Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակէ
«Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք» (ՄԱՏ. 26։41)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Մեր աղօթքները ինչպէ՞ս ցոյց կրնան տալ, թէ արթուն ենք։
Ո՞ր կերպերով կրնանք ցոյց տալ, թէ ծառայութեան մէջ արթուն ենք։
Ինչո՞ւ կարեւոր է որ արթուն մնանք մինչ փորձութեան տակ ենք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։
1, 2. ա) Յիսուսի արթնութեան օրինակին նկատմամբ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։ բ) Յիսուսի կատարեալ օրինակը մեղաւոր մարդոց համար գործնակա՞ն է. լուսաբանէ՛։
ԹԵՐԵՒՍ հարց տաս. ‘Իրապէս կարելի՞ է Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակել։ Վերջ ի վերջոյ, Յիսուս կատարեա՛լ էր։ Ասկէ զատ, ան ատեններ ճշգրտօրէն գիտէր, թէ ապագային՝ նոյնիսկ հազարաւոր տարիներ ետք՝ ի՛նչ պիտի պատահէր։ Ան արթուն մնալու պէտք ունէ՞ր’ (Մատ. 24։37-39. Եբ. 4։15)։ Նախ նկատի առնենք այս հարցումները, որպէսզի կարենանք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս այս նիւթը կարեւոր եւ հրատապ է։
2 Կատարեալ օրինակ մը մեղաւոր մարդոց համար օգտաշա՞տ է։ Այո՛, որովհետեւ կարելի է լաւ ուսուցիչէ մը ե՛ւ անոր օրինակէն սորվիլ։ Օրինակ, երեւակայէ թէ անհատ մը աղեղնաձգութեան իր առաջին դասը կ’առնէ։ Ան չի կրնար նետ մը արձակել այնպէս մը որ նշանակէտին հասցնէ. սակայն, ան աւելի դասեր կ’առնէ եւ յարատեւաբար ջանք կը թափէ։ Հմտանալու համար, ան ուշադրութեամբ կը սերտէ իր ուսուցիչին օրինակը, որ վարպետ աղեղնաւոր է։ Աշակերտը ուշադրութիւն կ’ընծայէ իր ուսուցիչին կեցած ձեւին, ձեռքերուն դիրքին, եւ լարին վրայ մատներուն գործածութեան։ Կամաց–կամաց, վճռական սկսնակը կը սորվի լարը ո՛րքանով քաշել. ան հովը նկատի կ’առնէ եւ կը շարունակէ ջանք թափել։ Ընդօրինակելով այն ինչ որ կը տեսնէ իր ուսուցիչը կ’ընէ, ան ի վերջոյ իր նետերը կ’արձակէ այնպէս որ ատոնք հետզհետէ աւելի մօտէն կը հարուածեն թիրախին կեդրոնը։ Նմանապէս, Յիսուսի ցուցմունքներուն եւ կատարեալ օրինակին հետեւելով՝ կը շարունակենք ջանալ որպէս քրիստոնեաներ բարելաւուիլ։
3. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ թէ արթնութեան յատկութեան պէտք ունէր։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Սակայն, ի՞նչ կարելի է ըսել արթնութեան մասին։ Յիսուս իրապէս այս յատկութեան պէտք ունէ՞ր։ Իրականութեան մէջ այո՛։ Օրինակ, իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալները յորդորեց. «Ինծի հետ արթուն մնացէք»։ Ան աւելցուց. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (Մատ. 26։38, 41)։ Թէեւ ան միշտ արթնութիւն ցուցաբերած էր, սակայն Յիսուս ուզեց մա՛նաւանդ այդ դժուարին ժամերուն արթուն եւ կարելի եղածին չափ իր երկնաւոր Հօր մօտիկ մնալ։ Ան գիտէր թէ իր հետեւորդները նո՛յն արթնամտութեան պէտք ունէին,– ոչ միայն այդ ատեն, այլ՝ ապագային։ Ուստի, նկատի առնենք թէ ինչո՛ւ Յիսուս կ’ուզէ որ արթուն մնանք։ Անկէ ետք, պիտի քննենք երեք կերպեր, որոնցմով կրնանք մեր առօրեայ կեանքէն ներս Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակել։
ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՈ՛Ւ Կ’ՈՒԶԷ ՈՐ ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱՆՔ
4. Ապագայի մասին մեր չգիտցած բաներուն եւ արթուն մնալու մեր կարիքին միջեւ ի՞նչ կապ կայ։
4 Հակիրճօրէն, մեր չգիտցած ե՛ւ գիտցած բաներուն պատճառով է որ Յիսուս կ’ուզէ որ արթուն մնանք։ Երբ երկրի վրայ մարդ էր, Յիսուս ապագային վերապահած բոլոր բաները գիտէ՞ր։ Ո՛չ, քանի որ ան խոնարհաբար ընդունեց. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը» (Մար. 13։32)։ Այդ ատեն, Յիսուս՝ «Որդին»՝ ճշգրտօրէն չէր գիտեր, թէ ե՛րբ այս չար աշխարհին վախճանը պիտի գար։ Ներկայիս, ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Ապագայի նկատմամբ մեր գիտութիւնը սահմանափա՞կ է։ Անշո՛ւշտ։ Մենք չենք գիտեր, թէ Եհովա ե՛րբ իր Որդին պիտի ղրկէ իրերու այս չար դրութեան վերջ դնելու համար։ Եթէ գիտնայինք, իրապէս պէտք պիտի ունենայի՞նք արթուն մնալու։ Ինչպէս որ Յիսուս բացատրեց, վախճանը յանկարծակի, անսպասելիօրէն պիտի գայ. ուստի, որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է արթուն մնանք (կարդա՛ Մատթէոս 24։43)։
5, 6. ա) Ապագայի եւ Աստուծոյ նպատակներուն մասին մեր գիտութիւնը, արթուն մնալու մեր կարիքին ինչպէ՞ս կ’ազդէ։ բ) Սատանային մասին մեր գիտութիւնը ինչո՞ւ մեզ աւելի վճռակամ պէտք է ընէ արթուն մնալու։
5 Միւս կողմէ, Յիսուս ապագայի մասին շատ մը հիանալի բաներ գիտէր,– ճշմարտութիւններ՝ որոնք իր շուրջի մարդոց մեծամասնութիւնը բնա՛ւ չէր գիտեր։ Յիսուսի գիտցածին չափ գիտութիւն չունինք։ Բայց ան Աստուծոյ Թագաւորութեան ե՛ւ մօտիկ ապագային ատոր իրագործելիք բաներուն մասին շատ բան սորվեցուց մեզի։ Մինչ մեր շուրջը կը նայինք, դպրոցին, գործին կամ դաշտի ծառայութեան թաղամասին մէջ, չե՞նք նկատեր թէ այս փառաւոր ճշմարտութիւններուն նկատմամբ մարդոց մեծամասնութիւնը թանձր խաւարի մէջ կ’ապրի։ Ուստի, ահաւասիկ արթուն մնալու այլ պատճառ մը։ Յիսուսի նման, միշտ պէտք է արթուն մնանք՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեր գիտցածը ուրիշներուն պատմելու պատեհութիւններ փնտռելով։ Այսպիսի իւրաքանչիւր պատեհութիւն թանկագին է, եւ մենք չենք ուզեր զանոնք կորսնցնել։ Կեանքե՛ր վտանգի տակ են (Ա. Տիմ. 4։16)։
6 Յիսուս ուրիշ բան մը եւս գիտէր, որ զինք մղեց արթուն մնալու։ Ան գիտէր թէ Սատանան վճռած էր զինք փորձել, հալածել եւ իր ուղղամտութիւնը բեկանել։ Այդ կատաղի թշնամին յարատեւաբար յարմար «ատեն մը» կը փնտռէր, որպէսզի Յիսուսը փորձի ենթարկէր (Ղուկ. 4։13)։ Յիսուս մի՛շտ արթուն էր։ Ան ուզեց պատրաստ ըլլալ որեւէ փորձութեան, ըլլայ հրապուրանք, հակառակութիւն կամ հալածանք։ Մենք Յիսուսի գտնուած նո՛յն կացութեան մէջ ենք։ Գիտենք թէ Սատանան տակաւին «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։ Ասոր համար է որ Աստուծոյ Խօսքը բոլոր քրիստոնեաները կը յորդորէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 5։8)։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։
ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼ
7, 8. Աղօթքի մասին Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ, եւ ինչպիսի՞ օրինակ թողուց։
7 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ հոգեւոր արթնութեան եւ աղօթքին միջեւ զօրաւոր կապ կայ (Կող. 4։2. Ա. Պետ. 4։7)։ Իր հետեւորդներէն իրեն հետ արթուն մնալ խնդրելէ քիչ ետք, Յիսուս ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք» (Մատ. 26։41)։ Ան ըսել ուզե՞ց որ այս խրատը միայն այդ պահուն՝ իրենց դիմագրաւած դժուարին պարագային համար էր։ Ո՛չ, անոր խրատը սկզբունք մըն է, որմով ամէ՛ն օր պէտք է ապրինք։
8 Աղօթքի մէջ Յիսուս ընտիր օրինակ մը թողուց։ Կրնաս յիշել, թէ առիթով մը ան ամբողջ գիշեր մը իր Հօր աղօթելով անցուց։ Պատկերացնենք տեսարանը (կարդա՛ Ղուկաս 6։12, 13)։ Գարուն է. հաւանաբար Կափառնայում քաղաքին մօտերը։ Երբ իրիկուն կ’ըլլայ, Յիսուս Գալիլիոյ ծովուն մօտ գտնուող լեռներէն մէկուն վրայ կ’ելլէ։ Մինչ ան կը դիտէ մթնցած շրջանը, թերեւս Կափառնայումին եւ մօտակայ գիւղերուն մէջ շողացող ճրագները կը տեսնէ։ Սակայն, երբ կը սկսի Եհովայի աղօթել, Յիսուս իր ուշադրութիւնը աղօթքին վրայ կը կեդրոնացնէ։ Վայրկեաններ,– ապա ժամե՜ր,– կ’անցնին։ Ան ուշադրութիւն չ’ընծայեր վարը մէկիկ–մէկիկ մարող լոյսերուն կամ երկնքի մէջ ընթացող լուսնին կամ մօտակայ անասուններու ձայներուն։ Հաւանաբար, իր աղօթքը իր առնելիք հսկայ որոշումին մասին է,– իր 12 առաքեալները ընտրելու մասին։ Կրնանք երեւակայել որ առաջնորդութեան եւ իմաստութեան համար Յիսուս ջերմեռանդօրէն կ’աղօթէ իր Հօր, մինչ կը յայտնէ իւրաքանչիւր աշակերտի մասին իր բոլոր մտածումներն ու մտահոգութիւնները։
9. Ամբողջ գիշերը աղօթելու Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
9 Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Երկար ժամե՞ր պէտք է աղօթենք։ Ո՛չ, քանի որ ան ազնուօրէն իր հետեւորդներուն մասին ընդունեց. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար» (Մատ. 26։41)։ Այսուհանդերձ, կրնա՛նք Յիսուսը ընդօրինակել։ Օրինակ, մեր երկնաւոր Հօր խրատը կը փնտռե՞նք՝ մեզի, մեր ընտանիքին կամ հաւատակիցներուն հոգեւորապէս ազդող որոշում մը կայացնելէ առաջ։ Մեր աղօթքները հաւատակից եղբայրներուն եւ քոյրերուն մասին մտահոգութիւններ կը պարփակե՞ն։ Որոշ բառամթերք կրկնելու տեղ՝ սրտանց կ’աղօթե՞նք։ Նաեւ նկատի առ, թէ Յիսուս իր Հօր հետ մտերիմ եւ անձնական խօսակցութիւնը արժեւորեց։ Ներկայ բազմազբաղ աշխարհին մէջ, շա՜տ դիւրին է կարեւոր բաները անտեսել։ Եթէ բաւարար ժամանակ ստեղծենք խոր, անձնական աղօթքի համար, հոգեւորապէս աւելի աչալուրջ պիտի ըլլանք (Մատ. 6։6, 7)։ Եհովայի աւելի պիտի մօտենանք, տենչալով իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնել եւ զայն տկարացնող որեւէ բան ընելէ խուսափիլ (Սաղ. 25։14)։
ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼ
10. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Յիսուս վկայութիւն տալու պատեհութիւններուն առնչութեամբ աչալուրջ մնաց։
10 Յիսուս Եհովայի կողմէ իրեն նշանակուած գործին մէջ արթուն էր։ Կարգ մը գործեր թոյլ կու տան որ գործաւորին միտքը թափառի, առանց լուրջ հետեւանքներ ունենալու։ Սակայն, բազմաթիւ գործեր խոր կեդրոնացում ու արթնամտութիւն կը պահանջեն. եւ քրիստոնէական ծառայութիւնը վստահաբար այդպէս է։ Յիսուս միշտ աչալուրջ էր իր գործին մէջ, բարի լուրը հաղորդելու պատեհութիւններ փնտռելով։ Զոր օրինակ, երբ ան եւ իր աշակերտները ամբողջ առաւօտը քալելէ ետք Սուքար քաղաքը հասան, աշակերտները գացին ուտելիք գնելու համար։ Յիսուս քաղաքին ջրհորին քով սկսաւ հանգստանալ, բայց աչալուրջ մնաց եւ վկայելու պատեհութիւն մը տեսաւ։ Սամարացի կին մը մօտեցաւ ջուր քաշելու համար։ Յիսուս կրնար ընտրել քիչ մը մրափել։ Ան կրնար պատճառներու մասին խորհիլ, որպէսզի խօսակցութեան դուռ չբանայ։ Բայց ան խօսեցաւ, կինն ալ պարփակեց խօսակցութեան մէջ, եւ զօրաւոր վկայութիւն տուաւ, որ այդ քաղաքին մէջ շատերու կեանքին ազդեց (Յովհ. 4։4-26, 39-42)։ Կրնա՞նք Յիսուսի արթնութեան օրինակին աւելի մօտէն հետեւիլ, թերեւս ջանալով մեր առօրեայ կեանքին մէջ մեր հանդիպած մարդոց բարի լուրը պատմելու պատեհութիւններուն առնչութեամբ աւելի արթուն ըլլալ։
11, 12. ա) Զինք իր գործէն շեղեցնել ուզող անհատներուն Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։ բ) Իր գործին առնչութեամբ Յիսուս ի՞նչ հաւասարակշռութիւն դրսեւորեց։
11 Ատեններ, բարենպատակ անհատներ ջանացին Յիսուսը իր գործէն շեղեցնել։ Կափառնայումի մէջ, բազմութիւնները Յիսուսի հրաշալի բուժումներով ա՛յնքան ազդուեցան, որ ուզեցին զինք իրենց քով պահել։ Ասիկա հասկնալի է։ Սակայն, Յիսուսի յանձնարարութիւնն էր «Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն» քարոզել, ոչ միայն մէկ քաղաքի բնակիչներուն (Մատ. 15։24)։ Ուստի ան անոնց ըսաւ. «Պէտք է ինծի ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։41-45)։ Յստակ է որ Յիսուսի կեանքը իր ծառայութեան վրայ կեդրոնացած էր։ Ան թոյլ չտուաւ որ բան մը զինք շեղեցնէ։
12 Արդեօք Յիսուս այնքա՞ն կեդրոնացած էր իր գործին վրայ, որ մոլեռանդ մը կամ ճգնաւոր մըն էր։ Ան այնքա՞ն տարուած էր իր ծառայութեամբ որ ընտանիքներու գործնական պէտքերուն նկատմամբ անտարբեր էր։ Ո՛չ, Յիսուս հաւասարակշռութեան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան կեանքը վայելեց, իր բարեկամներուն հետ անցուցած ուրախ պահերէն հաճոյք առնելով։ Ան ընտանիքները արժեւորեց, անոնց կարիքներուն ու խնդիրներուն հանդէպ խոր կարեկցութիւն ցուցաբերեց, եւ երեխաներուն հանդէպ յայտնապէս իր գութը արտայայտեց (կարդա՛ Մարկոս 10։13-16)։
13. Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի արթնութեան եւ հաւասարակշռութեան օրինակը ընդօրինակել։
13 Մինչ Յիսուսի արթնութիւնը կ’ընդօրինակենք, ինչպէ՞ս կրնանք ջանալ համանման հաւասարակշռութիւն մը ունենալ։ Թոյլ չե՛նք տար այս աշխարհին որ մեզ մեր գործէն շեղեցնէ։ Նո՛յնիսկ բարենպատակ բարեկամներ եւ ազգականներ, թերեւս մեզ յորդորեն որ մեր ծառայութեան մէջ դանդաղինք կամ իրենց աչքին բնական եղող կեանքը փնտռենք։ Սակայն, եթէ Յիսուսը ընդօրինակենք, մեր ծառայութիւնը կերակուր կը նկատենք (Յովհ. 4։34)։ Մեր գործը մեզ հոգեւորապէս կը սնուցանէ, ինչպէս նաեւ կ’ուրախացնէ։ Սակայն, բնա՛ւ չենք ուզեր ծայրայեղականներ ըլլալ՝ ինքնարդար կամ ճգնաւոր հոգի դրսեւորելով։ Յիսուսի նման, կ’ուզենք «երանելի Աստուծոյ» ուրախ եւ հաւասարակշռուած ծառաները ըլլալ (Ա. Տիմ. 1։11)։
ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՐԹՈՒՆ ՄՆԱԼ
14. Փորձութեան ժամանակներուն, ո՞ր հակումին պէտք է դէմ դնենք եւ ինչո՞ւ։
14 Ինչպէս տեսանք, արթուն մնալու նկատմամբ Յիսուս իր ամէնէն հրատապ յորդորանքներէն ոմանք տուաւ երբ դժուարին փորձութեան տակ էր (կարդա՛ Մարկոս 14։37)։ Երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, որեւէ ժամանակէ աւելի իր օրինակին պէտք ունինք։ Փորձութեան տակ, շատեր կը հակին մոռնալ կենսական ճշմարտութիւն մը, որ ա՛յնքան կարեւոր է որ Առակաց գիրքը երկու անգամ կը նշէ. «Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առ. 14։12. 16։25)։ Եթէ մեր անձնական մտածելակերպին վստահինք, մանաւանդ երբ լուրջ խնդիրներ դիմագրաւենք, հաւանական է որ մենք մեզ եւ մեր սիրելիները վտանգենք։
15. Տնտեսական դժուարին ժամանակներուն, ընտանիքի գլուխ մը ի՞նչ փորձութիւն թերեւս դիմագրաւէ։
15 Զոր օրինակ, ընտանիքի գլուխ մը թերեւս խիստ ճնշում դիմագրաւէ «իրեններուն» նիւթապէս հոգ տանելու մէջ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Կրնայ ըլլալ որ ան փորձուի գործ մը ընդունիլ, որ կրկին անգամ պատճառ կը դառնայ որ ժողովներէն բացակայի, ընտանեկան պաշտամունքին մէջ առաջնորդութիւն չառնէ կամ դաշտի ծառայութեան չմասնակցի։ Եթէ ան պարզապէս իր մարդկային մտածելակերպին վստահի, այսպիսի ընթացք մը կրնայ արդարացի թուիլ, նո՛յնիսկ՝ ուղիղ։ Սակայն, ատիկա կրնայ հոգեւոր հիւանդութեան կամ հոգեւոր մահուան առաջնորդել։ Ո՜րքան աւելի լաւ է Առակաց 3։5, 6–ի խրատին հետեւիլ։ Սողոմոն ըսաւ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։
16. ա) Եհովային իմաստութեան վստահելու Յիսուսի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ բ) Բազմաթիւ ընտանիքներու գլուխներ՝ դժուարին ժամանակներուն Եհովայի իմաստութեան վստահելու Յիսուսի օրինակին ինչպէ՞ս կը հետեւին։
16 Երբ Յիսուս փորձի ենթարկուեցաւ, ան վճռականօրէն մերժեց իր հասկացողութեան ապաւինիլ։ Պահ մը մտածէ՛ ասոր մասին։ Երկրի վրայ ցարդ ապրած ամէնիմաստուն մարդը ընտրեց իր անձնական իմաստութեան չվստահիլ։ Օրինակ, երբ Սատանան զինք փորձեց, Յիսուս կրկին անգամ պատասխանեց՝ ըսելով. «Գրուած է» (Մատ. 4։4, 7, 10)։ Փորձութեան դէմ դնելու համար, ան իր Հօր իմաստութեան վստահեցաւ, ցուցաբերելով այն խոնարհութիւնը՝ որ Սատանան կ’ատէ եւ չունի։ Եհովայի իմաստութեան կը վստահի՞նք։ Ընտանիքի գլուխ մը որ Յիսուսի արթնութիւնը կ’ընդօրինակէ, թոյլ կու տայ որ Աստուծոյ Խօսքը զինք առաջնորդէ, մանաւանդ դժուարին ժամանակներուն մէջ։ Աշխարհի տարածքին, հազարաւոր ընտանիքներու գլուխներ ճիշդ այսպէս կ’ընեն։ Անոնք հաստատօրէն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛ւ մաքուր պաշտամունքը առաջին տեղը կը դնեն, նո՛յնիսկ նիւթական կարիքներէ առաջ։ Այսպիսով, անոնք իրենց ընտանիքներուն լաւագոյն կերպով հոգ կը տանին։ Իսկ Եհովան նիւթական պէտքեր հոգալու անոնց ջանքերը կ’օրհնէ, ճիշդ ինչպէս որ իր Խօսքը կը խոստանայ (Մատ. 6։33)։
17. Ի՞նչ բան քեզ կը մղէ Յիսուսի արթնութիւնը ընդօրինակելու։
17 Անկասկած, Յիսուս արթնութեան լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Անոր օրինակը գործնական, օգտակար, եւ նոյնիսկ փրկարար է։ Յիշէ՛, թէ Սատանան կը տենչայ քեզ հոգեւոր քունի մէջ մտցնել,– հաւատքդ տկարացնել, Եհովան պաշտելու նախանձախնդրութիւնդ պաղեցնել եւ ուղղամտութիւնդ բեկանել (Ա. Թես. 5։6)։ Թոյլ մի՛ տար որ ան յաջողի։ Յիսուսի նման արթո՛ւն կեցիր,– սրտանց աղօթելու ժամանակ տրամադրէ, ծառայութեան մէջ աչալուրջ եղիր եւ Եհովային վստահէ երբ փորձութիւններ դիմագրաւես։ Այսպէս ընելով, նո՛յնիսկ հիմա՝ մինչ իրերու այս չար դրութեան վախճանը կը մօտենայ, պիտի վայելես ճոխ, ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը։ Արթնութիւնը նաեւ պիտի երաշխաւորէ, որ երբ Տէրդ այս ամբարիշտ աշխարհին վերջ դնելու համար գայ, քեզ աչալուրջ եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ զբաղած պիտի գտնէ։ Եհովան շա՜տ ուրախ պիտի ըլլայ՝ հաւատարմութեանդ համար քեզ վարձատրելու (Յայտ. 16։15)։
[Նկար՝ էջ 16]
Ջրհորին քով Յիսուս կնոջ քարոզեց։ Ամէն օր քարոզելու ի՞նչ պատեհութիւններ կը ստեղծես
[Նկար՝ էջ 17]
Ընտանիքիդ հոգեւոր բարօրութեան հոգ տանիլը ցոյց կու տայ, թէ արթուն ես