Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 5/1 էջ 5-7
  • Եհովայի վկաները աղա՞նդ մըն են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաները աղա՞նդ մըն են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իրողութիւնները Ի՞նչ Ցոյց Կու Տան
  • Լաւ Ճանչցուած Կրօնք մը
  • «Մարդասիրութեամբ Համակուած»
  • Աստուածաշունչին Խստօրէն Կառչած
  • Անոնց Առաջնորդը Ո՞վ Է
  • Եհովայի վկաները աղա՞նդ են
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Աղանդները ի՞նչ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Եհովայի վկաները իսկակա՞ն քրիստոնեաներ են
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Մեր հաւատքը պաշտպանենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 5/1 էջ 5-7

Եհովայի վկաները աղա՞նդ մըն են

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ ամբաստանուեցաւ որպէս գինեմոլ, որկրամոլ, Շաբաթը չպահող, սուտ վկայ, Աստուծոյ հայհոյող եւ Սատանայի բանբեր մը։ Ան նաեւ մեղադրուեցաւ որպէս մոլորեցուցիչ։—Մատթէոս 9։34. 11։19. 12։24. 26։65. Յովհաննու 8։13. 9։16. 19։12

Յիսուսի մահէն եւ յարութենէն ետք, իր աշակերտներն ալ ծանր ամբաստանութիւններու թիրախը դարձան։ Առաջին դարու Քրիստոնեաներէն ոմանք քաղաքապետներուն դիմաց տարուեցան կարգ մը մարդոց կողմէ, որոնք կ’աղաղակէին. ‘Ասոնք աշխարհը տակնուվրայ ըրին’։ (Գործք 17։6) Ուրիշ առիթով մը, Պօղոս առաքեալ եւ իր ընկերակիցը՝ Շիղան՝ հեղինակութիւններուն դիմաց տարուեցան Փիլիպպէ քաղաքին մէջ մեծ խռովութիւն պատճառած ըլլալու ամբաստանութեամբ։—Գործք 16։20

Աւելի ետք, Պօղոս ամբաստանուեցաւ որպէս «ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են», որ կը ջանար ‘տաճարը պղծել’։ (Գործք 24։5, 6) Հռովմի Հրեայ գլխաւորները ճշգրիտ նկարագրականը ըրին Յիսուսի աշակերտներուն, երբ ընդունեցին. «Այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։—Գործք 28։22

Բացայայտօրէն, Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով հաստատուած այս նոր խմբակը ոմանց կողմէ նկատուած էր որպէս կրօնական խմբաւորում մը, որու տեսակէտներն ու սովորութիւնները բախումի մէջ էին ժամանակակից ընկերութեան կողմէ ընդունուած բնական բարքերուն հետ։ Անկասկած, այսօր ալ շատեր կրնան Քրիստոնեաները նկատել որպէս վնասակար աղանդ մը։ Ամբաստանողները յաճախ համայնքին կարկառուն եւ յարգուած անդամներն էին եւ ասիկա կշիռ կու տար անոնց վկայութիւններուն։ Շատեր կը հաւատային Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն մասին եղած ամբաստանութիւններուն։ Բայց ինչպէս գիտէք, այդ բոլոր ամբաստանութիւններն ալ սուտ էին։ Ոմանց այդպէս արտայայտուիլը ինքնին չէր արդարացներ այդ խօսքերուն ճշգրիտ ըլլալը։  

Ի՞նչ է պարագան մեր օրերուն։ Շիտակ պիտի ըլլա՞ր Եհովայի Վկաները ամբաստանել որպէս կրօնական խմբաւորում մը, որու տեսակէտներն ու սովորութիւնները բախումի մէջ են ընկերութեան կողմէ ընդունուած բնական բարքերուն հետ։ Արդեօք Եհովայի Վկաները աղա՞նդ մըն են։

Իրողութիւնները Ի՞նչ Ցոյց Կու Տան

Ռուսիոյ Սբ. Փէթէրզպուրկի կառավական պաշտօնեաներէն մէկը բացատրեց. «Եհովայի Վկաները մեզի ներկայացուած էին որպէս ստորերկրեայ աղանդի տեսակ մը, որոնք մութ տեղեր կը նստին եւ իրենց զաւակները եւ իրենք զիրենք կը սպաննեն»։ Սակայն, վերջերս Ռուսիոյ բնակիչները աւելի մօտէն ծանօթացան Վկաներուն։ Միջազգային համաժողովի մը կապակցաբար Եհովայի Վկաներուն հետ աշխատելէ ետք, նոյն պաշտօնեան դիտել տուաւ. «Հիմա կը տեսնեմ բնական, ժպտուն անհատներ, նոյնիսկ իմ ճանչցած անհատներէն աւելի լաւ։ Անոնք խաղաղասէր եւ հանդարտ են եւ իրար շատ կը սիրեն»։ Ան աւելցուց. «Չեմ հասկնար թէ մարդիկ ի՛նչու այսպիսի սուտեր կը խօսին անոնց մասին»։

Եհովայի Վկաներու ժողովներուն մէջ արարողութիւններ չկան, ոչ ալ անոնց պաշտամունքը գաղտագողի կը կատարուի։ Եհովայի Վկայ չեղող գրող մը՝ Ճուլիա Միթչէլ Գորպէթ կը նշէ. «Երբ անոնք իրենց Թագաւորութեան Սրահներուն (անոնց ժողովատեղիները եկեղեցի չեն կոչուիր) մէջ կը հաւաքուին, ընդհանրապէս շաբաթը մէկէ աւելի անգամներ, իրենց ժամանակին մեծամասնութիւնը կ’անցնեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ անոր վրայ խօսակցելով»։ Անոնց ժողովի վայրերը ցուցատախտակով յստակօրէն նշուած են։ Ժողովներուն մուտքը ազատ է հանրութեան դիմաց։ Անակնկալ հիւրերու ջերմ բարի գալուստ կը մաղթուի։

«Վկաներ»ը «պարկեշտ, քաղաքավար եւ աշխատասէր ըլլալու համբաւը շահած են», կ’աւելցնէ Գորպէթ իր գրքին մէջ (Religion in America)։ Վկայ չեղողներէն շատեր կ’ընդունին որ Եհովայի Վկաները ո՛չ այլանդակ են, ոչ ալ՝ տարօրինակ։ Անոնց վարքը ընկերութեան կողմէ ընդունուած բարքին հետ բախումի մէջ չէ։ Համայնագիտարան մը (The New Encyclopædia Britannica) ճշգրտօրէն նշեց որ Վկաները իրենց «անձնական վարքին մէջ բարոյական բարձր չափանիշի կարեւորութիւն կու տան»։

Միացեալ Նահանգներու մէջ, ‘60 Վայրկեան’ հեռատեսիլի լուրերու յայտագրի մը մէջ Վկաներուն մասին նախապաշարուած տեղեկագրութենէ մը ետք, լուրերու եւ մասնաւոր ծրագիրներու հեռատեսիլի կայանի մը տնօրէնը Եհովայի Վկաներուն հետեւեալը գրեց. «Եթէ աւելի շատ մարդիկ ձեր կրօնական զօրաւոր համոզումներով ապրէին, այս ազգը ներկայ վիճակին մէջ պիտի չըլլար։ Ես լրագրող մըն եմ եւ գիտեմ որ ձեր կազմակերպութիւնը սիրոյ եւ Ստեղծիչին հանդէպ զօրաւոր հաւատքի վրայ հիմնուած է։ Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ բոլոր լրագրողներն ալ նոյնպէս չեն նախապաշարուած»։

Լաւ Ճանչցուած Կրօնք մը

Տեղի՞ն է ըսել որ Եհովայի Վկաները անջատողական պզտիկ խմբաւորում մըն են։ Կարգ մը կրօնքներուն հետ բաղդատած, կրնանք ըսել որ Եհովայի Վկաները թիւով քիչ են։ Բայց յիշեցէք Յիսուսի խօսքերը. «Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։—Մատթէոս 7։13, 14

Ամէն պարագայի, Վկաները անջատական պզտիկ աղանդ մը չեն։ 1993–ի գարնան, աւելի քան 11 միլիոն անհատներ ներկայ գտնուեցան Վկաներուն Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։ Բայց անոնց թիւէն աւելի կարեւոր է անոնց բարոյական նկարագիրը եւ օրինակելի վարքը, որոնք համաշխարհային գովասանքի արժանացուցած են զանոնք։ Անկասկած ասիկա նպաստած է որ, շատ մը երկիրներու մէջ, անոնք պաշտօնապէս ճանչցուին որպէս իրական կրօնք մը։

Շատ աչքառու է Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին վերջերս առած որոշումը։ Անիկա ծանուցանեց որ Վկաները մտքի, խղճի եւ կրօնքի ազատութիւն պէտք է վայելեն եւ թէ անոնք իրաւունք ունին իրենց հաւատքին եւ ուսուցումին մասին ուրիշներուն խօսելու։ Պարագան այս պիտի չըլլար, եթէ Եհովայի Վկաները ճանչցուած ըլլային որպէս իրենց անդամները հաւաքելու համար մոլորեցուցիչ եւ անբարոյ կերպեր գործածողներ կամ եթէ իրենց հետեւորդներուն մտքերը ղեկավարելու համար գիտարուեստական կերպեր գործածողներ։

Համայն աշխարհի մէջ շատեր լաւ կը ճանչնան Եհովայի Վկաները։ Եթէ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող, կամ ժամանակին ուսումնասիրած, միլիոնաւոր ոչ–Վկայ անհատներուն հարցնէիք թէ արդեօք Վկաները փորձա՞ծ են իրենց ուղեղը լուալ, կամ իրենց միտքը ղեկավարող գիտարուեստական կերպեր գործածել։ Անկասկած անոնք անկեղծօրէն՝ «ո՛չ» պիտի պատասխանէին։ Որոշ է որ եթէ այսպիսի կերպեր գործածուած ըլլային, զոհերու ջախջախիչ մեծամասնութիւն մը պիտի ըլլային, որոնք ի նպաստ Եհովայի Վկաներու որեւէ արտայայտութեան պիտի հակառակէին։

«Մարդասիրութեամբ Համակուած»

Աղանդի մը անդամները յաճախ իրենք զիրենք կ’անջատեն իրենց ընտանիքէն, բարեկամներէն եւ նոյնիսկ մարդկային ընկերութենէն։ Եհովայի Վկաներուն պարագան ա՞յս է։ «Ես Եհովայի Վկայ մը չեմ», գրեց Չէխ Հանրապետութենէն լրագրող մը։ Սակայն ան աւելցուց. «Բացայայտ է որ անոնք [Եհովայի Վկաները] բարոյական հսկայական կորով ունին։ ... Անոնք կ’ընդունին կառավարական հեղինակութիւնները, բայց կը հաւատան որ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կարող է մարդկային բոլոր խնդիրները լուծել։ Բայց նկատի առէք որ անոնք մոլեռանդներ չեն։ Անոնք մարդասիրութեամբ համակուած անհատներ են»։

Անոնք համայնքային կեանք չեն վարեր, իրենց ազգականներէն եւ ուրիշներէն անջատուելով։ Եհովայի Վկաները կ’ընդունին որ իրենց ընտանիքները սիրելու եւ անոնց հոգ տանելու սուրբ գրային պատասխանատուութիւնը ունին։ Անոնք ամէն ցեղի ու կրօնքի պատկանող անհատներուն հետ կ’ապրին եւ անոնց հետ կ’աշխատին։ Երբ աղէտ մը պատահի, անոնք անմիջապէս կ’ընդառաջեն նպաստ ղրկելով եւ մարդասիրական ուրիշ օգնութիւններ մատուցանելով։

Ամենէն կարեւորը, անոնք կրթական անզուգական յայտագրի մը կը մասնակցին։ Քանի՞ կրօնքներ իրենց համայնքին մէջ իւրաքանչիւր անհատի այցելելու համար կազմակերպուած յայտագիր մը ունին։ Եհովայի Վկաները ասիկա կ’ընեն աւելի քան 200 երկիրներու մէջ եւ 200–է աւելի լեզուներով։ Բացայայտ է ուրեմն որ Եհովայի Վկաները «մարդասիրութեամբ համակուած» են։

Աստուածաշունչին Խստօրէն Կառչած

Ճիշդ է որ Եհովայի Վկաներու ուսուցումները տարբեր են եկեղեցիներուն տուած ուսուցումներէն։ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ Եհովա ամենակալ Աստուած է, իսկ Յիսուս իր Որդին է եւ ոչ թէ երրեակ աստուածութեան մը մէկ մասը։ Անոնց հաւատքը խարսխուած է այն հաւատալիքին վրայ թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մարդկութեան տառապանքը ամոքել։ Անոնք մարդոց ազդարարութիւն կու տան այս ապականած դրութեան վրայ գալիք մօտալուտ կործանման մասին։ Անոնք կը խօսին հնազանդ մարդկութեան երկրային դրախտ մը տալու Աստուծոյ խոստումին մասին։ Անոնք խաչը չեն պաշտեր. Ծնունդը չեն տօներ։ Անոնք կը հաւատան որ հոգին մահկանացու է եւ որ դժոխքը գոյութիւն չունի։ Անոնք արիւն չեն ուտեր, ոչ ալ արեան ներարկում կ’ընդունին։ Անոնք կը խուսափին քաղաքականութենէ եւ պատերազմի մասնակցելէ։ Բնաւ հարց տուա՞ծ էք թէ Եհովայի Վկաներուն ուսուցումները ի՛նչու այսքան տարբեր են։

Մասաչուսէթեան լրագիր մը (the Daily Hampshire Gazette) կը բացատրէ որ Եհովայի Վկաներուն «Աստուածաշունչի անշեղ մեկնութիւնը անոնց արգելք կը հանդիսանայ շատ մը գործունէութիւններու մասնակցելու, որոնք ուրիշներուն համար բնական են ..., այս բոլորը կ’ընեն առաջին դարու Քրիստոնեաներուն եւ Աստուածաշունչի խօսքերուն հետեւելու համար»։ Ուրիշ համայնագիտարան մը (The Encyclopedia of Religion) կը համաձայնի որ «անոնց բոլոր հաւատալիքները հիմնուած են Աստուածաշունչին վրայ։ Անոնք հաւատքի որեւէ նիւթի շուրջ Աստուածաշունչէն մէջբերումներ կ’ընեն, անվարանօրէն ընդունելով Աստուածաշունչի հեղինակութիւնը որ կը փոխարինէ ամբողջ աւանդութիւնը»։ Գիրք մը (Religion in America) կը նշէ. «Այս խումբը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն չշեղեց իր ուշադրութիւնը եւ անոր ուսուցումներուն թիկունք կը կանգնի սուրբ գրութիւններու վերագրումի հոյակապ դրութիւն մը»։

Անոնց Առաջնորդը Ո՞վ Է

Քանի որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն սերտօրէն կառչած են, պատճառը այդ է թէ Եհովայի Վկաներուն մէջ մարդկային առաջնորդներ պաշտելու եւ զանոնք կուռքերու վերածելու հակում չկայ, ինչ որ ներկայ աղանդներուն յատկանիշն է։ Անոնք կը մերժեն կղեր–աշխարհականի բաժանումը։ Համայնագիտարան մը (The Encyclopedia of Religion) Եհովայի Վկաներուն մասին տեղին ըլլալով ըսաւ. «Կղեր դաս եւ բարձրաստիճան տիտղոսներ արգիլուած են»։

Անոնք Յիսուս Քրիստոսի կը հետեւին որպէս իրենց առաջնորդը եւ Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասնզի ձեր ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասնզի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասնզի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։—Մատթէոս 23։8–12

Յստակ է ուրեմն որ Եհովայի Վկաները աղանդ մը ըլլալէ շա՜տ հեռու են, ինչպէս Յիսուս որկրամոլ մը կամ գինեմոլ մը ըլլալէ հեռու էր։ Ճիշդ է որ Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն մասին սխալ տեղեկութիւններէ ազդուողներուն բոլորն ալ զինք զրպարտելու որոգայթին մէջ չինկան։ Ոմանք պարզապէս սխալ տեղեկութիւն ունէին իր մասին։ Եթէ դուք Եհովայի Վկաներուն եւ անոնց հաւատալիքներուն շուրջ հարցումներ ունիք, ինչո՞ւ զանոնք աւելի մօտէն չճանչնաք։ Թագաւորութեան Սրահները լայնօրէն բաց են ճշմարտութիւնը փնտռողներուն դիմաց։

Դուք ալ կրնաք Աստուածաշունչի ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու անոնց բծախնդիր փնտռտուքէն օգուտ քաղել եւ սորվիլ թէ ի՛նչպէս կրնաք Աստուած պաշտել Յիսուսի սա խօսքերուն համաձայն. «Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասնզի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ»։—Յովհաննու 4։23

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել