Ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարինք
«Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 8։6
1. Մարդիկ ի՞նչ նպատակի համար ստեղծուած էին։
«ԱՍՏՈՒԱԾ՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։ (Ծննդոց 1։27) Պատկեր մը առարկայի մը կամ նախատիպի մը ցոլքն է։ Ուստի, մարդիկ Աստուծոյ փառքին ցոլքը ըլլալու համար ստեղծուած էին։ Իրենց բոլոր գործառնութիւններուն մէջ, անոնք, աստուածային յատկութիւններ՝ սէր, բարութիւն, արդարութիւն եւ հոգեւորականութիւն՝ յայտնաբերելով, Ստեղծիչին գովաբանութիւն ու պատիւ կը բերեն, իսկ իրենց անձերուն՝ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն։—Ա. Կորնթացիս 11։7. Ա. Պետրոս 2։12
2. Մարդկային առաջին զոյգը ինչպէ՞ս նշանակէտէն պակսեցաւ։
2 Մարդկային առաջին զոյգը, կատարեալ ստեղծուած ըլլալով, լաւ զինուած էր այս դերին համար։ Շատ լաւ փայլեցուած հայելիի մը նման, անոնք կարող էին Աստուծոյ փառքը շողշողուն եւ հաւատարիմ կերպով արտացոլացնել։ Սակայն, երբ անոնք կամովին ընտրեցին իրենց Ստեղծիչին ու Աստուծոյն անհնազանդ գտնուիլ, անոնք թոյլ տուին որ այդ հոյակապ փայլքը փայլատի։ (Ծննդոց 3։6) Անկէ ետք, անոնք այլեւս չէին կրնար Աստուծոյ փառքը կատարելապէս արտացոլացնել։ Անոնք Աստուծոյ փառքէն պակսեցան, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալուն նպատակին չհասնելով։ Ուրիշ խօսքով, անոնք մեղանչեցին։a
3. Մեղքին իրական բնոյթը ի՞նչ է։
3 Ասիկա մեզի կ’օգնէ մեղքին իրական բնոյթը հասկնալու. մեղքը պատճառ կ’ըլլայ որ մարդը չկարենայ Աստուծոյ պատկերն ու փառքը արտացոլացնել։ Մեղքը անսուրբ, այսինքն, հոգեւոր եւ բարոյական առումով անմաքուր եւ փայլատ կը դարձնէ մարդը։ Ամբողջ մարդկութիւնը, Ադամի ու Եւայի սերունդը ըլլալով, այդ փայլատ եւ անմաքուր վիճակին մէջ ծնած է, իր որդիները ըլլալու Աստուծոյ ակնկալութիւնը ի դերեւ հանելով։ Իսկ հետեւանքը ի՞նչ եղած է։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Վասնզի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12. Բաղդատել Եսայեայ 64։6։
Ինկած Մարմնին Վրայ Մեղքին Տիրապետութիւնը
4–6. (ա) Այսօր շատեր ինչպէ՞ս կը նկատեն մեղքը։ (բ) Մեղքին հանդէպ արդի տեսակէտերուն հետեւանքը ի՞նչ է։
4 Այսօր շատեր չեն խորհիր որ իրենք անմաքուր, փայլատ, կամ մեղաւոր են։ Իրականութեան մէջ, մեղք բառը գրեթէ անհետացած է շատ մը մարդոց բառամթերքէն։ Անոնք թերեւս պիտի խօսին յանցանքներ, անխոհեմութիւններ եւ սխալ հաշիւներ ընելու մասին. բայց մեղքի մասին՝ հազուադէպօրէն։ Նոյնիսկ տակաւին Աստուծոյ հաւատալ դաւանողներուն համար, «Աստուծոյ ուսուցումները աւելի բարոյական հաւատալիքներ կը կազմեն, քան թէ՝ բարոյագիտական կանոններ. ‘10 թելադրութիւններ’, քան թէ՝ 10 պատուիրաններ», դիտել կու տայ Էլէն Վոլֆ, ընկերաբանութեան ուսուցչապետ մը։
5 Ի՞նչ է այսպիսի մտածելակերպի մը հետեւանքը։ Մեղքի իրողութիւնը դրժել կամ առնուազն՝ անտեսել։ Ասիկա մարդկային սերունդ մը յառաջ բերած է, որու շիտակի ու սխալի զգացումը խեղաթիւրուած է, որ ինքզինք ազատ կը զգայ վարքի իր անձնական չափանիշը դնելու մէջ, իր ըրած ընտրութեան համար ոեւէ մէկուն հաշիւ տալու կարիքը չզգալով։ Այսպիսի անհատներու համար, արարքի մը պատշաճ ըլլալուն եւ չըլլալուն միակ դատանիշը յանցապարտութեան զգացում չունենալն է։—Առակաց 30։12, 13. բաղդատել Բ. Օրինաց 32։5, 20։
6 Ահաւասիկ օրինակ մը։ հեռատեսիլի խօսակցութեան մը ընթացքին, երիտասարդներ հրաւիրուած էին այդպէս կոչուած եօթը մահացու մեղքերու մասին իրենց տեսակէտերը յայտնելու։b «Հպարտութիւնը մեղք չէ», ըսաւ մասնակցողներէն մէկը։ «Քու անձիդ վրայ լաւ համարում պէտք է ունենաս»։ Ծուլութեան մասին ուրիշ մը ըսաւ. «Լաւ է երբեմն ծոյլ ըլլալ։ ... Լաւ է երբեմն հանգստանալ եւ դուն քու անձիդ անձնական ժամանակ տրամադրես»։ Նոյնիսկ յայտագիրը վարողը հետեւեալ հակիրճ մեկնութիւնը ըրաւ. ‘Եօթը մահացու մեղքերը չար արարքներ չեն, այլ աւելի մարդկային ընդհանուր հակումներ են, որոնք կրնան նեղացուցիչ ըլլալ, սակայն ծայր աստիճան հաճելի’։ Այո, մեղքին հետ յանցապարտութեան զգացումն ալ չքացած է, քանի որ յանցապարտութիւնը ինքզինք լաւ զգալուն հակառակն է։—Եփեսացիս 4։17–19
7. Ըստ Աստուածաշունչին, մարդիկ ինչպէ՞ս ազդուած են մեղքէն։
7 Այս բոլորին ճիշդ հակառակը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։23) Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ հետեւեալ դիտողութիւնը ըրաւ. «Գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասնզի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ»։ (Հռովմայեցիս 7։18, 19) Պօղոս իր անձին վրայ չէր ողբար։ Այլ, լիովին գիտակցելով որ մարդը Աստուծոյ փառքէն որքա՜ն պակսած էր, ցաւոք սրտի, ան շատ լաւ կը հասկնար ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութիւնը։ «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես», ըսաւ ան. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն»։—Հռովմայեցիս 7։24
8. Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։ Ինչո՞ւ։
8 Այս հարցին շուրջ ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Թերեւս կ’ընդունիք որ Ադամի սերունդէն մէկը ըլլալով, դուք ալ, միւս մարդոց նման, անկատար էք։ Բայց այդ գիտութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ձեր մտածելակերպին ու ապրելակերպին։ Զայն կեանքի իրողութիւն մը ընդունելով, պարզապէս կ’ընէք ինչ որ բնակա՞նաբար կը զգաք։ Թէ ոչ անդադար ջանք կը թափէք, որպէսզի ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարիք, ձեր ըրած բոլոր բաներուն մէջ կարելի եղածին չափ Աստուծոյ փառքը արտացոլացնել փորձելով։ Այս մասին բոլորս ալ լրջօրէն պէտք է խորհինք Պօղոսի հետեւեալ խօսքերը նկատի ունենալով. «Մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։ Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն»։—Հռովմայեցիս 8։5, 6
Մարմնաւոր Խորհուրդ
9. Ինչո՞ւ «մարմնաւոր խորհուրդը մահ է»։
9 Պօղոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ որ «մարմնաւոր խորհուրդը մահ է»։ «Մարմնաւոր» արտայայտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ յաճախ գործածուած է ակնարկելու համար իր անկատար վիճակին մէջ գտնուող մարդուն, ‘մեղքով յղացուած’՝ որպէս ըմբոստ Ադամի մէկ սերունդը։ (Սաղմոս 51։5. Յոբ 14։4) Ուստի, Պօղոս կը խրատէր Քրիստոնեաները որ իրենց միտքը անկատար, ինկած մարմնին մեղաւոր հակումներու, մղումներու եւ ցանկութիւններու վրայ չկեդրոնացնեն։ Իսկ ինչո՞ւ ոչ։ Ուրիշ հատուածի մը մէջ, Պօղոս մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ են մարմնին գործերը եւ ապա հետեւեալ ազդարարութիւնը կու տայ. «Այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն»։—Գաղատացիս 5։19–21
10. «Խորհուրդ» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։
10 Սակայն բանի մը մասին խորհիլը եւ զայն գործադրելը իրարմէ տարբեր չե՞ն։ Ճիշդ է որ բանի մը մասին խորհիլը միշտ այդ բանը ընելու չառաջնորդէր անհատը։ Սակայն, խորհիլը անցողակի մտածելէն աւելին է։ Պօղոսի գործածած բառը Յունարէն ֆրոնէմա բառն է, որ «մտածելակերպի, (վրայ կեդրոնացած) մտքի, ... նպատակի, տենչի, մաքառումի» կ’ակնարկէ։ Հետեւաբար, «մարմնաւոր խորհուրդը» կը նշանակէ ինկած մարմնին ցանկութիւններուն կողմէ ղեկավարուիլ, իւրացուիլ, տիրապետուիլ եւ քշուիլ։—Ա. Յովհաննու 2։16
11. Կայէնի խորհուրդը ինչպէ՞ս մարմնաւոր էր, եւ հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։
11 Կայէնի բռնած ընթացքը լաւ կերպով կը պարզաբանէ այս կէտը։ Երբ Կայէնի սրտին մէջ նախանձն ու բարկութիւնը ծնունդ առին, Եհովա Աստուած զգուշացուց զինք. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։ (Ծննդոց 4։6, 7) Կայէն ընտրութեան մը դիմաց կը գտնուէր։ Ան ‘աղէկ պիտի ընէ՞ր’, այսինքն, իր միտքը, նպատակը եւ տենչը լաւ բանի մը վրայ պիտի դնէ՞ր, թէ ոչ մարմնաւոր խորհուրդը պիտի ունենար եւ իր միտքը իր սրտին մէջ թաքնուած չար հակումներու վրայ պիտի կեդրոնացնէր։ Ինչպէս Եհովա բացատրեց, «մեղքը դրանը քով պառկած» էր, Կայէնի վրայ ցատկելու եւ զայն լափելու սպասելով, եթէ ան թոյլ տար։ Փոխանակ իր մարմնաւոր ցանկութիւններուն դէմ պայքարելու եւ ‘անոնց իշխելու’, Կայէն թոյլ տուաւ որ անոնք իր վրայ տիրեն, աղետալի հետեւանքով մը։
12. «Կայէնի ճամբովը» չերթալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
12 Հիմա ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Վստահաբար չենք ուզեր «Կայէնին ճամբովը» երթալ, ինչպէս Յուդա ողբաց առաջին դարու կարգ մը Քրիստոնեաներու վրայ։ (Յուդա 11) Մենք բնաւ պէտք չէ բանարկենք եւ խորհինք որ այս կամ այն բանին մէջ պզտիկ չափով տեղի տալը կամ ազատութիւն առնելը անվնաս է։ Ընդհակառակը, արթուն պէտք է ըլլանք մեր սրտին ու մտքին մէջ ո՛րեւէ ամբարիշտ կամ պիղծ ազդեցութիւն բնորոշելու եւ հոն արմատ կապելէ առաջ անմիջապէս զայն հանելու։ Ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարիլը ներսէն կը սկսի։—Մարկոս 7։21
13. Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ‘իր ցանկութիւններէն խաբուիլ’։
13 Օրինակի համար, զզուելի կամ անհաճելի տեսարան մը եւ կամ շատ թելադրիչ կամ գրգռիչ պատկեր մը կրնայ ձեր աչքին զարնուիլ։ Անիկա կրնայ գրքի մը կամ պարբերաթերթի մը մէջ պատկեր, շարժապատկերի կամ հեռատեսիլի պաստառին վրայ տեսարան մը, ծանուցագիր մը, կամ նոյնիսկ իրական կեանքէ առնուած պարագայ մը ըլլալ։ Ասիկա ահազանգ հնչեցնելիք բան մը չէ, քանի որ այսպիսի բաներ կրնան պատահիլ եւ կը պատահին։ Սակայն, հակառակ անոր որ քանի մը երկվայրկեան կը տեւէ, այս պատկերը կամ տեսարանը կրնայ մտքին մէջ թաքնուիլ եւ ատեն ատեն երեւան գալ։ Ի՞նչ կ’ընէք այս պարագային։ Անոր դէմ պայքարելու եւ զայն ձեր մտքէն հանելու համար անմիջապէս քայլեր կ’առնէ՞ք։ Թէ ոչ թոյլ կու տաք որ անիկա ձեր մտքին մէջ բնակի, նոյնիսկ վերապրելով այդ փորձառութիւնը, ամէն անգամ որ զայն յիշէք։ Եթէ այս վերջինը ընենք, այդ պարագային Յակոբոսի նկարագրած իրադարձութիւններու շղթային ծայր տուած կ’ըլլանք. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի»։ Անոր համար, Պօղոս ըսաւ. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է»։—Յակոբու 1։14, 15. Հռովմայեցիս 8։6
14. Ամէն օր ի՞նչ կը դիմագրաւենք, եւ ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։
14 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր սեռային անբարոյութիւնը, բռնութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը փառաւորուած են, գրքերու, պարբերաթերթերու, շարժապատկերներու, հեռատեսիլի յայտագիրներու եւ ժողովրդական երաժշտութիւններու մէջ բացէ ի բաց եւ ազատօրէն ներկայացուած ըլլալով. հետեւաբար բառացիօրէն ամէն օր կը ռմբակոծուինք սխալ մտքերով եւ գաղափարներով։ Դուք ինչպէ՞ս կը հակազդէք։ Այս բոլորը զուարճութիւն ու ժամա՞նց կը նկատէք։ Թէ ոչ արդար Ղովտին նման կը զգաք, որ «անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. ... իր արդար հոգին կը տանջէր անոնց անօրէն վարքովը»։ (Բ. Պետրոս 2։7, 8) Ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարելու մէջ յաջողակ ըլլալու համար, պէտք է վճռենք սաղմոսերգուին նման վարուիլ. «Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ, մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, թող անիկա ինծի չփակչի»։—Սաղմոս 101։3
Հոգեւոր Խորհուրդ
15. Մեր վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարելու համար, ի՞նչ օգնութիւն ունինք։
15 Պօղոսի յաջորդ խօսքերը մեզի կ’օգնեն ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարելու. «Հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն» է։ (Հռովմայեցիս 8։6) Հետեւաբար, փոխանակ մարմնին կողմէ տիրապետուելու, թոյլ պէտք է տանք որ մեր միտքը հոգիին ազդեցութեան ներքեւ գայ եւ հոգիին վերաբերեալ բաներուն մէջ բարգաւաճի։ Ի՞նչ են անոնք։ Փիլիպպեցիս 4։8–ին մէջ, Պօղոս անոնց մէկ ցանկը կու տայ. «Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ Արդ, աւելի մօտէն քննենք եւ աւելի լաւ կերպով հասկնանք թէ ի՛նչ բաներու մասին պէտք է շարունակենք խորհիլ։
16. Պօղոս կը քաջալերէ մեզ որ շարունակենք ի՞նչպիսի յատկութիւններու վրայ ‘խորհիլ’, եւ իւրաքանչիւրը ի՞նչ կը բովանդակէ իր մէջ։
16 Նախ եւ առաջ, Պօղոս կը նշէ բարոյական ութ յատկութիւններ եւ իւրաքանչիւրին «ինչ» արտայայտութիւնը կը նախորդէ։ Այս արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ որ Քրիստոնեաները ամէն ատեն միմիայն սուրբ գրային կամ վարդապետական նիւթերու մասին պիտի չխորհէին։ Մեր միտքը կրնանք այլազան նիւթերու ու բնաբաններու վրայ կեդրոնացնել։ Բայց կարեւոր բանը այդ է որ անոնք Պօղոսի մասնաւորած բարոյական յատկութիւններուն հետ ներդաշնակ պէտք է ըլլան։ Պօղոս յիշեց այն «ինչ որ» մեր նկատողութեան արժանի է։ Անոնք կարգով ձեռք առնենք։
◻ «Ճշմարտութիւնով»ը պարզապէս ճիշդ կամ սխալ ըլլալէն աւելի մեծ իմաստ մը կը կրէ։ Անիկա կը նշանակէ ճշմարիտ, ուղիղ եւ վստահելի ըլլալ, բան մը որ իրական է եւ ոչ թէ այդպէս ըլլալու երեւոյթը ունի։—Ա. Տիմոթէոս 6։20
◻ «Պարկեշտութիւնով»ը կ’ակնարկէ պատուաբեր եւ յարգալից եղող բաներուն։ Անիկա պատկառանքի զգացում մը կը տածէ, բան մը որ վեհ, ազնիւ եւ պատուական է, ոչ թէ՝ ռամիկ կամ ստորին։
◻ «Արդարութիւնով»ը կը նշանակէ Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում տալ, ոչ թէ՝ մարդուն։ Աշխարհային մարդիկ իրենց միտքը կը զբաղեցնեն անարդար ծրագիրներով, սակայն մենք Աստուծոյ աչքին արդար եղող բաներուն վրայ պէտք է խորհինք եւ անոնցմէ հաճոյք առնենք։—Բաղդատել Սաղմոս 26։4. Ամովսեայ 8։4–6։
◻ «Մաքրութիւնով»ը կը նշանակէ ջինջ ու սուրբ ըլլալ, ոչ միայն վարքով (սեռային կամ ուրիշ կերպով), այլ նաեւ՝ խորհուրդով ու շարժառիթով։ «Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է», կ’ըսէ Յակոբոս։ Յիսուս, որ «մաքուր» է, նկատողութեան արժանի կատարեալ Օրինակն է։—Յակոբու 3։17. Ա. Յովհաննու 3։3
◻ «Սիրով» բան մը որ ուրիշները սիրոյ կը մղէ եւ սէր կը ներշնչէ։ Մենք իրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան» պէտք է մղենք, փոխանակ մեր միտքը ատելութիւն, դառնութիւն եւ վէճ արթնցնող բաներու վրայ կեդրոնացնելու։—Եբրայեցիս 10։24
◻ «Բարի համբաւով»ը միմիայն չի նշանակեր «համբաւաւոր» ըլլալ կամ «լաւ վկայուիլ», այլ նաեւ՝ գործօն իմաստով՝ կերտիչ ու գովելի ըլլալ։ Մեր միտքը առողջ ու կերտիչ բաներու վրայ կը կեդրոնացնենք եւ ոչ թէ նուաստացուցիչ ու վիրաւորիչ բաներու վրայ։—Եփեսացիս 4։29
◻ «Առաքինութիւն»ովը հիմնականօրէն կը նշանակէ «բարութիւն» կամ «բարոյական վսեմութիւն», բայց անիկա կրնայ ամէն տեսակ վսեմութիւն նշանակել։ Հետեւաբար, կրնանք ուրիշներուն արժէքաւոր յատկութիւնները, բարեմասնութիւնները եւ իրագործումները գնահատել, որոնք Աստուծոյ չափանիշներուն հետ ներդաշնակ են։
◻ «Գովութիւն»ով եղող բաները իրապէս գովելի են, եթէ անոնք Աստուծմէ կամ իր կողմէ ճանչցուած հեղինակութենէ մը կու գան։—Ա. Կորնթացիս 4։5. Ա. Պետրոս 2։14
Կեանքի ու Խաղաղութեան Խոստումը
17. «Հոգեւոր խորհուրդ»էն ի՞նչ օրհնութիւններ կը քաղենք։
17 Երբ Պօղոսի խրատին հետեւինք եւ շարունակենք ‘անոնց մասին խորհիլ’, այն ատեն պիտի յաջողինք «հոգեւոր խորհուրդ»ին մէջ։ Արդիւնքը ոչ միայն խոստացեալ նոր աշխարհին մէջ կեանք՝ յաւիտենական կեանք՝ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ՝ խաղաղութիւն։ (Հռովմայեցիս 8։6) Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր միտքը կը պաշտպանուի մարմնաւոր բաներու չար ազդեցութեան դէմ եւ այլեւս Պօղոսի նկարագրած մարմնին ու հոգիին միջեւ եղող դառն պայքարէն չափազանցօրէն չենք ազդուիր։ Մարմնին ազդեցութեան ընդդիմանալով, կրնանք նաեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն ձեռք ձգել, «քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է»։—Հռովմայեցիս 7։21–24. 8։7
18. Սատանան ի՞նչ պայքար կը մղէ, եւ մենք ինչպէ՞ս կրնանք յաղթական ըլլալ։
18 Սատանան եւ իր գործակալները իրենց ձեռքէն եկածը կ’ընեն, որպէսզի Աստուծոյ փառքը, զոր կ’արտացոլացնենք, փայլատ դարձնեն։ Անոնք կը ջանան մեր մտքին տիրապետել, զայն մարմնաւոր ցանկութիւններով ռմբակոծելով, գիտնալով որ ասիկա վերջապէս Աստուծոյ հետ թշնամանալու ու մահուան պիտի առաջնորդէ։ Բայց մենք կրնանք յաղթական դուրս գալ այս պայքարէն։ Պօղոսի նման, մենք ալ կրնանք բացագանչել. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով», քանի որ ան ինկած մարմնին վրայ մեղքին տիրապետութեան դէմ պայքարելու միջոց հայթայթած է մեզի։—Հռովմայեցիս 7։25
[Ստորանիշ էջ 21]
a Ընդհանրապէս Աստուածաշունչը Եբրայերէն շաթա բայը եւ Յունարէն համարթանօ բայը կը գործածէ մեղքին ակնարկելու համար։ Այս երկու բառերն ալ կը նշանակեն «պակսիլ», թերանալու, կամ նպատակի մը, նշանակէտի մը, կամ թիրախի մը չհասնելու իմաստով։
[Ստորանիշ էջ 22]
b Աւանդականօրէն եօթը մահացու մեղքերն են հպարտութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, ցանկութիւնը, նախանձը, որկրամոլութիւնը, բարկութիւնն ու ծուլութիւնը։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Մեղքը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչպէ՞ս կրնայ ինկած մարմնին վրայ տիրապետութիւն զարգացնել։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք «մարմնաւոր խորհուրդ»ին դէմ պայքարիլ։
◻ Ի՞նչ կրնանք ընել «հոգեւոր խորհուրդը» զարգացնելու համար։
◻ «Հոգեւոր խորհուրդը» ինչպէ՞ս կեանք ու խաղաղութիւն կը բերէ։
[Նկար՝ էջ 23]
Կայէն թոյլ տուաւ որ մարմնաւոր հակումները իր վրայ տիրեն, զինք կորուստի առաջնորդելով
[Նկարներ՝ էջ 24]
Հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն է