Ուսում ստանալու նպատակը
«Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ»։—ԱՌԱԿԱՑ 9։9
1. Եհովա իր ծառաներէն ի՞նչ կ’ակնկալէ գիտութեան առնչութեամբ։
ԵՀՈՎԱ «գիտութեան Աստուածն է»։ (Ա. Թագաւորաց 2։3) Ան իր ծառաներուն կ’ուսուցանէ։ Մովսէս գուշակեց որ ժամանակակից ազգերը Իսրայէլի մասին պիտի ըսէին. «Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է»։ (Բ. Օրինաց 4։6) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նմանապէս լաւատեղեակ պէտք է ըլլան։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքին ուշիմ աշակերտները ըլլալու կարիքը ունին։ Այսպիսի ուսումնասիրութեան մը նպատակը ցոյց տալով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մենք ... չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէսզի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէսզի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը»։—Կողոսացիս 1։9, 10
2. (ա) Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու համար ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։ (բ) Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը ինչպէ՞ս ձեռք առած է այս հարցը։
2 Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճըշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու նպատակով սերտելը գոնէ կը պահանջէ նուազագոյն ուսում մը։ Բայց շատեր, որոնք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորված են, կ’ապրին այն երկիրներուն մէջ ուր աշխարհային պատշաճ ուսում ստանալու շատ քիչ պատեհութիւն ունեցած են կամ բնաւ չեն ունեցած։ Անոնք աննպաստ վիճակի մէջ կը գտնուէին։ Այս խնդիրը յաղթահարելու համար, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինը արդէն շատ մը տարիներէ ի վեր հրահանգած է որ գրագիտութեան դասարաններ կազմակերպուին այն ժողովքներէն ներս ուր կարիքը կը տեսնուի։ Աւելի քան 30 տարիներ առաջ, Diário de Mogi Պրազիլիական լրագիրը յօդուած մը հրատարակեց, որու խորագիրն էր. «Եհովայի Վկաները Պատերազմ կը Մղեն Անգրագիտութեան Դէմ»։ Անիկա կ’ըսէր. «Որակելի ուսուցիչ մը կը սկսի ... համբերութեամբ ուրիշներուն սորվեցնել կարդալ ու գրել։ ...Այն պարագաներուն պատճառաւ, որոնք զիրենք կը մղեն որպէս Աստուծոյ ծառաներ, Աշակերտները իրենց լեզուական գիտութիւնը պէտք է զարգացնեն, որպէսզի դասախօսութիւններ տան»։ Այսպիսով, համայն աշխարհի մէջ հազարաւոր անհատներ կրցած են Աստուծոյ Խօսքին լաւ աշակերտներ ըլլալ։ Անոնք այս հիմնական ուսումին ձեռնարկեցին, իրենց մտքին մէջ վսեմ նպատակ մը ունենալով։
Հմտութիւններու Կարիքը Կայ Ազդու Ծառաներ Ըլլալու Համար
3, 4. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ուսումով կը հետաքրքրուին։ (բ) Իսրայէլի մէջ ի՞նչ էր պարագան, եւ մեր ժողովքներէն ներս հիմնական ի՞նչ ուսում անհրաժեշտ է այսօր։
3 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները հետաքրքրուած են ուսումով, ոչ թէ միայն անոր սիրոյն համար, այլ որպէսզի Եհովայի աւելի ազդու ծառաներ ըլլան։ Քրիստոս բոլոր Քրիստոնեաներուն պաշտօն տուաւ որ ‘բոլոր ազգերը աշակերտեն, ... սորվեցնելով անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ինք իրենց պատուիրեց’։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ուրիշներուն սորվեցնելու համար, նախ իրենք պէտք է սորվին, իսկ ասիկա ուսումնասիրելու լաւ կերպեր կը պահանջէ։ Անոնք կարող պէտք է ըլլան Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ քննելու։ (Գործք 17։11) Իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու համար, անոնք նաեւ պէտք է կարենան սահունութեամբ կարդալ։—Տես Ամբակումայ 2։2. Ա. Տիմոթէոս 4։13։
4 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, լաւ պատճառ կայ հաւատալու թէ, ընդհանուր առմամբ, վաղեմի Իսրայէլի մէջ նոյնիսկ երիտասարդները կարդալ ու գրել գիտէին։ (Դատաւորաց 8։14. Եսայեայ 10։19) Ներկայիս, Քրիստոնեայ ծառաները յստակ կերպով պէտք է նօթագրեն, երբ տունէ տուն կը վկայեն։ Անոնք նամակներ կը գրեն, ժողովներուն ընթացքին նօթեր կ’առնեն եւ իրենց ուսումնասիրելիք նիւթը կը պատրաստեն։ Այս բոլորը ընթեռնելի ձեռագիր կը պահանջեն։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ արձանագրութիւններ պահելը անհրաժեշտ կը դարձնէ գոնէ թուաբանութեան հիմնական գիտութիւն ունենալ։
Պատշաճ Դպրոցական Ուսման Առաւելութիւններ
5. (ա) Անգլերէն «դպրոց» բառին ծագումը ի՞նչ է։ (բ) Երիտասարդները ո՞ր պատեհութիւնը պէտք է օգտագործեն։
5 Հետաքրքրականօրէն, Անգլերէն «դպրոց» բառը ծագում կ’առնէ Յունարէն սխոլէ բառէն որ սկզբնականօրէն կը նշանակէր «պարապոյ ժամ» կամ պարապ ժամանակը գործածել լուրջ գործունէութիւն մը կատարելու, զոր օրինակ, ուսումնասիրելու համար։ Հետագային անիկա նշանակեց այն վայրը ուր այսպիսի ուսուցում մը կը կատարուէր։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ, ատեն մը, միայն առանձնաշնորհեալ դասակարգը—Յունաստանին եւ ուրիշ շատ մը երկիրներու մէջ—սորվելու պարապ ժամ ունէր։ Աշխատող դասակարգը ընդհանրապէս տգէտ կը մնար։ Այսօր, շատ մը երկիրներու մէջ ժամանակ կը տրուի երախաներուն եւ երիտասարդներուն որ սորվին։ Երիտասարդ Վկաները վստահաբար ժամանակը ծախու պէտք է առնեն Եհովայի լաւատեղեակ ու ատակ ծառաներ ըլլալու համար։—Եփեսացիս 5։15, 16
6, 7. (ա) Պատշաճ դպրոցական ուսումին կարգ մը առաւելութիւնները ի՞նչ են։ (բ) Օտար լեզու մը սորվիլը ի՞նչ կերպերով կրնայ օգտակար ըլլալ։ (գ) Ի՞նչ է պարագան այսօր դպրոց աւարտող շատ մը երիտասարդներուն մէջ։
6 Պատմութեան, աշխարհագրութեան, գիտութեան եւ ուրիշ նիւթերու մասին հիմնական գիտութիւն մը պիտի օգնէ որ երիտասարդ Վկաները պաշար ունեցող ծառաներ ըլլան։ Անոնց դպրոցական ուսումը պիտի սորվեցնէ իրենց ոչ միայն շատ մը նիւթեր, այլ նաեւ՝ սորվելու կերպը։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ճշմարիտ Քրիստոնեաները չեն դադարիր սորվելէ եւ ուսումնասիրելէ։ Սակայն, իրենց ուսումնասիրութենէն ինչ որ կը քաղեն մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ ուսումնասիրել գիտնալու կերպէն։ Թէ՛ աշխարհային եւ թէ ժողովքային ուսումը կրնան անոնց օգնել որ իրենց մտային կարողութիւնները զարգացնեն։ (Առակաց 5։1, 2) Երբ կը կարդան, անոնք աւելի կարող պիտի ըլլան զատորոշել ինչ որ կարեւոր է, ինչ որ արժանի է նօթագրուելու եւ միտք պահելու։
7 Օտար լեզու մը սորվիլը, զոր օրինակ, ոչ միայն պիտի զարգացնէ երիտասարդներուն մտային կարողութիւնը, այլ նաեւ զիրենք աւելի պիտանի պիտի դարձնէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ։ Դիտարանի Ընկերութեան կարգ մը մասնաճիւղերուն մէջ, որոշ թիւով երիտասարդ եղբայրներ նպաստաւոր գտած են սահուն կերպով Անգլերէն խօսիլ կամ կարդալ գիտնալ։ Ասկէ զատ, բոլոր Քրիստոնեայ ծառաները պէտք է ջանան իրենց մայրենի լեզուն շիտակ կերպով արտասանել։ Թագաւորութեան բարի լուրը արժանի է յստակ, քերականօրէն շիտակ կերպով արտայայտուելու։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան որ ներկայիս աշխարհին մէջ դպրոց աւարտող շատ մը պատանիներ տակաւին դժուարութիւն ունին շիտակ կերպով գրելու ու խօսելու եւ նոյնիսկ ամենապարզ թուաբանութիւնը ընելու. իսկ միայն յարեւանցի գիտութիւն ունին պատմութեան ու աշխարհագրութեան մասին։
Բաւարար Ուսում
8. Ո՞ր համարները կապ ունին աշխարհային ուսման հարցին հետ եւ անհատի մը կարողութեան հետ իր անձին նիւթապէս հոգ տանելու։
8 Հետեւաբար, տեղին է աշխարհային ուսման հանդէպ Քրիստոնէական կեցուածքը նկատի առնել։ Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կիրարկելի են այս պարագային։ Նախ, շատ մը երկիրներու մէջ «Կայսրին» պատշաճօրէն ենթարկուիլը կը պահանջէ որ Քրիստոնեայ ծնողներ իրենց զաւակները դպրոց ուղարկեն։ (Մարկոս 12։17. Տիտոս 3։1) Իսկ երիտասարդ Վկաները իրենց դպրոցական դասերուն նկատմամբ պէտք է յիշեն Կողոսացիս 3։23–ը որ կ’ըսէ. «Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց»։ Ասոր մէջ պարփակուած երկրորդ սկզբունքն է թէ Քրիստոնեաները կարող պէտք է ըլլան նիւթապէս իրենք իրենց հոգ տանելու, նոյնիսկ երբ լիաժամ ռահվիրաներ են։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։10–12) Եթէ ամուսնացած է, այր մարդը կարող պէտք է ըլլայ իր կնոջ եւ թերեւս ծնած զաւակներուն նիւթական պէտքերը պատշաճօրէն հայթայթել, քիչ մըն ալ կարօտեալներուն տալ եւ տեղական ու համաշխարհային քարոզչութեան օժանդակել։—Եփեսացիս 4։28. Ա. Տիմոթէոս 5։8
9, 10. (ա) Շատ մը երկիրներու մէջ ի՞նչ բան կ’երեւի հակում մը ըլլալ։ (բ) Ռահվիրայ ծառայ մը ի՞նչ բան կրնայ բաւարար աշխատավարձք նկատել։
9 Երիտասարդ Քրիստոնեայ մը ո՞ր աստիճան ուսման կարիքը ունի, որպէսզի Աստուածաշունչի այս սկզբունքները յարգէ եւ իր Քրիստոնէական պարտաւորութիւններուն գոհացում տայ։ Ասիկա երկրէ երկիր կը տարբերի։ Սակայն, այնպէս կը թուի թէ հիմա շատ մը երկիրներու մէջ հակումը կայ ուսումի աւելի բարձր մակարդակ մը պահանջելու պատշաճ աշխատավարձք մը վաստկելու համար քան ինչ որ էր քանի մը տարիներ առաջ։ Աշխարհի զանազան մասերուն մէջ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղերէն ստացուած տեղեկագիրները ցոյց կու տան որ շատ մը տեղեր դժուար է պատշաճ աշխատավարձքով գործեր գտնել, օրէնքին պահանջած նուազագոյն դպրոցական ուսումը վերջացնելէ ետք կամ կարգ մը երկիրներու մէջ նոյնիսկ երկրորդական կամ բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք։
10 «Պատշաճ աշխատավարձք» ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա չի մատնանշեր բարձր վճարումով գործերուն։ Բառարան մը (Webster’s Dictionary) այս բովանդակութեան մէջ «պատշաճ» բառը կը սահմանէ որպէս «բաւարար, գոհացուցիչ»։ Ի՞նչ բան կարելի է «բաւարար» կոչել, զոր օրինակ, անոնց պարագային որոնք կը փափաքին բարի լուրին ռահվիրաներ ըլլալ։ Այսպիսիները ընդհանրապէս մասնակի ժամեր պէտք է աշխատին, որպէսզի իրենց եղբայրներուն, կամ իրենց ընտանիքին «նեղութիւն» չտան։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9) Անոնց աշխատավարձքը կարելի է «բաւարար», կամ «գոհացուցիչ» կոչել, եթէ իրենց վաստկածով կրնան պատշաճօրէն ապրիլ եւ իրենց Քրիստոնէական ծառայութիւնը կատարելու համար բաւարար ժամանակ ու զօրութիւն ունենալ։
11. Կարգ մը դեռահասակներ ինչո՞ւ ռահվիրայական ծառայութեան տեղի տուած են, եւ ի՞նչ հարցում կը յարուցուի։
11 Յաճախ կացութիւնը ի՞նչ է ներկայիս։ Տեղեկագրուած է որ կարգ մը երկիրներու մէջ դեռահասակներ լաւ մտադրութեամբ դպրոցը ձգած են պահանջուած նուազագոյն դպրոցական ուսումը ամբողջացնելէ ետք, որպէսզի ռահվիրաներ ըլլան։ Անոնք արհեստ կամ աշխարհային որակումներ չունէին։ Եթէ անոնք նիւթական օգնութիւն չստանային իրենց ծնողներէն, ստիպուած պիտի ըլլային մասնակի ժամեր աշխատիլ։ Անոնցմէ ոմանք այնպիսի գործեր ստիպուած ընդունած են, որոնք աշխատանքի շատ երկար ժամեր կը պահանջեն երկու ծայրերը իրար բերելու համար։ Ֆիզիքապէս ուժասպառ ըլլալով, անոնք հրաժարած են ռահվիրայական ծառայութենէն։ Այսպիսիներ ի՞նչ կրնան ընել իրենք իրենց նիւթական կարիքները հոգալու եւ ռահվիրայական ծառայութեան վերադառնալու համար։
Ուսման Հանդէպ Հաւասարակշռուած Տեսակէտ մը
12. (ա) Ուսման նկատմամբ, Քրիստոնեայ մը ո՞ր երկու ծայրայեղ տեսակէտներէ պիտի խուսափի։ (բ) Եհովայի նուիրուած ծառաներուն եւ իրենց զաւակներուն համար, ուսումը ի՞նչ նպատակի պէտք է ծառայէ։
12 Ուսման հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կրնայ օգնել։ Աշխարհի շատ մը երիտասարդներուն համար, ուսումը դիրքի խորհրդանիշ մըն է, բան մը՝ որ իրենց կ’օգնէ ընկերային մակարդակը բարձրացնելու. բարգաւաճ, նիւթապաշտ կենցաղի մը բանալին է։ Ուրիշներու համար, դպրոցական ուսումը տաղտուկ մըն է, որմէ պէտք է ձերբազատուիլ կարելի եղածին չափ շուտ։ Այս տեսակէտներէն ոչ մէկը պատշաճ է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն համար։ Ուստի ի՞նչ բան կարելի է «հաւասարակշռուած տեսակէտ մը» կոչել։ Քրիստոնեաները ուսումը պէտք է նկատեն որպէս նպատակի մը հասնելու միջոց մը։ Այս վերջին օրերուն, անոնց նպատակն է Եհովային ծառայել կարելի եղածին չափ շատ ու ազդեցիկ կերպով։ Անոնց ապրած երկրին մէջ, եթէ նուազագոյն կամ նոյնիսկ երկրորդական վարժարանի ուսումը միայն կարելի պիտի ընէ որ անոնք անբաւարար եկամուտով գործեր գտնեն, իրենք իրենց նիւթապէս հոգ տանելու համար որպէս ռահվիրաներ, այդ պարագային յաւելուածական ուսումի կամ մարզումի մասին կարելի է մտածել։ Ասիկա լիաժամ ծառայութեան մասնայատուկ նպատակակէտով պէտք է ըլլայ։
13. (ա) Ֆիլիբբինի մէջ քոյր մը ինչպէ՞ս կարող եղած է իր ռահվիրայական ծառայութիւնը շարունակել մինչ իր ընտանեկան պարտաւորութիւններուն գոհացում կու տայ։ (բ) Ի՞նչ ազդարարութիւն ժամանակայարմար է։
13 Ոմանք մարզումի դասընթացքներու հետեւած են, որոնք, գործի պատեհութիւններ բանալով, կարելի ըրած են որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն կամ զայն վերսկսին։ Ֆիլիբբինի մէջ, քոյր մը ընտանիքին ապրուստը շահողն էր, բայց ուզեց ռահվիրայ ըլլալ։ Մասնաճիւղը կը տեղեկագրէ. «Ան կրցաւ ասիկա ընել, քանի որ յաւելեալ ուսում ստացած էր որպէս վկայեալ հաշուակալ մը որակելի ըլլալու»։ Մասնաճիւղի այս նոյն տեղեկագրութիւնը կը նշէր. «Բաւական շատ անհատներ ունինք, որոնք ուսում կը ստանան եւ միեւնոյն ժամանակ իրենց յայտագիրները այնպէս մը դասաւորած են որ որպէսզի ռահվիրայ ըլլան։ Անոնք ընդհանրապէս աւելի լաւ հրատարակիչներ կ’ըլլան, քանի որ աւելի ժրաջան պարտաճանաջ են, պայմանաւ որ աշխարհային հետապնդումներով չափէ դուրս չհրապուրուին»։ Վերջին դիտողութիւնը մեզի պատճառ պէտք է տայ խոկալու։ Երբ անհրաժեշտ թուի, յաւելեալ դպրոցական ուսման նպատակը պէտք չէ մոռցուի կամ նիւթապաշտական նպատակակէտի մը փոխուի։
14, 15. (ա) Ինչո՞ւ անթէք կանոններ պէտք չէ դնել ուսման նկատմամբ։ (բ) Կարգ մը պատասխանատու եղբայրներ աշխարհային ի՞նչ ուսում ստացած են, բայց ի՞նչ բան փոխարինած է ասոր։
14 Կան երկիրներ ուր երկրորդական վարժարանները արուեստի մարզում կը հայթայթեն, որը կրնայ Քրիստոնեայ երիտասարդ մը պատրաստել որոշ արհեստ կամ զբաղում մը ունենալու շրջանաւարտ ըլլալէ ետք։ Նոյնիսկ եթէ պարագան այս չէ, կարգ մը երկիրներու մէջ միայն դպրոցական հիմնական ուսում ունեցող ձեռնարկու երիտասարդներ մասնակի ժամերով գործ կը գտնեն, բաւարար վաստակ մը ձեռք ձգելով ռահվիրայ ըլլալու համար։ Ուստի, ուսման թեր կամ դէմ եղող անթեք կանոններ պէտք չէ դնել։
15 Ներկայիս որպէս ճամբորդող տեսուչներ, Ընկերութեան գործատեղիին մէջ, կամ մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ ծառայող պատասխանատու դիրքերու մէջ եղողներէն շատեր միայն հիմնական ուսում մը ունէին։ Անոնք հաւատարիմ ռահվիրաներ էին, որոնք բնաւ չդադարեցան սորվելէ, մարզում ստացան եւ անոնց աւելի մեծ պատասխանատուութիւններ վստահուեցան։ Անոնք չեն զղջացած։ Միւս կողմէն, անոնց ժամանակակիցներէն ոմանք նախ ընտրեցին համալսարանական ուսում ստանալ եւ մոլորեցան, գերի դառնալով հաւատք կործանող փիլիսոփայութիւններուն եւ ‘այս աշխարհին իմաստութեան’։—Ա. Կորնթացիս 1։19–21. 3։19, 20. Կողոսացիս 2։8
Ծախքը Հաշուել
16. (ա) Ո՞վ կ’որոշէ թէ յաւելեալ ուսումը փափաքելի է, եւ ի՞նչ բան գերագոյնը պէտք է ըլլայ մտքին մէջ։ (բ) Ի՞նչ բաներ նկատի պէտք է առնուին։
16 Ո՞վ կ’որոշէ թէ երիտասարդ Քրիստոնեայ մը յաւելեալ ուսումի կամ մարզումի պէտք է ձեռնարկէ թէ ոչ։ Աստուածաշունչի գլխաւորութեան սկզբունքը մէջը կը մտնէ։ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 6։1) Ասոր հիման վրայ ծնողները վստահաբար պիտի ուզեն իրենց զաւակներուն ուղղել, որ արհեստ մը կամ զբաղում մը ընտրեն, հետեւաբար հարկ եղած ուսումին երկարութիւնը որոշել։ Շատ մը երկիրներու մէջ, ուսումի եւ արհեստի ճիւղի ընտրութիւնը պէտք է ընել երկրորդական վարժարանի սկիզբը։ Այտ ժամանակ է որ Քրիստոնեայ ծնողներն ու երիտասարդները կարիքը ունին Եհովայի առաջնորդութիւնը փնտռելու իմաստուն ընտրութիւն մը ընելու համար, իրենց մտքին մէջ ունենալով գլխաւորաբար Թագաւորութեան շահերը։ Երիտասարդները տարբեր ձգտումներ եւ ընդունակութիւն ունին։ Իմաստուն ծնողներ ատոնք հաշուի պիտի առնեն։ Ամէն պարկեշտ գործ պատուաւոր է, ըլլա՛յ անիկա բանուորութիւն թէ պաշտօնավարութիւն։ Թէեւ աշխարհը կրնայ բարձր աչքով նայիլ գրասենեակի աշխատանքին եւ ցած աչքով՝ ձեռային ծանր աշխատանքին, բայց վստահաբար ո՛չ Աստուածաշունչը։ (Գործք 18։3) Ուստի երբ ծնողներ եւ երիտասարդ Քրիստոնեաներ, ուշադրութեամբ եւ աղօթքով առաւելութիւններն ու վնասները կշռելէ ետք, երկրորդական վարժարանին յաջորդող դասընթացքի թեր կամ դէմ որոշում տան, ժողովքին մէջ ուրիշներ պէտք չէ քննադատեն զանոնք։
17. Կարգ մը Վկայ ծնողներ ի՞նչ ընտրութիւն կ’ընեն իրենց զաւակներուն համար։
17 Եթէ Քրիստոնեայ ծնողներ պատասխանատու կերպով որոշեն իրենց զաւակները յաւելեալ ուսումի մղել բարձրագոյն վարժարանէն ետք, ասիկա իրենց արտօնութիւնն է։ Այս դասընթացքներուն ժամանակամիջոցը կը տարբերի ըստ ընտրուած արհեստի կամ զբաղումի տեսակին։ Տնտեսական պատճառներու համար եւ որպէսզի իրենց զաւակները կարող դարձնեն որ իրենք զիրենք լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն կարելի եղածին չափ շուտ, շատ մը Քրիստոնեայ ծնողներ անոնց համար ընտրած են դասընթացքի կարճատեւ յայտագիրներ արուեստական կամ գիտարուեստական դպրոցներու մէջ։ Կարգ մը պարագաներու, երիտասարդները պէտք ունեցած են որոշ արհեստի աշկերտ ըլլալու, բայց միշտ նպատակակէտ ունենալով զեղուն կեանք մը վարել Եհովայի ծառայութեան մէջ։
18. Եթէ յաւելեալ դասընթացքներ առնուին, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենալ։
18 Եթէ յաւելեալ դասընթացքներ առնուին, վստահաբար շարժառիթը պէտք չէ ըլլայ դպրոցական գետնի վրայ փայլիլ կամ աշխարհային համբաւաւոր ասպարէզի մը համար ճգնիլ։ Դասընթացքները պէտք է ուշադրութեամբ ընտրուին։ Այս պարբերաթերթը շեշտ դրած է բարձրագոյն ուսման վտանգներուն վրայ եւ ասիկա արդարացի է, քանի որ բարձրագոյն ուսումի մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչի «ողջամիտ վարդապետութեան» կը հակառակի։ (Տիտոս 2։1. Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Ասկէ զատ, 1960–ական թուականներէն ի վեր, առաջացեալ ուսման շատ մը դպրոցներ անօրէնութեան ու անբարոյութեան կեդրոններ եղած են։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» զօրաւոր կերպով չէ քաջալերած այդ տեսակ միջավայրի մը մէջ մտնել։ (Մատթէոս 24։12, 45) Սակայն, պէտք է ընդունիլ որ այս օրերուս դեռահասակները կը դիմագրաւեն այս նոյն վտանգները բարձրագոյն վարժարաններուն եւ արուեստագիտական ուսումնարաններուն մէջ եւ նոյնիսկ գործատեղին մէջ։—Ա. Յովհաննու 5։19a
19. (ա) Ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնեն անոնք որոնք կ’որոշեն յաւելուածական դասընթացքներ ստանալ։ (բ) Ոմանք իրենց ուսումը ինչպէ՞ս գործածած են լաւ առաւելութեամբ։
19 Եթէ յաւելուածական ուսման նկատմամբ որոշում առնուի, լաւ պիտի ըլլայ որ երիտասարդ Վկան, եթէ կարելիութիւն կայ, որ զայն ստանայ մինչ տունը կ’ապրի, այսպիսով կարող կ’ըլլայ Քրիստոնէական ուսումնասիրութեան բնական սովորութիւնները պահելու, ժողովներուն ներկայ գտնուելու եւ քարոզչութեան մասնակցելու։ Սկիզբէն պատշաճ կեցուածք մը նաեւ պէտք է առնուի Աստուածաշունչի սկզբունքներուն նկատմամբ։ Պէտք է վերյիշել որ Դանիէլ եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերակիցները աքսորուած գերիներ էին երբ պարտաւորուեցան Բաբելոնի մէջ առաջացեալ ուսումնասիրութիւններ ստանալ, բայց անոնք հաստատամտօրէն իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։ (Դանիէլ գլուխ 1) Թէեւ հոգեւոր շահերը առաջին տեղը կը դնեն, բայց երիտասարդ Վկաներ բազմաթիւ երկիրներու մէջ դասընթացքներ առած են մասնակի ժամերով գործին համար իրենք զիրենք սարգաւորելու որպէս հաշուակալներ, առեւտրականներ, ուսուցիչներ, թարգմանիչներ, մեկնիչներ, կամ ուրիշ զբաղումներու համար, որոնք բաւարար չափով նիւթապէս իրենց օգնած են իրենց գլխաւոր արհեստին՝ ռահվիրայութեան՝ մէջ։ (Մատթէոս 6։33) Այս երիտասարդներէն շատեր հետագային ճամբորդող տեսուչներ կամ Պէթէլի կամաւորներ եղած են։
Միացած ու Ուսեալ Ժողովուրդ մը
20. Աշխարհային ո՞ր բաժանումը տեղ չունի Եհովայի ժողովուրդին մէջ։
20 Եհովայի ժողովուրդին մէջ, անհատի մը զբաղումը ըլլա՛յ պաշտօնավարութիւն, բանուորութիւն, երկրագործութիւն, կամ սպասարկութիւններ, բոլորն ալ կարիքը ունին Աստուածաշունչի լաւ աշակերտներ եւ կարող ուսուցիչներ ըլլալու։ Բոլորին կողմէ ձեռք ձգուած հմտութիւնները կարդալու, ուսումնասիրելու եւ ուսուցանելու մէջ կը նպաստեն վանելու այն բաժանումը զոր աշխարհը կը դնէ ձեռային աշխատողներուն եւ պաշտօնեաներուն միջեւ։ Ասիկա կը պատճառէ միութիւն ու փոխադարձ յարգանք որոնք մասնաւորաբար նշմարելի են Պէթէլի տուներուն եւ Դիտարանի Ընկերութեան շինարարութեան վայրերուն մէջ կամաւոր աշխատողներուն մէջ, ուր հոգեւոր յատկութիւնները մեծագոյն կարեւորութիւնը ունին եւ բոլորէն պահանջուած են։ Հոս, փորձառու պաշտօնեաները ուրախութեամբ կ’աշխատին ձեռային հմուտ գործաւորներուն հետ, բոլորն ալ մէկզմէկու իրարու գնահատող սէր ցուցաբերելով։—Յովհաննու 13։34, 35. Փիլիպպեցիս 2։1–4
21. Երիտասադ Քրիստոնեաներուն նպատակակէտը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
21 Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները առաջնորդեցէք դէպի նոր աշխարհի ընկերութեան օգտակար անդամներ ըլլալու նպատակակէտին։ Ո՛վ երիտասարդ Քրիստոնեաներ, ուսման համար եղած ձեր պատեհութիւնները գործածեցէք որպէս միջոց մը ձեզ սարգաւորուելու, որ աւելի լման կերպով կառչիք Եհովայի ծառայելու ձեր առանձնաշնորհումներուն։ Որպէս ուսեալներ, բոլորդ ալ փաստեցէք որ աստուածպետական ընկերութեան լաւ սարգաւորուած անդամներ էք թէ՛ հիմա եւ թէ մշտնջենապէս Աստուծոյ խոստացած «նոր երկրի»ն մէջ։—Բ. Պետրոս 3։13. Եսայեայ 50։4. 54։13. Ա. Կորնթացիս 2։13
[Ստորանիշ էջ 19]
a Տես նաեւ Դիտարանի Սեպտեմբեր 1, 1975–ի թիւը, էջ 542–4, Անգլերէնով։
Ձեր Յիշողութիւնը Քննեցէք
◻ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ուսումով կը հետաքրքրուին։
◻ Ուսման նկատմամբ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ո՞ր ծայրայեղ տեսակէտներէ պիտի խուսափին։
◻ Յաւելեալ ուսման ո՞ր վտանգները նկատի պէտք է առնուին, եւ ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնուին։
◻ Աշխարհային ո՞ր բաժանումը տեղ չունի Եհովայի ժողովուրդին մէջ։
[Նկար՝ էջ 16]
Փութաջանօրէն ուսումնասիրելով, երիտասարդ Քրիստոնեաները կրնան նոր աշխարհի ընկերութեան աւելի օգտակար անդամներ դառնալ
Յաւելեալ ուսումը, եթէ ընտրուի, անոր շարժառիթը պէտք է ըլլայ Եհովային աւելի լաւ ծառայելու փափաքը