Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 9/1 էջ 8-12
  • Ազատ՝ բայց համարատու ժողովուրդ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ազատ՝ բայց համարատու ժողովուրդ մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածային Ազատութիւն —Համարատուութեամբ
  • Աստուծոյ Ընտրեալ Ժողովուրդին Ազատութիւնը
  • Քրիստոնէական Ազատութեան Բնոյթը
  • Ազատ՝ Բայց Համարատու
  • Ծառայէ Եհովային՝ ազատութեան Աստուծոյն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Աստուածատուր ազատութեան նպատակէն մի՛ շեղիք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական ազատութեան հասնիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Թոյլ տուր որ Եհովան քեզ իսկական ազատութեան առաջնորդէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 9/1 էջ 8-12

Ազատ՝ բայց համարատու ժողովուրդ մը

«Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8։32

1, 2. (ա) Ազատութիւնը ի՞նչ դեր խաղցած է մարդկային պատմութիւն մէջ։ (բ) Միայն ո՞վ իրապէս ազատ է։ Բացատրեցէք։

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ. Ի՜նչ ծանրակշիռ բառ մը։ Մարդկութիւնը անհամար պատերազմներու, յեղափոխութիւններու, ինչպէս նաեւ ընկերային վերիվայրումներու տոկացած է, ազատութեան տենչով։ Արդարեւ, համայնագիտարանը մը (The Encyclopedia Americana) կ’ըսէ. «Քաղաքակրթութեան բարեշրջման մէջ, ոչ մէկ գաղափարաբանութիւն այսքան կարեւոր դեր մը խաղցած է, որքան ազատութիւնը»։

2 Այսուհանդերձ, քանի՞ հոգի իրապէս ազատ է։ Քանի՞ներ գիտեն թէ ինչ է ազատութիւնը։ Ուրիշ համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) կ’ըսէ. «Մարդիկ կատարեալ ազատութիւն ունենալու համար, մտածելակերպի, խօսելակերպի եւ գործելակերպի արգելքներ պէտք չէ ըլլան։ Անոնք տեղեակ պէտք է ըլլան թէ ինչ կարելիութիւններ ունին եւ կարողութիւնը պէտք է ունենան անոնց մէջէն ընտրութիւններ կատարելու»։ Ասիկա ի մտի ունենալով, կը ճանչնա՞ք մէկը որ իրապէս ազատ է։ Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ինք «մտածելակերպի, խօսելակերպի եւ գործելակերպի արգելքներ» չունի։ Իրականութեան մէջ, միայն մէկ էութիւն կայ տիեզերքի մէջ, որ այդ նկարագրութեան կը յարմարի՝ Եհովա Աստուած։ Միայն ինք է որ բացարձակ ազատութիւն ունի։ Միայն ինք կրնայ իր ցանկացած որեւէ բան որոշել ու ապա զայն կատարել, ի հեճուկս բոլոր հակառակութիւններու։ Ան «Ամենակալ» է։—Յայտնութիւն 1։8. Եսայեայ 55։11

3. Մարդիկ ընդհանրապէս ի՞նչ պայմանով ազատութիւն կը վայելեն։

3 Խոնարհ մարդոց համար, ազատութիւնը միայն յարաբերական կրնայ ըլլալ։ Անիկա ընդհանրապէս կը շնորհուի կամ կ’երաշխաւորուի կարգ մը հեղինակութիւններու կողմէ եւ անիկա կախեալ կ’ըլլայ այդ հեղինակութեան ենթարկուելէ։ Արդարեւ, գրեթէ բոլոր պարագաներուն ալ, անհատ մը կրնայ ազատ ըլլալ եթէ իր ազատութիւնը երաշխաւորող հեղինակութիւնը ընդունի։ Օրինակի համար, «ազատ աշխարհի» մէջ ապրողները շատ մը բարիքներ կը վայելեն, ինչպէս շարժելու, խօսելու եւ կրօնքի ազատութիւն։ Ի՞նչ բան կ’երաշխաւորէ այս ազատութիւնները։ Երկրին օրէնքը։ Անհատ մը այս բոլորը կրնայ վայելել, ա՛յնքան ատեն որ կը հնազանդի օրէնքին։ Եթէ ան իր ազատութիւնը չարաչար գործածէ եւ օրէնքը բեկանէ, ան հեղինակութիւններուն առջեւ անոր համար համարատու կը նկատուի եւ իր ազատութիւնը յանկարծ կը սահմանափակուի, թերեւս բանտարկութեամբ։—Հռովմայեցիս 13։1–4

Աստուածային Ազատութիւն —Համարատուութեամբ

4, 5. Եհովայի երկրպագուները ի՞նչ ազատութիւն կը վայելեն, եւ ան ի՞նչ բանի համարատու կը բռնէ զանոնք։

4 Առաջին դարուն, Յիսուս ազատութեան մասին խօսեցաւ։ Ան Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու (8։31, 32) Յիսուս խօսքի կամ կրօնքի ազատութեան մասին չէր խօսեր։ Ան վստահաբար Հռովմէական լուծէն ազատագրուելու մասին ալ չէր խօսէր, որու կարօտը կը քաշէին շատ մը Հրեաները։ Ոչ, ասիկա շատ աւելի թանկագին բան մըն էր, ազատութիւն մըն էր որ ո՛չ թէ մարդկային օրէնքներով կամ մարդկային կարգ մը կառավարիչներու քմահաճոյքով շնորհուած էր, այլ՝ տիեզերքի Գերիշխանէն, Եհովայէ։ Անիկա նախապաշարումէ, կրօնական տգիտութենէ եւ տակաւին շատ աւելի բաներէ ազատութիւն մըն էր։ Եհովայի շնորհած ազատութիւնը, իրական ազատութիւն մըն է, որ յաւիտեան պիտի տեւէ։

5 Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Տէրը հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ»։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Դարեր շարունակ, Եհովա այնպէս մը վարուեցաւ մարդոց հետ, որ անոնց մէջէն հաւատարիմներ վերջապէս մարդկային ազատութեան ազնուագոյն եւ մեծագոյն տեսակը՝ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» վայելեն։ (Հռովմայեցիս 8։21) Մինչ այդ, Եհովա Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ մեզի որոշ ազատութիւն մը կու տայ, իսկ եթէ մենք զայն չարաչար գործածենք, մեզի համարատու կը բռնէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։—Եբրայեցիս 4։13

6–8. (ա) Ադամն ու Եւան ի՞նչ ազատութիւն կը վայելէին եւ իրենց ազատութիւնը ի՞նչ պայմանաւ կրնային պահել։ (բ) Ադամ ու Եւա իրենց եւ իրենց սերունդին համար ի՞նչ կորսնցուցին։

6 Եհովայի մեր համարատու ըլլալը ցոյց տրուեցաւ երբ մեր մարդկային առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան տակաւին ողջ էին։ Եհովա զանոնք ստեղծեց ազատ կամքի անգին պարգեւը տալով անոնց։ Այնքան ատեն որ այդ ազատ կամքը շիտակ կերպով գործածէին, ուրիշ օրհնութիւններ ալ պիտի վայելէին, ինչպէս, վախէ, հիւանդութենէ, մահէ եւ մաքուր խղճով իրենց երկնաոր Հօրը մօտենալու ազատութիւնը։ Բայց երբ իրենց ազատ կամքը չարաչար գործածեցին, ամէն բան փոխուեցաւ։

7 Եհովա Ադամն ու Եւան դրաւ Եդեմի պարտէզին մէջ եւ անոնց հաճելի եղող պարտէզի բոլոր պտուղները տուաւ, ի բացառեալ մէկէն։ Այդ մէկը Եհովա իրեն պահեց, անիկա «բարիի ու չարի գիտութեան ծառ»ն էր։ (Ծննդոց 2։16, 17) Այդ ծառին պտուղը ուտելէն ետ կենալով, Ադամ ու Եւա գիտակցած պիտի ըլլային որ միայն Եհովա ազատ կամքով կրնայ որոշել թէ ի՛նչը բարի ու ի՛նչը չար է։ Եթէ անոնք գիտակցէին իրենց պատասխանատուութեան եւ արգիլուած պտուղէն չուտէին, Եհովա անոնց յաւելալ ազատութիւններ պիտի տար։

8 Դժբախտաբար, Եւան անձամբ ‘բարին ու չարը գիտնալու’ Սատանայի խորամանկ թելադրութեան մտիկ ըրաւ։ (Ծննդոց 3։1–5) Նախ ինք, ապա Ադամ կերաւ արգիլուած պտուղը։ Այս պատճառաւ, երբ Եհովա Աստուած Եդեմի պարտէզը եկաւ իրենց հետ խօսելու, անոնք ամչցան ու պահուըտեցան։ (Ծննդոց 3։8, 9) Անոնք այլեւս մեղաւորներ եղան, կորսնցնելով մաքուր խղճով մը Աստուծոյ մօտենալու ազատութիւնը։ Ասոր համար, անոնք թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սերունդին համար կորսնցուցին նաեւ հիւանդութենէ եւ մահուընէ զերծ մնալու ազատութիւնը։ Պօղոս ըսաւ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12. Ծննդոց 3։16, 19

9. Որո՞նք իրենց ունեցած ազատութիւնը լաւ կերպով գործածելու արձանագրութիւն մը ունին։

9 Այսուհանդերձ, տակաւին մարդիկ ազատ կամք ունին եւ ժամանակի ընթացքին, կարգ մը անկատար անհատներ Եհովայի ծառայելով զայն իմաստուն կերպով գործածեցին։ Հինէն ի վեր անոնցմէ ոմանց անունները պահուած են։ Աբէլի, Ենովքի, Նոյի, Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի (որ նաեւ կոչուած է Իսրայէլ) նման անհատներ օրինակներ են, որոնք իրենց վայելած ազատութիւնը գործածեցին, Աստուծոյ կամքը ընելու համար։ Ասոր արդիւնքը ի նպաստ իրենց եղաւ։—Եբրայեցիս 11։4–21

Աստուծոյ Ընտրեալ Ժողովուրդին Ազատութիւնը

10. Իր սեփական ժողովուրդին հետ Եհովայի ըրած ուխտին պայմանները ի՞նչ էին։

10 Մովսէսի օրերուն, Եհովա այն ատեն միլիոններու հասնող Իսրայէլ ազգը ազատագրեց Եգիպտոսի գերութենէն եւ անոնց հետ ուխտ մը ըրաւ, որով անոնք իր սեպհական ժողովուրդը եղան։ Այս ուխտին ներքեւ, Իսրայելացիները քահանայութիւն մը եւ իրենց մեղքերը այլաբանօրէն ծածկող անասնական զոհերու դրութիւն մը ունէին։ Այս կերպով, անոնք պաշտամունքի մէջ Աստուծոյ մօտենալու ազատութիւն ունէին։ Անոնք նաեւ օրէնքներու եւ կանոններու շարք մը ունէին, որ զիրենք հեռու կը պահէր նախապաշարական սովորութիւններէ ու սուտ պաշտամունքէ։ Հետագային անոնք Խոստացեալ Երկիրը որպէս ժառանգութիւն պիտի ստանային, իրենց թշնամիներուն դէմ աստուածային օգնութիւնը ունենալու երաշխաւորութեամբ։ Այդ ուխտը Իսրայելացիներէն կը պահանջէր որ Եհովայի օրէնքը պահեն։ Անոնք յօժարութեամբ ընդունեցին այս պայմանը, ըսելով. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։—Ելից 19։3–8. Բ. Օրինաց 11։22–25

11. Ի՞նչ եղաւ արդիւնքը երբ Իսրայէլ Եհովայի հետ իր ըրած ուխտին պայմանները չյարգեց։

11 Աւելի քան 1,500 տարիներ, Իսրայելացիները մասնաւոր յարաբերութեան մը մէջ էին Եհովայի հետ։ Բայց պարբերաբար անոնք այդ ուխտը պահելու մէջ թերացան։ Կրկին անգամ անոնք հրապուրուեցան սուտ պաշտամունքով եւ կռապաշտութեան ու նախապաշարումի գերութեան մէջ ինկան, ուստի Աստուած թոյլ տուաւ որ անոնք ֆիզիքապէս գերեվարուին իրենց թշնամիներուն կողմէ։ (Դատաւորաց 2։11–19) Փոխանակ ուխտը պահելէն առթած ազատագրող օրհնութիւններ վայելելու, անոնք պատժուեցան, զայն բեկանելով։ (Բ. Օրինաց 28։1, 2, 15) Վերջապէս, Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա թոյլ տուաւ որ ազգովին Բաբելոն գերի քշուին։—Բ. Մնացորդաց 36։15–21

12. Մովսիսական Օրէնքի ուխտին նկատմամբ վերջապէս ի՞նչ յայտնի եղաւ։

12 Ասիկա ծանր դաս մըն էր։ Անոնք անով պէտք էր սորվէին Օրէնքը պահելու կարեւորութիւնը։ Հակառակ ասոր, երբ Իսրայելացիները իրենց երկիրը վերադարձան 70 տարի ետք, անոնք դարձեալ Օրէնքի ուխտը պէտք եղած կերպով չպահեցին։ Իրենց վերադարձէն գրեթէ հարիւր տարի ետք, Եհովա ըսաւ Իսրայէլի քահանաներուն. «Դուք ճամբայէն խոտորեցաք. շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք»։ (Մաղաքեայ 2։8) Արդարեւ, Իսրայելացիներէն նոյնիսկ ամենէն անկեղծ եղողը չէր կրնար կատարեալ Օրէնքը պահել։ Ուստի Օրէնքը փոխանակ օրհնութիւն մը ըլլալու, «անէծք մը» եղաւ, ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ։ (Գաղատացիս 3։13) Որոշ էր ուրեմն, որ Մովսիսական Օրէնքէն աւելի բանի մը պէտքը կար, որպէսզի անկատար, հաւատարիմ անհատներ Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը հասցնէր։

Քրիստոնէական Ազատութեան Բնոյթը

13. Վերջապէս ազատութեան ի՞նչ աւելի լաւ հիմ մը հայթայթուեցաւ։

13 Օրէնքէն աւելի եղող այդ բանը Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհն էր։ Պօղոս Հ.Դ. 50–ի ատենները օծեալ Քրիստոնեաներէ բաղկացած Գաղատիոյ ժողովքին նամակ գրեց։ Ան բացատրեց թէ Եհովա ինչպէս զիրենք ազատագրած էր Օրէնքի ուխտին գերութենէն եւ ապա ըսաւ. «Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք»։ (Գաղատացիս 5։1) Յիսուս ի՞նչ կերպով մարդիկը ազատագրեց։

14, 15. Ի՞նչ հոյակապ կերպով Յիսուս հաւատացեալ Հրեաները եւ ոչ–Հրեաները ազատեց։

14 Յիսուսի մահուընէ ետք, այն Հրեաները որոնք զինք ընդունեցին որպէս Մեսիա ու իր աշակերտները եղան, հին ուխտը փոխարինող նոր ուխտին մէջ եկան։ (Երեմեայ 31։31–34. Եբրայեցիս 8։7–13) Այս նոր ուխտին ներքեւ, անոնք՝ եւ հետագային անոնց միացող Հրեայ չեղող հաւատացեալները՝ նոր, հոգեւոր ազգի մը մաս կազմեցին, որ Աստուծոյ սեպհական ժողովուրդը եղաւ մարմնաւոր Իսրայէլին տեղ։ (Հռովմայեցիս 9։25, 26. Գաղատացիս 6։16) Այս հանգամանքով, անոնք վայելեցին այն ազատութիւնը որ Յիսուս խոստացաւ, երբ ըսաւ. «ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ Մովսէսի Օրէնքին անէծքէն ազատելէ զատ, ճշմարտութիւնը Հրեայ Քրիստոնեաները ազատագրեց կրօնական առաջնորդներուն կողմէ անոնց պարտադրուած բոլոր ծանր աւանդութիւններէն։ Իսկ անիկա Հրեայ չեղող Քրիստոնեաներն ալ ազատեց կռապաշտութենէն եւ իրենց նախկին հաւատքին նախապաշարումներէն։ (Մատթէոս 15։3, 6. 23։4. Գործք 14։11–13. 17։16) Սակայն, միայն այսքան ալ չէր։

15 Յիսուս երբ ազատող ճշմարտութեան մասին խօսեցաւ, ըսաւ. «Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’»։ (Յովհաննու 8։34) Ադամի ու Եւայի մեղանչումէն ի վեր ապրող իւրաքանչիւր անհատ մեղաւոր մը եւ հետեւաբար մեղքի ծառայ մը եղած է։ Միակ բացառութիւնը Յիսուս էր, եւ Յիսուսի զոհը հաւատացեալները ազատագրեց այդ գերութենէն։ Ճիշդ է որ անոնք տակաւին բնութեամբ անկատար եւ մեղաւոր էին։ Սակայն այլեւս կրնային իրենց մեղքերէն զղջալ եւ թողութիւն ստանալ Յիսուսի զոհագործութեան հիման վրայ, վստահ ըլլալով որ իրենց աղաղակը պիտի լսուի։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Յիսուսի փրկարար զոհագործութեան հիման վրայ, Աստուած զանոնք արդար յայտարարեց եւ անոնք կրցան Իրեն մօտենալ մաքուր խղճով։ (Հռովմայեցիս 8։33) Ասկէ զատ, քանի որ փրկանքը անվերջ կեանքի յարուցուելու ակնկալութիւնը կը բանար, ճշմարտութիւնը նոյնիսկ զիրենք կ’ազատագրէր մահուան վախէն։—Մատթէոս 10։28. Եբրայեցիս 2։15

16. Քրիստոնէական ազատութիւնը ինչպէ՞ս աւելի մատչելի էր, քան աշխարհի մատուցած որեւէ ազատութիւն։

16 Այրերու եւ կիներու առջեւ հոյակապ կերպով բացուեցաւ Քրիստոնէական ազատութիւնը, առանց նկատի առնելու անոնց դիրքը, մարդկօրէն խօսելով։ Աղքատներ, բանտարկեալներ, նոյնիսկ գերիներ կրնային ազատ ըլլալ։ Իսկ միւս կողմէ, Քրիստոսի մասին տրուած պատգամը մերժող ազգին մեծաւորները, տակաւին նախապաշարումի, մեղքի ու մահուան վախի գերիներ էին։ Բնաւ պէտք չէ դադրինք Եհովայի շնորհակալ ըլլալէ մեր վայելած ազատութեան համար։ Աշխարհի մատուցած ո՛չ մէկ բան նոյնիսկ անոր կը մօտենայ։

Ազատ՝ Բայց Համարատու

17. (ա) Առաջին դարուն ինչպէ՞ս ոմանք կորսնցուցին իրենց Քրիստոնէական ազատութիւնը։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ խաբուինք Սատանայի աշխարհի երեւութական ազատութենէն։

17 Առաջին դարուն, հաւանաբար օծեալ Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը ուրախ էին իրենց ազատութեամբ եւ ամէն գնով իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։ Դժբախտաբար, սակայն, ոմանք Քրիստոնէական ազատութեան ընկերացող օրհնութիւնները համտեսելէ ետք, զայն արհամարհեցին ու աշխարհի գերութեան վերադարձան։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Անկասկած շատերուն հաւատքը տկարացաւ եւ ‘քշուեցան’։ (Եբրայեցիս 2։1, ՆԱ) Ուիրշներ, ‘իրենցմէ մէկդի ըրին հաւատքը եւ մաքուր խղճմտանքը եւ նաւակոծութիւն կրեցին’։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Թերեւս նիւթապաշտութեան կամ անբարոյութեան մէջ ինկան։ Որքա՜ն կարեւոր է մեր հաւատքը պահել եւ զայն կերտել, անձնական ուսումնասիրութեամբ, ընկերակցութեամբ, աղօթքով եւ Քրիստոնէական գործունէութեամբ զբաղած մնալով։ (Բ. Պետրոս 1։5–8) Բնաւ չի դադրինք Քրիսոտնէական ազատութիւնը գնահատել։ Ճիշդ է որ ոմանք կրնան ժողովքէն դուրս իրենց տեսած թուլութենէն փորձուիլ, խորհելով որ անոնք իրենցմէ ազատ են։ Աշխարհի մէջ ինչ որ ազատութիւն կը թուի, իրականութեան մէջ պարզապէս անպատասխանատուութիւն է։ Եթէ մենք Աստուծոյ ծառաները չենք, մեղքի ծառաներն ենք եւ այդ գերութեան դառն գինը պիտի վճարենք։—Հռովմայեցիս 6։23. Գաղատացիս 6։7, 8

18–20. (ա) Ոմանք ինչպէ՞ս ‘չարչարանքի ցիցին թշնամիներ’ եղան։ (բ) Ոմանք ինչպէ՞ս իրենց ազատութիւնը որպէս «չարութեան ծածկոց» գործածեցին։

18 Հետագային, Փիլիպպեցիներուն յղած իր նամակին մէջ, Պօղոս գրեց. «Շատեր կը քալեն, որոնց համար շատ անգամ ձեզի կ’ըսէի եւ հիմա լալով ալ կը խօսիմ, այսինքն Քրիստոսին խաչին [չարչարանքի ցիցին (ՆԱ)] թշնամիներուն համար»։ (Փիլիպպեցիս 3։18) Այո, ժամանկին Քրիստոնեայ եղողներ, հիմա հաւատքի թշնամիներ եղած էին, թերեւս հաւատուրացներ ըլլալով։ Որքա՜ն կենսական է որ անոնց ընթացքին չհետեւինք։ Ասկէ զատ, Պետրոս գրեց. «Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս»։ (Ա. Պետրոս 2։16) Անհատ մը ինչպէս կրնայ իր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածել։ Լուրջ մեղքեր գործելով՝ թերեւս գաղտնաբար եւ շարունակելով ժողովքին հետ ընկերակցիլ։

19 Յիշեցէք Դիոտրեփէսը։ Յովհաննէս անոր մասին ըսաւ. «Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ [ժողովքին մէջ] առաջին ըլլալ կ‘ուզէ, մեզ չընդունիր։ ... ո՛չ միայն ինք չընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ»։ (Գ. Յովհաննու 9, 10) Դիոտրեփէս իր ազատութիւնը, իր անձնական ցանկութիւններուն համար որպէս ծածկոց գործածեց։

20 Յուդա աշակերտ գրեց. «Քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան»։ (Յուդա 4) Այս անհատները երբ Քրիստոնէական ժողովքին կ’ընկերակցէին, ապականիչ ազդեցութիւն մը ունէին։ (Յուդա 8–10, 16) Յայտնութիւն գրքին մէջ կը կարդանք թէ Պերգամոնի եւ Թիւատիրի ժողովքներուն մէջ, հերձուածողութիւն, կռապաշտութիւն եւ անբարոյութիւն կար։ (Յայտնութիւն 2։14, 15, 20–23) Քրիստոնէական ազատութեան ի՜նչ սխալ գործածութիւն։

21. Իրենց Քրիստոնէական ազատութիւնը չարաչար գործածողներուն ի՞նչ կը սպասէ։

21 Այս կերպով իրենց Քրիստոնէական ազատութիւնը եղծանողներուն ի՞նչ կը սպասէ։ Յիշեցէք ի՛նչ պատահեցաւ Իսրայէլին։ Իսրայէլ Աստուծոյ ընտրեալ ազգն էր, բայց Եհովա վերջապէս մերժեց զինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Իսրայելացիները Աստուծոյ հետ իրենց ունեցած յարաբերութիւնը որպէս չարութեան ծածկոց մը գործածեցին։ Անոնք կը հպարտանային որ Աբրահամի որդիներն էին, սակայն մերժեցին Յիսուսը՝ Աբրահամի Սերունդը եւ Եհովայի ընտրած Մեսիան։ (Մատթէոս 23։37–39. Յովհաննու 8։39–47. Գործք 2։36. Գաղատացիս 3։16) «Աստուծոյ Իսրայէլը» որպէս ամբողջութիւն մը, նոյն կերպով անհատարիմ պիտի չըլլայ։ (Գաղատացիս 6։16) Բայց անհատապէս ոեւէ Քրիստոնեայ որ հոգեւոր կամ բարոյական ապականութիւն պատճառէ, վերջապէս պիտի յանդիմանուի, նոյնիսկ աննպաստ վճիռ մը ստանալով։ Բոլորս ալ համարատու ենք թէ մեր Քրիստոնէական ազատութիւնը ինչպէ՛ս կը գործածենք։

22. Ի՞նչ ուրախութիւն կը քաղեն անոնք որոնք իրենց Քրիստոնէական ազատութիւնը կը գործածեն Աստուծոյ ծառայելու համար։

22 Որքան աւելի լաւ է Աստուծոյ ծառան ըլլալ եւ այսպիսով իրապէս ազատ ըլլալ։ Միայն Եհովան իրապէս արժէքաւոր ազատութիւն կը շնորհէ։ Առակացը կ’ըսէ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Մեր Քրիստոնէական ազատութիւնը գործածենք Եհովան ջատագովելու համար։ Եթէ այսպէս վարուինք, մեր կեանքը իմաստ մը պիտի ունենայ, մեր երկնաւոր Հօրը հաճոյք պիտի պատճառենք եւ վերջապէս պիտի գտնուինք անոնց մէջ որոնք Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը պիտի վայելեն։

Կրնա՞ք Բացատրել

◻ Ո՞վ միայն իրապէս ազատ է։

◻ Ադամ ու Եւա ի՞նչ ազատութիւններ կը վայելէին եւ ինչո՞ւ զանոնք կորսնցուցին։

◻ Իսրայելացիները ի՞նչ ազատութիւններ կը վայելէին երբ Եհովայի հետ իրենց ուխտը կը պահէին։

◻ Յիսուսը ընդունողները ի՞նչ ազատութիւն ունեցան։

◻ Առաջին դարուն ոմանք ինչպէ՞ս կորսնցուցին կամ եղծանեցին իրենց Քրիստոնէական ազատութիւնը։

Յիսուսի տուած ազատութիւնը շատ աւելի լաւ էր քան մարդու մը շնորհած ազատութիւնը

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել