«Վերջին թշնամին» պիտի յաղթուի
ԵՐԲ երախայ էիք, հաւանաբար մութէն կը վախնայիք։ Սարսափազդու պատմութիւնները կամ նոյնիսկ հէքեաթները ձեզի մտավախութիւն կը պատճառէին։ Որքա՜ն ապահով կը զգայիք, երբ քնանալու պահուն, ձեր հայրը կամ մայրը ճրագը վառած ձգէր։
Մահն ալ կը սարսափեցնէ շատերը։ Սակայն, պէտք չէ այդպէս ըլլայ։ Ինչո՞ւ. բուն իսկ մահուան ի՛նչ ըլլալուն պատճառով։
Ձեր Թշնամին Ճանչցէք
Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն իմաստուն Թագաւորը ըսաւ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն որ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ (Ժողովողի 9։5) Ըստ ձեր Աստուածաշունչին մէջ գտնուած այս ներշընչեալ խօսքին, մահը պարզապէս կեանքին հակառակն է։ Մեռելները գիտակից չեն։
Մահը պատկերալից կերպով ներկայացնելով, Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ Ի՞նչ է այդ խայթոցը որ մահ կը պատճառէ։ Պօղոս կ’ըսէ. «Մահուան խայթոցը մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։55, 56. Ովսեայ 13։14) Իսկ ի՞նչ է այս զզուելի խայթոցին ծագումը։ Պօղոս առաքեալ ուրիշ համարի մը մէջ կ’ըսէ. «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։ (Հռովմայեցիս 5։12) Պօղոս առաքեալ առկախուած չի ձգեր այդ ‘մարդուն’ ինքնութիւնը, երբ կ’ըսէ. «Ադամով ամէնքը կը մեռնին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։22) Այո, մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամի՝ անհնազանդութեամբ, բոլորս ալ մահուած խայթոցին ենթակայ ենք։—Ծննդոց 3։1–19
Եթէ լաւ առողջութիւն եւ հաճելի միջավայրի մը մէջ սիրալիր ընտանիք մը ունենայինք, ո՛չ մէկս պիտի ուզէինք մեռնիլ։ Բայց ինչպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն»։ (Ժողովողի 9։11) Իրականութեան մէջ, չենք գիտեր թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի մեզի։ (Յակոբու 4։14) Բան մը որ յստակ է՝ բոլորս ալ մեղք եւ մահ ժառանգած ենք։ Հետեւաբար, մահը դարանակալ կը սպասէ մեզ եւ կը հարուածէ որպէս թշնամի մը։
Սիրելիի մը Մահուան Դժուարութիւնը Յաղթահարել
Մահը մասնաւորաբար թշնամի կը դառնայ, երբ կը հարուածէ սիրելի մը։ «Քեզի համար աւելի գէշ պիտի ըլլայ», ըսաւ մահամերձ կին մը իր ամուսնոյն։ Ինչո՞ւ այդպէս ըսաւ ան։ Քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (Ժողովողի 9։10) Մեռելը կը դադրի տառապելէ։ Բայց վիշտը կը բերձուի ապրող ազգականներուն ու բարեկամներուն ուսին։ Կարելի՞ է կերպով մը ամոքել այս տառապանքը։
Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ էջերը շատ մը մխիթարական խօսքեր կը պարունակեն։ Սաղմոսները կարդալը ու անոնց վրայ խոկալը, զոր օրինակ, մխիթարութեան աղբիւր մըն է։ Արդարեւ մխիթարական է հետեւեալին նման խօսքերը. «Եհովան օրհնեալ ըլլայ, որ ամէն օր մեր բեռը կը կրէ, Աստուած է մեր փրկիչը»։—Սաղմոս 68։19, ՆԱ։
Մխիթարութեան ուրիշ աղբիւր մըն է Քրիստոնէական ժողովքը։ Հ.Դ. առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։ Իսկ եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, [որոնք կրնան իրեն նիւթապէս հոգ տանիլ,] թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասնզի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։ Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէ պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։3, 4, 9, 10) Ներկայիս, Եհովայի Վկաներն ալ այսպիսի հաւատացեալներուն ձեռընտու կ’ըլլան եւ զանոնք կը մխիթարեն։
Սիրելի մը կորսնցնողը յաճախ զգացական գետնի վրայ ինքզինք գտնելու համար մեծագոյն ջանքը պէտք է թափէ։ «Կինս շա՜տ կը սիրէի», գրեց մարդ մը, որու կողակիցը երկու տարի առաջ մեռած էր։ «Ասիկա կեանքիս ամենէն տխուր դէպքն է եւ դժուար է տոկալ»։ Անհատ մը որ որոշ ատենէ ի վեր ամուսնացած է, մարդկային ամենէն մտերիմ յարաբերութիւնը բաժնած է իր կողակիցին հետ։ Երբ կողակից մը մահանայ, մնացողը բնականաբար մեծ կորուստ կը զգայ։ Այդ անհատը որո՞ւ կրնայ դիմել օգնութիւն ստանալու համար։
Այսպիսի պարագաներու, Քրիստոնէական լաւ ընկերակցութիւնները կրնան շինիչ ըլլալ։ «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայր է՝ նեղութեան ատենին համար ծնած», կ’ըսէ առած մը։ (Առակաց 17։17) Այրի կին մը կամ մարդ մը օգնութեան՝ բարեկամներու՝ պէտք ունի, որպէսզի իրեն իրապէս նեցուկ կանգնին։ Իմաստուն բարեկամները վշտի մէջ եղողին կը քաջալերեն որ խօսի, նոյնիսկ երբ ասիկա անոր արտասուելուն պատճառ ըլլայ։ Քրիստոնեայ մը, որ ինք կողակից մը կորսնցնելու ցաւոտ ու սրտաճմլիկ փորձառութենէն անցած է, թերեւս կրնայ համեստօրէն օգնութեան ձեռք երկարել։ ‘Վատասիրտները մխիթարեցէք’, կը յորդորէ Աստուածաշունչը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Բայց մի՛ մոռնաք որ այրի կինը կամ մարդը, իր կողակիցին պակասը կը զգայ։ Հետեւաբար, կորուստ ունեցողը իր սիրտը պէտք է պարպէ ուրիշներուն, միայն ա՛յն պարագաներուն, երբ երկուստէք մաքուր վարք մը պահելու կարելիութիւն կայ։—Ա. Պետրոս 2։12
Մահուան պատճառած ցաւը մեղմացնելու լաւագոյն կերպն է ուրիշներուն օգնելով զբաղած մնալ, ինչ որ դիւրին չէ անոնց համար, որոնք կը խորհին որ հիմա իրենք օգնութեան կարիքը ունին։ Հոս է որ անձնուրացութիւնը դեր կը խաղայ։ Ուրիշներուն անձնուրացաբար բան մը ընելը տխրութիւնն ու վիշտը կը փարատէ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35
Մահուան Վրայ Յաղթանակ
Մեղուի մը խայթուացքը կրնայ շատ ցաւոտ, նոյնիսկ մահացու, ըլլալ։ Սակայն ընդհանրապէս, ձեր մորթին մէջ մտած միջատին խայթոցը վերցնելը կրնայ ձեզ ամոքել։ Բայց մահուան խայթոցէն ամոքուելու ի՞նչ ակնկալութիւն ունինք։
Բացատրելէ ետք թէ մեղքն է մահ պատճառող խայթոցը, Պօղոս կ’ըսէ. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։57) Մահուան վրայ տարուած յաղթանակը ի՞նչ կապ ունի Քրիստոսին հետ։ Յիսուս այս կապը ցոյց տուաւ, երբ ինքն իր մասին ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Այո, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ անոր միջոցաւ Եհովայի հայթայթած քաւութեան զոհին հաւատք ընծայողներուն համար, Ադամէ ժառանգուած մահուան հետեւանքը մնայուն անէացում պիտի չըլլայ։—Յովհաննու 3։16
Արդարեւ սրտապնդիչ են Յիսուսի խօսքերը. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։—Յովհաննու 5։28, 29
Դարեր առաջ, Աստուծոյ մարգարէն՝ Եսային ըսած էր. «[Եհովա Աստուած] մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովա ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։ (Եսայեայ 25։8) Դարձեալ, Յայտնութիւն 21։4–ին մէջ, Աստուածաշունչը հետեւեալ հոյակապ հեռանկարը կը պարզէ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։ Մահուան մէջ ննջողներուն առնչութեամբ սուրբ գրային այս յոյսով զօրացած, սգաւորները չեն ‘տրտմիր, ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13
Ջանացէք մտապատկերել ինչ որ Աստուած վերապահած է մարդկութեան համար, որոնք պարզուած են Աստուածաշունչին մէջ։ Մօտալուտ «մեծ նեղութիւն»ը կործանում պիտի նշանակէ ներկայ ամբարիշտ իրերու դրութեան։ (Յայտնութիւն 7։14) Սուտ կրօնքի անձնատուր եղողները պիտի բնաջնջուին։ Սովի ու պատերազմի նպաստող քաղաքական եւ առեւտրական ագահ տարրերը գոյութենէ կը դադարին։ Յիսուս Քրիստոս անդունդը կը նետէ Բանսարկու Սատանան, որ այսքա՜ն մարդոց մահուան պատճառ եղած է։ Ապա Քրիստոս իր Հազարամեայ Իշխանութիւնը կը սկսի, որու ընթացքին իր քաւիչ զոհին արժանիքները կը կիրարկէ մարդկութեան ի նպաստ։ Մեռելները կը վերադառնան յուսացուած յարութեամբ եւ Աստուծոյ Խօսքէն եկած լոյսը ա՛յնքան կը շողշողայ որ մահուան՝ մարդկութեան թշնամիին՝ մասին նախապաշարեալ տեսակէտները այլեւս կը չքացուին։ Այն ատեն բոլոր ապրողները պատեհութիւնը պիտի ունենան Աստուծոյ ճամբաները սորվելու եւ անոր արդար չափանիշներուն համակերպելու։—Առակաց 4։18. Գործք 24։15. Եբրայեցիս 2։14, 15. Յայտնութիւն 18։4–8. 19։19–21. 20։1–3
«Անկէ ետք կու գայ վախճանը», կ’ըսէ Պօղոս, երբ Քրիստոս Յիսուս «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը։ ... Վասնզի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։24–26) Ադամի մեղքէն առթած ամէն անկարողութիւն՝ գացած է։ Վերջին փորձ մը տեղի կ’ունենայ եւ Աստուած սիրողները հաւատարիմ դուրս կու գան անկէ։ (Յայտնութիւն 20։4–10) Կատարելութեան մէջ վերահաստատուելով, այս հնազանդ անհատները կ’ապրին ոչ միայն երեք քսանամեակներ ու տասը տարի, կամ նոյնիսկ հինգ քսանամեակներ ու տասը տարի, այլ՝ յաւիտեան։ Ի՜նչ պարգեւ մը Աստուծմէ, իր սիրելի Որդւոյն շնորհիւ։—Հռովմայեցիս 6։23
Արդ, այդ ատեն ո՞րքան կրնաք ապրիլ։ Ձեր կեանքը կրնայ երկարիլ անվերջ։ Հիմա որ կ’ապրիք այս «վերջին ժամանակ»ին մէջ, կրնաք բնաւ չմեռնիլ։ (Դանիէլ 12։4. Յովհաննու 11։25, 26. 17։3) Եթէ Աստուծոյ կամքը կատարէք, կրնա՛ք ապրիլ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ։—Բ. Պետրոս 3։13
Սակայն, եթէ յառաջացած տարիք մը ունիք, իրապաշտ ըլլալու համար, մահուան կարելիութիւնը նկատի պէտք է առնէք։ Յարութեան յոյսը վստահաբար ուրախութիւն կը բերէ։ Բայց թերեւս ձեզի համար հարց է թէ Եհովա ընտանեկան կեանքի համար ի՛նչ կարգադրութիւն պիտի ընէ իրերու նոր դրութեան մէջ։ Այսպիսի հարցերով ձեր միտքը մի՛ զբաղեցնէք, քանի որ Եհովա հոգ պիտի տանի որ իրեն միշտ հաւատարիմ եղողները մնայուն ուրախութիւն ունենան։
Մինչ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհի այս «վերջին օրեր»ը իրենց վախճանին կը մօտենան, թոյլ մի՛ տաք որ մահուան վախը ձեզ զրկէ հիմա Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումէն։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Եթէ սիրելի մը կորսնցնէք, դուք ձեզ մխիթարեցէք, յիշելով որ մահուան տիրապետութիւնը ժամանակաւոր է։ (Յայտնութիւն 20։13, 14) Յարութեան յոյսին ապաւինեցէ՛ք։ Ապա, մեծ նեղութենէն վերապրելով կամ յարուցուելով, նոր աշխարհը մտնէք, ներշնչեալ երաշխաւորութիւնը վստահութիւն թող տայ ձեզի թէ մահը՝ վերջին թշնամին՝ պիտի չքանայ։—Յայտնութիւն 7։9, 14