Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 12/15 էջ 27-31
  • Երբ կողակիցդ մահանայ. . .

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երբ կողակիցդ մահանայ. . .
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՆՎԵՐՋ ԹՈՒՈՂ ՑԱՒԸ
  • ՕՐԸ ՕՐԻՆ ԱՊՐԻԼ
  • ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ Է
  • ՅՈՅՍԻ ՊԱՏՃԱՌ
  • «Լացողներուն հետ լացէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգնել
    Երբ սիրելի մը մեռնի
  • «Վերջին թշնամին» պիտի յաղթուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Մխիթարութիւն՝ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծմէ’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 12/15 էջ 27-31
[Նկար՝ էջ 27]

Երբ կողակիցդ մահանայ. . .

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ յստակօրէն կ’ըսէ. այրը «իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։ Իսկ կինը պէտք է «իր այրէն ակնածի»։ Երկուքը որպէս «մէկ մարմին» իրենց դերը պիտի կատարեն (Եփ. 5։33. Ծն. 2։23, 24)։ Ժամանակի ընթացքին, զոյգը իրարու աւելի՛ կը կապուին, ինչպէս նաեւ իրենց սէրը կը խորանայ։ Ճիշդ ինչպէս որ իրարու քով աճող երկու ծառերու արմատները խորանալով իրարու կը փաթթուին, նոյնն է պարագան երջանիկ զոյգի մը զգացումներուն։

Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ այրը կամ կինը մահանայ։ Ապա այդ անխախտ կապը կը կտրուի։ Այրի կինը կամ այրի տղամարդը յաճախ սրտացաւ կ’ունենայ, կը բարկանայ, մինակ ու յանցաւոր կը զգայ։ Իր ամուսնութեան 58 տարիներուն ընթացքին, Տանիէլլա կը ճանչնար շատեր, որոնք իրենց կողակիցները կորսնցուցած էինa։ Բայց իր ամուսինը մեռնելէ ետք, ան ըսաւ. «Այս փորձառութիւնը բնաւ չէի հասկցած։ Անիկա ըմբռնելի կը դառնայ միայն երբ անհատը ինք անկէ անցնի»։

ԱՆՎԵՐՋ ԹՈՒՈՂ ՑԱՒԸ

Կարգ մը հետազօտիչներ կ’ըսեն, թէ սիրելի կողակից մը կորսնցնելը կը պատճառէ մարդուս ամենածանր ճնշումը։ Սգաւորներէն շատեր ասոր հետ համամիտ են։ Միլլիին ամուսինը տարիներ առաջ մահացաւ։ Իր կեանքը որպէս այրի նկարագրելով՝ ան կ’ըսէ. «Կը զգամ թէ հաշմանդամ եմ»։ Ան կ’ակնարկէր իր զգացական վիճակին՝ 25 տարուան կողակիցը կորսնցնելէ ետք։

Սուզան կը խորհէր թէ այն այրի կիները, որոնց ամուսինները շատոնց մեռած էին, իրենց վիշտը չափազանցօրէն կ’արտայայտէին։ Ապա, իր 38 տարուան կողակիցը մահացաւ։ Այժմ անոր մահուան վրայ աւելի քան 20 տարի անցած է, բայց Սուզան կ’ըսէ. «Ամէն օր անոր մասին կը մտածեմ»։ Անոր աչքերը յաճախ արցունք կը թափեն, քանի որ շատ կը կարօտնայ իր ամուսինը։

Աստուածաշունչը կը հաստատէ, թէ կողակից մը կորսնցնելու ցաւը թէ՛ դաժան է եւ թէ երկարատեւ։ Երբ իր կինը մահով կորսնցուց, Աբրահամ «Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ» (Ծն. 23։1, 2)։ Թէեւ Աբրահամ յարութեան կը հաւատար, բայց խորապէս վշտացաւ երբ իր սիրելին մահացաւ (Եբ. 11։17-19)։ Ռաքէլի մահէն ետք, Յակոբ շուտով զինք չմոռցաւ։ Ան իր կնոջ մասին գուրգուրանքով խօսեցաւ իր զաւակներուն (Ծն. 44։27. 48։7)։

Այս սուրբ գրային օրինակներէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Այրի տղամարդիկն ու այրի կիները տարինե՜ր ցաւ ու վիշտ կը կրեն։ Անոնց արցունքներն ու տխրութիւնը պէտք չէ տկարութեան նշան նկատենք, այլ՝ փորձենք անոնց մեծ կորուստին հետեւանքը հասկնալ։ Անոնք թերեւս երկա՜ր ժամանակ մեր կարեկցութեան եւ աջակցութեան պէտք ունենան։

ՕՐԸ ՕՐԻՆ ԱՊՐԻԼ

Չենք կրնար ըսել թէ այրի տղամարդը կամ այրի կինը ամուրիութեան վերադարձաւ։ Տարիներ տեւող ամուսնութենէ ետք, ամուսինը յաճախ գիտէ իր կինը ինչպէ՛ս մխիթարել եւ ոգեւորել եթէ ան նեղացած կամ ընկճուած է։ Երբ ամուսինը մահանայ, կինը սիրոյ եւ մխիթարութեան իր աղբիւրը կը կորսնցնէ։ Համանման կերպով, ժամանակի ընթացքին կինը կը սորվի իր ամուսինին համար ապահովութեան եւ ուրախութեան աղբիւր ըլլալ։ Իր քնքշութիւնը, հանդարտեցուցիչ խօսքերը, ինչպէս նաեւ իր ամուսինին հետաքրքրութիւններուն ու կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայելը աննման արարքներ են։ Եթէ ան մահանայ, ամուսինը պիտի զգայ թէ իր կեանքին մէջ մեծ պարապութիւն մը տիրեց։ Ուստի, իրենց կողակիցները կորսնցնողներէն ոմանք անորոշութեամբ եւ վախով ապագային կը նային։ Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները կրնան անոնց օգնել որ ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն գտնեն։

[Նկար՝ էջ 28]

Աստուած կրնայ քեզի օրը օրին օգնել, որ կորուստիդ հետ գլուխ ելլես

«Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը» (Մատ. 6։34)։ Յիսուսի այս խօսքը մասնայատուկ կերպով կը կիրարկուի կեանքի նիւթական կարիքներուն, բայց օգնած է շատերու, որ սիրելիի մը կորուստին դիմանան։ Իր կինը մեռնելէն ամիսներ ետք, Չարլզ գրեց. «Տակաւին շատ տարօրինակ կերպով Մոնիքը կը կարօտնամ, եւ ատեններ այդ զգացումս շատ դժուար կ’ըլլայ։ Բայց կը գիտակցիմ թէ ասիկա բնական է եւ թէ ժամանակի ընթացքին՝ ի վերջոյ այս ցաւն ու վիշտը պիտի թեթեւնան»։

Արդարեւ, Չարլզը այդ «ժամանակի ընթացքին» պէտք էր տոկար։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ տոկալ։ «Եհովային օգնութեամբ, օրը օրին ապրեցայ», ըսաւ ան։ Անոր վիշտը զինք չջախջախեց։ Անոր ցաւը մէկ գիշերուան մէջ չթեթեւցաւ, ոչ ալ զինք մաշեցուց։ Եթէ կողակիցդ մահացած է, ջանա՛ օրը օրին գլուխ ելլել կորուստիդ հետ։ Չես գիտեր թէ յաջորդ օրը ի՛նչ օգուտ կամ քաջալերութիւն կրնայ բերել։

Մահը Եհովայի սկզբնական նպատակին մաս չէր կազմեր, այլ՝ Սատանային մէկ «գործ»ն է (Ա. Յովհ. 3։8. Հռով. 6։23)։ Սատանան մահն ու ատոր վախը կը գործածէ, մարդիկը իր հակակշռին տակ առնելու եւ անյոյս վիճակի մէջ ձգելու համար (Եբ. 2։14, 15)։ Սատանան կը հաճի, երբ մէկը իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն գտնելու ամէն յոյս կորսնցնէ, նոյնիսկ Աստուծոյ նոր աշխարհին նկատմամբ։ Ուրեմն, սգաւոր կողակիցին խոր վիշտը հետեւանքն է Ադամի մեղքին եւ Սատանային հնարքներուն (Հռով. 5։12)։ Եհովան ամբողջովին պիտի յեղաշրջէ Սատանայի պատճառած վնասը եւ պիտի խափանէ անոր անգութ զէնքը՝ մահը։ Շատեր, որոնք իրենց կողակիցը կորսնցուցած են, Սատանային դրդած այս վախէն ազատած են։

Երկրի վրայ յարութիւնը տեղի ունենալէ ետք, բացայայտ է որ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան։ Օրինակ՝ ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը եւ ա՛յլ նախահայրեր, որոնք յարութիւն պիտի առնեն, իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն հետ աստիճանաբար կատարելութեան պիտի հասնին։ Այլեւս ո՛չ ոք պիտի ծերանայ։ Երիտասարդ սերունդը իր նախահայրերը տարբեր աչքով պիտի դիտէ։ Այս փոփոխութիւնները մարդկային ընտանիքը պիտի բարելաւեն։

Կրնայ ըլլալ որ յարուցեալներուն մասին անհամար հարցումներ մենք մեզի կը հարցնենք, ինչպէս՝ ի՞նչ պիտի պատահի անոնց՝ որոնք մէկէ աւելի կողակիցներ մահով կորսնցուցին։ Սադուկեցիները հարցում մը ուղղեցին կնոջ մը մասին, որուն եօթը ամուսինները մահացան (Ղուկ. 20։27-33)։ Երբ յարութիւն առնեն, անոնք իրարու հետ ինչպիսի՞ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենան։ Պատասխանը չենք գիտեր, ոչ ալ հարկ կայ ենթադրելու կամ այսպիսի անյայտ բաներով մտահոգուելու։ Հիմակուհիմա կրնանք պարզապէս Եհովային վստահիլ։ Մէկ բան ստոյգ է. այն ինչ որ Եհովան ապագային պիտի ընէ, մե՛ր օգտին համար պիտի ըլլայ, բան մը՝ որուն կրնանք յուսալ եւ ոչ թէ վախնալ։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ Է

Աստուծոյ Խօսքին ամէնէն յստակ ուսուցումներէն մէկը այն է, թէ մեր սիրելի ննջեցեալները ետ կեանքի պիտի բերուին։ Աստուածաշունչի յարութեան արձանագրութիւնները կ’երաշխաւորեն, թէ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Այդ ժամանակ ողջ եղողները որքա՜ն պիտի ուրախանան դիմաւորելով մահուան ճիրաններէն ազատուողները։ Միւս կողմէ, դժուար է երեւակայել յարուցեալներուն ուրախութիւնը։

Երբ միլիառաւորներ ետ կեանքի բերուին, երկրագունդը աննախընթաց ուրախութիւնով պիտի լեցուի (Մար. 5։39-42. Յայտ. 20։13)։ Այս ապագայ հրաշքին վրայ խոկալը պէտք է մխիթարէ բոլոր անոնք՝ որոնք մահով սիրելիներ կորսնցուցած են։

Յարութեան օրը ոեւէ մէկը տխուր ըլլալու պատճառ պիտի ունենա՞յ։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ՝ ո՛չ։ Ըստ Եսայի 25։8–ին, Եհովան «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ» եւ անոր ցաւալի ազդեցութիւնները ամբողջովին պիտի վերացնէ։ Մարգարէութիւնը նաեւ կը նշէ. «Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ»։ Եթէ կողակիցդ կորսնցնելու պատճառաւ այժմ տխուր ես, յարութիւնը վստահաբար ուրախանալու պատճառ պիտի տայ քեզի։

Ո՛չ ոք կրնայ լիովին ըմբռնել ինչ որ Աստուած նոր աշխարհին մէջ պիտի իրագործէ։ Ան կ’ըսէ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսա. 55։9)։ Յարութեան նկատմամբ Յիսուսի խոստումը պատեհութիւն կու տայ, որ Աբրահամի նման Եհովայի վստահինք։ Այժմ, շատ կարեւոր է որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ Աստուծոյ ուզածը կատարէ, որպէսզի արժանի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ ապրելու, յարուցեալներուն հետ մէկտեղ (Ղուկ. 20։35)։

ՅՈՅՍԻ ՊԱՏՃԱՌ

Եթէ հոյակապ յոյսդ մտքիդ մէջ վառ պահես, ապագային նկատմամբ պիտի չմտահոգուիս։ Մարդկային տեսանկիւնէն, ապագան մռայլ է։ Բայց Եհովան յոյս կու տայ որ վիճակները աւելի լաւ պիտի ըլլան։ Չենք գիտեր թէ Եհովան ճիշդ ի՛նչ կերպով մեր կարիքներն ու փափաքները պիտի գոհացնէ, բայց անկասկած ան այդ մէկը պիտի ընէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր» (Հռով. 8։24, 25)։ Աստուծոյ խոստումներուն յուսալը քեզի պիտի օգնէ համբերելու եւ տոկալու։ Եթէ տոկաս, ապագային պիտի շօշափես թէ Աստուած ինչպէ՛ս քեզի կու տայ «սրտիդ խնդրուածքները»։ Ան ‘ամէն կենդանիի փափաքը պիտի լեցնէ’ (Սաղ. 37։4. 145։16. Ղուկ. 21։19)։

[Նկար՝ էջ 31]

Ուրախ ապագայի վերաբերեալ Եհովայի խոստումին վստահ

Մինչ Յիսուսի մահուան ժամանակը կը մօտենար, առաքեալները մտահոգ դարձան։ Յիսուս զանոնք սա խօսքերով մխիթարեց. «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք»։ Ան աւելցուց. «Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի» (Յովհ. 14։1-4, 18, 27)։ Դարերու ընթացքին այս խօսքերը յոյսի եւ տոկունութեան հիմ պիտի տային իր օծեալ հետեւորդներուն։ Նմանապէս, անոնք որոնք կը տենչան իրենց սիրելիները յարութեան ժամանակ տեսնել, յուսահատելու պատճառ չունին։ Եհովան եւ իր Որդին վստահաբար զիրենք պիտի չլքեն։

a Անունները փոխուած են։

Սգաւորները մխիթարէ

Երբ ամուսնացած անհատ մը մահանայ, շատեր կու գան կողակիցին տունը, որպէսզի զինք մխիթարեն եւ տարբեր կերպերով օգնեն։ Օրինակ, երբ ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ այրի կնոջ ուշադրութիւն ընծայեն, հաւանաբար ան ասիկա գնահատէ։ Բայց անոր կորուստին ցաւը կամաց–կամաց կը բուժուի, եւ որոշ ժամանակ մխիթարութեան պէտք պիտի ունենայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իսկական ընկերը ամէն ժամանակ կը սիրէ. ան եղբայր է՝ նեղ օրուան համար ծնած» (Առ. 17։17, ՆԱ)։

Ինչպէ՞ս պէտք է ողջունենք սգաւորը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ» (Ա. Պետ. 3։8)։ Սգաւորը որոշ ժամանակ հանգիստ չի զգար։ Ուստի, «Ինչպէ՞ս ես» կամ «Լաւ կը զգա՞ս» արտայայտութիւնները թերեւս յարմար չըլլան։ Սգաւորը կրնայ իր մտքէն անցընել. «Չե՛ս կրնար ըմբռնել թէ ինչպէ՛ս կը զգամ» կամ «Այսպիսի ժամանակի ընթացքին ինչպէ՞ս կրնամ լաւ ըլլալ»։ Անոր համար, լաւ է որ անկեղծ եւ դրական արտայայտութիւն մը ընենք, ինչպէս՝ «Քեզ տեսնելով ուրախացայ» կամ «Ժողովքին մէջ քեզ տեսնելը զիս շա՛տ կը քաջալերէ»։

Կրնաս սգաւորը հրաւիրել պարզ ճաշի կամ միասին քալելու։ Մարկոսի բարեկամները իրեն այցելելով՝ զինք մխիթարեցին։ Ի՞նչ բանի մասին խօսեցան։ Ան կ’ըսէ. «Խնդիրներուս մասին չխօսեցանք, այլ՝ որեւէ քաջալերական նիւթի մասին»։ Նինա կ’ըսէ. «Բարեկամներս յաճախ ճիշդ խօսքեր ճիշդ ժամանակին կ’ըսեն։ Ատեններ բան մը չեն խօսիր,– պարզապէս ինծի հետ կ’ըլլան»։

Եթէ սգաւորը ուզէ ողբերգութեան մասին խօսիլ, համբերութեամբ մտիկ ըրէ։ Խուսափէ՛ հետաքրքրասիրութեամբ հարցումներ ուղղելէ։ Մի՛ դատեր։ Հարկ չկայ որ անոր խրատ տաս թէ ինչպէ՛ս պէտք է իր վիշտը արտայայտէ կամ որքա՛ն ժամանակ այս վիճակին մէջ մնայ։ Մի՛ վիրաւորուիր եթէ ան հարկ զգայ մինակ մնալու։ Կրնաս ուրիշ ատեն վերադառնալ։ Շարունակէ՛ սէր ցուցաբերել (Յովհ. 13։34, 35)։

Ապագային մասին հարցումներ ունի՞ս

Բնական է որ մտածենք Եհովայի խոստումներուն կատարման մասին։ Աբրահամ յաճախ մտածեց զաւակ ունենալու Աստուծոյ խոստումին մասին, բայց իրեն քաջալերութիւն տրուեցաւ որ համբերէ, եւ յուսախաբ չեղաւ (Ծն. 15։2-5. Եբ. 6։10-15)։

Յովսէփի մահուան մասին տեղեկանալէ ետք, Յակոբ զինք շա՜տ կարօտցաւ։ Տարիներ ետք, ան տակաւին կ’ողբար իր որդիին համար, խորհելով որ ան մահացած է։ Բայց Եհովան հաւատարիմ Յակոբի վերապահեց չակնկալուած օրհնութիւն մը։ Ժամանակի ընթացքին, Յակոբ Յովսէփի միացաւ եւ ուրախութեամբ անոր որդիներն ալ տեսաւ։ Ան ըսաւ. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած ինծի քու սերունդդ ալ ցուցուց» (Ծն. 37։33-35. 48։11)։

Այս արձանագրութիւններէն ի՞նչ դասեր կրնանք քաղել։ Առաջին, վստահ եղիր որ ո՛չ մէկ բան կրնայ Ամենակալ Աստուածը ետ կեցնել իր կամքը իրագործելէ։ Երկրորդ, եթէ Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակ աղօթենք եւ գործենք, ան մեզի հոգ պիտի տանի հիմա եւ մեր ապագայ կարիքներն ու փափաքները ամբողջովին պիտի գոհացնէ։ Պօղոս գրեց. «Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի, իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն» (Եփ. 3։20, 21)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել