Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Մարտ 1—Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։—Եսայեայ 9։2, Դիտ. 7/1/93 11, 12
Մարտ 2—Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։—Բ. Տիմոթէոս 2։22, Դիտ. 7/1/93 6, 10, 11բ
Մարտ 3—Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան։—Բ. Օրինաց 6։6, Դիտ. 2/1/93 7, 8
Մարտ 4—Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ եւ անոր սիրտը Տէրոջը [Եհովայի] դէմ տրտունջ կ’ընէ։—Առակաց 19։3, Դիտ. 3/1/93 9, 10ա
Մարտ 5—Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր [Եհովա] եւ քու գործերուդ պէս չկայ։—Սաղմոս 86։8, Դիտ. 2/1/93 14, 15բ
Մարտ 6—Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ։—Յովհաննու 8։12, Դիտ. 4/1/93 8, 10, 11բ
Մարտ 7—Մեր Դատաւորը Տէրն [Եհովան] է, մեր Օրէնսդիրը Տէրն [Եհովան] է, մեր Թագաւորը Տէրն [Եհովան] է, անիկա մեզ պիտի ազատէ։—Եսայեայ 33։22, Դիտ. 5/1/93 6, 8
Մարտ 8—Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սիմո՛ն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն։—Մատթէոս 17։24, Դիտ. 1/1/93 15, 16գ
Մարտ 9—Աստուծոյ սուրբ հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։—Եփեսացիս 4։30, Դիտ. 12/1/92 15, 17, 18գ
Մարտ 10—Մեր Տէր [Եհովա] Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները տեսնելու համար կը խոնարհի։—Սաղմոս 113։5, 6, Դիտ. 3/1/93 8, 9
Մարտ 11—Սրտիդ մէջ դիր, թէ ... Եհովան՝ ... միայն Աստուած է։—Բ. Օրինաց 4։39, Դիտ. 6/1/93 1–3
Մարտ 12—Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։—Եսայեայ 42։8, Դիտ. 4/1/93 7, 8, 10գ
Մարտ 13—Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր [Եհովա] եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։—Սաղմոս 86։9, Դիտ. 2/1/93 17բ
Մարտ 14—Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասնզի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան։—Յայտնութիւն 4։10, Դիտ. 5/1/93 9–11
Մարտ 15—Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։—Ա. Կորնթացիս 3։6, 7, Դիտ. 12/1/92 11, 12ա
Մարտ 16—Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։—Յակոբու 5։15, Դիտ. 12/1/92 17, 18բ
Մարտ 17—Կինը իր այրէն ակնածի։—Եփեսացիս 5։33, Դիտ. 1/1/93 12, 13բ
Մարտ 18—Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ, քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։—Սաղմոս 51։1, Դիտ. 6/1/93 10, 11բ
Մարտ 19—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք։—Մատթէոս 28։19, Դիտ. 4/1/93 11, 12բ
Մարտ 20—Վերջին օրերը Տէրոջը [Եհովայի] տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները ... պիտի դիմեն անոր։—Եսայեայ 2։2, Դիտ. 7/1/93 5, 6
Մարտ 21—Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։—Ա. Կորնթացիս 8։1, Դիտ. 3/1/93 16, 17բ եւ Յովհաննու 12։12–19. Մարկոս 11։1–11a
a Յիշատակատօնի համար Սուրբ Գրոց ընթերցանութիւն։
Մարտ 22—Ո՛վ տէր [Եհովա], խոնարհեցուր քու ականջդ։ Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասնզի աղքատ ու տնանկ եմ։ Պահէ իմ անձս, վասնզի ես սուրբ եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։—Սաղմոս 86։1, 2, Դիտ. 2/1/93 3, 4բ եւ Յովհաննու 12։20–50*
Մարտ 23—Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք։—Ա. Յովհաննու 5։21, Դիտ. 4/1/93 19, 21–23գ եւ Ղուկաս 21։1–36*
Մարտ 24—Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք։—Յոբ 2։10, Դիտ. 5/1/93 19 եւ Մարկոս 14։1, 2, 10, 11. Ղուկաս 22։1–6*
Մարտ 25—Ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք։—Եփեսացիս 4։23, Դիտ. 6/1/93 11, 12ա եւ Մատթէոս 26։17–19. Մարկոս 14։12–16. Ղուկաս 22։7–13*
Մարտ 26—Յիշատակատօն՝ Արեւնամուտէն Ետք։ Դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։—Սաղմոս 86։10, Դիտ. 2/1/93 18–20բ եւ Յովհաննու 19։1–42*
Մարտ 27—Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասնզի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։—Մատթէոս 9։36, Դիտ. 7/1/93 8ա
Մարտ 28—Սէրը բնա՛ւ չիյնար։—Ա. Կորնթացիս 13։8, Դիտ. 5/1/93 15, 16բ
Մարտ 29—Տէրը [Եհովան] քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։—Միքիա 6։8, Դիտ. 7/1/93 18, 19բ
Մարտ 30—Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները։ Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ։ Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, թող անոնք ինծի չտիրեն։ Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։ Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։—Սաղմոս 19։12–14, Դիտ. 3/1/93 5ա
Մարտ 31—Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասնզի այդ է արժանը։ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ», որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով, «որպէսզի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ»։—Եփեսացիս 6։1–3, Դիտ. 1/1/93 17, 18բ