Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 8/1 էջ 17-21
  • Եհովայի վկաները ի՛նչու արթուն կը կենան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի վկաները ի՛նչու արթուն կը կենան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նախկին Աշակերտները Ջանացին Արթուն Կենալ
  • Ոմանք Արթուն Կենալէ Դադրեցան
  • Յաւելեալ Արթնութեան Հետեւանքները
  • Ասոնք Ինչպէ՞ս Փաստեցին Արթուն Կենալ
  • Կը Շարունակէ՞ք Արթուն Կենալ
  • Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ կը ծնի
    Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
  • Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • «Արթուն կեցէք». դատաստանին ժամը հասաւ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ կը պատրաստէ գործունէութեան համար
    Եհովայի վկաները. միացած՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու համար համայն աշխարհի մէջ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 8/1 էջ 17-21

Եհովայի վկաները ի՛նչու արթուն կը կենան

«Արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։42

1. «Արթուն կեցէք» խրատը որո՞նց կը կիրարկուի։

«ԱՐԹՈՒՆ ԿԵՑԷՔ» Աստուածաշունչի խրատը կը կիրարկուի Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն, ըլլան՝ երիտասարդ թէ տարեց, նոր մկրտուած թէ տարիներէ ի վեր ծառայողներ։ (Մատթէոս 24։42) Ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

2, 3. (ա) Յիսուս ի՞նչ նշան յստակօրէն նկարագրեց, եւ մարգարէութեան կատարումը ի՞նչ ցոյց տուած է։ (բ) Մատթէոս 24։42–ին մէջ ակնարկուած ո՞ր պարագան մեր հաւատքի հարազատութիւնը փորձի կ’ենթարկէ եւ ինչպէ՞ս։

2 Երկրի վրայ իր կատարած ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս Թագաւորութեան զօրութեամբ իր անտեսանելի ներկայութեան նշանը գուշակեց։ (Մատթէոս գլուխներ՝ 24 եւ 25) Ան յստակօրէն նկարագրեց իր արքայական ներկայութեան ժամանակը, իսկ այս մարգարէութիւնը կատարող իրադարձութիւնները ցոյց պիտի տային որ ան 1914–ին գահակալուած էր որպէս Թագաւոր։ Ան նաեւ նշեց պարագայ մը, որ այն ատեն մեր հաւատքին հարազատութիւնը փորձի պիտի ենթարկէր։ Մեծ նեղութեան ատեն ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը կործանելու համար, որպէս Դահիճ գործի լծուելու ժամանակին առնչութեամբ էր որ Յիսուս ըսաւ. «Արթուն կեցէք, վասնզի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։36, 42

3 Մեծ նեղութեան սկսելուն օրն ու ժամը չգիտնալը կը պահանջէ որ մենք ամէն օր ապրինք որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, եթէ այդպէս ըլլալ կը դաւանինք։ Երբ մեծ նեղութիւնը գայ, մեր վարած կեանքը Տիրոջ հաճութեան պիտի արժանացնէ՞ մեզ։ Կամ, եթէ անկէ առաջ մեռնինք, ան մեզ պիտի յիշէ՞ որպէս մէկը որ մինչեւ իր կեանքին վերջը հաւատարմութեամբ ծառայած է Եհովային։—Մատթէոս 24։13. Յայտնութիւն 2։10

Նախկին Աշակերտները Ջանացին Արթուն Կենալ

4. Յիսուսի հոգեւորապէս արթուն կենալէն ի՞նչ կը սորվինք։

4 Հոգեւորապէս արթուն կենալու մէջ, Յիսուս Քրիստոս լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Ան անդադար եւ ջերմեռանդօրէն աղօթեց իր Հօրը։ (Ղուկաս 6։12. 22։42–44) Երբ փորձութիւններ դիմագրաւեց, ան լիովին վստահեցաւ Սուրբ Գրութիւններու ցուցմունքին։ (Մատթէոս 4։3–10. 26։52–54) Ան Եհովայի կողմէ իրեն նշանակուած գործունէութենէն իր ուշադրութիւնը չվրիպեցուց։ (Ղուկաս 4։40–44. Յովհաննու 6։15) Իրենք զիրենք Յիսուսի հետեւորդները նկատող անհատները իրեն նման արթուն պիտի կենա՞յին։

5. (ա) Յիսուսի առաքեալները ինչո՞ւ հոգեւոր հաւասարակշռութիւն պահելու մէջ խնդիր ունէին։ (բ) Յիսուս իր յարութենէն ետք ի՞նչ օգնութիւն տուաւ իր առաքեալներուն։

5 Յիսուսի առաքեալներն անգամ երբեմն սասանեցան։ Գերնախանձախնդրութենէ եւ սխալ գաղափարներէ տարուած, անոնք երբեմն յուսախաբութիւններու հանդիպեցան։ (Ղուկաս 19։11. Գործք 1։6) Լիովին Եհովայի ապաւինիլ սորվելէ առաջ, անակնկալ փորձութիւններ անոնց հաւասարակշռութիւնը խախտեցին։ Անոր համար, երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, առաքեալները փախան։ Աւելի ետք, նոյն գիշերը, վախի ազդեցութեան ներքեւ, Պետրոս կրկին անկամ ուրացաւ Քրիստոսը։ Առաքեալները տակաւին լաւ չէին ըմբռնած «արթուն կեցէք ու աղօթք ըրէք» Յիսուսի խրատը։ (Մատթէոս 26։41, 55, 56, 69–75) Իր յարութենէն ետք, Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց անոնց հաւատքը զօրացնելու համար։ (Ղուկաս 24։44–48) Իսկ երբ այնպէս թուեցաւ որ ոմանք իրենց յանձնուած ծառայութիւնը երկրորդական կը սեպէին, ան զօրացուց անոնց մղումները, որպէսզի անոնք աւելի կարեւոր գործունէութեան վրայ կեդրոնացնէին իրենց ուշադրութիւնը։—Յովհաննու 21։15–17

6. Յիսուս իր աշակերտները ո՞ր երկու որոգայթներուն դէմ նախապէս զգուշացուցած էր։

6 Յիսուս նախապէս զգուշացուցած էր իր աշակերտները որ աշխարհի մէկ մասը չըլլան։ (Յովհաննու 15։19) Ան նաեւ անոնց խրատած էր, որ իրարու վրայ չտիրեն, այլ իրարու ծառայեն որպէս եղբայրներ։ (Մատթէոս 20։25–27. 23։8–12) Անոնք իր խրատին ուշադրութիւն ընծայեցի՞ն։ Անոնք իրենց յանձնուած գործունէութեան առաջնակարգ կարեւորութիւն տուի՞ն։

7, 8. (ա) Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ո՞ր արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնք լուրջի առած էին Յիսուսի տուած խրատը։ (բ) Ինչո՞ւ կարեւոր էր շարունակաբար արթուն կենալ հոգեւոր գետնի վրայ։

7 Այնքան ատեն որ տակաւին ողջ էին, առաքեալները պահպանեցին ժողովքը։ Պատմութիւնը կը վկայէ որ նախկին Քրիստոնեաները Հռովմէական Կայսրութեան քաղաքական գործերուն միջամուխ չէին ըլլար, ոչ ալ անոնք բարձրաստիճան կղեր դասակարգ մը ունէին։ Ընդհակառակը, անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան եռանդուն քարոզիչներ էին։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, անոնք ամբողջ Հռովմէական Կայսրութեան մէջ վկայած էին, աշակերտելով Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ։—Կողոսացիս 1։23

8 Սակայն, այս յաջողութիւնները չէին նշանակեր որ անոնք այլեւս հոգեւորապէս արթուն կենալու կարիքը չունէին։ Յիսուսի նախագուշակուած գալը տակաւին հեռաւոր ապագային տեղի պիտի ունենար։ Իսկ Հ.Դ. երկրորդ դարուն սկիզբը, այնպիսի վիճակներ զարգացան, որոնք ժողովքին հոգեւորականութեան սպառնացին։ Ինչպէ՞ս։

Ոմանք Արթուն Կենալէ Դադրեցան

9, 10. (ա) Առաքեալներուն մահուընէ ետք, ի՞նչ բաներ ցոյց տուին որ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանած անհատներէն շատեր արթուն չէին կեցած։ (բ) Այս պարբերութեան մէջ յիշուած ո՞ր համարները կրնային օգնել Քրիստոնէութիւն դաւանած անհատներուն որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնային։

9 Ժողովքին մաս կազմողներէն ոմանք սկսան իրենց հաւատքը Յունական փիլիսոփայութեան համաձայն արտայայտել, որպէսզի իրենց քարոզչութիւնը աւելի ընդունելի դարձնեն աշխարհային մարդոց։ Աստիճանաբար հեթանոսական վարդապետութիւններ, ինչպէս Երրորդութիւնը եւ հոգիի բնածին անմահութիւնը, ապականուած Քրիստոնէութեան մէկ մասը եղան։ Ասիկա հազարամեայի յոյսը կորսնցնելուն նպաստեց։ Ինչո՞ւ։ Հոգիի անմահութեան հաւատքը որդեգրած անհատները եզրակացուցին որ Քրիստոսի իշխանութեան օրհնութիւնները ձեռք պիտի ձգուէին հոգեւոր ծիրին մէջ, մարդկային մարմնէն վերապրող հոգիով մը։ Ուստի, անոնք Թագաւորութեան զօրութեամբ Քրիստոսի ներկայութեան նկատմամբ արթուն կենալու կարիքը չտեսան։—Բաղդատել Գաղատացիս 5։7–9. Կողոսացիս 2։8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21։  

10 Այս իրավիճակը ուրիշ փոփոխութիւններով ալ շեշտուեցաւ։ Իրենք զիրենք Քրիստոնեայ տեսուչ դաւանած անհատներէն ոմանք սկսան իրենց ժողովքները գործածել որպէս կարկառուն ըլլալու միջոց մը։ Անոնք խորամանկ կերպով իրենց անձնական կարծիքներուն եւ ուսուցումներուն վերագրեցին Սուրբ Գրութիւններուն համահաւասար կամ նոյնիսկ աւելի բարձր արժէք մը։ Երբ առիթը ներկայացաւ, այս հաւատուրաց եկեղեցին նոյնիսկ քաղաքական պետութեան շահերուն ծառայելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց։—Գործք 20։30. Բ. Պետրոս 2։1, 3

Յաւելեալ Արթնութեան Հետեւանքները

11, 12. Բողոքական Բարեկարգութիւնը ինչո՞ւ վերադարձ մը չեղաւ դէպի ճշմարիտ պաշտամունք։

11 Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին դարաւոր չարաշահութենէն ետք, ԺԶ. դարուն, կարգ մը Բարեկարգիչներ հրապարակ եկան։ Սակայն ասիկա ճշմարիտ պաշտամունքին վերադարձ մը չնշեց։ Ինչո՞ւ։

12 Թէեւ Բողոքական շատ մը խումբեր Հռովմի հեղինակութենէն դուրս եկան, բայց անոնք իրենց հետ տարին հաւատուրացներու հիմնական ուսուցումներն ու սովորութիւնները. կղեր–աշխարհականի գաղափարը, նաեւ Երրորդութիւնը, հոգիի անմահութիւնը եւ մահուընէ ետք յաւիտենական տանջանքը։ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին նման, անոնք նաեւ շարունակեցին աշխարհին մէկ մասը ըլլալ քաղաքական տարրերուն հետ սերտօրէն դաշնակցելով։ Հետեւաբար, անոնք մերժեցին որպէս Թագաւոր Քրիստոսի գալուն ակնկալութիւնը։

13. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ոմանք մեծապէս արժէւորեցին Աստուծոյ Խօսքը։ (բ) ԺԹ. դարու ընթացքին, ո՞ր դէպքը մասնաւոր կարեւորութիւն ունեցաւ Քրիստոնէութիւն դաւանած անհատներուն համար։ (գ) Ինչո՞ւ շատեր յուսախաբ եղան։

13 Սակայն, Յիսուս նախագուշակած էր որ առաքեալներուն մահուընէ ետք, Թագաւորութեան իրական ժառանգորդները (որոնց ան ցորենի նմանցուց) պիտի շարունակէին աճիլ կեղծ Քրիստոնեաներու (կամ՝ որոմներու) կողքին մինչեւ հունձքի ժամանակը։ (Մատթէոս 13։29, 30) Ներկայիս, վստահօրէն չենք կրնար թուել Տիրոջ ցորեն նկատած բոլոր անհատները։ Բայց ուշադրութեան արժանի էր այն իրողութիւնը թէ ԺԴ., ԺԵ. եւ ԺԶ. դարերու ընթացքին, եղան անհատներ որոնք իրենց կեանքերը եւ իրենց ազատութիւնը վտանգեցին Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին լեզուով մատչելի դարձնելու համար։ Ուրիշներ, ոչ միայն Աստուածաշունչը ընդունեցին որպէս Աստուծոյ Խօսքը, այլ նաեւ Երրորդութիւնը մերժեցին որպէս ոչ–սուրբ գրային։ Ուրիշներ մերժեցին հոգիի անմահութեան եւ դժոխքի տանջանքին հաւատալ որպէս Աստուծոյ Խօսքին հետ բոլորովին ներդաշնակ չեղող հաւատալիքներ։ Դարձեալ, ԺԹ. դարու ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, մէջտեղ եկան խմբաւորումներ որոնք, Աստուածաշունչը աւելի մօտէն սերտելով, սկսան իրենց համոզումը արտայայտել թէ Քրիստոսի վերադարձը մօտ էր։ Բայց անոնց ակնկալութիւններէն մեծամասնութիւնը յուսախաբութեան հանդիպեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Մեծաւ մասամբ, քանի որ անոնք շատ աւելի մարդոց ապաւինած էին, քան թէ՝ Սուրբ Գրութիւններուն։

Ասոնք Ինչպէ՞ս Փաստեցին Արթուն Կենալ

14. Նկարագրեցէք Ռասըլի եւ իր ընկերակիցներուն Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար գործածած կերպը։

14 Ապա, 1870–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցներէն ոմանք Փէնսիլվանիոյ Ալէկանի քաղաքին մէջ խումբ մը կազմեցին Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար։ Թէեւ անոնք Աստուածաշունչի իրենց որդեգրած շատ մը ճշմարտութիւնները նկատելու մէջ առաջինները չէին, բայց իրենց ուսումնասիրութեան մէջ սովորութիւն դարձուցին տուեալ հարցին շուրջ սուրբ գրային բոլոր համարները ուշադրութեամբ քննելը։a Անոնց նպատակը չէր կանխայղացուած գաղափարներ պաշտպանող համարներ գտնել, այլ վստահ ըլլալ որ տուեալ հարցին շուրջ իրենց եզրակացութիւնները բոլորովին ներդաշնակ էին Աստուածաշունչին հետ։

15. (ա) Եղբայր Ռասըլէն զատ ուրիշներ ի՞նչ բանի անդրադարձած էին։ (բ) Ի՞նչ բան Աստուածաշունչի Աշակերտները տարբեր դարձուց միւսներէն։

15 Անոնցմէ առաջ, ոմանք անդրադարձած էին որ Քրիստոսի վերադարձը անտեսանելի պիտի ըլլար որպէս հոգի մը։ Ոմանք տեսած էին որ Քրիստոսի վերադարձին նպատակը երկիրը այրել եւ անոր վրայէն մարդկային ամէն կեանք բնաջնջել չէր, այլ՝ երկրի բոլոր ընտանիքները օրհնել էր։ Նոյնիսկ կային ոմանք որոնք գիտակցեցան որ Հեթանոսաց Ժամանակները վախճան պիտի գտնէին 1914–ին։ Բայց Եղբայր Ռասըլի ընկերակցող Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար, ասոնք պարզապէս աստուածբանական խօսակցութեան նիւթեր չէին։ Անոնք իրենց կեանքը կերտեցին այդ ճշմարտութիւններուն շուրջ եւ զանոնք բոլոր ազգերուն մէջ աննախընթաց տարողութեամբ ծանուցանեցին։

16. 1914–ին, Եղբայր Ռասըլ ինչո՞ւ գրեց. «Մենք փորձի շրջանի մը մէջ ենք»։

16 Այս բոլորին հանդերձ, անոնք տակաւին արթուն կենալու կարիքը ունէին։ Ինչո՞ւ։ Օրինակի համար, թէեւ անոնք գիտէին որ 1914–ը նշուած էր Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն մէջ, բայց վստահ կերպով չէին գիտեր թէ այդ տարին ի՛նչ տեղի պիտի ունենար։ Ասիկա փորձութիւն մը եղաւ անոնց համար։ Դիտարան Նոյեմբեր 1, 1914–ի թիւին մէջ, Եղբայր Ռասըլ գրեց. «Չմոռնանք որ մենք փորձի շրջանի մը մէջ ենք։ ... Եթէ որեւէ պատճառով անհատ մը Տիրոջմէն եւ Իր Ճշմարտութենէն հեռանայ եւ դադրի Տիրոջ Դատին համար զոհողութիւններ ընելէ, ուրեմն, այդպիսի մէկուն սրտին մէջ Աստուծոյ սէրը չէր, որ զինք դրդեց Տիրոջմով հետաքրքրուելու, այլ ուրիշ բան մը. թերեւս ան կը յուսար որ ժամանակը կարճ է. իր նուիրագործումը որոշ ժամանակի մը համար էր»։

17. Եղբայր Մէքմիլըն եւ իրեն նման ուրիշներ ինչպէ՞ս պահեցին իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը։

17 Այն ատեն, ոմանք Եհովայի ծառայութիւնը լքեցին։ Բայց Մէքմիլըն անոնց մաս չկազմեց։ Տարիներ ետք, ան անկեղծօրէն ընդունեց. «Երբեմն որոշ թուականի մը համար մեր ակնկալութիւնները Սուրբ Գրութիւններուն տուած երաշխաւորութենէն շատ աւելի էին»։ Ի՞նչ բան օգնեց որ ան իր հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը պահէ։ Ինչպէս ան ըսաւ, ինք անդրադարձաւ որ «երբ այդ ակնկալութիւնները չկատարուեցան, ատիկա Աստուծոյ նպատակները չփոխեց»։ Ան աւելցուց. «Սորվեցայ որ պէտք է ընդունինք մեր սխալները եւ շարունակենք Աստուծոյ Խօսքը հետազօտել յաւելեալ լուսաւորութեան համար»։b Աստուածաշունչի այդ նախկին Աշակերտները թոյլ տուին որ Աստուծոյ Խօսքը իրենց հայեացքը վերաճշդէ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

18. Քրիստոնէական արթնութիւնը ինչպէ՞ս աստիճանաբար օգնութիւն մը եղաւ աշխարհի մէկ մասը չըլլալու հարցին մէջ։

18 Անոր յաջորդող տարիներուն ընթացքին, անոնց արթուն կենալու կարիքը չնուազեցաւ։ Անշուշտ, անոնք գիտէին որ Քրիստոնեաները աշխարհի մէկ մասը պիտի չըլլային։ (Յովհաննու 17։14. Յակոբու 4։4) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, անոնք Քրիստոնեայ Աշխարհին չմիացան, որ կը հաստատէր թէ Ազգերու Դաշնակցութիւնը Աստուծոյ Թագաւորութեան քաղաքական արտայայտութիւնն է։ Սակայն միայն 1939–ին էր որ անոնք յստակօրէն հասկցան Քրիստոնէական չէզոքութեան հարցը։—Տես Դիտարան Նոյեմբեր 1, 1939–ի թիւը (Անգլ.)։

19. Քանի որ կազմակերպութիւնը շարունակեց արթուն կենալ, ասիկա ի՞նչ օգտակարութիւն ունեցաւ ժողովքի վերատեսչութեան։

19 Անոնք բնաւ կղեր դասակարգ մը չունեցան, թէեւ ընտրուած կարգ մը երէցներ խորհեցան որ իրենցմէ ակնկալուած էր միայն ժողովքին մէջ քարոզել։ Բայց, Սուրբ Գրութիւններուն համակերպելու սուր փափաքով մը մղուած, կազմակերպութիւնը, Աստուածաշունչի լոյսին տակ, վերատեսութեան ենթարկեց երէցներուն դերը, Դիտարանի էջերուն մէջ կրկին անգամ նկատի առնելով այս հարցը։ Սուրբ Գրութիւններու ցուցմունքներուն հետ համաձայն, կազմակերպչական փոփոխութիւններ կատարուեցան։

20–22. Ամբողջ կազմակերպութիւնը ինչպէ՞ս աստիճանաբար գործի լծուեցաւ Թագաւորութիւնը քարոզելու համաշխարհային գործունէութիւնը կատարելու համար։

20 Ամբողջ կազմակերպութիւնը գործի լծուեցաւ մեր օրերուն համար Աստուծոյ Խօսքին ուրուագծած գործունէութիւնը լիովին կատարելու համար։ (Եսայեայ 61։1, 2) Մեր օրերուն բարի լուրը ո՞ր տարողութեամբ պիտի քարոզուէր։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն»։ (Մարկոս 13։10) Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, այդ պարտականութիւնը իրապէս անկարելի կը թուէր։

21 Սակայն, որպէս ժողովքի Գլուխ, Քրիստոսին վստահելով, հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ դասակարգը գործի լծուեցաւ։ (Մատթէոս 24։45) Անոնք հաւատարմութեամբ եւ հաստատամտութեամբ Եհովայի ծառաներուն ուշադրութեան յանձնեցին կատարուելիք գործունէութիւնը։ 1919–էն սկսեալ, թափ մը տրուեցաւ քարոզչութեան։ Շատերուն համար դիւրին չէր տունէ տուն երթալ եւ օտարներուն խօսիլ։ (Գործք 20։20) Սակայն, Դիտարանի ուսումնասիրութեան նիւթեր, ինչպէս՝ «Անվախները Օրհնեալ Են» (1919–ին) եւ «Քաջասիրտ Եղէք», օգնեցին ոմանց որ այս գործունէութեան լծուին, Եհովային վստահելով։

22 1922–ին, «ծանուցանեցէք, ծանուցանեցէք, ծանուցանեցէք Թագաւորը եւ իր թագաւորութիւնը» կոչը պէտք եղած աւիւնը տուաւ այս գործունէութեան պատշաճ կարեւորութիւն տալու համար։ 1927–էն սկսեալ, այն երէցները, որոնք սուրբ գրային այս պատասխանատուութիւնը չընդունեցին, պաշտօնանկ եղան։ Այդ ժամանակներուն էր որ Ընկերութեան ճամբորդող ներկայացուցիչներ՝ ուղեւորներ՝ նշանակուեցան որպէս շրջանի ծառայութեան խնամակալներ քարոզչութեան վերաբերեալ հրատարակիչներուն անձնական խրատներ տալու համար։ Ամէն մարդ չէր կրնար ռահվիրայութիւն ընել, բայց շաբաթավերջերուն, շատեր ամբողջ օրը ծառայութեան կը յատկացնէին, առաւօտուն շատ կանուխ սկսելով, սանտուիչ մը ուտելու համար կարճ դադար մը ընելով եւ ապա մինչեւ իրիկուն շարունակելով։ Ասոնք աստուածպետական բարւոքման համար նշանակալից ժամանակներ էին եւ մենք մեծապէս կ’օգտուինք, երբ աչքէ անցնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս կ’առաջնորդէր իր ժողովուրդը։ Ան կը շարունակէ ասիկա ընել։ Իր օրհնութեամբ է որ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը յաջողութեամբ պիտի հասնի իր յանգումին։

Կը Շարունակէ՞ք Արթուն Կենալ

23. Քրիստոնէական սէր ունենալու եւ աշխարհէ անջատ ըլլալու հարցին մէջ, իւրաքանչիւրս ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք, որ կը շարունակենք արթուն կենալ։

23 Եհովայի առաջնորդութեան ներքեւ, իր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մեզ զգուշացնել այն սովորութիւններուն եւ կեցուածքներուն դէմ, որոնք կրնան մեզ դասել այս աշխարհին հետ եւ հետեւաբար կրնանք անոր հետ բնաջնջուելու վտանգին մէջ ըլլալ։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Մեր կարգին, արթուն պէտք է կենանք Եհովայի առաջնորդութեան ընդառաջելով։ Եհովա մեզի խրատներ կու տայ իրարու հետ ապրելու եւ միասնաբար աշխատելու շուրջ։ Իր կազմակերպութիւնը օգնած է մեզի որ Քրիստոնէական սիրոյ ի՛նչ ըլլալը աւելի գնահատենք։ (Ա. Պետրոս 4։7, 8) Արթուն կենալը կը պահանջէ որ մենք ջանադրութեամբ կիրարկենք այս խրատը, հակառակ մարդկային անկատարութիւններու։

24, 25. Ո՞ր կենսական հարցերու մէջ պէտք է շարունակենք արթուն կենալ։ Ի՞նչ ակնկալութեամբ։

24 Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան մեզի կը յիշեցնէ. «Քու բոլոր սրտովդ Եհովայի ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ (Առակաց 3։5) «Անդադար աղօթք ըրէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17) Մեզի խրատ տրուած է որ մեր որոշումները հիմնենք Աստուծոյ Խօսքին վրայ, թոյլ տալով որ այս խօսքը ‘մեր ոտքերուն ճրագ ու մեր շաւիղներուն՝ լոյս’ ըլլայ։ (Սաղմոս 119։105) Սիրալիր կերպով քաջալերութիւն ստացած ենք որ շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել, գործունէութիւն մը որ Յիսուս մեր օրերուն համար նախագուշակեց։—Մատթէոս 24։14

25 Այո, վստահաբար հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան արթուն կը կենայ։ Անհատապէս մենք ալ արթուն պէտք է կենանք։ Մեր արթուն կենալուն որպէս արդիւնք, թող որ մենք ալ գտնուինք անոնց մէջ, որոնք Որդի մարդոյ առջեւ պիտի կայնին, երբ ան գայ դատաստան ի գործ դնելու համար։—Մատթէոս 24։30. Ղուկաս 21։34–36

[Ստորանիշ էջ 19]

a Հաւատքը Գործի Վրայ, Մէքմիլընի կողմէ, 1957, էջ 19–22 (Անգլ.)։

[Ստորանիշ էջ 20]

b Տես Դիտարան 15 Օգոստոս, 1966–ի թիւը, էջ 504–10 (Անգլ.)։

Վերաքաղ

◻ Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք արթուն կենալ, ինչպէս ցոյց կը տրուի Մատթէոս 24։42–ին մէջ։

◻ Յիսուս եւ իր առաջին դարու հետեւորդները իրենց հոգեւոր հաւասարակշռութիւնը ինչպէ՞ս պահեցին։

◻ Եհովայի ծառաներուն շարունակաբար արթուն կենալուն որպէս արդիւնք, 1870–էն ի վեր, ի՞նչ բարւոքումներ տեղի ունեցան։

◻ Ի՞նչ բան պիտի ապացուցանէ որ մենք անհատապէս կը շարունակենք արթուն կենալ։

[Նկար՝ էջ 18]

Չարլզ Թէյզ Ռասըլ իր վերջին տարիներուն

[Նկար՝ էջ 19]

4,700,000–է աւելի Թագաւորութեան հրատարակիչներ գործի լծուած՝ ամբողջ երկրի վրայ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել