ջրհեղեղին ջուրերը նահանջեցին։ Անիկա պարզապէս կը նշէ՝ «Արարատ լեռներուն վրայ»։
Բնական է որ երկրախոյզներ եւ ենթադրութիւն ընողներ իրենց ուշադրութիւնը ուղղեն շրջանի ամենաբարձր գագաթին։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները չեն նշեր, թէ Աստուած կարգադրեց որ տապանը հանգչի Արարատ լերան գագաթին վրայ, որ այսօր ծովու մակերեւոյթէն շուրջ հինգ քիլոմեթր բարձր է։a Մտաբերէ թէ տապանը լերան վրայ հանգչելէ ետք, Նոյ եւ իր ընտանիքը անոր մէջ քանի մը ամիս ապրեցան (Ծննդոց 8։4, 5)։ Նաեւ կը թուի անհաւանական ըլլալ, որ անոնք եւ բազմաթիւ անասունները ստիպուէին լեռնագնացներու նման լեռնագագաթէն իջնել։ Ուստի, այն վայրը՝ ուր տապանը կանգ առաւ, թերեւս աւելի հասանելի էր, քան՝ ինչ որ այժմու երկրախոյզներէն ոմանք կ’երեւակայեն, բայց բաւարար բարձր՝ ըստ Ծննդոց 8։4, 5–ի նկարագրութեան։ Իսկ տապանը Արարատ շրջանին մէջ ո՛ւր որ ալ հանգչած ըլլայ, կարելի չէ՞ որ դարեր առաջ անհետացած է, փտութեան եւ աւարառութեան պատճառով։
Բացի այդ, ոմանք չափազանց կրօնական կարեւորութիւն կու տան իրենց երկրախուզութեան։ Արշաւախումբ կազմակերպող մը դաւանեցաւ, թէ տապանը գտնելը «միլիոնաւորներու հաւատքը պիտի հաստատէ. . . եւ շատերը հաւատքի պիտի բերէ»։ 2004–ին՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան ըսաւ թէ տապանը գտնելը պիտի ըլլայ «մեծագոյն դէպքը՝ Քրիստոսի յարութենէն ի վեր»։ Յետագային, անոր կազմակերպած երկրախուզութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ։
Նոյի տապանը գտնելը իրապէս հաւատք պիտի հաստատէ՞ կամ նոյնիսկ պիտի ստեղծէ՞։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ հարազատ հաւատքը տեսանելի եւ շօշափելի առարկաներէ կախեալ չէ (Բ. Կորնթացիս 5։7)։ Կարգ մը մարդիկ ա՛յնքան սկեպտիկ են, որ կը պնդեն թէ միայն ֆիզիքական ապացոյցը զիրենք պիտի մղէ, որ աստուածաշնչական որոշ պատմութիւններու հաւատան։ Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ ո՛չ մէկ ապացոյց կրնայ այսպիսի անհատներու մէջ հաւատք արթնցնել։ Յիսուս ըսաւ թէ ոմանք պարզապէս հոգեւոր ճշմարտութիւնները չեն ընդունիր,– նոյնիսկ եթէ անհատի մը յարութեան ականատես ըլլան (Ղուկաս 16։31)։
Միւս կողմէ, իսկական հաւատքը դիւրահաւատութիւն չէ. անիկա հաստատ ապացոյցներու վրայ հիմնուած է (Եբրայեցիս 11։1)։ Զօրաւոր փաստ կա՞յ, որ կրնայ բանաւոր մարդոց օգնել, որ Ջրհեղեղի աստուածաշնչական պատմութեան հաւատան։ Այո՛։ Յիսուս Քրիստոս որոշապէս ըսաւ. «Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ» (Ղուկաս 17։26, 27)։ Ասիկա լաւագոյն ապացոյցն է։ Ինչո՞ւ։
Յիսուս երկիր գալէն առաջ՝ երկինքն էր (Յովհաննէս 8։58)։ Ան տապանին կառուցուիլը դիտեց, եւ Ջրհեղեղը տեսաւ։ Արդ, ո՞ր ապացոյցը աւելի համոզիչ կը թուի քեզի։ Ականատեսի մը վկայութի՞ւնը, որ ապացուցանեց կատարելապէս վստահելի եւ Աստուծոյ Որդին ըլլալը, թէ երկրախոյզներու կողմէ ձիւնածածկ լեռնագագաթի մը վրայ հին փայտեր գտնուելու չնչին հաւանականութիւնը։ Երբ այս տեսանկիւնէն դիտուի, Նոյի տապանին գոյութեան ապացոյցը արդէն ջախջախիչ է։
[Ստորանիշ]
a Ներկայ Արարատ լեռը հրաբուխ մըն է, որ 1840–էն ի վեր հանգած է։ Անոր բարձրութիւնը 5165 մեթր է եւ ամբողջ տարուան ընթացքին ձիւնով ծածկուած է։
[Մէջբերում՝ էջ 9]
Ջրհեղեղի աստուածաշնչական պատմութիւնը հաստատող զօրաւոր փաստ կա՞յ
[Մէջբերում՝ էջ 10]
Յիսուս Քրիստոս որոշապէս ըսաւ. «Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ»