Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 2/1 էջ 3-4
  • Մեղքը ինչպէ՞ս կը նկատէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մեղքը ինչպէ՞ս կը նկատէք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արեւմուտքի մէջ Մեղքի Գաղափարը կ’Աղօտի
  • Առանց մեղքի աշխարհ մը—Ինչպէ՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Երբ մեղքը չքանայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Մեղքին նկատմամբ ի՞նչ փոխուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մեղքը ի՞նչ է
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 2/1 էջ 3-4

Մեղքը ինչպէ՞ս կը նկատէք

«ԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ աղօթքին մէջ միշտ մեր մեղքերուն թողութիւնը կը խընդրէ», գանգատեցաւ տանտիկին մը՝ որ Եհովայի Վկայի մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ։ «Կարծես թէ ես ոճրագործ մըն էի»։ Այս կնոջ նման, այսօր շատեր եթէ ոճիր մը չեն գործած, չեն գիտակցիր իրենց մեղքերուն։

Մանաւանդ Արեւելեան երկիրներուն մէջ, ուր մարդիկ աւանդականօրէն ժառանգուած մեղքի մասին որեւէ գաղափար չունին, ինչպէս որ կ’ուսուցուի Հրեայ–Քրիստոնէական կրօնքներուն մէջ։ (Ծննդոց 3։1–5, 16–19. Հռովմայեցիս 5։12) Օրինակի համար, Շինթոյականները մեղքը կը բնորոշեն որպէս կեղտ որ դիւրութեամբ կրնայ սրբուիլ երբ քահանան իր գաւազանը ճօճէ, որուն ծայրը թուղթ մը կամ քթան մը կապուած է։ Այս արարողութեան մէջ գործուած մեղքին համար զղջում չպահանջուիր։ Ինչո՞ւ։ «Ոչ միայն չար արարքները, այլ նաեւ՝ բնութեան անղեկավարելի աղէտները կոչուած են ձումի [մեղք]», կը բացատրէ համայնագիտարան մը (Kodansha Encyclopedia of Japan)։ Բնական աղէտները՝ ձումիներ որոնց մարդ պատասխանատու չէ, մեղքեր նկատուած էին, զորս մաքրական ծէսերը զանոնք դադրեցնելու պատճառ կ’ըլլային։

Ասիկա առաջնորդեց այն գաղափարին թէ որեւէ մեղք, նոյնիսկ յօժարակամօրէն գործուած չար արարքները (ի բացառեալ օրէնքին կողմէ պատժուելի ոճիրները), կրնար սրբուիլ մաքրական ծէսերով։ «Ճաբոնի մէջ Քաղաքական Մաքրական Ծէսեր» խորագրին ներքեւ, The New York Times այսպիսի մտածելակերպի մը ակնարկեց եւ բացատրեց որ Ճաբոնի մէջ խայտառակութիւններու ձեռնմուխ եղած քաղաքագէտներ իրենք զիրենք «մաքրուած» կը սեպեն, երբ քուէարկողներու կողմէ դարձեալ ընտրուին։ Ուստի, որեւէ իրական սրբագրում չի կատարուիր եւ նոյնանման խայտառակութիւններ կրնան դարձեալ պատահիլ։

Սամսարայի, կամ վերածնունդի եւ Գարմայի վարդապետութեան հաւատացող Պուտտայականները տարբեր հայեցողութիւն մը ունին։ «Ըստ գարմանի վարդապետութեան», կը բացատրէ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլ.), «լաւ վարքը հաճելի եւ ուրախ արդիւնք մը կու տայ եւ նոյնանման բարի արարքներու հակում մը կը ստեղծէ, մինչդեռ գէշ վարքը գէշ արդիւնք կու տայ եւ չար արարքներ կրկնելու հակում մը կը ստեղծէ»։ Ուրիշ խօսքով, մեղաւոր վարքը գէշ պտուղներ կը բերէ։ Գարմայի ուսուցումը կապակցութիւն ունի վերածնունդի ուսուցումին հետ, քանի որ կ’ըսուի թէ կարգ մը Գարմաներ արարքը գործուած կեանքէն շատ հեռաւոր ապագայի մէջ պտուղ կու տան։

Այս ուսուցումը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի հաւատացեալներուն վրայ։ Պուտտայական կին մը որ անկեղծօրէն կը հաւատար Գարմային, ըսաւ. «Կը խորհէի որ իմաստ չունէր բանի մը համար տառապիլ, որմով ես ծնած էի, բայց որու մասին բան մը չէի գիտեր։ Զայն պէտք էր ընդունէի որպէս իմ ճակատագիրս։ Սութրաներ երգելը եւ լաւ կեանք մը ապրելու համար ճիգ թափելը խնդիրս չէր լուծեր։ Անհաճելի բնաւորութիւն մը ունեցայ եւ դժգոհող եղայ, միշտ գանգատելով»։ Չար վարքի արդիւնքներուն մասին Պուտտայական ուսուցումը ինքզինք անարժէք զգալու զգացումը տուաւ անոր։

Կոնբիւկիոսականութիւնը, Արեւելեան ուրիշ կրօնք մը, մարդկային չարութեան հետ վարուելու մասին տարբեր տեսակէտ մը սորվեցուց։ Ըստ Կոնփիւկիոսեան երեք մեծ փիլիսոփաներէն մէկուն՝ Շիւն–ցուին, մարդը բնոյթով չար է եւ անձնասէր ըլլալու հակումը ունի։ Մեղաւոր հակումներ ունեցող մարդոց մէջ ընկերային կարգ կանոնը պահելու համար, ան շեշտեց լիի կարեւորութիւնը, որ կը նշանակէ պարկեշտ վարք, քաղաքավարութիւն եւ իրերու կարգապահութիւն։ Ուրիշ Կոնփիւկիոսեան փիլիսոփայ մը՝ Մէնկ–ցուն, մարդկային բնոյթին մասին հակառակ տեսակէտ մը արտայայտելով հանդերձ, ընկերային չարիքներու գոյութիւնը ընդունեց եւ հաւատալով որ մարդոց բնոյթը բարի է, լուծումի համար ինքնաբարելաւման վստահեցաւ։ Երկու կերպով ալ, Կոնփիւկիոսեան փիլիսոփաները սորվեցուցին դաստիարակութեան եւ մարզումի կարեւորութիւնը, աշխարհի մէջ մեղքի դէմ պայքարելու համար։ Թէեւ անոնց ուսուցումները լիի անհրաժեշտութեան հետ համաձայն են, սակայն մեղքի եւ չարի նկատմամբ անոնց ըմբռնումը շատ անորոշ է։—Բաղդատել Սաղմոս 14։3. 51։5։

Արեւմուտքի մէջ Մեղքի Գաղափարը կ’Աղօտի

Արեւմուտքին մէջ, մեղքի մասին տեսակէտները աւանդականօրէն յստակ եւ որոշ էին եւ շատեր կը համաձայնէին, թէ մեղքը գոյութիւն ունի եւ թէ անկէ պէտք է խուսափիլ։ Սակայն, մեղքին հանդէպ Արեւմուտքին դիրքը փոխուելու վրայ է։ Շատեր մեղքի գիտակցութիւնը բոլորովին կը մերժեն եւ խղճի ձայնը «յանցապարտութեան զգացում» որակելէն կը խուսափին։ Շուրջ 40 տարիներ առաջ, Փիուս ԺԲ. Պապը ողբաց. «Այս դարուն մեղքը մեղքին հանդէպ ամէն գիտակցութեան կորուստն է»։ Կաթողիկէ շաբաթաթերթի մը (Le Pèlerin) մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը համաձայն, մեծամասնութիւնը Հռովմէական Կաթողիկէ ըլլալ դաւանող Ֆրանսայի բնակչութեան ապշեցուցիչօրէն 90 տոկոսը այլեւս չի հաւատար մեղքի։

Արդարեւ, թէ՛ Արեւելքի եւ թէ Արեւմուտքի մէջ այնպէս կը թուի որ շատեր ինքնահաճոյութեամբ կ’ապրին առանց մեղքի գիտակցութեամբ մը խանգարուելու։ Սակայն, ատիկա կը նշանակէ՞ թէ մեղքը գողութիւն չունի։ Կրնա՞նք զայն անտեսել եւ ապահով ըլլալ։ Արդեօք օր մը մեղքը պիտի չքանա՞յ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել