Դաստիարակութիւնը՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն
«Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք»։—Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11։19
1. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա հետաքրքրուած է իր ծառաներուն դաստիարակութեամբ։
ԵՀՈՎԱ Մեծ Դաստիարակն է։ Ան իր ծառաները տգիտութեան մէջ երբեք չէ ձգած։ Ան միշտ յօժար եղած է անոնց հետ գիտութիւն բաժնելու։ Ան իր կամքն ու ճամբաները անոնց կը սորվեցնէ։ Անհամար հազարաւոր տարիներու ընթացքին իր միածին Որդին իր քովն էր, յարատեւ սորվելով որպէս Աստուծոյ «ճարտարապետ»ը։ (Առակաց 8։30) Յիսուս երբ երկրի վրայ էր ըսաւ. «Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ»։ (Յովհաննու 8։28) Աստուծոյ ակնարկելով որպէս Անբաղդատելի Դաստիարակը, Եղիուս հարցուց. «Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել»։ (Յոբ 36։22) Եսայի մարգարէն Եհովայի մասին խօսեցաւ որպէս Իր ժողովուրդին «Մեծ Ուսուցիչը» եւ մարգարէացաւ. «Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ»։ (Եսայեայ 30։20, ՆԱ. Եսայեայ 54։13) Աներկբայելիօրէն, Եհովա կը փափաքի որ իր մտացի արարածները լուսաբանուած եւ լաւ դաստիարակուած ըլլան։
Նահապետական Դաստիարակութիւնը
2, 3. (ա) Հաւատարիմ նահապետները ի՞նչպէս դիտեցին իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան, եւ Եհովա Աբրահամին ի՞նչ հրահանգ տուաւ։ (բ) Աբրահամի սերունդը դաստիարակելու հրահանգին ետին ի՞նչ մեծ նպատակ մը կար։
2 Նահապետական ժամանակներուն ընտանիքի գլուխին հիմնական առանձնաշնորհումներէն մէկն էր իր զաւակներուն եւ իր տանը սորվեցնել։ Աստուծոյ ծառաներուն համար կրօնական պարտականութիւն մըն էր որ իրենց զաւակները դաստիարակէին։ Իր Աբրահամ ծառային մասին Եհովա ըսաւ. «Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէսզի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։—Ծննդոց 18։19
3 Աստուածային այս խօսքը ցոյց կու տայ թէ Եհովա դաստիարակութիւնը մեծապէս կարեւոր նկատեց։ Աստուած Աբրահամէն, Իսահակէն, եւ Յակոբէն պահանջեց որ իրենց ընտանիքներուն ուսուցանեն արդարութեան ու իրաւունքի Իր ճամբաները, այնպէս որ ապագայ սերունդները ի վիճակի պիտի ըլլային Եհովայի ճամբան պահելու։ Հետեւաբար, Եհովա Աբրահամի սերունդին եւ «երկրի բոլոր ազգերը» օրհնելու առնչութեամբ իր խոստումները պիտի կատարէր։—Ծննդոց 18։18. 22։17, 18
Դաստիարակչական Դրութիւնը Իսրայէլի մէջ
4, 5. (ա) Ի՞նչ բան զատորոշեց Իսրայէլի դաստիարակչական դրութիւնը ուրիշ ազգերու ունեցածէն։ (բ) Ուրիշ ի՞նչ կարեւոր տարբերութիւն մը ուրուագծուած է Հրէական Համայնագիտարանին մէջ, եւ ի՞նչ բան անկասկած նպաստեց այս տարբերութեան։
4 Հրէական Համայնագիտարանը [Դիտ. Հոկտեմբեր 1, 1991, էջ 12, պարբ. 18] կը նշէ. «Աստուածաշունչը գլխաւոր աղբիւրն է հասկնալու համար դաստիարակութեան գործողութիւնը վաղեմի Իսրայէլի մէջ»։ Եհովա Մովսէսը գործածեց որպէս Իսրայէլի առաջին մարդկային ուսուցիչը։ (Բ. Օրինաց 1։3, 5. 4։5) Մովսէս Եհովային կողմէ իրեն տրուած խօսքերը հաղորդեց։ (Ելից 24։3) Ուստի, Աստուած իրապէս Իսրայէլի գլխաւոր դաստիարակն էր։ Ասիկա ինքնին Իսրայէլի դաստիարակչական դրութիւնը զատորոշեց ուրիշ ազգերու ունեցածէն։
5 Նոյն տեղեկատուական երկը կը յայտարարէ. «Բարձրագոյն ուսումը կամ անգործնական ուսմունքը Միջագետքի ու Եգիպտոսի մէջ պաշտօնական էր եւ դպրական դասակարգին սահմանափակուած էր, ինչ որ կը թուի թէ Իսրայէլի մէջ պարագան նոյնը չէր։ Տարբերութիւնը անկասկած Եբրայեցիներուն գործածած աւելի պարզ եղող գրելու այբուբենական մեթոտին պատճառաւ էր։ . . . Ուսման պատմութեան համար այբուբենական գրութեան կարեւորութիւնը պէտք չէ անտեսուի։ Ան առաջնորդեց որ անջատում ըլլայ Եգիպտոսի, Միջագետքի, եւ երկրորդ հազարամեայի Քանանու աւանդական դպրական մշակոյթներէն։ Գրագէտ ըլլալը այլեւս արուեստաւոր դպիրներու եւ քահանաներու դասակարգի մը բնորոշիչ եւ բացարձակ յատկանիշը չէր, որոնք հմուտ էին խրթին սեպաձեւ ու մեհենագրական ձեռագիրներուն մէջ»։
6. Սուրբ Գրային ի՞նչ ապացոյց կայ թէ իրենց պատմութեան սկիզբէն իսկ, Իսրայելացիները գրագէտ ժողովուրդ մըն էին։
6 Աստուածաշունչը ապացոյց կը հայթայթէ թէ Իսրայելացիները գրագէտ ժողովուրդ մըն էին։ Անոնք Խոստացեալ Երկիրը մտնելէն առաջ իսկ, ըսուեցաւ իրենց որ Եհովայի օրէնքները գրեն իրենց դրանդիքներուն եւ դռներուն վրայ։ (Բ. Օրինաց 6։1, 9. 11։20. 27։1–3) Մինչ այս պատուէրը անկասկած այլաբանական էր, վստահաբար անիկա նշանակութիւն մը պիտի չունենար հասարակ Իսրայելացիին եթէ չգիտնար ինչպէ՛ս կարդալ եւ գրել։ Համարներ ինչպէս՝ Յեսուայ 18։9 եւ Դատաւորաց 8։14, ցոյց կու տան թէ ուրիշներ, Մովսէսի ու Յեսուի նման առաջնորդներու կողքին, Իսրայէլի մէջ թագաւորութիւնը հաստատուելէն շատ առաջ գիտէին ինչպէ՛ս գրել։—Ելից 34։27. Յեսուայ 24։26
Սորվեցնելու Մեթոտները
7. (ա) Ըստ Սուրբ Գրութեանց, որո՞նք տուին Իսրայելացի մանուկներուն իրենց հիմնական դաստիարակութիւնը։ (բ) Ի՞նչ տեղեկութիւններ տրուած են Աստուածաշունչի Ֆրանսացի ուսումնականի մը կողմէ։
7 Իսրայէլի մէջ, մանուկները ուսուցուեցան շատ կանուխ տարիքէն թէ՛ հօր եւ թէ մօր կողմէ։ (Բ. Օրինաց 11։18, 19. Առակաց 1։8. 31։26) Ֆրանսերէն Աստուածաշունչի Բառարանին [Suggestion] մէջ, Աստուածաշունչի ուսումնական Ի. Մանժինօ [Suggestion] գրեց. «Անմիջապէս որ կարենար խօսիլ, մանուկը կը սորվէր Օրէնքէն մի քանի հատուածներ։ Անոր մայրը համար մը կը կրկնէր. երբ կը գիտնար զայն, ուրիշ համար մը կու տար իրեն։ Հետագային, մանուկներուն ձեռքը կը տրուէր այն համարներուն գրութիւնը զորս արդէն կրնային գոց ըսել։ Այսպիսով անոնք կը սկսէին կարդալ, եւ երբ աւելի մեծ կ’ըլլային, կրնային իրենց կրօնական կրթութիւնը շարունակել Տէրոջ օրէնքին մասին կարդալով ու խոկալով»։
8. (ա) Սորվեցնելու ի՞նչ գլխաւոր մեթոտ գործածուեցաւ Իսրայէլի մէջ, բայց ի՞նչ կարեւոր յատկանիշով։ (բ) Յիշողութեան ի՞նչ օժանդակներ գործածուեցան։
8 Ասիկա կը թելադրէ թէ սորվեցնելու գործածուած գլխաւոր մեթոտ մըն էր բաները գոց սորվիլ։ Եհովայի օրէնքներուն եւ իր ժողովուրդին հետ ունեցած վերաբերմունքներուն առնչութեամբ ուսուցուած բաները պէտք էր սրտին թափանցէին։ (Բ. Օրինաց 6։6, 7) Անոնց մասին պէտք էր խոկալ։ (Սաղմոս 77։11, 12) Պատանիներուն եւ աւելի չափահասներուն օգնելու որ գոց սորվին, յիշողութեան այլազան օժանդակներ գործածուեցան։ Ասոնք պարփակեցին այբուբենական ծայրանուններ՝ յաջորդական համարներ սաղմոսի մը մէջ որոնք կը սկսին տարբեր տառով մը այբուբենի կարգով (ինչպէս Առակաց 31։10–31). նմանատառութիւն (բառեր որոնք կը սկսին նոյն տառով կամ ձայնով). եւ թիւեր գործածել, անոնց նման որոնք գործածուեցան Առակաց 30–րդ գլուխին վերջին կիսուն մէջ։ Հետաքրքրականօրէն, կարգ մը ուսումնականներ կը կարծեն թէ Գազերի Տոմարը՝ Եբրայերէն վաղեմի գրութեան ամենահին օրինակներէն մէկը, աշակերտի մը գոց սորվելու փորձն է։
Դասընթացքը
9. (ա) Ի՞նչ բան կարեւոր մաս կը կազմէր ուսումնասիրելու յայտագրէն Իսրայելացի մանուկներուն համար։ (բ) Աստուածաշունչի Համայնագիտարան մը ի՞նչ կը նշէ տարեկան տօներուն հետ կապակցաբար տրուած ուսուցումին մասին։
9 Դաստիարակութիւնը Իսրայէլի մէջ միայն կարդալն ու գրելը սորվելու համար չէր։ Ուսուցուած կարեւոր նիւթ մըն էր պատմութիւնը։ Իր ժողովուրդին ի նպաստ Եհովայի սքանչելի արարքներուն մասին սորվիլը դասընթացքին էական մէկ մասն էր։ Այս պատմական իրողութիւնները պէտք էր ուսուցուէին սերունդէ սերունդ։ (Բ. Օրինաց 4։9, 10. Սաղմոս 78։1–7) Տարեկան տօները տօնելը հայթայթեց ընտիր պատեհութիւն մը ընտանիքի գլուխին որ իր զաւակներուն սորվեցնէ։ (Ելից 13։14. Ղեւտացւոց 23։37–43) Ասոր կապակցաբար Աստուածաշունչի Միջազգային Բարձրադաս Համայնագիտարանը [Դիտ. Յուլիս 1, 1991, էջ 21] կը նշէ. «Տան մէջ հօր հրահանգին միջոցաւ եւ տօներուն նշանակութեան մասին անոր բացատրութիւններով, Եբրայեցի մանուկները կ’ուսուցուէին թէ ինչպէ՛ս Աստուած անցեալին ինքզինք յայտնած էր իրենց, ինչպէ՛ս պէտք էր ապրէին ներկայիս, եւ ի՛նչ էին Աստուծոյ խոստումները Իր ժողովուրդին ապագային նկատմամբ»։
10. Գործնական ի՞նչ մարզում տրուեցաւ աղջիկներուն եւ մանչերուն։
10 Ծնողական դաստիարակութիւնը գործնական մարզում պարփակեց։ Աղջիկներուն կը սորվեցնէին տնական հմտութիւնները։ Առակաց գրքին փակման գլուխը ցոյց կու տայ թէ ասոնք շատ եւ այլազան էին. անոնք պարփակեցին մանել, հիւսել, եփել, առեւտուր ընել, եւ տան ընդհանուր գործերուն վարչութիւն ընել։ Մանչերուն սովորաբար կը սորվեցնէին իրենց հօր աշխարհային զբաղումը, ըլլայ երկրագործութեան վերաբերեալ կամ որոշ արհեստ կամ ճարտարութիւն։ Հետագային Հրեայ ռաբբիները վարժ էին ըսելու. «Ան որ իր մանչին չի սորվեցներ օգտակար արհեստ մը զինք կը մեծցնէ գող մը ըլլալու»։
11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակը Իսրայէլի մէջ, եւ ասիկա ի՞նչ դաս կը բովանդակէ դեռահասակներուն համար այսօր։
11 Իսրայէլի մէջ գործածուած սորվեցնելու մեթոտներուն հոգեւոր խորութիւնը ակներեւ է ամբողջ Առակաց գրքին մէջ։ Ան ցոյց կու տայ թէ նպատակն էր «միամիտներուն» սորվեցնել այնպիսի վսեմ բաներ ինչպէս իմաստութիւն, խրատ, հասկացողութիւն, ներատեսութիւն, դատողութիւն, սրամտութիւն, գիտութիւն, եւ հանճար—այս ամէնը «Տէրոջը վախ»ովը։ (Առակաց 1։1–7. 2։1–14) Ան կը շեշտէ այն շարժառիթները որոնք պէտք է Աստուծոյ ծառան մղեն այսօր իր ուսումը բարելաւելու։
Քահանաներ, Ղեւտացիներ, եւ Մարգարէներ
12. Ծնողներէն զատ ո՞վ բաժին բերաւ Իսրայէլ ժողովուրդը զարգացնելուն մէջ, եւ «օրէնք» թարգմանուած Եբրայերէն բառին հիմնական նշանակութիւնը ի՞նչ է։
12 Մինչ հիմնական դաստիարակութիւնը հայթայթուած էր ծնողներուն կողմէ, Եհովա իր ժողովուրդը աւելի զարգացուց քահանաներուն, քահանայ չեղող Ղեւտացիներուն, եւ մարգարէներուն միջոցաւ։ Իր վերջին օրհնութեան մէջ Ղեւիի ցեղին վրայ, Մովսէս ըսաւ. «Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին»։ (Բ. Օրինաց 33։8, 10) Յատկանշականօրէն, Եբրայերէն «օրէնք» բառը (թոհրահ [Suggestion]) ծագում առած է արմատէ մը որ իր բայական ձեւով կը նշանակէ «ցոյց տալ», «սորվեցնել», «հրահանգել»։ Հրէական Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Հետեւաբար [թորահ] բառին նշանակութիւնն է ‘ուսուցում’, ‘վարդապետութիւն’, կամ ‘հրահանգ’»։
13. Իսրայէլի Օրէնքը ինչո՞ւ տարբեր էր ուրիշ ազգերու օրինական դրութիւններէն։
13 Ասիկա նաեւ զատեց Իսրայէլը միւս ազգերէն եւ նոյնիսկ այժմու ազգերէն։ Քաղաքական ազգերը այսօր խումբ մը օրէնքներ ունին որմէ հասարակ ժողովուրդը միայն մաս մը գիտէ։ Մարդիկ երբ օրէնքին հակառակ գործեն, կը ստիպուին փաստաբաններուն բարձր աշխատավարձք վճառել որպէսզի իրենց պաշտպանեն։ Իրաւագիտութեան դպրոցները մասնագէտներուն համար են։ Սակայն, Իսրայէլի մէջ Օրէնքը Աստուծոյ միջոցն էր իր ժողովուրդին ըսելու թէ ի՛նչ կերպով ուզեց որ զինք պաշտեն ու իր կամքին համաձայն ապրին։ Ուրիշ օրինագրքերու աննման ըլլալով, անիկա պարփակեց սէր Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ։ (Ղեւտացւոց 19։18. Բ. Օրինաց 6։5) Օրէնքը ոչ–անձնական կանոնի գիրք մը ըլլալէ շատ հեռու էր։ Ան վարդապետութիւն, ուսուցում, եւ հրահանգ հայթայթեց ապրելակերպով մը զոր պէտք էր սորվէին։
14. Ի՞նչ էր պատճառներէն մէկը թէ ինչու Եհովա մերժեց Ղեւտական քահանայութիւնը։ (Մաղաքեայ 2։7, 8)
14 Մինչ հաւատարիմ էին, քահանաներն ու Ղեւտացիները ժողովուրդին սորվեցնելու իրենց պատասխանատուութիւնը կատարեցին։ Բայց շատ յաճախ, քահանաները անտեսեցին ազգը զարգացնելու իրենց պարտականութիւնը։ Այս դաստիարակութեան պակասը Աստուծոյ Օրէնքին նկատմամբ ողբալի հետեւանքներ պիտի ունենար թէ՛ քահանաներուն եւ թէ ժողովուրդին համար։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եհովա մարգարէացաւ. «Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէսզի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։ Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ»։—Ովսեայ 4։6
15. (ա) Քահանաներէն զատ, Եհովա որո՞նց հանեց որպէս ուսուցիչներ Իսրայէլի մէջ, եւ Աստուածաշունչի ուսումնական մը ի՞նչ գրեց անոնց դերին մասին որպէս դաստիարակներ։ (բ) Վերջապէս ի՞նչ պատահեցաւ Իսրայէլի եւ Յուդայի քանի որ Եհովայի ու իր ճամբաներուն գիտութիւնը մերժեցին։
15 Քահանաներուն նման, Եհովա հանեց մարգարէներ որպէս դաստիարակներ։ Կը կարդանք. «Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. ‘Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի’»։ (Դ. Թագաւորաց 17։13) Իսկ մարգարէներուն դերին նկատմամբ որպէս դաստիարակներ, Աստուածաշունչի Ֆրանսացի ուսումնական Ռոլան տը Վօ [Դիտ. Հոկտեմբեր 1, 1991, էջ 11, պրբ. 14] գրեց. «Մարգարէներն ալ պաշտօն ունէին ժողովուրդին հրահանգելու. ասիկա առնուազն մաս կը կազմէր իրենց գործէն ինչպէս ապագան գուշակելը։ Եւ մարգարէական ներշնչումը իրենց քարոզչութեան տուաւ Աստուծոյ խօսքի մը հեղինակութիւնը։ Ստուգ է թէ թագաւորութեան ներքեւ մարգարէները ժողովուրդին կրօնական ու բարոյական ուսուցիչներն էին. եւ, կրնանք աւելցնել, անոնց բոլոր ուսուցիչներուն լաւագոյնները, եթէ ոչ միշտ մեծապէս իրենց հետեւած են»։ Քահանաներուն եւ Ղեւտացիներուն կողմէ տրուած պատշաճ դաստիարակութեան պակասին պատճառաւ ինչպէս նաեւ թերանալով Եհովայի մարգարէներուն հետեւելու, Իսրայելացիները Եհովայի ճամբաները լքեցին։ Հ.Դ.Ա. 740–ին Սամարիա ինկաւ Ասորեստանցիներուն ձեռքը, եւ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմ ու իր տաճարը կործանուեցան Բաբելոնացիներուն կողմէ։
Դաստիարակութիւնը Գերութեան Ընթացքին եւ Անկէ Ետք
16, 17. (ա) Ի՞նչ դաստիարակչական յայտագիր պարտադրուեցաւ Դանիէլի եւ իր երեք ընկերներուն վրայ։ (բ) Ի՞նչ բան զիրենք կարող դարձուց որ ենթարկուին այս Բաբելոնական դաստիարակութեան բայց Եհովային հաւատարիմ մնան։
16 Երուսաղէմի կործանումէն շուրջ տասը տարի առաջ, Յովաքին Թագաւորը եւ իշխաններու ու ազնուականներու խումբ մը Բաբելոն տարուեցան Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին կողմէ։ (Դ. Թագաւորաց 24։15) Անոնց մէջ էին Դանիէլ եւ երեք ուրիշ պատանի ազնուականներ։ (Դանիէլ 1։3, 6) Նաբուգոդոնոսոր հրամայեց որ չորսն ալ երեք տարուայ մասնաւոր մարզումի մը ենթարկուին «Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն» սորվելու։ Ասկէ զատ, անոնք կը ստանային «օրական ռոճիկ . . . թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն»։ (Դանիէլ 1։4, 5) Ասիկա վտանգաւոր էր մի քանի պատճառներու համար։ Հաւանաբար, ուսուցման յայտագիրը պարզապէս երեք տարուայ լեզուի դասընթացք մը չէր։ Ոմանք կը խորհին թէ «Քաղդէացիներ» բառը այս հատուածին մէջ կը նշանակէ, «ոչ թէ Բաբելոնացիները որպէս ժողովուրդ մը, այլ ուսեալ դասակարգը»։ (Տը Սոնչինօ Պուքս աւ տը Պայպըլ [Դիտ. Դեկտեմբեր 1, 1986, էջ 4]) Դանիէլ գրքին մասին իր մեկնութեան մէջ, Ք. Ֆ. Գէյլ կ’ըսէ. «Դանիէլ եւ իր ընկերները պիտի զարգացուէին Քաղդէացի քահանաներու եւ ուսեալ մարդոց իմաստութեան նկատմամբ, որ կ’ուսուցուէր Բաբելոնի դպրոցներուն մէջ»։ Թագաւորին կողմէ յատկացուած ճաշի ռոճիկը զիրենք նաեւ վտանգի տակ դրաւ որ բռնաբարեն Մովսիսական Օրէնքին միջոցաւ հարկադրուած սննդական սահմանափակումները։ Անոնք ինչպէ՞ս գլուխ ելան։
17 Որպէս խօսնակ չորս Հրեայ պատանի ազնուականներուն համար, Դանիէլ սկիզբէն իսկ յստակ ըրաւ թէ իրենք պիտի չուտէին կամ խմէին բռնաբարելով իրենց խիղճը։ (Դանիէլ 1։8, 11–13) Եհովա այս հաստատ կեցուածքը օրհնեց եւ Բաբելոնացի պատասխանատու պաշտօնեային սիրտը կակուղցուց։ (Դանիէլ 1։9, 14–16) Իսկ անոնց ուսումնասիրութիւններուն նկատմամբ, յետագայ դէպքերը բոլոր չորս Եբրայեցի պատանիներուն կեանքին մէջ աներկբայելիօրէն կը փաստեն թէ անոնց պարտաւորիչ երեք տարուայ դասընթացքը Բաբելոնական մշակոյթին նկատմամբ չպատճառեց որ խոտորին իրենց զօրաւոր յարումէն Եհովային եւ իր մաքուր պաշտամունքին։ (Դանիէլ՝ գլուխ 3 եւ 6) Եհովա զիրենք կարող ըրաւ որ անվնաս դուրս գան այս ստիպողական երեք տարուայ մխրճումէն Բաբելոնական բարձրագոյն ուսուցումին մէջ։ «Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։ Թագաւորը՝ անոնց հարցուցած իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բոլոր բաներուն մէջ՝ զանոնք իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ»։—Դանիէլ 1։17, 20
18. Բաբելոնական գերութենէն ետք Յուդայի մէջ ի՞նչ դաստիարակչական յայտագիր կատարուեցաւ։
18 Բաբելոնական գերութենէն ետք, զարգացման մեծ գործ կատարուեցաւ Եզրասի միջոցաւ, քահանայ մը որ «իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէսզի Տէրոջը օրէնքը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին»։ (Եզրասայ 7։10) Ասոր մէջ օգնութիւն ստացաւ հաւատարիմ Ղեւտացիներէն, որոնք «օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին»։ (Նէեմեայ 8։7) Եզրաս Աստուածաշունչի ուսումնական մըն էր եւ «հմուտ ընդօրինակող» մը, կամ դպիր։ (Եզրասայ 7։6, ՆԱ) Անոր օրերուն էր որ դպիրները աչքառու դիրք մը գրաւեցին որպէս դասակարգ մը։
Ռաբունական Դպրոցներ
19. Դաստիարակներու ո՞ր դասակարգը երեւցած էր Իսրայէլի մէջ Յիսուս երկիր եկած ժամանակ, եւ կարեւոր ո՞ր պատճառներուն համար ան եւ իր աշակերտները չենթարկուեցան Հրէական բարձրագոյն ուսման։
19 Յիսուս երկրի վրայ երեւցած ժամանակ, դպիրները ուսուցիչներու ընտրանի դասակարգ մը եղած էին, աւանդութիւններուն աւելի յարած քան Աստուծոյ Խօսքին ճշմարիտ ուսուցումներուն։ Անոնք հաւանեցան «Ռաբբի» կոչուիլ, որ պատուական տիտղոս մը եղած էր նշանակելով՝ «Իմ Մեծաւորս (Վեհափառս [Դիտ. Յուլիս 1, 1982, էջ 7])»։ (Մատթէոս 23։6, 7, ՆԱ, ստորանիշ) Քրիստոնէական Յունարէն Գրութեանց մէջ, դպիրները յաճախ զուգորդուած են Փարիսեցիներուն հետ, որոնցմէ ոմանք Օրէնքի ուսուցիչներ էին։ (Գործք 5։34) Յիսուս երկու խումբերն ալ ամբաստանեց թէ իրենց աւանդութեամբ եւ «մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն» սորվեցնելով Աստուծոյ խօսքը խափանեցին։ (Մատթէոս 15։1, 6, 9) Զարմանալի չէ որ ո՛չ Յիսուս եւ ոչ ալ իր շատ մը աշակերտները դաստիարակուած էին ռաբունական դպրոցներուն մէջ։—Յովհաննու 7։14, 15. Գործք 4։13. 22։3
20. Այս վերաքաղը դաստիարակութեան մասին Աստուածաշունչի ժամանակներուն մէջ մեզի ի՞նչ ցոյց տուաւ, եւ ի՞նչ բան կը մատնանշէ թէ Եհովայի ծառաները ուսման պէտք ունին։
20 Այս ամփոփումը դաստիարակութեան մասին Աստուածաշունչի ժամանակներուն մէջ ցոյց տուաւ թէ Եհովա իր ժողովուրդին Մեծ Ուսուցիչն է։ Մովսէսի միջոցաւ, Աստուած կազմակերպեց դաստիարակութեան ատակ դրութիւն մը Իսրայէլի մէջ։ Բայց երկար ժամանակէ մը ետք, Հրէական բարձրագոյն ուսման դրութիւն մը զարգացաւ, որ Աստուծոյ Խօսքին հակառակ եղող բաներ սորվեցուց։ Մինչ Յիսուս այսպիսի Հրէական դպրոցներ չյաճախեց, այսուհանդերձ ան անզուգական Ուսուցիչ մըն էր։ (Մատթէոս 7։28, 29. 23։8. Յովհաննու 13։13) Ան նաեւ իր աշակերտներուն յանձնարարեց որ սորվեցնեն, նոյնիսկ մինչեւ իրերու դրութեան վերջը։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ասիկա ընելու համար, անոնք պէտք էր լաւ ուսուցիչներ ըլլային եւ հետեւաբար պէտք էր ուսում ձեռք ձգէին։ Ուստի ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է նկատեն ուսումը այսօր։ Այս հարցումը յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի քննուի։
Յիշողութեան Քննութիւն մը
◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա հետաքրքրուած է իր ծառաներուն դաստիարակութեամբ։
◻ Իսրայէլի դաստիարակչական դրութիւնը ո՞ր մարզերուն մէջ տարբեր էր ուրիշ ազգերու ունեցածէն։
◻ Իսրայելացի մանուկները ի՞նչ դաստիարակութիւն ստացան։
◻ Սորվեցնելու ի՞նչ մեթոտներ գործածուեցան Իսրայէլի մէջ։
◻ Յիսուս եւ իր աշակերտները ինչո՞ւ չյաճախեցին բարձրագոյն ուսուցումի Հրէական դպրոցները։
[Նկար՝ էջ 13]
Պարտաւորիչ դաստիարակութիւնը Բաբելոնի մէջ չհեռացուց Դանիէլն ու իր ընկերները Եհովայէն