Գողութիւնը ինչո՞ւ վերելք մը կ’արձանագրէ
ՌԻՕ ՏԷ ԺԱՆԷՐՕ—Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 1992։ Գոբագապանա եւ Իփանէմա համբաւաւոր ծովափները խճողուած են։ Յանկարծ խումբ մը երիտասարդներ կը ներխուժեն ծովափները, իրարու հետ կռուելով եւ ծովափին վրայ գտնուող մարդոցմէ գողնալով արժէքաւոր որեւէ բան։ Անթիւ ոստիկաններ հոն կայնած են՝ անդամալուծուած։ Գարիոգաներու եւ զբօսաշրջիկներու համար, անիկա ցերեկ ատեն տեղի ունեցող մղձաւանջ մըն է։
Արդարեւ, ստացուածքի դէմ ոճիրը հասարակ բան մը եղած է։ Մեծ քաղաքներու մէջ, գողերը դերատիներ կը գողնան եւ երբեմն նոյնիսկ կը սպաննեն զանոնք, անոնց կօշիկները առնելու համար։ Գողերը մարդոց տուները կը մտնեն, անոնք տունը ըլլան կամ ոչ։ Անպարկեշտ սպասուհիներ, տան մը լաւ ծանօթանալէ ետք, ոսկեղէնը եւ դրամը կը գողնան, ապա կ’անյայտանան։ Ամբոխներ խանութներ կը կողոպտեն։ Լաւ կազմակերպուած խմբակներ նոյնիսկ մարդիկ կը գողնան, ինչպէս կը տեսնուի Պրազիլիոյ մէջ արեւանգումներու աճող թիւէն։ Թերեւս ձեր անձնական փորձառութենէն կամ ձեր համայնքին մէջ տեղի ունեցած բաներէն օրինակներ կրնաք տալ։ Բայց ինչո՞ւ այսքա՛ն գողութիւն։
Մարդիկ Ինչո՞ւ կը Գողնան
Թէեւ աղքատութեան վերելքը եւ թմրեցուցիչի գործածութիւնը երկու մեծ պատճառներ են, սակայն երեւութապէս բուն պատճառները շատ բացայայտ չեն։ Համայնագիտարան մը (The New Encyclopædia Britannica) դիտել կու տայ. «Ոճիրի համար միայն մէկ պատճառ գտնելու փնտռտուքը բոլորովին ձգուած է որպէս ապարդիւն»։ Այսուհանդերձ, նոյն աշխատասիրութիւնը կը թելադրէ որ գողութեան նման խնդիրները «ուղղակիօրէն կը վերագրուին նիւթական յաջողութենէն եւ սովորական կեանքի վարձատրութիւններէն զուրկ ըլլալէն առթած, պատանիներու անարժէք ըլլալու եւ ընդվըզումի զգացումներուն»։ Այո, սպառումի հըսկայական ճնշումին պատճառաւ, շատերու համար իրենց ուզածը ձեռք ձգելու միակ կերպը՝ գողութիւնն է։
Հետաքրքրականօրէն սակայն, ուրիշ համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) կը նշէ. «Ոճիրի համեմատութիւնը գրեթէ անփոփոխ կը մնայ աւանդական ընկերութիւններու մէջ, ուր մարդիկ կը հաւատան որ իրենց ապրելակերպը պիտի շարունակուի։ Ոճիրի համեմատութիւնը աւելի կը բարձրանայ այն ընկերութիւններուն մէջ, ուր մարդոց բնակավայրին եւ ի՛նչպէս ապրուստ մը ճարելու հարցին, ինչպէս նաեւ իրենց ապագայ բարօրութեան յոյսերուն մէջ արագ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան»։ Համայնագիտարանը կ’աւելցնէ. «Երիտասարդները աշխատանքի աւելի քիչ պատեհութիւններ ունին։ Անհետաքրքիր գործերը ձանձրացուցիչ կը թուին, բաղդատած՝ գողութենէն արագօրէն եւ ջղագրգիռ կերպով ձեռք ձգուած բաներուն։ Երիտասարդները նաեւ աւելի պատրաստակամ են ձերբակալուելու, քանի որ կորսնցնելիք շատ բան չունին»։
Սակայն, գործ չունեցողներէն, կամ քիչ վճարուողներէն շատեր չեն գողնար, մինչդեռ պաշտօնեաներէն կամ գործաւորներէն շատեր իրենց գործին մէջ պզտիկ բաներ կը շորթեն, որպէս թէ անոնք իրենց ամսականին մէկ մասը ըլլային։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը խարդախութիւններ ընելու համար, ընկերային որոշ մակարդակ կը պահանջուի։ Բնաւ չէ՞ք լսած հսկայ գումարներու շուրջ եղած գայթակղութիւններու մասին, որոնց միջամուխ եղողները կարգ մը քաղաքագէտներ, հանրային պաշտօնեաներ եւ առեւտրականներ են։ Կասկած չկայ, գողութիւնը միայն աղքատին չէ վերապահուած։
Մի՛ մոռնաք նաեւ որ շարժապատկերները եւ հեռատեսիլը յաճախ գողութիւնը զուարճալի կը ներկայացնեն (հերոսը կրնայ նոյնիսկ գող մը ըլլալ), գողութիւնը աւելի ընդունելի դարձնելով։ Ենթադրենք որ այսպիսի բաներ դիտելը կրնանք զբօսանք կոչել, սակայն միեւնոյն ժամանակ, ունկնդիրներուն ցոյց կը տրուի գողնալու կերպը։ Արդեօք հնարամտութեամբ այն գաղափարը չփոխա՞նցուիր թէ գողնալը վարձահատոյց է։ Ագահութիւնը, ծուլութիւնը եւ ամէն մարդ կը գողնայ առանց պատիժ ստանալու գաղափարը, անկասկած նպաստած են գողութեան վերելքին։ Անժխտելիօրէն, մենք նախագուշակուած «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, երբ անձնական շահը եւ դրամասիրութիւնը տիրական են։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5
Մի՛ Գողնար
Հակառակ աշխարհի խեղաթիւրուած արժէքներուն, կենսական է սա պատուէրին հնազանդիլ. «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ»։ (Եփեսացիս 4։28) Այդ անհատը որ ստացուածքի կամ հաճոյքներու շատ արժէք կու տայ, ինքզինք պիտի համոզէ որ կ’արժէ գողնալ։ Բայց գողութիւնը լուրջ բան մըն է Աստուծոյ աչքին եւ ընկերին հանդէպ սիրոյ պակաս ցոյց կու տայ։ Ասկէ զատ, նոյնիսկ պզտիկ գողութիւնը կրնայ մէկու մը սիրտը կարծրացնել։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել անպարկեշտ նկատուելու մասին։ Ո՞վ կը վստահի գողի մը։ Աստուծոյ Խօսքը խոհեմաբար կ’ըսէ. «Չըլլայ որ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ»։—Ա. Պետրոս 4։15
Վստահաբար մեծապէս ցաւ կը զգաք գողութեան վերելքին համար, բայց այն մարդիկը որոնք կը բնակին այն շրջաններու մէջ, ուր ոճիրը տիրական է, ինչպէ՞ս անոր հետ գլուխ կ’ելլեն։ Նախկին գողեր ինչպէ՞ս իրենց ապրելակերպը փոխած են։ Արդեօք համայն աշխարհի մէջ գողութիւնը վերջ պիտի գտնէ՞ օր մը։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ յաջորդ յօդուածը կարդաք. «Առանց Գողերու Աշխարհ մը»։