Ձեր ամուսնութիւնը մնայուն միութիւն մը ըրէք
«Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող զչատէ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 19։6
1. Այսօր ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ ամուսնութեան յաջողութիւնը ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաներէն տասնեակ հազարաւորներ գոհացուցիչ եւ տոկուն ամուսնութիւն մը կը վայելեն ներկայիս։ Այսպիսի համատարած յաջողութիւն մը, սակայն, դիպուածի հարց չէ։ Քրիստոնէական ամուսնութիւնները կը ծաղկին, երբ երկու կողակիցներն ալ (1) ամուսնութեան շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը կը յարգեն եւ (2) կը ջանան իր Խօսքին սկզբունքներով ապրիլ։ Վերջապէս, Աստուած անձամբ հաստատեց ամուսնական կարգադրութիւնը։ ‘Երկրի վրայ ամէն ազգատոհմ իրմէ անուն կ’առնէ’։ (Եփեսացիս 3։14, 15) Քանի որ Եհովա գիտէ թէ ի՛նչ բան ամուսնութիւն մը յաջողակ կը դարձնէ, հետեւաբար անհատապէս կ’օգտուինք, երբ իր առաջնորդութեան հետեւինք։—Եսայեայ 48։17
2. Ամուսնութեան մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները չկիրարկելուն հետեւանքները ի՞նչ են։
2 Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու մէջ թերանալը կրնայ ամուսնական թշուառութեան առաջնորդել։ Կարգ մը մասնագէտներ կը խորհին որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ներկայ ամուսնութիւններուն երկու երրորդը ամուսնալուծումով պիտի վերջանայ։ Քրիստոնեաներն ալ այս «չար ժամանակներ»ու ճնշումներէն ու լարուածութիւններէն չեն պաշտպանուած։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Տնտեսական ձգտուածութիւնն ու աշխատավայրի ճնշումները կրնան վնաս հասցնել որեւէ ամուսնութեան։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ նաեւ մեծապէս յուսախաբ եղած են, Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու մէջ իրենց կողակիցին թերացումը տեսնելով։ Քրիստոնեայ կին մը կ’ըսէ. «Ես կը սիրեմ Եհովան, բայց 20 տարիներու ընթացքին, ամուսնութիւնս ձախորդութիւն մը եղած է։ Ամուսինս անձնասէր է եւ չուզէր որեւէ փոփոխութիւն ընել։ Կաշկանդուած կը զգամ»։ Շատ մը Քրիստոնեայ ամուսիններ եւ կիներ այսպիսի զգացումներ արտայայտած են։ Ո՞ւր է սխալը։ Ի՞նչ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ որ ամուսնութիւն մը պաղ անտարբերութեան կամ ուղղակի թշնամանքի մէջ չիյնայ։
Ամուսնութեան Գոյատեւումը
3, 4. (ա) Ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշները ի՞նչ են։ (բ) Ամուսնութեան տեւականութիւնը ինչո՞ւ ճիշդ ու օգտակար է։
3 Նոյնիսկ լաւագոյն պայմաններու ներքեւ, ամուսնութիւն մը անկատար անհատներու միութիւն մըն է։ (Բ. Օրինաց 32։5) Անոր համար, Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Երբեմն ծայրագոյն պարագաներ կրնան նոյնիսկ բաժանումի կամ ամուսնալուծման հասնիլ։ (Մատթէոս 19։9. Ա. Կորնթացիս 7։12–15) Շատ մը պարագաներուն սակայն, Քրիստոնեաները Պօղոսի հետեւեալ խրատը կը կիրարկեն. «Կինը այրէն չզատուի։ ... Ու այրը իր կինը թող չձգէ»։ (Ա. Կորնթացիս 7։10, 11) Արդարեւ, ամուսնութիւնը տեւական կապ մը ըլլալու համար ծրագրուած էր, քանի որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—Մատթէոս 19։6
4 Թշնամական եւ անսիրալիր ամուսնութենէ բռնուած անհատ մը կրնայ Եհովայի չափանիշները անհաճելի եւ անտրամաբանական գտնել։ Բայց այդ չէ պարագան։ Ամուսնական կապին տեւական ըլլալը կը մղէ որ աստուածավախ զոյգ մը իր խնդիրները դիմագրաւելու եւ անոնց լուծում մը գտնելու համար ջանք թափէ, փոխանակ առաջին դժուարութեան նշանն իսկ տեսնելով իր պարտականութիւններէն անմիջապէս ձեռք քաշելու։ Մարդ մը, որ աւելի քան 20 տարիէ ի վեր ամուսնացած էր, այսպէս բացատրեց. «Չէք կրնար դժուար ժամանակներէ խուսափիլ։ Չէք կրնար միշտ իրարու հետ ուրախ ըլլալ։ Անոր համար հաւատարմութիւնը իրապէս կարեւոր է»։ Անշուշտ, ամուսնացած Քրիստոնեայ զոյգեր նախ Եհովա Աստուծոյ՝ ամուսնութեան Ծնունդ Տուողին՝ հանդէպ պատասխանատու կը զգան։—Բաղդատել Ժողովողի 5։4։
Գլխաւորութիւն եւ Հպատակութիւն
5. Ամուսիններուն եւ կիներուն տուած Պօղոսի կարգ մը խրատները ի՞նչ են։
5 Երբ խնդիրներ յարուցուին, ուրեմն, այդ ատեն փոխանակ փախուստի միջոց մը փնտռելու, պէտք է ջանալ Աստուծոյ Խօսքին խրատները աւելի լաւ կերպով կիրարկել։ Օրինակի համար, Եփեսացիս 5։22–25, 28, 29–ին մէջ գտնուած Պօղոսի խօսքերը նկատի առէք. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասնզի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար։ Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասնզի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին»։
6. Քրիստոնեայ ամուսինները աշխարհային մարդոցմէ ինչպէ՞ս տարբեր պէտք է ըլլան։
6 Այրեր յաճախ իրենց ամուսնական հեղինակութիւնը շահագործած են եւ իրենց կիներուն վրայ տիրած են։ (Ծննդոց 3։16) Բայց, Պօղոս Քրիստոնեայ ամուսինները յորդորեց, որ աշխարհային մարդոցմէ տարբեր ըլլան, Քրիստոսանման ըլլան, իրենց կնոջ ամբողջ կեանքի մանրամասնութիւններուն վրայ հսկող բռնակալներ չըլլան։ Վստահաբար, Յիսուս Քրիստոս մարդը բնաւ բիրտ կամ տիրող չէր։ Ան իր հետեւորդները պատուեց ու յարգեց, ըսելով. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ»։—Մատթէոս 11։28, 29
7. Այր մարդ մը ինչպէ՞ս կը յարգէ իր կինը, երբ ան աշխարհային գործ մը պէտք է ընէ։
7 Քրիստոնեայ ամուսին մը կը յարգէ իր կինը՝ որպէս դիւրաբեկ անօթ մը։ (Ա. Պետրոս 3։7) Օրինակի համար, ենթադրենք որ կինը աշխարհային գործ մը պէտք է ընէ։ Ամուսինը նկատի պիտի ունենայ ասիկա կարելի եղածին չափ օգնող եւ փափկանկատ ըլլալով։ Կիներ ըսած են որ ամուսնալուծման գլխաւոր պատճառներէն մէկը զաւակներուն եւ տան նկատմամբ իրենց ամուսնոյն անտարբերութիւնն է։ Հետեւաբար, Քրիստոնեայ ամուսին մը տան մէջ իր կնոջ պէտք է օգնէ, ամբողջ ընտանիքին օգտակար եղող իմաստալից կերպերով։
8. Հնազանդութիւնը ի՞նչ բաներ կը բովանդակէ Քրիստոնեայ կիներուն համար։
8 Երբ ամուսիններ իրենց կիներուն հետ յարգանքով վարուին, Քրիստոնեայ կիներ աւելի դիւրութեամբ անոնց կը հնազանդին։ Ասիկա նուաստացուցիչ ստրկութիւն չի նշանակեր սակայն։ Աստուած հրահանգ տուած է որ կինը ‘լրացուցիչ’՝ այսինքն, այր մարդուն յարմար մէկը՝ պիտի ըլլար, ոչ թէ՝ գերի մը։ (Ծննդոց 2։18) Մաղաքեայ 2։14–ին մէջ, կնոջ մասին կը խօսուի որպէս մարդուն «ընկեր»ը։ Այս հանգամանքով, Աստուածաշունչի ժամանակներու կիները կաշկանդուած չէին, այլ որոշ ազատութիւն կը վայելէին։ ‘Առաքինի կնոջ’ մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է»։ Արդարեւ, անոր վստահուած է, զոր օրինակ, տան ընդհանուր տնօրինութիւնը, ուտելիքի գնումը, կալուածներու գործառնութեանց համաձայնութիւնը եւ պզտիկ առեւտուրով զբաղիլը։—Առակաց 31։10–31
9. (ա) Աստուածաշունչի ժամանակներու աստուածավախ կիները ինչպէ՞ս ճշմարիտ հնազանդութիւն կը ցուցաբերէին։ (բ) Այսօր ի՞նչ բան կ’օգնէ Քրիստոնեայ կնոջ մը որ հնազանդ մնայ։
9 Այսուհանդերձ, աստուածավախ կինը իր ամուսնոյն հեղինակութիւնը կ’ընդունի։ Օրինակի համար, Սառա «հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա ‘տէր’ կը կոչէր», ոչ թէ՝ որպէս քաղաքավարական ձեւակերպութիւն մը, այլ՝ որպէս իր հնազանդութեան անկեղծ արտայայտութիւն մը։ (Ա. Պետրոս 3։6. Ծննդոց 18։12) Ան նաեւ իր ետին ձգեց Ուր քաղաքին մէջ ունեցած իր հանգստաւէտ տունը, որպէսզի իր ամուսնոյն հետ վրաններու տակ բնակի։ (Եբրայեցիս 11։8, 9) Բայց հնազանդ ըլլալը չի նշանակեր որ կինը չի կրնար պատասխանատու քայլ մը առնել, երբ անհրաժեշտ է։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ թլփատութեան օրէնքը կատարելու մէջ թերացաւ, իր կինը՝ Սեպփօրա՝ չարիքին առաջքը առաւ վճռական քայլ մը առնելով։ (Ելից 4։24–26) Հոս հարցը անկատար մարդ մը հաճեցնելէն աւելին է։ «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ [պէտք է] ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը»։ (Եփեսացիս 5։22) Երբ Քրիստոնեայ կին մը Աստուծոյ հետ իր ունեցած յարաբերութեան հիման վրայ մտածէ, ասիկա կ’օգնէ իրեն որ իր ամուսնոյն պզտիկ թերութիւններն ու անատակութիւնները անտեսէ, ինչպէս որ ինք կ’ուզէ որ իր ամուսինը նոյնպէս վարուի իրեն հետ։
Հաղորդակցութիւն—Ամուսնութեան մը Աւիշը
10. Ամուսնութեան մը մէջ հաղորդակցութիւնը ո՞րքան կարեւոր է։
10 Երբ ամուսնալուծման դատախազի մը հարցուեցաւ թէ զոյգերու բաժանման գլխաւոր պատճառը ի՛նչ է, ան պատասխանեց. «Իրարու հետ պարկեշտօրէն խօսելու, իրար առջեւ իրենց սիրտը թափելու եւ իրարու հետ որպէս լաւագոյն ընկեր վարուելու անկարողութիւնը»։ Այո, հաղորդակցութիւնը զօրաւոր ամուսնութեան մը աւիշն է։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին»։ (Առակաց 15։22) Ամուսիններ եւ կիներ ‘իրարու հետ սրտակից բարեկամներ’ պէտք է ըլլան, ջերմ, մտերիմ յարաբերութիւն մը վայելելով։ (Առակաց 2։17) Սակայն, շատ մը զոյգեր հաղորդակցելու դժուարութիւն ունին եւ այս պատճառով ընդվզումները կը կուտակուին մինչեւ որ աւերիչ բարկութիւն մը բորբոքի։ Կամ ամուսնական կողակիցներ թերեւս քաղաքավարութեան մակերեսային բարակ խաւի մը ետին կը պահուըտին, զգացական գետնի վրայ իրարմէ հեռանալով։
11. Ամուսինի եւ կնոջ միջեւ հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է բարելաւել։
11 Պատճառներէն մէկը մասամբ թերեւս այն է թէ այր մարդիկ եւ կիներ հաղորդակցելու տարբեր ոճեր ունին։ Ընդհանրապէս կիները հանգիստ կերպով իրենց զգացումներուն մասին կը խօսին, մինչդեռ այր մարդիկ սովորաբար կը նախընտրեն իրողութիւններու մասին խօսիլ։ Կիները կարեկցութիւն ցոյց տալու եւ զգացականօրէն օգնելու աւելի հակումը ունին, մինչդեռ այր մարդիկ կը փորձեն լուծումներ գտնել եւ զանոնք առաջարկել։ Դարձեալ, լաւ հաղորդակցութեան մը հաւանականութիւնը կը գոյանայ, երբ երկու կողակիցներն ալ ‘արագ ըլլան լսելու եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ’։ (Յակոբու 1։19) Երբ կը խօսիք, աչքի հաղորդակցութիւն պահեցէք եւ իրապէս ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Փափկանկատ հարցումներով, իրարու ներքինը հասկցէք։ (Բաղդատել Ա. Թագաւորաց 1։8. Առակաց 20։5։) Երբ ձեր կողակիցը խնդիր մը յայտնէ, փոխանակ անմիջապէս լուծում մը առաջարկելու, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք, մինչ կ’աշխատիք հարցերը լուծելու համար։ Իսկ միասնաբար խոնարհութեամբ աղօթեցէք, աստուածային առաջնորդութիւնը փնտռելով։—Սաղմոս 65։2. Հռովմայեցիս 12։12
12. Քրիստոնեայ կողակիցներ ինչպէ՞ս կրնան իրարու համար ժամանակը ծախու առնել։
12 Երբեմն կեանքի ճնշումներն ու լարուածութիւնը ամուսնական կողակիցներուն շատ քիչ ժամանակ կամ ոյժ կը ձգեն իրարու հետ իմաստալից խօսակցութիւն մը ունենալու համար։ Սակայն, եթէ Քրիստոնեաներ կ’ուզեն իրենց ամուսնութիւնը պատուաբեր պահել եւ զայն ամէն ապականութեան դէմ պաշտպանել, իրարու մօտիկ պէտք է մնան։ Անոնք իրենց միութիւնը պէտք է նկատեն որպէս անգին, թանկարժէք բան մը եւ անոր համար ու իրարու համար, ժամանակը ծախու պէտք է առնեն։ (Բաղդատել Կողոսացիս 4։5։) Կարգ մը պարագաներուն, օգտակար խօսակցութեան համար ժամանակ գտնելու լուծումը կրնայ պարզապէս հեռատեսիլը մարել ըլլալ։ Իրարու հետ կանոնաւորաբար գաւաթ մը թէյ կամ սուրճ խմելը կրնայ օգնել կողակիցներուն որ զգացականօրէն իրարու հետ շփում ունենան։ Այս առիթներով, անոնք կրնան ընտանեկան տարբեր նիւթերու մասին ‘կարծիք փոխանակել’։ (Առակաց 13։10, ՆԱ) Իսկ որքա՜ն իմաստութիւն է պզտիկ բարկութիւններու եւ սխալ հասկացողութիւններու մասին խօսելու սովորութիւն մը զարգացնել, անոնք լարուածութեան մեծ աղբիւրներ ըլլալէ առաջ։—Բաղդատել Մատթէոս 4։23, 24. Եփեսացիս 4։26։
13. (ա) Սրտբացութեան եւ անկեղծութեան մէջ, Յիսուս ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Կողակիցները իրար մօտեցնող կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։
13 Մարդ մը խոստովանեցաւ. «Շատ անգամ, կը դժուարանամ իրապէս իմ միտքս արտայայտել եւ [կնոջս] ըսել թէ իրապէս ի՛նչ կը զգամ իրեն հանդէպ»։ Սակայն, զգացումները դրսեւորելը մտերմութիւն զարգացնելու կարեւոր բանալիներէն մէկն է։ Նկատի առէք թէ Յիսուս ո՛րքան սրտբաց եւ պարկեշտ էր իր հարս դասակարգի ապագացու անդամներուն հետ։ Ան ըսաւ. «Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասնզի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասնզի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ (Յովհաննու 15։15) Ուստի, ձեր կինը նկատեցէք որպէս ձեր բարեկամը։ Ձեր զգացումները ձեր կողակիցին վստահեցէք։ Ջանք թափեցէք պարզ եւ պարկեշտ բառերով արտայայտել ձեր «սէր»ը։ (Բաղդատել Երգ Երգոց 1։2։) Կրնայ ըլլալ որ երբեմն քաշուիք սրտբաց խօսակցութիւն մը ունենալէ, բայց երբ պէտք եղած ջանքը թափեն, երկու կողակիցներն ալ իրենց ամուսնութիւնը մնայուն միութիւն մը ընելուն մեծապէս նպաստած կ’ըլլան։
Անհամաձայնութիւնները Ձեռք Առնել
14, 15. Ինչպէ՞ս կարելի է կռիւէ խուսափիլ։
14 Կը պատահի որ իսկական անհամաձայնութիւններ ծագին։ Բայց ձեր տունը ‘կռիւով լեցուն’ պէտք չէ ըլլայ։ (Առակաց 17։1) Զգոյշ եղէք որ երբ նուրբ հարցերու մասին կը խօսիք, երախաները չեն լսեր, նաեւ ձեր կողակիցին զգացումներուն հանդէպ նկատողութիւն ցուցաբերեցէք։ Երբ իր ամուլ վիճակին համար Ռաքէլ տխրութիւն յայտնեց եւ Յակոբէն խնդրեց որ իրեն զաւակներ տայ, ան բարկութեամբ պատասխանեց. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ արգանդի պտուղը քեզմէ արգիլեց»։ (Ծննդոց 30։1, 2) Եթէ ընտանեկան խնդիրներ ծագին, խնդրին վրայ յարձակեցէք, ոչ թէ՝ անձին։ Առանձին խօսակցութեան ընթացքին, «անմիտ խօսքեր»է կամ անտեղիօրէն իրար ընդմիջելէ խուսափեցէք։—Առակաց 12։18
15 Ճիշդ է որ կրնաք վստահ ըլլալ ձեր տեսակէտին նկատմամբ, բայց կրնաք առանց ‘դառնութեան եւ բարկութեան ու սրտմտութեան եւ աղաղակի ու հայհոյութեան’ յայտնել ասիկա։ (Եփեսացիս 4։31) Ամուսին մը կ’ըսէ. «Ձեր խնդիրներուն մասին բնական ձայնով խօսեցէք։ Եթէ մէկուն ձայնը բարձրանայ, խօսակցութիւնը դադրեցուցէք։ Կարճ ժամանակ ետք, վերադարձէք նիւթին։ Դարձեալ սկսեցէք»։ Առակաց 17։14–ը այս լաւ խրատը կու տայ. «Վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»։ Փորձեցէք այդ հարցերուն մասին դարձեալ խօսիլ, երբ երկուքդ ալ հանդարտած էք։
Իրարու Հաւատարիմ Մնացէք
16. Շնութիւնը ինչո՞ւ շատ լուրջ հարց մըն է։
16 Եբրայեցիս 13։4–ը կը նշէ. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ Շնութիւնը Աստուծոյ դէմ մեղք մըն է։ Անիկա նաեւ ամուսնութեան վնաս կը հասցնէ։ (Ծննդոց 39։9) Ամուսնական խրատատու մը կը գրէ. «Անգամ մը որ երեւան ելլէ, շնութիւնը ամբողջ ընտանիքը կը հարուածէ հսկայական ուրականի մը պէս, տուները քայքայելով, վստահութիւնն ու արժանապատուութիւնը հարուածելով, երախաները ընկճելով»։ Անոր հետեւանքը կրնայ նաեւ յղութիւն կամ սեռային գետնի վրայ տարրափոխիկ հիւանդութիւն ըլլալ։
17. Ինչպէ՞ս կարելի է պոռնկական հակումներէ խուսափիլ եւ զանոնք մերժել։
17 Ոմանք պոռնկական հակումներ կը մշակեն գրքերու, հեռատեսիլի եւ շարժապատկերներու մէջ ներկայացուած սեռայնութեան նկատմամբ աշխարհի պիղծ տեսակէտները իւրացնելով։ (Գաղատացիս 6։8) Սակայն հետախոյզներ կ’ըսեն որ շնութիւնը ընդհանրապէս ոչ թէ պարզապէս սեռային փափաքի հետեւանք է, այլ տակաւին գրաւիչ կամ աւելի շատ սիրուած զգալու համոզումի մը կարիքն է։ (Բաղդատել Առակաց 7։18։) Ի՛նչ ալ ըլլայ պատճառը, Քրիստոնեայ մը անբարոյ պատրանքները պէտք է մերժէ։ Ձեր զգացումներուն մասին անկեղծօրէն խօսեցէք ձեր կողակիցին հետ։ Եթէ հարկ ըլլայ, ժողովքի երէցներէն օգնութիւն խնդրեցէք։ Այսպէս ընելով, կրնաք իրապէս մեղքի մէջ իյնալուն առաջքը առնել։ Ասկէ զատ, Քրիստոնեաները զգոյշ պէտք է ըլլան հակառակ սեռի պատկանող անհատներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ։ Սուրբ գրային սկզբունքներուն հակառակ պիտի ըլլար, ամուսնացած ըլլալով, ուրիշի մը ցանկութեամբ նայիլ։ (Յոբ 31։1. Մատթէոս 5։28) Քրիստոնեաները մասնաւորաբար զգոյշ պէտք է ըլլան իրենց գործակիցներուն հետ զգացական կապեր զարգացնելէ։ Այդ յարաբերութիւնները սիրալիր պահեցէք, բայց՝ գործի գետնի վրայ։
18. Ամուսնութեան մը մէջ սեռային խնդիրներու արմատը յաճախ ի՞նչ է, եւ անոնք ինչպէ՞ս կրնան լուծուիլ։
18 Սակայն, կողակիցներու միջեւ ջերմ, սրտբաց յարաբերութիւնը մեծագոյն ապահովութիւնն է։ Հետազօտողներէն շատեր կ’ըսեն որ ամուսնութեան մէջ սեռային խնդիրներու բնոյթը հազուադէպօրէն ֆիզիքական է. անիկա ընդհանրապէս խեղճ հաղորդակցութեան հետեւանքն է։ Երբ զոյգ մը սրտբաց հաղորդակցութիւն մը ունի եւ երբ իրենց ամուսնական պարտքը կը վճարեն որպէս սիրոյ արտայայտութիւն մը, ոչ թէ՝ որպէս պարտականութիւն, անոնք հազուադէպօրէն այսպիսի խնդիրներ կ’ունենան։a Այսպիսի պատշաճ պարագաներու ներքեւ, մտերիմ յարաբերութիւնները կրնան ամուսնական կապը զօրացնելու ծառայել։—Ա. Կորնթացիս 7։2–5. 10։24
19. «Միութեան կատարեալ կապ»ը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ամուսնութեան վրայ։
19 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, սէրը «միութեան կատարեալ կապ»ն է։ Սէր մշակելով, աստուածավախ ամուսնացած զոյգեր կրնան շարունակել ‘իրարու համբերել եւ իրարու ներել’։ (Կողոսացիս 3։13, 14, ՆԱ) Սկզբունքային սէրը ուրիշներուն բարօրութիւնը կը փնտռէ։ (Ա. Կորնթացիս 13։4–8) Այսպիսի սէր մը մշակեցէք։ Անիկա պիտի օգնէ ձեզի որ ձեր ամուսնական կապը զօրացնէք։ Աստուածաշունչի սկզբունքները ձեր ամուսնական կեանքին մէջ կիրարկեցէք։ Եթէ ասիկա ընէք, ձեր ամուսնութիւնը մնայուն միութիւն մը պիտի ըլլայ եւ Եհովա Աստուծոյ փառք ու պատիւ պիտի բերէ։
[Ստորանիշ էջ 26]
a Դիտարան Օգոստոս 1, 1993–ի Անգլերէն թիւին մէջ լոյս տեսած «Հաղորդակցութիւն—Պարզապէս Խօսակցութենէն Աւելին» խորագրով յօդուածը ցոյց տուաւ որ զոյգեր ի՛նչպէս կրնան այս մարզին մէջ իրենց խնդիրներուն յաղթահարել։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Ամուսնութիւնը ինչո՞ւ տեւական կապ մը պէտք է ըլլայ։
◻ Գլխաւորութեան ու հնազանդութեան շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտը ի՞նչ է։
◻ Ամուսնացած զոյգեր ինչպէ՞ս կրնան իրենց հաղորդակցութիւնը բարելաւել։
◻ Զոյգեր ինչպէ՞ս կրնան իրենց անհամաձայնութիւնները Քրիստոնավայել կերպով ձեռք առնել։
◻ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ ամուսնական կապը զօրացնելու։
[Նկար՝ էջ 24]
Եթէ իր կինը աշխարհային գործ մը պէտք է ընէ, Քրիստոնեայ ամուսինը թոյլ պէտք չէ տայ որ ան չափէ դուրս բեռնաւորուի