Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 5/1 էջ 3-4
  • Աղանդները ի՞նչ են

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աղանդները ի՞նչ են
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղանդ մը Ի՞նչ Է
  • Եհովայի վկաները աղա՞նդ են
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Եհովայի վկաները աղա՞նդ մըն են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 5/1 էջ 3-4

Աղանդները ի՞նչ են

28 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1993–ին, հարիւրաւոր օրէնք պարտադրող գործակալներ անակնկալ յարձակում մը կատարեցին խումբ մը շէնքերու վրայ, ուր տասնեակ այրեր, կիներ ու երախաներ կը բնակէին։ Նպատակն էր՝ անօրէն զէնքեր փնտռել եւ կասկածելի ոճրագործ մը ձերբակալել։ Այս գործակալները, սակայն, անակնկալի առջեւ գտնուեցան, երբ շէնքերէն կապարներ տեղացին իրենց վրայ։ Անոնք փոխադարձեցին։

Այս ճակատումին արդիւնքը եղաւ տասը մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Յաջորդ 50 օրերու ընթացքին, կառավարական հարիւրաւոր գործակալներ պաշարեցին շրջափակուած այդ բնակարանը, պզտիկ պատերազմ մը մղելու բաւարար զէնքերով։ Այս անել կացութիւնը իր յանգումին հասաւ իր ետին 86 մեռեալ ձգելով, որոնցմէ առնուազն 17–ն երախաներ էին։

Բայց ո՞վ էր թշնամին. թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող խուժա՞ն մը, թէ՝ ֆէտայական խմբաւորում մը։ Ո՛չ։ Ինչպէս հաւանաբար գիտէք, «թշնամին» հաւատացեալներու խումբ մըն էր, աղանդի մը անդամները։ Անոնց ողբերգութիւնը միջազգային ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Ա.Մ.Ն.–ու Թէքսասի կեդրոնական հարթավայրերուն մէջ հաստատուած այս աննշան համայնքին վրայ։ Օդային ալիքներով տեղեկատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ մամուլը, տեղեկագրութիւններու, վերլուծումներու եւ մեկնութիւններու տարափ մը տեղացուցին մոլեռանդ աղանդներու վտանգին դէմ։

Հանրութեան մտաբերել տրուեցաւ նախկին պարագաներ, երբ աղանդի մը անդամները մահուան առաջնորդուեցան իրենց առաջնորդին կողմէ։ 1969–ին, Գալիֆորնիոյ մէջ Մէնսընի սպանութիւնները. 1978–ին, Կույանայի Ճոնզթաուն քաղաքին մէջ աղանդի մը անդամներուն զանգուածային սպանութիւնը. 1987–ին, Քորէայի մէջ աղանդի մը 32 անդամներուն անձնասպանութիւնը, ծրագրուած՝ իրենց քարոզչուհիին՝ Փարք Սուն–ժա–ի՝ կողմէ։ Յատկանշականը այն է որ այս մարդոց մեծամասնութիւնը կը դաւանէր Քրիստոնեայ ըլլալ եւ Աստուածաշունչին հաւատալ։

Հասկնալի է որ Աստուածաշունչը որպէս Աստուծոյ Խօսքը յարգողներէն շատեր, այս աղանդներուն Սուրբ Գրութիւններուն սխալ գործածութեան յանդգնութեան ի տես, սարսափ զգան։ Որպէս հետեւանք, տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր կազմակերպութիւններ հաստատուած են աղանդներուն վրայ հսկելու եւ անոնց վտանգաւոր սովորութիւնները երեւան հանելու համար։ Այս մարզին մէջ, մասնագէտներ կը նախագուշակեն որ յաջորդ հազարամեակին, քանի մը տարիէն, աղանդները պիտի բազմանան։ Լրագիր մը նշեց որ, ըստ հակա–աղանդային խմբակի մը, հազարաւոր աղանդներ կան, որոնք «պատրաստ են ձեր մարմնին տիրելու, ձեր միտքը ղեկավարելու եւ ձեր հոգին ապականելու։ ... Քիչեր զինուած են, բայց մեծամասնութիւնը վտանգաւոր է։ Անոնք ձեզ կը հրապուրեն եւ կը կողոպտեն, ձեզ կ’ամուսնացնեն եւ կը թաղեն»։

Աղանդ մը Ի՞նչ Է

Շատեր «աղանդ» բառը սխալ կերպով կը գործածեն, առանց անոր ճշգրիտ իմաստը գիտնալու։ Շփոթութիւն չստեղծելու համար, կարգ մը աստուածաբաններ իրապէս կը խուսափին այս արտայայտութիւնը գործածելէ։

Համայնագիտարան մը (The World Book Encyclopedia) կը բացատրէ որ «աւանդականօրէն, աղանդ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ որե՛ւէ պաշտամունքի կամ արարողութեան»։ Ըստ այս բաղդատութեան եզրին, կրօնական բոլոր կազմակերպութիւնները կարելի է դասել որպէս աղանդներ։ Սակայն, ներկայիս «աղանդ» բառին ընդհանրացած գործածութիւնը տարբեր է։ Նոյն համայնագիտարանը կը նշէ որ «1900–ական թուականներուն կէսէն ի վեր, աղանդներու մասին եղած ծանուցումը անոր իմաստին մէջ փոփոխութիւն մը մտցուց։ Ներկայիս, աղանդ բառը կը կիրարկուի այն խմբաւորումներուն որոնք առաջնորդի մը կը հետեւին, որ նոր եւ ոչ–ուղղափառ վարդապետութիւններ եւ սովորութիւններ կը քաջալերէ»։

Այս բառին ժողովրդական գործածութիւնը հաստատելով, պարբերաթերթ մը (Newsweek) կը բացատրէ որ աղանդները «սովորաբար պզտիկ, անջատ խմբակներ են, որոնց անդամները իրենց ինքնութիւնը եւ նպատակը կը ստանան առանձին ու բարեսէր անհատէ մը»։ Ուրիշ պարբերաթերթ մը (Asiaweek) կը նշէ որ «[աղանդ] արտայայտութիւնը ինքնին անորոշ է, բայց սովորաբար կ’ակնարկէ կրօնական նոր հաւատալիքներու, կերտուած՝ բարեսէր առաջնորդի մը շուրջ, որ յաճախ կը դաւանի Աստուծոյ Մարմնացումը ըլլալ»։

Մէրիլէնտի (Ա.Մ.Ն.) Նահանգի 100–րդ Համագումարին առնուած որոշումին մէջ ալ աղանդ բառը նուաստացուցիչ իմաստ մը կը հաղորդէ։ Որոշումը կը նշէ որ «աղանդ մը, խումբ մը կամ շարժում մըն է, որ անհատի մը կամ գաղափարի մը հանդէպ չափազանց նուիրում ցոյց կու տայ եւ իր առաջնորդին նպատակները յառաջ տանելու համար համոզելու եւ անհատը ղեկավարելու այնպիսի կերպեր կը գործածէ, որոնք բարոյականութեան հակառակ են»։

Յստակ է ուրեմն որ աղանդները ընդհանրապէս նկատուած են որպէս կրօնական խմբաւորումներ որոնց ծայրայեղ տեսակէտները եւ սովորութիւնները ընկերութեան կողմէ ընդունուած չափանիշներուն դէմ են։ Սովորաբար, անոնք իրենց կրօնական գործունէութիւնը գաղտագողի կը կատարեն։ Այս աղանդային խմբաւորումներէն շատեր սովորաբար համայնքէն կ’անջատուին։ Ինքնահռչակ մարդկային առաջնորդի մը հանդէպ անոնց նուիրումը ընդհանրապէս անպայման եւ բացարձակ է։ Այդ առաջնորդները յաճախ կը հպարտանան որ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած են կամ նոյնիսկ՝ իրենք աստուածային բնոյթ ունեցողներ են։

Պարբերաբար, հակա–աղանդային կազմակերպութիւններ եւ լրագրական միջոցներ Եհովայի Վկաներուն կ’ակնարկեն որպէս աղանդ մը։ Օրաթերթերու մէջ վերջերս լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներ Եհովայի Վկաները կը դասեն կրօնական այն խմբաւորումներուն հետ, որոնց սովորութիւնները երկբայելի են։ Բայց շիտակ պիտի ըլլա՞ր Եհովայի Վկաներուն ակնարկել որպէս կրօնական պզտիկ ու անջատ խմբաւորում մը։ Աղանդի մը անդամները յաճախ կ’անջատուին իրենց բարեկամներէն, ընտանիքէն եւ նոյնիսկ մարդկային ընկերութենէն։ Եհովայի Վկաներուն պարագան ալ նո՞յնն է։ Վկաները մոլորեցուցիչ եւ բարոյագիտութեան հակառակ կերպեր կը գործածե՞ն իրենց թիւը շատցնելու համար։

Ընդունուած է որ աղանդի մը առաջնորդները հնարքներ կը գործածեն իրենց հետեւորդներուն մտքերը ղեկավարելու համար։ Արդեօք փաստ մը կա՞յ թէ Եհովայի Վկաները այսպէս կը վարուին։ Անոնք իրենց պաշտամունքը գաղտագողի կը կատարե՞ն։ Անոնք մարդկային առաջնորդի մը կը հետեւի՞ն, կամ զայն կը պաշտե՞ն։ Արդեօք կրնա՞նք ըսել որ Եհովայի Վկաները աղանդ մըն են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել