Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ93 3/1 էջ 5-6
  • Ո՞վ ունի Աստուծոյ հաճութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ ունի Աստուծոյ հաճութիւնը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Աւելի Բարձր Չափանիշները
  • Կրնանք Աստուծոյ Հաճութիւնը Շահիլ
  • Ի՞նչպիսի անհատներու կը հաճիք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • ‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
դ93 3/1 էջ 5-6

Ո՞վ ունի Աստուծոյ հաճութիւնը

ԲՈԼՈՐՍ ալ կ’ուզենք սիրուիլ մեր ընկերակիցներէն։ Քրիստոնեայի մը մեծագոյն ցանկութիւնն է սակայն, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ։ Եհովա Աստուծոյ մասին Սաղմոս 84։11–ը կ’ըսէ. «Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն»։ Յիսուսի ծննդեան առթիւ, երկնային հրեշտակներու ուրախ աղաղակը կը խոստանար. «Երկրի վրայ խաղաղութիւն մարդոց՝ որոնց ան կը հաճի»։—Ղուկաս 2։14, Մոֆաթ։

Բայց Աստուած որո՞նց կը հաճի։ Աստուծոյ եւ մարդոց չափանիշները նո՞յնն են։ Հասկնալի է որ՝ ո՛չ, ինչպէս ցոյց կու տայ նախորդ յօդուածը։ Իրականութեան մէջ, քանի որ Քրիստոնեաներուն խրատ տրուած է որ «Աստուծոյ նմանող»ներ ըլլան, իւրաքանչիւրս մենք մեզի պէտք է հարց տանք. Ես Աստուծո՞յ հաճած անհատներուն կը հաճիմ, թէ ոչ աշխարհային չափանիշներով մարդիկը կը դատեմ։ (Եփեսացիս 5։1) Եհովայի հաճութիւնը եւ շնորհքը շահելու համար, իրերը իր տեսանկիւնէն պէտք է դիտենք։

Աստուծոյ Աւելի Բարձր Չափանիշները

«Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», ըսաւ Պետրոս առաքեալ, «որեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ Աւելին, Պօղոս առաքեալ հաստատեց որ Աստուած «բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ»։ (Գործք 10։34, 35. 17։26) Ուստի, պարզապէս տրամաբանական է եզրակացնել թէ բոլոր մարդիկն ալ հաւասար են Աստուծոյ աչքին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ֆիզիքական յատկանիշները։ Պարագան այս ըլլալով, պատշաճ չէ որ Քրիստոնեայ մը անտեղիօրէն հաճի մէկու մը, պարզ անոր համար որ ան մասնայատուկ շրջանէ մը կու գայ կամ մորթի որոշ գոյն մը ունի կամ ուրիշ ցեղի մը կը պատկանի։ Այլ, ան պէտք է հետեւի իր Տիպարին, Յիսուս Քրիստոսին, որու մասին նոյնիսկ թշնամիները ընդունեցին որ անաչառ էր։—Մատթէոս 22։16

Երբեմն ծանծաղ կամ անկարեւոր բան մը նկարագրելու համար կը գործածուի «մորթի խորութիւն» արտայայտութիւնը։ Մորթի գոյնն ալ ճիշդ այդպէս է. անիկա միայն մորթի խորութիւն ունի։ Անհատի մը մորթին գոյնը ո՛չ մէկ կերպով կ’արտացոլացնէ իր անձնաւորութիւնը կամ ներքին յատկութիւնները։ Վստահաբար մորթի գոյնը չէ որ պիտի որոշէ թէ որո՛նց հետ պիտի ընկերակցինք, ուտենք, կամ ձեռնուինք։ Յիշեցէք որ այդ օրիորդը, որ շատ գեղեցիկ եւ վիպային բանաստեղծութիւններէն մէկուն ներշնչման աղբիւրը եղաւ, ինքն իր մասին ըսաւ. «Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ, ... իմ սեւցած ըլլալուս մի՛ նայիք, վասնզի արեւը զիս տեսաւ»։ (Երգ Երգոց 1։5, 6) Ո՛չ ցեղը, ոչ ալ գոյնը անհատի մը հանդէպ հաճութիւն ցոյց տալու պատշաճ հիմ մը կը կազմէ։ Շատ աւելի կարեւոր բանն է գիտնալ թէ անհատը Աստուծմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ։

Աստուած ի՞նչ կը խորհի նիւթական հարստութիւն ունենալու մասին։ Աստուծոյ ամենէն սիրած եւ հաճած անհատներուն մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս։ Սակայն, երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս ‘տեղ մը չունէր իր գլուխը դնելու’։ (Մատթէոս 8։20) Ան արտեր, տուներ, դաշտեր, մրգաստաններ, կամ անասուններ չունէր։ Այսուհանդերձ, Եհովան պատուեց զինք եւ այնպիսի դիրքի մը բարձրացուց, որ տիեզերքին մէջ Իրմէ ետք ամենէն բարձրն էր։—Փիլիպպեցիս 2։9

Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցաւ, քանի որ բարի գործերով հարուստ էր եւ ոչ թէ՝ նիւթական բարիքներով։ (Բաղդատել Ա. Տիմոթէոս 6։17, 18։) Ան իր հետեւորդներուն խրատեց. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան։ Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան»։ (Մատթէոս 6։19, 20) Հետեւաբար, Քրիստոնեաները աշխարհային ստացուածքներէ դատելով անհատներու աչառութիւն պէտք չէ ընեն միայն այս աշխարհի բարիքներով հարուստ եղողներուն հանդէպ հաճութիւն ցոյց տալով։ Անոնք պէտք է փնտռեն այն անհատները որոնք Աստուծոյ հանդէպ հարուստ են, առանց նկատի առնելու թէ նիւթական գետնի վրայ հարուստ են թէ՝ աղքատ։ Բնաւ մի՛ մոռնաք որ «Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը»։ (Յակոբու 2։5) Եթէ Աստուծոյ տեսակէտը ունենաք, բնաւ նիւթապէս հարուստ եղողին հաճութիւնը փնտռելու սովորութեան որոգայթին մէջ պիտի չիյնաք։

Իսկ ինչ որ կը վերաբերի ուսումի, Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ Աստուած մեզ կը յորդորէ որ գիտութիւն եւ իմաստութիւն փնտռենք եւ թէ Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ ապրած մեծագոյն ուսուցիչն էր։ (Առակաց 4։7. Մատթէոս 7։29. Յովհաննու 7։46) Բայց աշխարհային իմաստութիւնը, կամ ուսումը, Աստուծոյ հաճութեան չարժանացնէր։ Ընդհակառակը, Պօղոս կ’ըսէ. «Ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ ... կանչուեցան. բայց Աստուած աշխարհիս յիմարները ընտրեց, որպէսզի ամօթով ընէ իմաստունները»։—Ա. Կորնթացիս 1։26, 27

Աստուած կը հաճի անոնց որոնք լաւ ուսում ունին, ո՛չ թէ համալսարաններուն մէջ ուսուցուած բարձր գիտութեան շուրջ, այլ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ գտնուած ճշմարտութեան «մաքուր լեզու»ին։ (Սոփոնեայ 3։9) Իրականութեան մէջ, ներկայիս Եհովա ինք իր ժողովուրդին կը սորվեցնէ երկրի հեռաւոր անկիւնները հասնող դաստիարակչական յայտագրով մը։ Ինչպէս Եսայի մարգարէն նախագուշակած էր, բոլոր ազգերէն անհատներ կ’ընդառաջեն, ըսելով. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Հետեւաբար, փոխանակ աշխարհային ուսումը փառաւորելու, Քրիստոնեաները պէտք է փնտռեն անոնք, որոնք իրենց խօսքերով ու արարքներով կը փաստեն որ իրապէս ‘Եհովայէ սորված’ են։ Այսպէս ընելով, անոնք պիտի վայելեն այն «խաղաղութիւնը» զոր Աստուած կու տայ։—Եսայեայ 2։3. 54։13

Կրնանք Աստուծոյ Հաճութիւնը Շահիլ

Այո, ուրիշներուն հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց տալու Աստուծոյ չափանիշները շատ տարբեր են մարդուն չափանիշներէն։ Այսուհանդերձ, պէտք է ջանանք անոնցմով առաջնորդուիլ, եթէ կ’ուզենք իր աչքին հաճելի ըլլալ։ Ատիկա կը նշանակէ որ պէտք է սորվինք ուրիշները Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտել եւ ոչ թէ՝ մարդկային չափանիշներէն, որոնք կրնան անձնասիրութենէ եւ նախապաշարումէ ազդուած ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք ատիկա ընել։

Եհովա Աստուած անհատի մը սիրտը կը քննէ եւ կը հաճի անոնց որոնք սէր, բարութիւն, քաղցրութիւն, երկայնամտութիւն եւ նման յատկութիւններ կը ցուցաբերեն։ Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ (Ա. Թագաւորաց 16։7. Գաղատացիս 5։22, 23) Որքան որ կրնանք, ներքին մարդուն պէտք է նայինք եւ ո՛չ թէ անոր մորթի գոյնին կամ ցեղային ծագումին։ Փոխանակ նիւթապէս հարուստ եղողները փնտռելու, աւելի լաւ կ’ընենք հարստութեան մասին Աստուծոյ տեսակէտը մտաբերելով եւ ջանալով ‘բարի գործերով հարստանալ, առատաձեռն եւ ուրիշներուն պիտոյքներուն հաղորդ ըլլալ’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։18) Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար, պէտք է շարունակենք Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալ, ճշմարտութեան մաքուր լեզուին մէջ լաւ հմտանալով։ (Յովհաննու 17։3, 17) Այսպէս ընելով, մենք ալ Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցողներուն մէջ պիտի գտնուինք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել