Յուստինոս—Փիլիսոփայ, ջատագով եւ նահատակ
«ԿԸ ԽՆԴՐԵՆՔ որ Քրիստոնեաներուն դէմ եղած ամբաստանութիւնները վերաքննութեան ենթարկուին եւ որ, եթէ ասոնք ստուգուին, անոնք իրենց արժանի պատիժը կրեն ...։ Բայց եթէ ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ մեղադրել, ողջամտութիւնը ձեզ կ’արգիլէ անմեղ մարդիկը յանցաւոր հանել չարամիտ տարաձայնութեան մը վրայ հիմնուելով ...։ Քանի որ, եթէ ճշմարտութիւնը իմանալէ ետք, արդար եղածը չընէք, Աստուծոյ առջեւ առանց չքմեղանքի պիտի ըլլաք»։
Այս խօսքերով, Յուստինոս Նահատակ, որ Հ.Դ. երկրորդ դարուն Քրիստոնէութիւն կը դաւանէր, բողոքեց Հռովմէացի կայսրին՝ Անդոնինոս Պիոսի։ Յուստինոս կը խնդրէր որ Քրիստոնէութիւն դաւանողներու կեանքերը եւ հաւատալիքները ողջախոհ դատական հարցաքննութեան մը ենթարկուին։ Արդարութեան համար այս խնդրանքը կու գար անհատէ մը՝ որ շատ հետաքրքրական անցեալ մը եւ փոլիսոփայութիւն ունէր։
Նախկին Կեանքը եւ Մարզումը
Յուստինոս Հեթանոս մըն էր, ծնած՝ շուրջ Հ.Դ. 110–ին, Սամարիոյ Փլաբիա Նէապոլիս քաղաքին մէջ, արդի Նաբլուս։ Ան ինքզինք Սամարացի կը կոչէր, թէեւ իր հայրը եւ մեծ հայրը հաւանաբար Հռովմէացի կամ Յոյն էին։ Հեթանոսական սովորութիւններուն մէջ իր ստացած կրթութիւնը, ճշմարտութեան հանդէպ իր ծարաւին միացած, զինք մղեցին որ ջանադրութեամբ փիլիսոփայութիւն ուսումնասիրէ։ Ստոյիկեաններու, Արիստոտելեաններու եւ Պիւթագորեաններու քով իր հետազօտութենէն գոհացում չգտնելով, ան Պղատոնի գաղափարներուն յարեցաւ։
Իր երկերէն մէկուն մէջ, Յուստինոս ցանկութիւն կը յայտնէ փիլիսոփաներու հետ խօսակցելու եւ կ’ըսէ. «Անձս որոշ Ստոյիկեանի մը տրամադրութեան տակ դրի. անոր հետ բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, երբ նկատեցի որ Աստուծոյ մասին որեւէ յաւելեալ գիտութիւն մը ձեռք չէի ձգած (քանի որ ինքն ալ չէր գիտեր)՝ ... զինք թողեցի եւ ուրիշի մը քով գացի»։—Dialogue of Justin, Philosopher and Martyr, With Trypho, a Jew.
Ապա Յուստինոս գնաց Արիստոտելեանի մը քով, որ շատ աւելի կը հետաքրքրուէր դրամով քան՝ ճշմարտութեամբ։ «Այս մարդը, առաջին քանի մը օրերը ինծի հետ խօսակցելէ ետք», կ’ըսէ Յուստինոս, «ինծմէ խնդրեց որ պատուագինը որոշենք, որպէսզի մեր խօսակցութիւնը անշահաբեր չըլլայ։ Այս պատճառով զինքն ալ լքեցի, անոր փիլիսոփայ մը ըլլալուն բնաւ չհաւատալով»։
«Ընտիր փիլիսոփայութիւն» ունկնդրելու մարմաջով, Յուստինոս «գնաց շատ համբաւաւոր Պիւթագորեանի մը քով. մարդ մը՝ որ շատ աւելի իր իմաստութիւնը կը սորվեցնէր»։ Յուստինոս կ’ըսէ. «Երբ իրեն հետ հարցազրոյց մը ունեցայ, փափաքելով իր ունկնդիրը եւ աշակերտը ըլլալ, ան ըսաւ. ‘Արդեօք երաժշտութեան, աստղագիտութեան եւ երկրաչափութեան ծանօ՞թ ես։ Կ’ակնկալե՞ս ուրախ կեանքի մը առաջնորդող այս [աստուածային] բաներէն որեւէ մէկը ըմբռնել, եթէ նախապէս ասոնցմէ տեղեակ չես’։ ... Երբ խոստովանեցայ իմ տգիտութիւնս, զիս արձակեց»։
Թէեւ յուսահատած, սակայն, Յուստինոս շարունակեց ճշմարտութիւնը փնտռել, հանրածանօթ Պղատոնականներուն դառնալով։ Ան կը նշէ. «Այդ ատեն կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ անցուցի մէկու մը հետ, որ վերջերս հաստատուած էր մեր քաղաքին մէջ. սրամիտ մարդ մը՝ Պղատոնականներուն մէջ բարձր դիրքի տիրացած եւ ես յառաջդիմեցի, շատ մեծ բարելաւումներ ընելով ամէն օր ..., այնպէս որ քիչ ժամանակ ետք, կը կարծէի որ իմաստուն դարձած էի. ասոր մէջ էր», կ’եզրափակէ ան, «իմ անմտութիւնս»։
Փիլիսոփաներու հետ շփման մէջ գալով ճշմարտութիւնը փնտռելու Յուստինոսի ջանքերը ի դերեւ ելած էին։ Բայց մինչ ծովափը կը խոկար, ան հանդիպեցաւ տարեց Քրիստոնեայի մը, «որոշ ծեր մարդու մը, պատկառելի երեւոյթով, խոնարհ եւ յարգելի շարժուձեւով»։ Այս անհատին հետ իր ունեցած խօսակցութիւնը իր ուշադրութիւնը ուղղեց Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն վրայ, Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութեան կարիքը շեշտելով։—Հռովմայեցիս 10։2, 3
Անունը չյիշուած Քրիստոնեան ըսաւ Յուստինոսի. «Ասկէ շատ առաջ, բոլոր փիլիսոփայ նկատուածներէն աւելի վաղուց, թէ՛ արդար եւ թէ Աստուծոյ սիրելի կարգ մը մարդիկ գոյութիւն ունեցան, որոնք ... կը նախագուշակէին տեղի ունենալիք դէպքեր եւ որոնք հիմա տեղի կ’ունենան։ Անոնք մարգարէներ կը կոչուին։ Միայն անոնք տեսան ճշմարտութիւնը եւ զայն ծանուցանեցին մարդոց, ... Սուրբ Հոգիով լեցուած ըլլալով»։ Յուստինոսի ախորժակը աւելի սրելով, Քրիստոնեան ըսաւ. «Անոնց գրութիւնները տակաւին գոյութիւն ունին եւ անոնք որոնք կը կարդան զանոնք, մեծապէս կ’օգտուին ամէն բանի սկիզբին ու վախճանին մասին գիտնալով»։ (Մատթէոս 5։6. Գործք 3։18) Այս ազնիւ մարդուն յորդորին հետեւելով, Յուստինոս ջանադրութեամբ քննեց Սուրբ Գրութիւնները եւ կը թուի որ ան որոշ գնահատութիւն ձեռք ձգեց անոնց եւ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն հանդէպ, ինչպէս կը տեսնուի իր գրութիւններէն։
Աւելի Մօտ Ակնարկ մը Իր Երկերուն Վրայ
Յուստինոս տպաւորուած էր մահուան դիմաց Քրիստոնեաներու անվախութիւնով։ Ան նաեւ կը գնահատէր Եբրայերէն Գրութիւններուն ճշգրիտ ուսուցումները։ Երկխօսութիւն Տրիփոնին Հետ իր երկին մէջ իր փաստարկութիւնները պաշտպանելու համար, Յուստինոս Ծննդոցէն, Ելիցէն, Ղեւտացւոցէն, Երկրորդ Օրինացէն, Բ. Թագաւորացէն, Գ. Թագաւորացէն, Սաղմոսներէն, Եսայեայէն, Երեմեայէն, Եզեկիէլէն, Դանիէլէն, Ովսեայէն, Յովելեայէն, Ամովսեայէն, Յովնանույէն, Միքիայէն, Զաքարեայէն եւ Մաղաքեայէն, ինչպէս նաեւ Աւետարաններէն մէջբերումներ ըրաւ։ Աստուածաշունչի այս գիրքերուն հանդէպ իր գնահատութիւնը կը տեսնուի Տրիփոնին հետ իր երկխօսութեան մէջ, ուր Յուստինոս կը խօսէր Յուդայականութեան մասին, որ Մեսիային կը հաւատար։
Տեղեկագրուած է թէ Յուստինոս աւետարանիչ մըն էր, ամէն առիթով բարի լուրը ծանուցանելով։ Շատ հաւանաբար, ան շատ ճամբորդեց։ Ան ժամանակ մը Եփեսոսի մէջ անցուց եւ երեւութապէս երկար ժամանակ Հռովմի մէջ բնակեցաւ։
Յուստինոսի գրական երկերը կը պարունակեն ջատագովութիւններ՝ Քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու նպատակաւ գրուած։ Իր Առաջին Ջատագովութիւն (Անգլ.) երկին մէջ, ան կը ջանայ հեթանոսական փիլիսոփայութեան թանձր խաւարը փարատել Սուրբ Գրութիւններէն եկած լոյսին միջոցաւ։ Ան կը յայտարարէ թէ փիլիսոփաներու իմաստութիւնը սուտ եւ ունայն է բաղդատած Քրիստոսի ազդու խօսքերուն եւ գործերուն հետ։ (Բաղդատել Կողոսացիս 2։8։) Յուստինոս անարգուած Քրիստոնեաներուն դատը կը պաշտպանէ, որոնց մէջ իր անձը կը դասէ։ Դարձի գալէ ետք, ան շարունակեց փիլիսոփաներու զգեստը հագնիլ, ըսելով որ միակ ճշմարիտ փիլիսոփայութիւնը գտած էր։
Երկրորդ դարու Քրիստոնեաները անաստուածներ նկատուած էին, քանի որ կը մերժէին հեթանոսական չաստուածներ պաշտել։ «Մենք անաստուածներ չենք», հակադարձեց Յուստինոս, «մենք կը պաշտենք տիեզերքին Արարիչը ...։ Այս բաները մեզի սորվեցուց Յիսուս Քրիստոս ...։ Ան ճշմարիտ Աստուծոյ Որդին է»։ Կռապաշտութեան մասին, Յուստինոս ըսաւ. «Անոնք կը շինեն ինչ որ կը կոչեն աստուած. զոր մենք ոչ միայն անիմաստ կը նկատենք, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ հանդէպ նախատելի ...։ Ի՜նչ յիմարութիւն է որ ձեր պաշտամունքին համար անառակ մարդիկ աստուածներ քանդակեն»։—Եսայեայ 44։14–20
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն բազմաթիւ ակնարկումներ ընելով, Յուստինոս իր հաւատքը կ’արտայայտէ յարութեան, Քրիստոնէական բարոյականին, մկրտութեան, Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն (մասնաւորաբար Քրիստոսի վերաբերեալ) եւ Յիսուսի ուսուցումներուն մասին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան առնչութեամբ, ան Եսայեայէն կը մէջբերէ, ըսելով. «Կառավարութիւնը [Քրիստոսի] ուսերուն վրայ պիտի ըլլայ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Եթէ մենք մարդկային թագաւորութեան մը սպասէինք, նաեւ պէտք էր ուրանայինք մեր Քրիստոսը»։ Ան կը խօսի Քրիստոնեաներուն փորձութիւններուն եւ պարտականութիւններուն մասին, կը պաշտպանէ այն գաղափարը թէ Աստուծոյ ծառայելը կը պահանջէ Իր կամքը կատարել եւ ապա կ’ըսէ թէ «մարդիկ Իր կողմէ պէտք է ղրկուին բոլոր ազգերուն այս բաները ծանուցանելու համար»։
Յուստինոսի Երկրորդ Ջատագովութիւն (Անգլ.) երկը (որ կը կարծուի առաջինին շարունակութիւնը ըլլալ) ուղղուած է Հռովմէական Ծերակոյտին։ Յուստինոս կը բողոքէ Հռովմէացիներուն պատմելով Քրիստոնեաներուն փորձառութիւնները, որոնք Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալէ ետք կը հալածուէին։ Յիսուսի ուսուցումներուն բարձր բարոյականը՝ որ Քրիստոնեայ քաղաքացիներու վարքով կ’արտացոլացուէր, քիչ արժէք կը ներկայացնէր Հռովմէական հեղինակութիւններուն համար։ Այլ, պարզապէս Քրիստոնէութիւն դաւանիլը մահացու հետեւանքներ կրնար ունենալ։ Յուստինոս մէջբերեց Լուկիաս կոչուած անհատ մը՝ որ հարցուց Քրիստոնէական վարդապետութիւններու նախկին ուսուցիչի մը մասին. «Այս մարդը ինչո՞ւ պատժեցիք. շնացող, պոռնիկ, մարդասպան, գող, աւազակ, որեւէ ոճիրի յանցաւոր ըլլալուն համար չէ, այլ՝ միայն անոր համար որ կը դաւանի Քրիստոնեայ կոչուիլ»։
Այդ ժամանակ Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն դէմ կանխադատութեան աստիճանը ցոյց կը տրուի Յուստինոսի սա խօսքերով. «Ես ալ, ուրեմն, կ’ակնկալեմ դաւադրուիլ եւ ցցահանուիլ, կարգ մը անձերուն կողմէ, որոնք թուեցի, կամ թերեւս Կրէսկէնտին՝ յոխորտանք եւ յաւակնոտութիւն սիրողին կողմէ. քանի որ մարդ մը արժանի չէ փիլիսոփայ տիտղոսին, երբ հանրապէս մեզի դէմ կը վկայէ այն հարցերով զորս չի հասկնար, ըսելով թէ Քրիստոնեաները անաստուածներ եւ ամբարիշտներ են, որպէսզի մոլորեալ խուժանին հաճութիւնը շահի ու զայն հաճեցնէ։ Քանի որ եթէ առանց Քրիստոսի ուսուցումները կարդալու մեր վրայ յարձակում գործէ, ան ամբողջովին վատթար է եւ անուսներէն աւելի գէշ է, որոնք յաճախ կը զգուշանան խօսելէ կամ սուտ վկայութիւն տալէ այն հարցերուն մասին զորս չեն հասկնար»։
Իր Մահը
Կրէսկէնտի թէ ուրիշ անամօթներու ձեռքով, Յուստինոս Հռովմէական նահանգապետութեան մատնուեցաւ որպէս մոլորեցուցիչ եւ մահուան դատապարտուեցաւ։ Ան, Հ.Դ. 165–ի ատենները, Հռովմի մէջ գլխատուեցաւ եւ «նահատակ» (որ կը նշանակէ՝ «վկայ») մը եղաւ։ Անոր համար ան կը կոչուի Յուստինոս Նահատակ։
Յուստինոսի գրական ոճը զուրկ է իր ժամանակակից ուսեալ մարդոց փայլքէն եւ փափկանկատութենէն, բայց ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ իր նախանձախնդրութիւնը բացայայտօրէն անկեղծ էր։ Որոշապէս չենք կրնար ըսել թէ ան ո՛ր տարողութեամբ Սուրբ Գրութիւններուն եւ Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն ապրեցաւ։ Սակայն, Յուստինոսի երկերը արժէքաւոր են իրենց պատմական բովանդակութեան եւ սուրբ գրային բազմաթիւ ակնարկումներուն համար։ Անոնք երկրորդ դարու Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն կեանքերուն եւ փորձառութիւններուն վրայ լոյս կը սփռեն։
Քրիստոնեաներու դէմ ուղղուած հալածանքի անարդարութիւնը կայսրերուն ապացուցանելու համար Յուստինոսի ջանքերը արժանայիշատակ են։ Աստուծոյ Խօսքին ճշգրիտ գիտութեան ի նպաստ հեթանոսական կրօնքին եւ փիլիսոփայութեան իր մերժումը մեզի կը յիշեցնէ Աթէնքի մէջ Պօղոսի խիզախ բանախօսութիւնը ճշմարիտ Աստուծոյ եւ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի մասին, Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներուն դիմաց։—Գործք 17։18–34
Յուստինոս որոշ գիտութիւն ունէր Հազարամեային ընթացքին մեռելներու յարութեան մասին։ Որքա՜ն հաւատք կը զօրացնէ Աստուածաշունչի յարութեան իրական յոյսը։ Անիկա պահպանած է Քրիստոնեաները հալածանքի դիմաց եւ օգնած է որ անոնք մեծ փորձութիւններու եւ նոյնիսկ մահուան տոկան։—Յովհաննու 5։28, 29. Ա. Կորնթացիս 15։16–19. Յայտնութիւն 2։10. 20։4, 12, 13. 21։2–4
Հետեւաբար, Յուստինոս ճշմարտութիւնը փնտռեց եւ մերժեց Յունական փիլիսոփայութիւնը։ Որպէս ջատագով մը, ան Քրիստոնէութիւն դաւանողներուն ուսուցումները եւ սովորութիւնները պաշտպանեց։ Իսկ Քրիստոնէութիւն դաւանած ըլլալով, ան նահատակուեցաւ։ Մասնաւորաբար նկատողութեան արժանի է Յուստինոսի գնահատութիւնը ճշմարտութեան հանդէպ եւ իր խիզախ վկայութիւնը հալածանքի դիմաց, քանի որ այս յատկութիւնները այսօր ալ կը գտնուին Յիսուսի անկեղծ հետեւորդներուն կեանքերուն մէջ։—Առակաց 2։4–6. Յովհաննու 10։1–4. Գործք 4։29. Գ. Յովհաննու 4