Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 3/1 էջ 3-4
  • Ի՞նչպիսի անհատներու կը հաճիք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչպիսի անհատներու կը հաճիք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արժէքներու Սովորական Չափանիշներ
  • Ասոնք Առո՞ղջ Չափանիշներ Են
  • Ո՞վ ունի Աստուծոյ հաճութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Կրթութիւնը՝ Եհովան փառաբանելու համար գործածենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ի՞նչ ապագայ կ’ուզէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Էթնիքական անհանդուրժողութեան լուծումը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 3/1 էջ 3-4

Ի՞նչպիսի անհատներու կը հաճիք

«ՀԱՐՍՆՑՈՒ ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ։ Բաց գոյն մորթով, նիհար, վկայեալ կամ նախընտրելի է յետընթացաւարտ ըլլայ։ Ստացուածքներ ունեցող լաւ ընտանիքէ պէտք է ըլլայ։ Նախընտրաբար՝ նոյն դասակարգէն»։

ԱՀԱՒԱՍԻԿ ամուսնական ծանուցումի օրինակ մը, զոր կրնաք Հնդկական օրաթերթի մը մէջ կարդալ։ Հաւանաբար, աշխարհի շատ մը ուրիշ մասերուն մէջ ալ նոյնանման բաներ կրնաք տեսնել։ Հնդկաստանի մէջ, ազդագիրը սովորաբար կը գրուի ապագացու փեսային ծնողքին կողմէ։ Պատասխանները կրնան պարփակել վառ կարմիր սարի հագած, ինչպէս նաեւ շատ մը ոսկեղէն գոհարներով զարդարուած աղջկան պատկերը։ Եթէ տղուն ծնողքը հաւնի, ամուսնութեան համար համաձայնութիւնները կը սկսին։

Արժէքներու Սովորական Չափանիշներ

Հնդկաստանի մէջ, բաց գոյն մորթով հարսնցու մը սովորաբար շատ խնդրուած է։ Ասիկա հիմնուած է խոր արմատ կապած այն հաւատալիքին վրայ թէ Հինտու ընկերութեան մէջ այդպէս կոչուած աւելի ցած դասակարգերուն մորթին գոյնը գոց է։ Վերջերս, Հնդկական հեռատեսիլէն յայտագիր մը երկու աղջիկներու պատմութիւնը պատմեց, որոնցմէ մէկուն մորթին գոյնը բաց էր, իսկ միւսինը՝ գոց։ Բաց գոյն մորթով աղջիկը անգութ եւ կոպիտ էր, իսկ գոց գոյն մորթով աղջիկը՝ ազնիւ ու բարի։ Կախարդական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ բաց գոյն ունեցողին գոյնը գոց եղաւ որպէս պատիժ, իսկ գոց գոյն ունեցող աղջկան գոյնը բացուեցաւ։ Պատմութեան բարոյական դասն այդ էր որ թէեւ բարութիւնը վերջապէս կը յաղթէ, բայց բաց գոյն մորթը ցանկալի վարձատրութիւն մըն է։

Այսպիսի ցեղային զգացումներ յաճախ մեր կարծածէն շատ աւելի խոր արմատ կապած են։ Օրինակի համար, Ասիացի մը կրնայ Արեւմտեան երկիր մը այցելել եւ գանգատիլ թէ իրեն հետ լաւ չվարուեցան իր մորթին գոյնին կամ քաշուած աչքերուն պատճառաւ։ Այսպիսի արարքներ կրնան խռովեցնել զինք։ Ան կը խորհի թէ իրեն հետ անարդարութեամբ վարուեցան։ Բայց երբ իր հայրենիքը վերադառնայ, ան կրնայ տարբեր ցեղի պատկանողներուն հետ նոյն կերպով վարուիլ։ Նոյնիսկ այսօր, մորթին գոյնը եւ ցեղային ծագումը մեծ դեր կը խաղան ուրիշ անհատի մը արժէքը որոշելու մէջ։

«Արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ», գրեց վաղեմի Սողոմոն Թագաւորը։ (Ժողովողի 10։19) Որքա՜ն ճշմարիտ է ասիկա։ Հարստութիւնն ալ իր դերը կը խաղայ մարդոց հանդէպ նկատառութիւն ցոյց տալու մէջ։ Հարստութեան աղբիւրը գրեթէ չի հետաքրքրէր իսկ զիրենք։ Արդեօք մարդ մը ծանր աշխատանքով կամ գործը ուշադրութեամբ վարելո՞վ թէ անպարկեշտութեամբ հարստացած է։ Ատիկա գրեթէ հարց չէ։ Հարստութիւնը, չարաշահութեամբ ձեռք ձգուած ըլլայ կամ ոչ, շատ մը անհատներու կը մղէ, որ անոր տիրոջ առջեւ քծնին։

Բարձրագոյն կրթութիւնն ալ մեծապէս յարգուած է մրցակցութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ։ Մանուկ մը ծնելուն պէս, ծնողներ կը ստիպուին մեծ գումարներ մէկ կողմ դնելու սկսիլ անոր կրթութեան համար։ Երբ երախան երկու կամ երեք տարեկան ըլլայ, անոնք կը սկսին զայն լաւ մանկամսուրի մը կամ մանկապարտէզի մը ղրկելու մասին մտահոգուիլ որպէս համալսարանական տիտղոսի տանող երկար ճամբորդութեան առաջին քայլը։ Ոմանք կը խորհին թէ վարկ ունեցող վկայական մը իրեն հետ կը բերէ ուրիշներուն հաճութիւնը եւ յարգանք շահելու իրաւունքը։

Այո, մորթին գոյնը, ուսումը, դրամը, ցեղային ծագումը, այս բաները չափանիշներ եղած են, որոնցմով շատեր ուրիշ անհատ մը կը դատեն, կամ աւելի ճիշդը՝ կը կանխադատեն։ Այս ազդակները կ’որոշեն թէ անոնք որո՛նց հաճութիւն ցոյց պիտի տան, կամ որո՛նցմէ զայն պիտի զլանան։ Իսկ դո՞ւք։ Ի՞նչպիսի անհատներու կը հաճիք։ Դրամ, բաց գոյն մորթ, կամ բարձր ուսում ունեցող մը աւելի հաճութեան եւ յարգանքի արժանի կը սեպէ՞ք։ Եթէ այո, լրջօրէն նկատի պէտք է առնէք ձեր զգացումներուն արմատը։

Ասոնք Առո՞ղջ Չափանիշներ Են

Հինտու Աշխարհը խորագրով գիրքը (Անգլ.) դիտել կու տայ. «Աւելի ցած դասակարգերէն ոեւէ մէկը, եթէ պրահման մը մեռցնէր, ան մինչեւ մահ պէտք էր տանջուէր ու իր ստացուածքը կը բռնագրաւուէր, իսկ իր հոգին յաւիտեան կը դատապարտուէր։ Եթէ պրահման մը ոեւէ մէկը սպաննէր, միայն տուգանք կը վճարէր եւ բնաւ մահապատիժ չէր ստանար»։ Թէեւ այս գիրքը հին ժամանակներուն մասին կը խօսի, բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ներկայիս։ Այս Ի. դարուն, ցեղային նախապաշարումը եւ համայնքային լարուածութիւնները պատճառ եղած են որ գետի նման արիւն հոսի։ Իսկ ասիկա միմիայն Հնդկաստանի յատուկ չէ եղած։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ՝ ցեղանջատումին պատճառած ատելութիւնն ու վայրագութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ցեղային նախապաշարումը, Պալթեան երկիրներու մէջ՝ ազգայնական նախապաշարումը (ցանկը կարելի է երկարել), այս բոլորը գերակայութեան ներքին զգացումին պատճառաւ եղած են։ Անշուշտ, ցեղի կամ ազգի պատճառով անհատ մը միւսէն աւելի նախընտրելը լաւ եւ խաղաղարար պտուղներ չէ բերած։

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ հարստութեան մասին։ Անկասկած, շատեր հարստացած են պարկեշտ, ծանր աշխատանք մը կատարելով։ Սակայն, հսկայական հարստութիւն դիզուած է չարագործ ոճրագործներու, սեւ շուկայ աշխատցնողներու, թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան, զէնքի անօրէն վաճառականներուն եւ ուրիշներու կողմէ։ Ճիշդ է որ ասոնցմէ ոմանք մարդասիրական նպատակներու կամ աղքատներուն օգնելու ծրագիրներու համար նուիրատուութիւններ կ’ընեն։ Սակայն եւ այնպէս, անոնց ոճրագործական արարքները անպատմելի տառապանք եւ թշուառութիւն բերած են իրենց զոհերուն վրայ։ Նոյնիսկ բաղդատաբար աննշան գործիչները, այսինքն, անոնք որ կաշառք կ’առնեն, կամ կասկածելի առեւտուրի մասնակից կ’ըլլան, սարսափի, վիրաւորանքի եւ նոյնիսկ մահուան պատճառ եղած են, երբ իրենց ապրանքը կամ ծառայութիւնը ձախողած է կամ նպատակին չէ ծառայած։ Արդարեւ, հարստութիւնը ինքնին նպաստաւոր դատաստան մը ընելու հիմ մը չի կրնար ըլլալ։

Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ուսումի մասին։ Անհատի մը անունին ընկերակցող աստիճաններու կամ տիտղոսներու երկար շարքը կ’երաշխաւորէ՞ թէ ան պարկեշտ եւ ուղիղ անհատ մըն է։ Ատիկա կը նշանակէ՞ որ անոր տարբեր աչքով պէտք է նայիլ։ Ճիշդ է որ ուսումը կ’ընդլայնէ մէկու մը հորիզոնը եւ շատեր որոնք իրենց ուսումը ուրիշներուն օգտին համար կը գործածեն, պատիւի եւ յարգանքի արժանի են։ Բայց պատմութիւնը լեցուն է զարգացած դասակարգին մեծամասնութեան չարաշահութեան եւ հարըստահարութեան օրինակներով։ Իսկ նկատի առէք թէ ներկայիս ի՛նչ տեղի կ’ունենայ երկրորդական վարժարաններու կամ համալսարաններու թատերաբեմին վրայ։ Վարժարաններու բակերը լեցուն են թմրեցուցիչի խնդիրներով եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած ախտերով եւ շատ մը աշակերտներ միմիայն դրամի, ոյժի եւ համբաւի ետեւէ են։ Անհատի մը միայն կրթութիւնը նկատի առնելը անոր իրական անձնաւորութիւնը չի յայտներ։

Այո, մորթին գոյնը, ուսումը, դրամը, ցեղային ծագումը, կամ ուրիշ նոյնանման ազդակներ անհատի մը արժէքը որոշող իրական չափանիշներ չեն։ Քրիստոնեաները ուրիշներուն հաճութիւնը շահելու համար այսպիսի բաներով պէտք չէ մտահոգուին։ Արդ, անհատ մը ի՞նչ բանով պէտք է հետաքրքրուի։ Անհատ մը ի՞նչ չափանիշներով պէտք է առաջնորդուի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել