Յոյսը կը յաղթէ յուսահատութեան
ԸՍՏ բառարանի մը (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary), յուսահատութիւնը «յոյսի վերջնական կորուստն է»։ Յստակ է ուրեմն, որ յուսահատութեան յաղթելու համար յոյսի կարիքը ունինք։
Դժբախտ անհատ մը որ փողոց մնացած է, պիտի չյուսահատի երբ յոյս մը ունենայ։ Յոյսը՝ նոյնիսկ բժշկական յուսալքումէ տառապողներուն, տոկալու քաջութիւն եւ զօրութիւն կու տայ։ Բայց յոյսն ալ վստահ պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
Յոյսի Հիմը
Նկատի առէք թէ ի՛նչ պատահեցաւ Սարայի՝ Աբրահամի կնկան։ Ան արդէն 90 տարեկանի կը մօտենար եւ տակաւին ամուլ էր եւ շատոնց երախայ մը ունենալու յոյսը կորսնցուցած էր։ Սակայն, երբ իր ամուսինը 99 տարեկան էր, Եհովա տարիներ առաջ իր տուած խոստումը կրկնեց. Աբրահամ իրապէս «սերունդ» մը կամ ժառանգ մը պիտի ունենար։ Աբրահամ գիտցաւ որ այս խոստումը վստահելի էր։ Երեւակայեցէք որ Սարա որքա՜ն ուրախացաւ, երբ հրաշքով այդ ուրախ դէպքը տեղի ունեցաւ եւ Իսահակի ծնունդ տուաւ։ (Ծննդոց 12։2, 3. 17։1–4, 19. 21։2) Աստուծոյ վրայ դրած Աբրահամի վստահութիւնը անտեղի չէր, ինչպէս Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «[Աբրահամ] անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ»։—Հռովմայեցիս 4։20
Իր օրերուն Քրիստոնեայ եղող Հրեաներուն գրելով, Պօղոս անոնց երկու վաւերական պատճառներ տուաւ, որոնցմով կրնային Յիսուսով Աստուծոյ փրկութեան խոստումին վստահիլ։ Աբրահամի տուած Աստուծոյ խոստումին եւ անոր ընկերակցող աստուածային ուխտը յիշելով, առաքեալը հետեւեալ պատճառաբանութիւնը տուաւ. «մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդուն կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։ Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. որպէսզի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու»։ (Եբրայեցիս 6։16–18) Այո, Աստուծոյ խոստումները ճշմարիտ եւ վստահելի են։ Եհովա ամենակարող է եւ միայն ինքն է որ իր խօսքին կատարուլը կ’երաշխաւորէ։
Յոյսը՝ «Հաստատ ու Անշարժ»
Պօղոս գրեց որ Քրիստոնեային յոյսը «հաստատ ու անշարժ» է։ (Եբրայեցիս 6։19) Պօղոս գիտէր թէ իր յոյսը ի՛նչ բանի վրայ արմատացած էր։ Ան կը բացատրէ. «[Յոյսը] վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ»։ Ասոր իմաստը ի՞նչ է։ Պօղոս բացայայտօրէն կ’ակնարկէր Երուսաղէմի հին տաճարին։ Անոր մէջ կար Անենասուրբ մասը, որ մնացեալ կառոյցէն վարագոյրով մը բաժնուած էր։ (Ելից 26։31, 33. Մատթէոս 27։51) Անշուշտ, Երուսաղէմի տաճարը շատոնց կործանած է։ Ուստի, ներկայիս այդ Ամենասուրբ մասը ի՞նչ բանի կը համեմատի։
Ե՛րկնքին, ուր Աստուած կը գահակալէ։ Պօղոս ասիկա բացատրեց երբ ըսաւ, որ Յիսուս համբառնալէ ետք «ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը [Երուսաղէմի տաճարը] մտաւ, որ ճշմարիտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէսզի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ»։ (Եբրայեցիս 9։24) Ուստի, Քրիստոնէական յոյսը՝ որ մեզի կ’օգնէ յուսահատութեան դէմ պայքարելու՝ քաղաքական մարդոցմէ կախեալ չէ, այլ, երկնային կարգադրութիւն մըն է։ Անիկա կախեալ է Անկէ՝ որու Աստուած նշանակած է, Յիսուս Քրիստոսէ, որ իր կեանքը որպէս փրկանք տուաւ մեր մեղքերուն համար եւ որ հիմա Աստուծոյ առջեւ կը ներկայանայ ի նպաստ մեզի։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Ասկէ զատ, ինչպէս յաճախ ցոյց տրուած է այս պարբերաթերթով, այս նոյն Յիսուսը Աստուծոյ կողմէ նշանակուած է որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եւ արդէն 1914–էն ի վեր կ’իշխէ։ Այս երկնային Թագաւորութիւնը շուտով մէջտեղէն պիտի վերցնէ շատերը յուսահատեցնող պատճառները։
Յոյսը՝ «Խարիսխ մը Մեր Անձին»
Իր ընթերցողներուն համոզելու համար որ Յիսուսի միջոցաւ իրենց փրկութեան յոյսը զօրաւոր հիմի վրայ հաստատուած է, Պօղոս նմանութիւն մը գործածեց. այս «յոյսը», բացատրեց ան, «ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը»։—Եբրայեցիս 6։19
Պօղոսի նման ճամբորդողներուն շատ ծանօթ էր խարիսխը։ Հին խարիսխները շատ նման էին արդի խարիսխներուն, որոնք յաճախ երկաթէ շինուած կ’ըլլային, ատամանման երկու ծայրերով, որպէսզի ծովուն հունին մէջ ամրցուի։ Երբ դէպի Հռովմ կը ճամբորդէր Հ.Դ. 58–ի ատենները, Պօղոսի նաւը աւազին մէջ խրուելու վտանգին տակ էր։ Բայց երբ նաւը երթալով աւելի ծանծաղուտ մասեր գնաց, նաւաստիները «ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին»։ Այդ խարիսխներուն շնորհիւ նաւը փոթորիկէն պաշտպանուեցաւ։—Գործք 27։29, 39, 40, 44
Արդ, ի՞նչ պէտք է ընէք որպէսզի ձեր յոյսը խարիսխի մը նման ապահով ըլլայ եւ տնտեսական նեղութիւններէն, ֆիզիքական կամ զգացական հիւանդութենէ, կամ ձեր դիմաց ելած ուրիշ որեւէ «փոթորիկէ» անվնաս դուրս գայ։ Նախ, վստահ եղէք որ Աստուածաշունչի խոստումները վստահելի են։ «Ամէն բան փորձեցէք [ամէն բանէ վստահ եղէք]»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12) Երբ յաջորդ անգամ Եհովայի վկաները ձեզի խօսին, անոնց մտիկ ըրէք։ Եթէ ձեր բնակած շրջանը շատ քիչ կ’այցելեն, ձեզի ամենամօտ Թագաւորութեան Սրահը գացէք ու զանոնք գտէք։ Ձեզի պիտի չստիպեն որ իրենց միանաք, այլ, ձեր ուզած տեղը եւ ձեր յարմար ժամանակին Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն մը պիտի առաջարկեն ձեզի։
Այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը ձեզ պիտի վստահեցնէ, որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Պիտի սորվիք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի վերցնէ այսքան յուսահատութիւն պատճառող ապականութիւնը եւ անհաւասարութիւնը։ Այդ Թագաւորութեան ներքեւ, այս երկիրը դրախտի մը պիտի վերածուի եւ Աստուած զինք սիրողներուն յաւիտենական կեանք պիտի տայ։ (Սաղմոս 37։29. Յայտնութիւն 21։4) Ի՜նչ փառաւոր յոյս մը։
Աստուածաշունչը զգուշութեամբ կարդացէք, տեսնելու համար որ այս յոյսը իրական է։ Ապա, Աստուծոյ հետ անձնական սերտ յարաբերութիւն մը մշակեցէք, Աբրահամի նման իր բարեկամը ըլլալով։ (Յակոբու 2։23) Քանի որ Եհովան «աղօթքի Լսող» է, ձեր հոգերը անոր պատմեցէք։ Երբ անկեղծութեամբ մօտենաք, ձեր աղօթքը պիտի օգնէ ձեզի որ ձեր բեռը թեթեւնայ եւ ձեր յուսահատութեան յաղթահարէք։ Աստուծոյ հոգին նոյնիսկ կրնայ ձեզ յուսահատեցնող պարագաները փոխել։—Սաղմոս 55։22. 65։2. Ա. Յովհաննու 5։14, 15
«Ամուր Բռնեցէ՛ք»
Իր հետեւորդներուն յանձնարարելէ ետք որ ‘ամէն բան փորձեն’, Պօղոս կ’աւելցնէ. «Բարին ամուր բռնեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է, Քրիստոնէական յոյսը ամուր բռնող ուրիշներուն հետ ընկերակցիլ։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւոր զգուշացուց. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Թոյլ մի՛ տաք որ նախապաշարումը կամ անճարակութեան զգացումը ձեզի արգելք հանդիսանայ լաւ ընկերակցութիւն փնտռելու։ Եհովայի Վկաներուն մէջ, զոր օրինակ, անհատներ կան որոնք անյոյս էին։ Սակայն Աստուածաշունչը սերտելը եւ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլը, Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը կը զօրացնէ եւ անոնց վստահելի, խարսխանման յոյս մը կու տայ։ Ասիկա իրապէս յուսահատութեան կը յաղթէ՞։ Վստա՛հաբար։
Նկատի առէք Անմարիի օրինակը, որ յուսահատած էր ամուսինին կողմէ կրած բրտութեան պատճառով։ «Որոշեցի կեանքիս վերջ դնել», կը բացատրէ ան, «բայց պատճառով մը նախ որոշեցի Աստուծոյ աղօթել։ Կը յիշեմ որ ըսի. ‘Ինչո՞ւ ինծի չես օգներ։ Այսքան ատեն քեզի յուսացի, բայց օգուտ մը չըրաւ’։ Աղօթքս վերջացուցի եզրակացնելով որ կեանքը նպատակ մը չունի, ուստի աւելի լաւ է մեռնիմ։ Այդ պահուն դուռը զարնուեցաւ։ Որոշեցի կարեւորութիւն չտալ, յուսալով որ ո՛վ որ է պիտի երթայ։
«Շարունակուեցաւ դուռը ծեծուիլ եւ ես սկսայ մտահոգուիլ։ Արցունքներս սրբեցի եւ գացի որ տեսնեմ թէ ով է, յուսալով շուտով ձերբազատուիլ եւ ընելիքս՝ ընել։ Բայց», կ’ըսէ Անմարի, «փառք կու տամ Եհովայի որ այդպէս չեղաւ պարագան, քանի որ երբ դուռը բացի, տեսայ որ երկու կիներ կային դռան առջեւ։ Ճիշդ է որ շփոթած էին եւ շատ չհասկցայ ինչ որ կ’ըսէին, բայց ինծի գիրք մը տուին, որ կը բացատրէր որ կեանքը նպատակ մը ունի։ Ճիշդ այդ բանին պէտք ունէի, որպէսզի կեանքին հանդէպ իմ հետաքրքրութիւնս վերարծարծուէր»։ Այցելուները իր հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու կարգադրութիւն մը ըրին։ Անմարին սորվեցաւ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալ եւ ասիկա իր կարգին, կեանքի մէջ նպատակ մը տուաւ իրեն։ Հիմա ան ուրիշներուն կ’օգնէ որ Աստուծոյ վստահին։
Թերեւս յուսացած էք որ ձեր յուսահատութիւնը վերջ գտնէ, առանց գիտակցելու թէ անիկա ի՛նչ կը բովանդակէ։ Բայց եթէ որեւէ ատեն աղօթած էք՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ», ուրեմն Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթած էք, զոր աշխարհէ պիտի սրբէ այն բոլոր բաները զորս արդարամիտ անհատներուն յուսահատութեան պատճառ կ’ըլլան։ (Մատթէոս 6։10) Աստուածաշունչի ձեր անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ այդ նոյն վստահութիւն ունեցող ուրիշներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլը, պիտի օգնէ որ աւելի զօրաւոր կերպով կառչիք Եհովայի Թագաւորութեան գալուն եւ մեր երկիրը Դրախտի վերածելուն։ (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19) Այս է այն փառաւոր յոյսը որ այս պարբերաթերթը կը ծանուցանէ իր ամէն թիւին մէջ։ Սրտանց ողջունեցէք այդ յոյսը, յուսահատութեան դէմ պայքարելու համար։ Իրապէս, յոյսը «ամօթով չի ձգեր»։—Հռովմայեցիս 5։5
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը մեզի յոյս կու տայ որ կը ծառայէ «իբրեւ խարիսխ մեր հոգիներուն»