«Անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է»
ԿԸ ՊԱՏՄԷ՝ ԺՈԶԷ ՎԷՐԿԱՐԱ ՕՐՕԶԳՕ
Կը խորհի՞ք որ կեանքի մէջ կրնաք նոր թափ մը առնել 70 տարեկանին։ Ես այո կրնամ ըսել։ Ատիկա 35 տարի առաջ էր։
Եհովայի ողորմութեամբ, 1962–էն ի վեր, որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ կը ծառայեմ, իսկ 1972–էն ի վեր, Մեքսիկայի Խալիսգօ Նահանգին մէջ Եհովայի Վկաներու Էլ Գառիզալ Ժողովքին մէջ տեսուչ եմ։ Թոյլ տուէք որ ձեզի քիչ մը գաղափար տամ իմ մասիս։
ՄԵՔՍԻԿԱՅԻ Միչուագան Նահանգին մէջ ծնած եմ, Օգոստոս 18, 1886–ին։ Իմ հայրս Մասոն էր. ուստի Կաթողիկէ Եկեղեցի չէինք երթար, ոչ ալ Կաթողիկէ որեւէ տօնի կը մասնակցէինք, մեր տան մէջ կրօնական պատկերներ չունէինք։
Երբ 16 տարեկան էի, հայրս Միացեալ Նահանգներ գնաց աշխատելու համար, բայց կարգադրեց որ մարդ մը ինծի արհեստ մը սորվեցնէ։ Երկու տարի ետք, սակայն, այս մարդը զիս Մեքսիքօ Քաղաքը տարաւ որպէսզի զինուորական ակադեմիայի մը մէջ մարզում ստանամ։ Անկէ ետք, Մեքսիկական բանակին մէջ ասպարէզի ձեռնարկեցի։
Բանակին մէջ եւ Անկէ Ետք
Մեքսիկական Յեղափոխութեան ընթացքին պատերազմեցայ, որ սկսաւ 1910–ին։ Ակադեմիայի բոլոր երիտասարդներս թիկունք կը կանգնէինք Ֆրանսիսգօ Ի. Մատերոյի, յեղափոխական մը՝ որ Փորֆիրիօ Տիազի բռնատիրութեան կ’ընդդիմանար։ Մենք Մատերոյի թիկունք կանգնեցանք մինչեւ իր մահը՝ 1913 եւ անկէ ետք, նեցուկ կանգնեցանք Վենուսդիանօ Գառանզային որ Հանրապետութեան նախագահ եղաւ 1915–էն մինչեւ 1920։ Մենք Գառանզիստականներ կը կոչուէինք։
Չորս տարբեր առիթներով, փորձեցի բանակէն հրաժարիլ, բայց՝ ապարդիւն։ Վերջապէս փախեցայ բանակէն եւ փախըստական դարձայ։ Առ ի հետեւանք, հայրս՝ որ Մեքսիկա վերադարձած էր՝ բանտ նետուեցաւ։ Օր մը, իր զարմիկը ըլլալ ձեւացնելով, իրեն այցելեցի բանտը։ Թուղթի պզտիկ կտորներու վրայ գրելով իրարու հետ հաղորդակցեցանք որպէսզի պահակները մեզի չլսեն։ Իմ ինքնութիւնս որեւէ կերպով երեւան չելլելու համար, այդ թուղթերը կերայ։
Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք, հայրս ինծի այցելեց եւ ինծմէ խնդրեց որ հեղինակութիւններուն յանձնուիմ։ Իր խօսքին մտիկ ըրի եւ շատ զարմացայ երբ պատասխանատու զօրավարը չձերբակալեց զիս, այլ՝ թելադրեց որ Միացեալ Նահանգներ անցնիմ։ Իր թելադրութեան հետեւեցայ եւ հոն բնակեցայ 1916–էն մինչեւ 1926։
1923–ին, Մեքսիկացի կնոջ մը հետ ամուսնացայ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակէր։ Շինարարութեան մէջ արհեստ մը սորվեցայ եւ աղջնակ մը որդեգրեցինք։ Երբ ան 17 ամսուան էր, Մեքսիկա վերադարձանք եւ Թապասգօյի Նահանգին Խալփա քաղաքին մէջ հաստատուեցանք։ Ապա ‘Քրիսթէրօներու ըմբոստութիւն’ը սկսաւ, որ տեւեց 1926–էն մինչեւ 1929։
Քրիսթէրօները կ’ուզէին որ իրենց միանայի։ Սակայն, ես ու ընտանիքս նախընտրեցինք Աղուասգալիենդէս Նահանգը փախչիլ։ Մեքսիկական հանրապետութեան տարբեր վայրերուն մէջ ապրելէ ետք, 1956–ին հաստատուեցանք Թամաուլիփաս Նահանգին Մաթամորոս քաղաքին մէջ, ուր ես սկսայ շինարարական գործերու վերահսկել։
Կեանքս կը Փոխուի
Ահա թէ ի՛նչպէս կեանքս սկսաւ փոխուիլ։ Աղջիկս, որ հիմա ամուսնացած էր եւ Ա.Մ.Ն.–ու Թէքսասի Պրաունզվիլի սահմանին մէջ կը բնակէր, յաճախ մեզի այցելութեան կու գար։ Օր մը, ան ըսաւ. «Հայրիկ, հիմա բազմաթիւ ընտանիքներ կը ժողվուին հանդէսի սրահին մէջ։ Մենք ալ երթանք տեսնելու թէ ի՛նչ կայ»։ Անիկա Եհովայի Վկաներու համաժողով մըն էր։ Աղջիկս, փեսաս, թոռնիկս, կինս եւ ես համաժողովին չորս օրերուն ալ ներկայ գտնուեցանք։
Այդ տարուընէ սկսեալ, Եհովայի Վկաներու Քրիստոնէական ժողովներուն յաճախեցինք։ Մինչ ես հոգեւորապէս կը յառաջդիմէի Մեքսիկայի մէջ, աղջիկս նոյնը կ’ընէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Շուտով սկսայ իմ աշխատակիցներուս խօսիլ այն ճշմարտութիւններուն մասին, զորս կը սորվէի Աստուածաշունչէն։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն իւրաքանչիւր թիւէն տասը օրինակ կը ստանայի, որոնք աշխատակիցներուս մէջ կը ցրուէի։ Գրասենեակին մէջ աշխատողներէն հինգ հոգի, երեք երկրաչափ, ինչպէս նաեւ ուրիշ գործաւորներէ ոմանք Վկաներ եղան։
Ո՜հ, ի՛նչ ցուրտ էր Դեկտեմբեր 19, 1959–ն, երբ գետին մէջ մկրտուեցայ։ Այդ օրը բոլոր մկրտուողները հիւանդացան, քանի որ ջուրը չափազանց պաղ էր։ Աղջիկս ինծմէ առաջ մկրտուած էր, իսկ կինս՝ թէեւ բնաւ չմկրտուեցաւ, բայց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը լաւ հասկցաւ եւ շատ համագործակցեցաւ։
Լիաժամ Ծառայութիւնը
Աստուծոյ հանդէպ պարտական կը զգայի իր մեծ ողորմութեան համար. ուստի, 1962–ի Փետրուարին, 75 տարեկանիս, լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցի ռահվիրայ ըլլալով։ Քանի մը տարիներ ետք, 1968–ին, կինս մահացաւ։ Այն ատեն ուզեցի ուրիշ երկրի մը մէջ ծառայել, բայց տարիքս նկատի ունենալով, եղբայրները խորհեցան որ խոհեմութիւն չէր ասիկա ընել։ Սակայն, 1970–ին, Խալիսգօ Նահանգին Գոլոդլան քաղաքին մէջ ռահվիրայ նշանակուեցայ, ուր փոքր ժողովք մը կար։
1972–ի Սեպտեմբերին, շրջանային տեսուչը թելադրեց ինծի որ Գոլոդլանի մօտ՝ Էլ Գառիզալի փոքր քաղաքը փոխադրուիմ։ Այդ տարուան Նոյեմբերին, հոն ժողովք մը հաստատուեցաւ եւ ես երէց նշանակուեցայ։ Թէեւ շատ մեկուսացած քաղաք մըն է, մինչեւ 31 հոգի ներկայ կ’ըլլան ժողովներուն։
Հակառակ տարիքիս, տակաւին աշխոյժ եմ ծառայութեան մէջ եւ ջանք կը թափեմ մարդոց օգնելու, որ տրամաբանեն իրենց հաւատալիքներուն վրայ։ Օրինակի համար, Վարդարան քաշելով, անկեղծ Կաթողիկէներ ‘Ողջոյն Մարիամ’ը կը կրկնեն. ‘Ողջոյն քեզ Մարիամ, շնորհընկալ. Տէրը քեզի հետ է’։ Այս աղօթքը կը շարունակուի. ‘Սրբուհի Մարիամ, Մայր Աստուծոյ’։ Անոնց կը հարցնեմ. ‘Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Եթէ Աստուած է որ Մարիամը կը փրկէ, ինչպէ՞ս միեւնոյն ատեն Ինք անոր որդին կ’ըլլայ’։
Հիմա 105 տարեկան եմ եւ Խալիսգօ Նահանգին Էլ Գառիզալի մէջ 20 տարիէ ի վեր կը ծառայեմ որպէս երէց ու ռահվիրայ։ Կը զգամ որ Եհովայի կամքն էր որ այսքան երկար տարիներ ապրեցայ, քանի որ այս կերպով իրեն չծառայած տարիներուս տեղը կը հանեմ։
Սորվեցայ որ միշտ վստահ պէտք է ըլլանք որ մեր Գերագոյն Դատաւորը իր արդար գահէն անդադար կը հսկէ մեր վրան եւ մեր կարիքները կը լեցնէ։ Ինչպէս Սաղմոս 117։2–ը կը նշէ. «Անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է»։