Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 10/1 էջ 3-4
  • Ինչո՞ւ այսքան յուսահատութիւն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ այսքան յուսահատութիւն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծայրագոյն Միջոցը
  • Յոյսը կը յաղթէ յուսահատութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Շուտով՝ յուսահատութենէ զերծ աշխարհ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Խոնարհ մարդուն աղօթքը
    Եհովային գովերգենք
  • Օգնութեան աղաղակ մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 10/1 էջ 3-4

Ինչո՞ւ այսքան յուսահատութիւն

ԱՒԵԼԻ լաւ կեանքի մը յոյսը վերջապէս կ’իրականանայ։ Շատ մը անհատներ որոնք ատեն մը կ’ապրէին այն շրջանին մէջ, որ Արեւելեան Գերմանիա կը կոչուէր, հաւատացին ասոր, երբ Պերլինի Պատը փուլ եկաւ 1989–ի Նոյեմբերին։ Սակայն, տարի մը անցնելէն քիչ ետք, անոնք կը գանգատէին որ «աւելի դժուար կը գտնեն դրամատիրական ժողովրդավարութեան բիրտ աշխարհին հետ գլուխ ելլելը քան Պէրլինի Պատով պաշտպանուած կեանքին հետ»։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ Պատրաթափ վիճակ եւ երթալով աճող յուսահատութիւն։

Տան եւ համայնքին մէջ բռնութիւնը կրնայ մարդոց ստիպել, որ իրենց բնակարանները ձգեն եւ ուրիշ տեղ ապահովութիւն փնտռեն, սակայն քիչեր կը գտնեն զայն։ Ոմանք թերեւս նոյնիսկ քաղաքի փողոցները իջեւանող անտուններու հետ միանան։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, ասոնցմէ շատեր վերջապէս կառավարական խնամակալութեան կը յանձնուին։ Քանի որ գործ չունին, չեն կրնար գործ մը ճառել, եւ չեն կրնար գործ մը գտնել, քանի որ տան հասցէ չունին։ Կառավարական բարեխնամ գործակալութիւններ կը ջանան օգնել, բայց խնդիրները լուծելը ժամանակ կը պահանջէ։ Հետեւաբար շփոթութիւնը եւ յուսահատութիւնը կը պատէ զանոնք։

Շատ մը կիներ յուսահատութենէ մղուած իրապէս բուռն միջոցներու կը դիմեն։ 1990 տարուան մէջ Կիները եւ Ոճիրը տեղեկագրութեան մէջ (Անգլ.), իրաւական մը՝ Տոքթ. Սիւզան Էտուըրտզ, կը բացատրէ. «Երիտասարդ կիներու [պոռնկութեան հետ] առնչուիլը, ուղղակի տնտեսական անհրաժեշտութիւն մըն է եւ ոչ թէ ինքնակրթութեան պակասը կամ ընտանեկան շրջանակը»։ Երիտասարդներն ալ նմանապէս տունէն կը հեռանան գործ մը փնտռելու համար եւ չեն գտներ։ Ոմանք յուսահատութեան մատնուելով, ‘վարձու տղաք’ կը դառնան, ուտելիքի եւ պատսպարանի փոխարէն իրենց մարմինները կը տրամադրեն միասեռականներու եւ վահանակներ կը դառնան պիղծ եւ խենէշ խմբակներու ձեռքերուն մէջ։

Քաղաքական բիրտ իրադարձութիւնները, բռնութիւնը, տնտեսական դժուարութիւնները, այս բոլորը կրնան որոշ չափով յուսահատութիւն պատճառել։ Նոյնիսկ արհեստավարժ անհատներ զերծ չեն այս բաներէն, մինչ կը ջանան կեանքի իրենց բարձր մակարդակը պահել, դրամական երթալով աւելցող դժուարութիւնները դիմագրաւելով։ Այս բոլորը ի՞նչ հետեւանք կ’ունենան։ «Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ», ինչպէս ըսաւ վաղեմի Սողոմոն Թագաւորը։a (Ժողովողի 7։7) Արդարեւ, յուսահատութիւնը երթալով աւելի մեծ թիւով անհատներու կը մղէ ծայրագոյն միջոցին՝ անձնասպանութեան դիմելու։

Ծայրագոյն Միջոցը

Երիտասարդներուն մէջ կատարուած բազմաթիւ անձնասպանութիւնները ցոյց կու տան թէ նոյնիսկ անոնք ազդուած են յուսահատութեան պատուհասէն։ Բրիտանացի խմբագիր մը հարցուց. «Ի՞նչ կայ մեր ժամանակին մէջ որ այսքան շատ պատանինեկան յուսահատութիւն կայ»։ Իրենք զիրենք թունաւորել փորձելու պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած 8–էն 16 տարեկան երախաներուն մասին եղած ուսումնասիրութեան մը մէջ, Լոնտոնի հոգեբուժական Հիմնարկի Տոքթ. Էրիք Թէյլըր կը տեղեկագրէ. «Ապշեցուցիչ էր թէ ինչպէս այսքան շատ երախաներ բոլորովին յուսալքուած ու յուսահատ են»։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ամէն տարի մօտաւորապէս 100,000 անհատներ գիտակցօրէն իրենք զիրենք կը թունաւորեն, թէեւ ոչ աղետալի հետեւանքով, ինչ որ յուսահատ օգնութեան կանչ մըն է։

Բրիտանական բարեսիրական կազմակերպութիւն մը կոչ ուղղեց յուսահատներուն կարեկից ու լսող ականջ մը տալու։ Այս կերպով անոր խորհրդատուները առաջարկեցին «մահը փոխարինող» լուծումներ մատուցանել։ Սակայն, անոնք ընդունեցին որ կարող չեն մարդոց յուսահատութեան սատարող խնդիրները լուծել։

Անձնասպանութիւններուն տոկոսը կը ցոլացնէ «ընկերութեան մէջ այլասիրութեան եւ ընկերային յարակցութեան պակասը», կը բացատրէ The Sunday Correspondent լրագիրը։ Ինչո՞ւ ներկայիս անձնասպանութեան տոկոսը այսքան բարձր է։ Լրագիրը կը յիշէ «անտնութիւնը, յաւելեալ խմիչքը, ԱԴԱ–ի [Aids] սպառնալիքը եւ հոգեբուժական հիւանդանոցներու մէջ փակուիլը» որպէս ազդակներ, որոնց պատճառով անհատներ այսքան խոր յուսահատութեան կը մատնուին եւ կը խորհին որ իրենց խնդիրներուն միակ լուծումը անձնասպանութիւնն է։

Յուսահատութիւնը վանելու որեւէ միջոց կա՞յ։ Այո՛։ Յիսուս հետեւեալ տոգորիչ կոչը կ’ընէ. «Ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք»։ (Ղուկաս 21։28) Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Ի՞նչ յոյս կայ։

[Ստորանիշ էջ 3]

a Ըստ Հէրիս, Արգըր եւ Ուաթքի կողմէ հրատարակուած Հին Կտակարանի Աստուածաբանական Բառագիրքին, «բռնութիւն» թարգմանուած բառին նախնական արմատը կապ ունի «համեստ վիճակ ունեցողները բեռնաւորելու, կոխկռտելու եւ ճզմելու» հետ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել