Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 4/1 էջ 13-17
  • Իրենց Ստեղծիչը յիշող երիտասարդներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրենց Ստեղծիչը յիշող երիտասարդներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած Որքա՞ն Իրական Է Ձեզի Համար
  • Ի՞նչ կը Նշանակէ Յիշել
  • Նպատակադրուած Ուսում
  • Ի՛նչու Իմաստուն Կերպով Գործածել Ձեր Եկամուտը
  • Ընդօրինակուելու Արժանի Երիտասարդներ
  • Ուսում ստանալու նպատակը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Եհովայի վկաները ի՞նչ տեսակէտ ունին ուսումին նկատմամբ
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Կրթութիւնը՝ Եհովան փառաբանելու համար գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Պատանինե՛ր, ձեր Ստեղծիչը հի՛մա յիշեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 4/1 էջ 13-17

Իրենց Ստեղծիչը յիշող երիտասարդներ

«Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։1

1. Տասնըմէկ տարեկան տղեկի մը արտայայտութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ մեր Ստեղծիչը իրական է իրեն համար։

Ի՜ՆՉ հաճելի է երբ երիտասարդներ իրենց խօսելակերպով եւ արարքներով ցոյց կու տան որ իրենց համար Եհովա Աստուած իրական էակ մըն է, որու վրայ կը հիանան եւ որու կը փափաքին հաճեցնել։ Տասնըմէկ տարեկան տղեկ մը ըսաւ. «Երբ առանձին եմ եւ պատուհանէն դուրս կը նայիմ, կը տեսնեմ որ Եհովայի ստեղծագործութիւնները ի՜նչ հոյակապ են։ Ապա կ’երազեմ որ Դրախտը որքա՜ն գեղեցիկ պիտի ըլլայ եւ այն ատեն ի՛նչպէս պիտի կարենամ անասուններուն դպչիլ»։ (Եսայեայ 11։6–9) Ան աւելցուց. «Երբ առանձին ըլլամ, Եհովայի կ’աղօթեմ։ Գիտեմ որ միշտ իրեն հետ խօսելուս համար ինծի դէմ պիտի չբարկանայ։ Գիտեմ որ ան միշտ հոն է ու զիս կը դիտէ»։ Մեր Ստեղծիչը ձեզի համար ալ նոյնքան իրակա՞ն է որքան՝ այս տղեկին համար։

Աստուած Որքա՞ն Իրական Է Ձեզի Համար

2. (ա) Ստեղծիչը ի՞նչպէս կրնայ իրական ըլլալ ձեզի համար։ (բ) Ծնողներ ի՞նչ դեր կրնան խաղալ որպէսզի Աստուած իրական էակ մը ըլլայ իրենց զաւակներուն համար։

2 Եհովան եւ իր խոստումները ձեզի համար իրական ըլլալու համար, նախ պէտք է սորվիք իրեն մասին եւ այն հոյակապ ապագային մասին, զոր ձեզի կը հրամցնէ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած արդար նոր աշխարհին մէջ։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Եթէ ձեր ծնողքը այս բաներու մասին ձեզի սորվեցուցած է, երախտապարտ պէտք է ըլլաք, քանի որ ասիկա ձեզի պիտի օգնէ որ հետեւեալ ներշնչեալ խրատին անսաք. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ (Ժողովողի 12։1) Երիտասարդուհի մը վաղ հասակէն իր ստացած ծնողական մարզումին մասին ըսաւ. «Կեանքի մէջ ամէն բան Եհովայի կը վերագրուէր։ Ասիկա իմ Ստեղծիչս յիշելու մեծապէս նպաստեց»։ Ուրիշ երիտասարդ կին մը ըսաւ. «Միշտ երախտապարտ պիտի ըլլամ ծնողքիս, քանի որ ինծի սորվեցուցին որ Եհովան իրական էակ մըն է։ Անոնք ինծի ցոյց տուին թէ ինչպէս կրնայի զինք սիրել եւ լման ժամանակով իրեն ծառայել»։

3, 4. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ Եհովայի մասին մտածէք որպէս իրական էակ մը։

3 Սակայն շատեր դժուարութիւն ունին ըմբռնելու որ Աստուած իրական էակ մըն է եւ իրենցմով հետաքրքրուած է։ Ձեր պարագա՞ն ալ այս է։ Դիտարանին մէջ ըսուած հետեւեալ խօսքը օգնեց պատանիի մը որ Աստուծոյ մասին ինք իր կարծիքը կազմէ. «Եհովայի կազմուածքը ո՞րքան մեծ է՝ չենք կրնար գիտնալ»։ Անշուշտ Եհովայի գերակայութիւնը իր չափէն կամ ձեւէն կախեալ չէ, ինչպէս Դիտարանի յաջորդ նախադասութիւնը կ’ըսէր. «Իր իրական մեծութիւնը իր ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալուն մէջ կը կայանայ». արդարեւ, ան հաւատարիմ, կարեկից, սիրալիր եւ ներող Աստուած է։a (Ելից 34։6. Բ. Օրինաց 32։4. Սաղմոս 86։5. Յակոբու 5։11) Դուք ալ սկսա՞ծ էք Եհովան նկատել որպէս այսպիսի էակ մը, վստահելի բարեկամ մը, որու հետ կրնաք թանկարժէք յարաբերութիւն մը ունենալ։—Եսայեայ 41։8. Յակոբու 2։23

4 Յիսուս իր նախկին հետեւորդներուն օգնեց որ Աստուծոյ հետ անձնական յարաբերութիւն մը վայելեն։ Ուստի, երբ Յովհաննէս առաքեալ երկնային կեանքի յարուցուելու իր ակնկալութեան մասին գրեց, ան ըսաւ. «[Աստուծոյ] պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է»։ (Ա. Յովհաննու 3։2. Ա. Կորնթացիս 15։44) Ներկայիս ալ կարելի է օգնել պատանիներուն որպէսզի Աստուած նկատեն որպէս իրական էակ մը, որու կրնան ճանչնալ, հակառակ անոր որ անձնապէս չեն կրնար տեսնել զինք։ երիտասարդ մը նշեց. «Ծնողքս ինծի օգնեց որ Եհովան յիշեմ, ինծի հարցումներ ուղղելով, ինչպէս՝ ‘Եհովան ի՞նչ պիտի ըսէր։ Քու բառերովդ ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ’»։ Այսպիսի հարցումներ, Աստուծոյ հետ մեր անձնական յարաբերութեան մասին մտածելու չե՞ն մղեր մեզ։

Ի՞նչ կը Նշանակէ Յիշել

5. Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան որ մէկը ճանչնալու համար միայն իր անունը գիտնալը չի բաւեր։

5 ‘Քու Ստեղծիչդ յիշէ’ պատուէրին անսալը, Եհովայի մասին մտածելէն աւելին կը նշանակէ։ Անոր մէջ արարք կայ՝ անոր հաճելի եղածը ընել։ Երբ չարագործը Յիսուսի պաղատեցաւ՝ ըսելով. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս», ան ըսել չէր ուզեր որ Յիսուս միմիայն իր անունը յիշէր։ Ան կը փափաքէր որ Յիսուս գործի լծուելով զինք յարուցանէր։ (Ղուկաս 23։42) Նմանապէս, բանտարկուած Յովսէփը կ’ակնկալէր որ ի նպաստ իրեն քայլեր առնուէին, երբ մատռուակապետէն խնդրեց որ Փարաւոնին առջեւ զինք յիշէր։ Իսկ երբ Յոբ Աստուծոյ պաղատեցաւ որ զինք ‘միտքը բերէր’, ան կը խնդրէր որ ապագային, օր մը, Աստուած գործի լծուելով զինք յարուցանէր։—Յոբայ 14։13. Ծննդոց 40։14, 23

6. Եբրայերէն «յիշել» բառը ի՞նչպէս յիշուած բանին կամ անձին նկատմամբ գուրգուրանքի գաղափարը կը բովանդակէ։

6 Հեղինակութիւն մը կ’ըսէ որ «յիշել» թարգմանուած Եբրայերէն բառը յաճախ իր մէջ կը կրէ հետեւեալ միտքը. «գուրգուրանքով մտածել եւ յիշատակներու վերականգնումով՝ գործի անցնիլ»։ «Յիշել» բառին մէջ «գուրգուրանք»ի գաղափարը կրնայ տեսնուիլ անապատին մէջ ‘խառնիճաղանճ բազմութեան’ բացագանչութենէն. «Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը . . . միտքերնիս կու գան»։ Ինչպէս որ Յոբ Աստուծմէ խնդրեց որ զինք դրականօրէն յիշէ, նոյնպէս Եզեկիա, Նէեմիա, Դաւիթ եւ անունը չնշուած սաղմոսերգու մը պաղատեցան որ Եհովա գորովով զիրենք յիշէ իրենց հաւատարմութեան համար։—Թուոց 11։4, 5. Դ. Թագաւորաց 20։3. Նէեմեայ 5։19. 13։31. Սաղմոս 25։7. 106։4

7. Եթէ գուրգուրանքով յիշենք Աստուած, անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր վարքին վրայ։

7 Ուստի կը հարցնենք. ‘Մեր Ստեղծիչը գորովով կը յիշե՞նք, խուսափելով ո՛րեւէ բանէ որ կրնայ զինք վշտացնել կամ ցաւցնել’։ Պատանուհի մը դիտել տուաւ. «Մայրս ինծի օգնեց ըմբռնելու որ Եհովան զգացումներ ունի, եւ վաղ հասակէս գիտէի որ ան իմ արարքներէս կ’ազդուի»։ (Սաղմոս 78։40–42) Ուրիշ մը բացատրեց. «Գիտէի որ իմ արարքներս Եհովայի ըրած Սատանայի մարտահրաւէրին, նպաստաւոր կամ աննպաստ պատասխան մը կը հայթայթեն։ Ես կ’ուզէի Եհովայի սիրտը ուրախացնել, ուստի անիկա օգնեց ինծի եւ կը շարունակէ օգնել ներկայիս»։—Առակաց 27։11

8. (ա) Ի՞նչ բան հետապնդելով ցոյց պիտի տաք որ Եհովան գուրգուրանքով կը յիշէք։ (բ) Տեղին է որ երիտասարդներ ի՞նչ հարցեր նկատի առնեն։

8 Ճիշդ է որ այս ամբարիշտ աշխարհին մէջ միշտ դիւրին չէ Եհովան յիշել, լիովին մասնակցելով իրեն հաճելի եղող գործունէութիւններու։ Սակայն, որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, եթէ կարենայիք ընդօրինակել առաջին դարու երիտասարդ Տիմոթէոսը՝ չյիշելու համար արդի հազարաւոր աստուածավախ երիտասարդները՝ որպէս ռահվիրայ քրիստոնէական լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկելով։ (Գործք 16։1–3. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։2) Սակայն, հարց մը կը ծագի. Եթէ ռահվիրայ ըլլաք, պիտի կարենա՞ք ձեր պէտքերը հոգալ։ Իսկ եթէ ամուսնանաք, ձեր ընտանիքի անդամներուն կարիքները հոգալու կարող պիտի ըլլա՞ք։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Ասոնք կարեւոր հարցումներ են եւ կենսական է որ լրջօրէն մտածէք ասոնց մասին։

Նպատակադրուած Ուսում

9. Աշխարհային ուսումի նկատմամբ երիտասարդներ ի՞նչ որոշումի դիմաց կը գտնուին։

9 Մինչ մարդկային ընկերութիւնը աւելի կը բարդանայ, թերեւս հարկ ըլլայ ձեր ուսումը քիչ մը երկարել, որպէսզի ռահվիրայութեան մէջ ձեր պէտքերը հոգալու համար աւելի յարմար գործ մը գտնէք։ Թերեւս նշմարած էք որ նոյնիսկ համալսարանական կրթութիւն ստացողներէն ոմանք ստիպուած եղած են իրենց կրթութիւնը շարունակել, ներկայ գործատէրերուն կողմէ փնտռուած հմտութիւններ ձեռք ձգելու համար։ Ուստի, Աստուծոյ հաճելի ըլլալ փափաքող ո՛վ երիտասարդներ, որքա՞ն ուսում պէտք է առնէք։ Լաւ որոշում մը կրնաք տալ, հետեւեալ ներշնչեալ խրատը ի մտի ունենալով. ‘Քու Ստեղծիչդ յիշէ’։

10. Ո՞րն է լաւագոյն ուսումը զոր կրնանք ձեռք ձգել։

10 Անշուշտ, պիտի փափաքիք հետապնդել այն ուսումը որ նոյնիսկ աշխարհային հեղինակութիւններէն շատեր լաւագոյն ուսումը կը նկատեն. այն ուսումը որ կրնաք ունենալ Աստուծոյ Խօսքը ուշադրութեամբ ուսումնասիրելով։ Գերմանացի գրող Եոհան Ուոլֆկանկ ֆոն Կէօթէն նշեց. «[Ժողովուրդի մը] մտային զարգացումը ո՛րքան մեծ ըլլայ, շատ աւելի հաւանականութիւն կ’ըլլայ որ անիկա Աստուածաշունչը գործածէ որպէս ուսուցումի հիմք ու գործիք»։ Այո, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ուրիշ որեւէ կրթութենէ աւելի ձեզ պիտի զինէ կեանքի ասպարէզին մէջ։—Առակաց 2։6–17. Բ. Տիմոթէոս 3։14–17

11. (ա) Ի՞նչ է կարեւորագոյն գործը զոր կրնանք ընել։ (բ) Երիտասարդուհի մը ի՞նչու նախընտրեց յաւելեալ ուսում ստանալ։

11 Քանի որ Աստուծոյ գիտութիւնը կեանք կը պարգեւէ, հետեւաբար այդ գիտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնելը կարեւորագոյն գործն է։ (Առակաց 3։13–18. Յովհաննու 4։34. 17։3) Սակայն ասիկա ազդու կերպով ընելու համար, պէտք է հիմնական ուսուցում ստանաք։ Պէտք է կարենաք պայծառ մտածելակերպ ունենալ, տրամաբանականօրէն խօսիլ եւ լաւ կարդալ ու գրել, հմտութիւններ՝ որոնք դպրոցին մէջ կ’ուսուցանուին։ Ուստի, ձեր դպրոցական դասընթացքը լուրջի առէք, ինչպէս ըրաւ Ֆլորիտայէն (Ա.Մ.Ն.) Թրէյսի անունով երիտասարդուհի մը, որ բարձրագոյն վարժարանը գնահատականով աւարտեց։ Այս երիտասարդուհին իր յոյսը հետեւեալ կերպով արտայայտեց. «Միշտ նպատակակէտս եղած է իմ Եհովա Աստուծոյս համար լիաժամ ծառայ մը ըլլալ եւ կը յուսամ որ իմ ուսումս ինծի պիտի օգնէ որ այս նպատակակէտիս հասնիմ»։

12. Եթէ որոշէք յաւելեալ ուսում ստանալ, անիկա ի՞նչ նպատակի կրնայ ծառայել։

12 Բնաւ խորհա՞ծ էք թէ ի՛նչու դպրոց կ’երթաք։ Արդեօք ձեր գլխաւոր նպատակը Եհովայի համար ազդու քարոզիչ մը ըլլա՞լ է։ Եթէ այո, լրջօրէն նկատի պէտք է առնէք թէ ձեր ուսումը որքա՜ն լաւ կերպով կ’իրագործէ այս նպատակը։ Ձեր ծնողին հետ այս մասին խօսակցելէ ետք, թերեւս որոշուի որ օրէնքին կողմէ պահանջուած նուազագոյն կրթութենէն ետք ձեր ուսումը շարունակէք։ Այսպիսի յաւելեալ ուսում մը կրնայ օգնել ձեզի ձեր պէտքերը հոգալու համար յարմար գործ մը ճարելու եւ Թագաւորութեան գործունէութեան լիովին մասնակցելու համար տակաւին ժամանակ եւ կորով ունենալու։—Մատթէոս 6։33

13. Յաւելեալ ուսում ստանալու ձեռնարկող երկու Ռուս Քրիստոնեաներ կեանքի մէջ իրենց հետապնդած նպատակը ի՞նչպէս յայտնեցին։

13 Յաւելեալ ուսումի ետեւէ եղող կարգ մը անհատներ, այդ միջոցին իսկ լիաժամ ծառայութեան կը ձեռնարկեն։ Ահաւասիկ Մոսկուայէն երկու պատանուհիներու՝ Նատիայի եւ Մարինայի օրինակը։ Երկուքն ալ 1994–ի Ապրիլին մկրտուեցան եւ սկսան ծառայել որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Անկէ քիչ ետք աւարտեցին երկրորդական վարժարանը եւ երկու տարուան համար հաշուապահութեան յայտագրի մը հետեւեցան։ 1995–ի Մայիսին կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսան եւ հակառակ ասոր, իրենց հաշուապահութեան դասընթացքին համար լաւագոյն նիշերը ստացան։ Ասկէ զատ, դպրոց երթալով հանդերձ, միասնաբար ամէն շաբաթ Աստուածաշունչի 14 ուսումնասիրութիւններ կը վարէին։ Այս երիտասարդուհիները կը յուսան հաշուապահութիւն ուսանելով յարմար գործեր գտնել, որպէսզի լիաժամ ծառայութեան մէջ շարունակելու համար իրենց ծախսերը հոգան։

14. Հոգ չէ թէ ո՛ր չափով աշխարհային ուսում կ’որոշենք ստանալ, ի՞նչ է կարեւորագոյն բանը մեր կեանքին մէջ։

14 Եթէ դուք օրէնքին պահանջածէն աւելի ձեր ուսումը կը շարունակէք, իմաստուն կերպով քննեցէք ասոր դրդապատճառը։ Արդեօք անուն մը շահելու եւ նիւթական հարստութիւն ձեռք ձգելու նպատակա՞ւ է. (Երեմեայ 45։5. Ա. Տիմոթէոս 6։17) թէ ոչ ձեր ուսումը կը շարունակէք Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելի լման կերպով մասնակցութիւն բերելու համար։ Ուրիշ երիտասարդուհի մը՝ Լիտիան, որ նախընտրեց իր ուսումը շարունակել, հոգեւոր հարցերու մէջ լաւ տեսակէտ մը յայտնեց, ըսելով. «Ուրիշներ աւելի բարձր ուսում կը հետապնդեն եւ նիւթապաշտութեան մէջ ընկղմելով Աստուած կը մոռնան։ Անձնապէս, Աստուծոյ հետ իմ յարաբերութիւնս կարեւորագոյն բանն է ինծի համար»։ Ի՜նչ գովելի ընթացք մը բոլորիս համար։

15. Առաջին դարու Քրիստոնեաներու մէջ ուսման ի՞նչ տարբեր մակարդակներ կային։

15 Յատկանշական է որ առաջին դարու Քրիստոնեաները ուսման այլազան մակարդակներ ունէին։ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները զոր օրինակ՝ «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» նկատուած էին, քանի որ ռաբունական դպրոցներու մէջ կրթութիւն չէին ստացած։ (Գործք 4։13) Իսկ Պօղոս առաքեալ, ներկայ առումով, համալսարանական կրթութեան համազօր ուսում մը ստացած էր։ Բայց Պօղոս ուշադրութիւնը իր վրայ գրաւելու համար չգործածեց այդ ուսումը, այլ անիկա կեանքի տարբեր մակարդակի պատկանող անհատներու քարոզելու սատարեց։ (Գործք 22։3. Ա. Կորնթացիս 9։19–23. Փիլիպպեցիս 1։7) Նոյնպէս Մանայէն, որ «Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եղած [«հետ ուսանած», ՆԱ]» էր, Անտիոքի ժողովքին կարկառուն եղբայրներուն մաս կը կազմէր։—Գործք 13։1

Ի՛նչու Իմաստուն Կերպով Գործածել Ձեր Եկամուտը

16. (ա) Ինչո՞ւ աւելի դժուար է մեր Ստեղծիչը յիշել, երբ պարտքերու մէջ ենք։ (բ) Յիսուսի առակներէն մէկը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ որ դրամ ծախսելէ առաջ լաւ է խորհիլ։

16 Եթէ ձեր եկամուտը իմաստուն կերպով չգիտնաք գործածել, դժուար պիտի ըլլայ ձեր Ստեղծիչը յիշել, ընելով ինչ որ հաճելի է իրեն։ Քանի որ եթէ պարտքերու մէջ թաղուիք, այդ պարագային ուրիշ տէր մը ունեցած կ’ըլլաք։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ»։ (Առակաց 22։7) Յիսուսի առակներէն մէկը կ’ընդգծէ ծախսելէն առաջ խորհելուն կարեւորութիւնը։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել»։—Ղուկաս 14։28, 29

17. Ինչո՞ւ յաճախ դժուար է սահմանափակել մեր ծախսերը։

17 Հետեւաբար իմաստութիւն է ջանալ սուրբ գրային հետեւեալ սկզբունքով ապրիլ. «Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու»։ (Հռովմայեցիս 13։8) Սակայն ասիկա կատարելը դժուար է, մանաւանդ երբ անդադար դէմ յանդիման կը գտնուիք նոր արտադրութիւններ ծանուցանողներու հետ, որոնք կ’ուզեն ձեզ համոզել որ իրապէս անոնց կարիքը ունիք։ Ծնող մը, որ իր զաւակներուն սորվեցուցած էր ներատես ըլլալ, դիտել տուաւ. «Երկար ժամանակ իրարու հետ խօսած ենք թէ ի՛նչ է կարիք մը եւ ի՛նչ է ցանկալը»։ Ընդհանուր առմամբ դպրոցները այսպիսի նիւթեր չեն սորվեցներ, եկամուտ մը գիտակից կերպով վարելու մասին շատ քիչ տեղեկութիւն տալով, կամ՝ բնաւ չտալով։ «Մենք բարձրագոյն վարժարանը աւարտեցինք, զուգաբարձ եռանկիւնի մասին շատ աւելի գիտնալով, քան՝ ինչպէս խնայելու մասին», նշեց հանրային գործիչ մը։ Ուստի, ի՞նչ բան կրնայ օգնել ձեզի որ իմաստուն կերպով ծախսէք։

18. Մեր եկամուտը իմաստուն կերպով գործածելու բանալին ի՞նչ է եւ ի՛նչու։

18 ‘Քու Ստեղծիչդ յիշէ’ յորդորին անսալը, ձեր եկամուտը իմաստուն կերպով վարելու բանալին է։ Քանի որ երբ այդ պատուէրին կը հնազանդիք, ձեր առաջնակարգ մտահոգութիւնը կ’ըլլայ Եհովան հաճեցնել, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած սէրը կ’ազդէ ձեր դրամը գործածելու կերպին։ Հետեւաբար, թոյլ պիտի չտաք որ ձեր ցանկացած բաները արգելք հանդիսանան Աստուծոյ բոլոր սրտով նուիրում ցոյց տալու։ (Մատթէոս 16։24–26) Պէտք է ջանաք որ ձեր աչքը «պարզ» մնայ, այսինքն, Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ իր կամքին կատարման վրայ սեւեռած։ (Մատթէոս 6։22–24) Այսպիսով ուրախ առանձնաշնորհում մը պիտի նկատէք աստուածային պատուէրը, որ կ’ըսէ՝ «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ»։—Առակաց 3։9

Ընդօրինակուելու Արժանի Երիտասարդներ

19. Անցեալին՝ երիտասարդներ ի՞նչպէս յիշած են իրենց Ստեղծիչը։

19 Բարեբախտաբար, բազմաթիւ երիտասարդներ՝ անցեալին եւ ներկայիս՝ յիշած են իրենց Ստեղծիչը։ Փոքրիկն Սամուէլ անխախտ մնաց տաղաւարի սպասարկութեան մէջ, հակառակ իր ծառայակիցներուն անբարոյ ազդեցութեան։ (Ա. Թագաւորաց 2։12–26) Հրապուրիչ փորձիչ մը՝ Պետափրէսի կինը, չկրցաւ երիտասարդ Յովսէփը գրաւել որ պոռնկութիւն ընէ։ (Ծննդոց 39։1–12) Երեմիան «մանուկ» ըլլալով հանդերձ, խիստ ընդդիմութեան դիմաց քաջութեամբ քարոզեց։ (Երեմեայ 1։6–8) Իսրայելացի աղջնակ մը, անվախօրէն մղեց որ սուրիական հզօր բանակի զօրագլուխը Իսրայէլի մէջ օգնութիւն փնտռէ, ուր կրնար Եհովայի մասին սորվիլ։ (Դ. Թագաւորաց 5։1–4) Երիտասարդ Դանիէլն ու իր ընկերները հաստատ մնացին իրենց հաւատքին մէջ, երբ Աստուծոյ սննդականոնին նկատմամբ փորձութեան ենթարկուեցան։ Իսկ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով նախընտրեցին բորբոքած հնոցին մէջ նետուիլ, քան թէ Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը վտանգել, արձանի մը դիմաց երկրպագութիւն ընելով։—Դանիէլ 1։8, 17. 3։16–18. Ելից 20։5

20. Ներկայիս բազմաթիւ երիտասարդներ ի՞նչպէս կը յիշեն իրենց Ստեղծիչը։

20 Ներկայիս 19–25 տարեկան աւելի քան 2,000 երիտասարդներ Նիւ Եորք Նահանգին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայեն։ Անոնք տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու միայն պզտիկ մէկ մասն են, որոնք համայն աշխարհի մէջ իրենց Ստեղծիչը կը յիշեն։ Վաղեմի Յովսէփին նման, անոնք մերժած են իրենց բարոյական մաքրութեան մէջ տեղի տալ։ Երբ ո՛րու ծառայելու ընտրանքի մը դիմաց գտնուած են, շատեր աւելի Աստուծոյ հնազանդած են քան թէ՝ մարդոց։ (Գործք 5։29) 1946–ին, Լեհաստանի մէջ 15–ամեայ պարմանուհի մը՝ Հէնրիգա Ժուր՝ տանջանքի ենթարկուեցաւ, երբ մերժեց կռապաշտական արարք մը կատարել։ Զինք չարչրկողներէն մէկը ըսաւ. «Ի՛նչի որ կ’ուզես հաւատա՛, միայն թէ երեսդ խաչ հանէ»։ Քանի որ մերժեց, ան քաշքշուելով անտառ տարուեցաւ եւ սպաննուեցաւ, յաւիտենական կեանքի իր յոյսը անեղծ պահելով։b

21. Ո՞ր հրաւէրը ընդունիլը իմաստութիւն է եւ ի՞նչ հետեւանքով։

21 Դարերու տեւողութեան, Եհովան յիշող երիտասարդներ իր սիրտը որքա՜ն տոգորած ըլլալու են։ Դուք ալ պիտի ընդառաջէ՞ք՝ ‘Քու Ստեղծիչդ յիշէ’ հրաւէրին։ Արդա՛րեւ, Ան յիշուելու արժանի է։ Ամէն օր մտածեցէք ձեզի համար ըրած եւ տակաւին ընելիք բաներուն մասին եւ ընդունեցէք իր հրաւէրը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի [զիս] անարգողին պատասխան տամ»։—Առակաց 27։11

[Ստորանիշներ]

a Դիտարան 15 Դեկտեմբեր 1953, էջ 750, Անգլերէնով։

b Տես՝ Եհովայի Վկաներու 1994–ի Տարեգիրքը, էջ 217–218, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, Անգլերէնով։

Կը Յիշէ՞ք

◻ ի՞նչպէս կարելի է պատանիներուն օգնել որ Աստուած նկատեն որպէս իրական էակ մը։

◻ Ստեղծիչը յիշել ի՞նչ կը նշանակէ։

◻ Մեր ուսումը ի՞նչ նպատակի պէտք է ծառայէ։

◻ Ի՞նչու իմաստութիւն է մեր եկամուտը իմաստուն կերպով գործածել։

◻ Ո՞ր երիտասարդները ընդօրինակուելու արժանի են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել