Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 1/15 էջ 18-22
  • Ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԷՋ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՐՓԱԿԷ
  • ԱՅՐԵ՛Ր, ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՎ ԳՈՐԾԱԴՐԵՑԷՔ
  • ԿԻՆԵ՛Ր, ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԷՔ
  • ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԻՐԱՐՈՒ ՆԵՐԵԼ
  • ՈՍԿԻ ԿԱՆՈՆԸ ԿԻՐԱՐԿԵՑԷՔ
  • «ՍԷՐԸ ՀԱԳԷՔ»
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ձեր ամուսնութիւնը մնայուն միութիւն մը ըրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ամուսնութեան մէջ «երեքպատիկ դերձան» պահպանէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 1/15 էջ 18-22
1) Ուրախ կողակիցներ կը խօսակցին. 2) Նոյն զոյգը կը դիմագրաւէ գործի առօրեայ խնդիրներ, երեխայի հոգատարութիւնը, ֆինանսական դժուարութիւններ եւ ընտանիքի անդամներու հիւանդութիւնը

Ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտէ

«Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները» (ՍԱՂ. 127։1ա)։

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ

  • Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։

  • Զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնութեան մէջ Եհովան պարփակել։

  • Այրեր եւ կիներ ինչպէ՞ս կրնան Ոսկի կանոնը կիրարկել։

1-3. Ամուսնացած զոյգեր ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն (տե՛ս բացման պատկերը)։

«ԵԹԷ անկեղծօրէն ջանք թափես եւ ցոյց տաս թէ կ’ուզես ամուսնութիւնդ յաջողցնել, կրնաս Եհովայի օրհնութիւնը վայելել», կ’ըսէ ամուսին մը, որ 38 տարիէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն ունի։ Այո, այրեր եւ կիներ հնարաւորութիւնը ունին ուրախ պահեր վայելելու եւ դժուար ժամանակներուն մէջ իրարու թիկունք կանգնելու (Առ. 18։22)։

2 Բայց եւ այնպէս, ամուսնացած զոյգեր երբեմն «մարմնի նեղութիւն» կ’ունենան (Ա. Կոր. 7։28)։ Ինչո՞ւ։ Առօրեայ խնդիրներու հետ մաքառիլը ինքնին կրնայ ամուսնութեան մէջ լարուածութիւն մտցնել։ Անկատար լեզուի պատճառած վիրաւորանքը, անհասկացողութիւնը եւ թիւրիմացութիւնը կրնան լաւագոյն ամուսնութիւններու մէջ խնդիրներ հանել (Յակ. 3։2, 5, 8)։ Միաժամանակ զաւակներու հոգ տանիլը եւ պահանջկոտ գործատէրերը գոհացնելը նոյնպէս կրնայ շատ մը զոյգեր դժուար կացութեան մատնել։ Ճնշուածութեան եւ յոգնածութեան պատճառով, զոյգերէն ոմանք չեն կրնար հարկ եղած ժամանակը տրամադրել՝ իրենց ամուսնութիւնը ամրապնդելու համար։ Ֆինանսական հարցերը, առողջապահական խնդիրները կամ ա՛յլ դժուարութիւններ կրնան տկարացնել իրենց փոխադարձ սէրն ու յարգանքը։ Եւ ամուր թուող ամուսնութիւն մը կրնայ քանդուիլ «մարմնին գործեր»ուն պատճառով, ինչպէս՝ սեռային անբարոյութիւն, անամօթ վարք, թշնամութիւն, կռիւ, նախանձ, բարկութիւններ եւ հակառակութիւններ (Գաղ. 5։19-21)։

3 Ասկէ աւելին, «վերջին օրերուն» մէջ մարդիկ յաճախ անձնասէր եւ անբարեպաշտ կեցուածքներ ունին, որոնք կը թունաւորեն ամուսնութիւնը (Բ. Տիմ. 3։1-4)։ Եւ վերջապէս, կայ չարամիտ թշնամի մը, որ վճռած է ամուսնութիւններ քանդել։ Պետրոս առաքեալ մեզ կը զգուշացնէ. «Ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։12)։

4. Զոյգ մը ինչպէ՞ս կրնայ ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն ունենալ։

4 Ճափոնի մէջ, ամուսին մը կը խոստովանի. «Ֆինանսական գետնի վրայ շատ ճնշուած էի։ Եւ քանի որ կնոջս հետ շատ չէի հաղորդակցեր, ան ալ ճնշուած եղաւ։ Ասկէ զատ, կինս վերջերս առողջապահական լուրջ խնդիրներ ունեցաւ։ Այս ճնշումը ատեններ պատճառ եղաւ, որ իրարու հետ վիճինք»։ Ճիշդ է որ ամուսնութեան մէջ կարգ մը մարտահրաւէրներ անխուսափելի են, սակայն անյաղթահարելի չեն։ Եհովայի օգնութեամբ, զոյգերը կրնա՛ն ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն վայելել (կարդա՛ Սաղմոս 127։1)։ Քննարկենք հինգ հոգեւոր շինաքարեր, որոնցմով զոյգերը կրնան ամուր եւ մնայուն ամուսնութիւն կերտել։ Անկէ ետք նկատի պիտի առնենք, թէ այս շինաքարերը ինչպէ՛ս կրնան իրարու միանալ, անոնց միջեւ սէր ծեփելով։

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՄԷՋ ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՐՓԱԿԷ

5, 6. Ամոլներ ի՞նչ կրնան ընել իրենց ամուսնութեան մէջ Եհովան պարփակելու համար։

5 Հաստատուն ամուսնութեան անկիւնաքարն է՝ ամուսնութեան Հիմնադրին հաւատարիմ ըլլալ եւ ենթարկուիլ (կարդա՛ Ժողովող 4։12)։ Ամոլներ կրնան իրենց ամուսնութեան մէջ Եհովան պարփակել՝ անոր սիրալիր ուղղութեան հետեւելով։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին մասին կ’ըսէ. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’» (Եսա. 30։20, 21)։ Ներկայիս, զոյգերը կրնան Եհովայի խօսքը «լսել»՝ Աստուածաշունչը միասին կարդալով (Սաղ. 1։1-3)։ Անոնք իրենց ամուսնութիւնը կրնան նաեւ ամրապնդել՝ Ընտանեկան պաշտամունքի այնպիսի յայտագրով մը, որ թէ՛ հաճելի է եւ թէ հոգեւորապէս կը թարմացնէ։ Ամէն օր միասին աղօթելն ալ շատ արժէքաւոր շինանիւթ մըն է այն ամուսնութեան, որ կրնայ Սատանայի աշխարհին յարձակումներուն դիմանալ։

Ամուսին մը իր կնոջ հետ կ’աղօթէ, իրենց ընտանեկան պաշտամունքէն առաջ

Միասին հոգեւոր բաներ ընելով, զոյգեր Աստուծոյ եւ իրարու հետ իրենց միութիւնը կը զօրացնեն ու երջանիկ կ’ըլլան (տե՛ս պարբերութիւն 5, 6)

6 «Ամէն անգամ որ դժուարութիւնները կամ թիւրիմացութիւնները մեր ուրախութիւնը կ’աղօտացնէին», կ’ըսէ Կէրհարտ (Գերմանիա), «Աստուծոյ Խօսքին խրատները մեզի կ’օգնէին համբերութիւն մշակելու եւ ներողամիտ ըլլալու։ Այս յատկութիւնները անհրաժեշտ են յաջող ամուսնութեան մէջ»։ Երբ զոյգ մը անխոնջօրէն կը ջանայ ամուսնութեան մէջ Աստուած պարփակել՝ հոգեւոր գործունէութիւններու միասնաբար մասնակցելով, Աստուծոյ եւ իրարու հետ իրենց միութիւնը կը զօրանայ եւ երջանիկ կ’ըլլան։

ԱՅՐԵ՛Ր, ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՎ ԳՈՐԾԱԴՐԵՑԷՔ

7. Ամուսինը ինչպէ՞ս պէտք է ի գործ դնէ իր գլխաւորութիւնը։

7 Գլխաւորութիւնը ի գործ դնելու ամուսինին կերպը կրնայ զօրաւոր եւ երջանիկ ամուսնութիւն մը կերտելուն նպաստել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը» (Ա. Կոր. 11։3)։ Այդ խօսքին շուրջի համարները ամուսինին կ’ըսեն, որ պէտք է իր կնոջ հետ վարուի այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ իր աշակերտներուն հետ։ Ան բնաւ բռնակալ կամ բիրտ չէր, հապա միշտ սիրալիր, ազնիւ, խոհեմ, մեղմաբարոյ եւ սրտով խոնարհ էր (Մատ. 11։28-30)։

8. Ամուսինը ինչպէ՞ս կրնայ իր կնոջ սէրն ու յարգանքը շահիլ։

8 Քրիստոնեայ ամուսինները պէտք չունին կրկին անգամ իրենց կիներէն յարգանք պահանջելու։ Փոխարէն, անոնք «խոհեմութիւնով անոնց հետ [կ’]ապրին» կամ անոնց հանդէպ նկատառու կ’ըլլան եւ զիրենք կը հասկնան, «տկար անօթի պէս յարգելով կիները» (Ա. Պետ. 3։7)։ Թէ՛ հանրութեան առջեւ եւ թէ առանձին եղած ատեն, ամուսինը իր յարգալից խօսքերով եւ կարեկից արարքներով ցոյց կու տայ, թէ իր կինը իր քով մեծ արժէք ունի (Առ. 31։28)։ Այսպիսի սիրալիր գլխաւորութեամբ, ան իր կնոջ սէրն ու յարգանքը կը շահի եւ թոյլ կու տայ որ Աստուած իր ամուսնութիւնը օրհնէ։

ԿԻՆԵ՛Ր, ԽՈՆԱՐՀԱԲԱՐ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԷՔ

9. Կինը ինչպէ՞ս կրնայ ցոյց տալ, թէ խոնարհաբար կ’ենթարկուի։

9 Եհովայի հանդէպ անձնուրաց եւ սկզբունքային սէրը բոլորիս կ’օգնէ, որ իր հզօր ձեռքին տակ խոնարհինք (Ա. Պետ. 5։6)։ Ենթարկուող կինը Եհովայի հեղինակութիւնը կը յարգէ։ Ասիկա ցոյց տալու կարեւոր մէկ կերպն է՝ ընտանիքին մէջ համագործակցող եւ աջակցող ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով» (Կող. 3։18)։ Իրապաշտօրէն խօսելով, ամուսինին առած որոշումներէն ոմանք թերեւս կնոջ ուզածը չըլլան։ Այսուհանդերձ, եթէ այդ որոշումները Աստուծոյ օրէնքներուն չեն հակասեր, ենթարկուող կինը պատրաստ է զիջանելու (Ա. Պետ. 3։1)։

10. Սիրով ենթարկուիլը ինչո՞ւ կարեւոր է։

10 Եհովան կիներուն պատուարժան դեր տուած է ընտանիքին մէջ։ Կինը ամուսինին «ընկերն» է (Մաղ. 2։14)։ Կինը արժէքաւոր գաղափարներ կու տայ ընտանեկան որոշումներու շուրջ, իր մտածումներն ու զգացումները յարգանքով փոխանցելով եւ միեւնոյն ատեն ենթարկուած մնալով։ Իմաստուն ամուսինը ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ իր կնոջ ըսածները (Առ. 31։10-31)։ Իսկ սիրով ենթարկուիլը իր կարգին կը բերէ ընտանեկան ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։ Առ ի արդիւնք, այրեր եւ կիներ գոհունակ կը զգան, գիտնալով թէ Աստուած կը հաճեցնեն (Եփ. 5։22)։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷՔ ԻՐԱՐՈՒ ՆԵՐԵԼ

11. Ներողամտութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

11 Մնայուն ամուսնութեան կարեւոր շինաքարերէն մէկն է՝ ներողամտութիւնը։ Ամուսնական կապը կ’ամրանայ, երբ այրեր եւ կիներ ‘իրարու կը համբերեն եւ իրարու կը ներեն’ (Կող. 3։13)։ Իսկ եթէ ամոլներ անցեալին գործուած սխալները իրենց մտքէն չջնջեն եւ զանոնք գործածեն որպէս ռազմամթերք, ամուսնութիւնը կը տկարանայ։ Ճիշդ ինչպէս որ պատի ճեղքերը կրնան շէնքը տկարացնել, վիրաւորանքն ու զայրոյթը մեր սիրտը պատելով կրնան ներող ըլլալը հետզհետէ աւելի դժուարացնել։ Առ ի հակադրութիւն, ամուսնական կապը կ’ամրապնդուի, երբ ամուսինն ու կինը իրարու կը ներեն, ինչպէս որ Եհովան իրենց կը ներէ (Միք. 7։18, 19)։

12. Սէրը ինչպէ՞ս «մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ»։

12 Իսկական սէրը «վիրաւորանքները չի հաշուեր»։ Իրականութեան մէջ, «սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ. կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։8)։ Ուրիշ խօսքով, սէրը մեղքեր ներելու առնչութեամբ որոշ թիւ մը չի սահմաներ։ Երբ Պետրոս առաքեալ հարցուց թէ քանի՛ անգամ պէտք էր մէկու մը ներէր, Յիսուս պատասխանեց. «Մինչեւ եօթանասունեօթը անգամ» (Մատ. 18։21, 22, ՆԱ)։ Ան ըսել ուզեց որ սահման չկայ, թէ քրիստոնեայ մը քանի անգամ պէտք է ուրիշներուն ներէ (Առ. 10։12)a։

13. Ինչպէ՞ս կրնանք չներելու հակումին դէմ պայքարիլ։

13 Անէթ կ’ըսէ. «Եթէ զոյգ մը չ’ուզեր ներողամիտ ըլլալ, զայրոյթն ու անվստահութիւնը կ’աւելնան, եւ ասիկա կը թունաւորէ ամուսնութիւնը։ Բայց ներող ըլլալը ամուսնական կապը կ’ամրացնէ եւ ձեզ իրարու կը մօտեցնէ»։ Որպէսզի չներելու հակումին դէմ պայքարիս, ջանա՛ շնորհակալ եւ գնահատող ըլլալ։ Կողակիցդ անկեղծօրէն գովելը սովորութիւն դարձուր (Կող. 3։15)։ Առ ի արդիւնք, պիտի ունենաս մտքի խաղաղութիւն, միութիւն եւ աստուածային օրհնութիւններ (Հռով. 14։19)։

ՈՍԿԻ ԿԱՆՈՆԸ ԿԻՐԱՐԿԵՑԷՔ

14, 15. Ի՞նչ է Ոսկի կանոնը, եւ ի՞նչ գործնական արժէք ունի ամուսնութեան մէջ։

14 Անկասկած կ’ուզես որ ուրիշներ քեզի հետ արժանապատուութեամբ եւ յարգանքով վարուին։ Կը գնահատես երբ մարդիկ գաղափարներդ մտիկ կ’ընեն եւ զգացումներդ հաշուի կ’առնեն։ Սակայն երբեք մէկէ մը լսա՞ծ ես. «Ես իր ըրածը իր աչքը պիտի մտցնեմ»։ Ճիշդ է որ այսպիսի հակազդեցութիւն կրնայ երբեմն հասկնալի ըլլալ, բայց Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր՝ ‘Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ’» (Առ. 24։29)։ Յիսուս դժուար պարագաներ ձեռք առնելու դրական կերպ մը սորվեցուց։ Վարքի այս կանոնը այնքան հանրածանօթ է, որ յաճախ կոչուած է՝ Ոսկի կանոն. «Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Ղուկ. 6։31)։ Յիսուս հասկցուց, թէ մարդոց հետ պէտք է վարուինք ո՛չ թէ ինչպէս որ մեզի հետ կը վարուին, հապա՝ ինչպէս որ կ’ուզենք որ մեզի հետ վարուին։ Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է մեր ամուսնութեան տանք ինչ որ կը յուսանք անկէ քաղել։

15 Ամոլները իրենց փոխյարաբերութիւնը կը զօրացնեն, երբ իրենց կողակիցին զգացումներուն նկատառու կ’ըլլան։ «Փորձած ենք Ոսկի կանոնը կիրարկել», կ’ըսէ այր մը Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ «Ճիշդ է որ երբեմն նեղացած կ’ըլլանք, բայց ճիգ կը թափենք որ իրարու ցոյց տանք այն նոյն վերաբերմունքը, որ կ’ուզենք իրարմէ ստանալ,– յարգանք եւ արժանապատուութիւն»։

16. Կողակիցները իրարու ի՞նչ պէտք չէ ընեն։

16 Կողակիցիդ տկարութիւնները մի՛ յայտներ ուրիշներուն, ոչ ալ իր անախորժ բնաւորութիւններուն նկատմամբ յարատեւ գանգատէ,– ոչ իսկ կատակով։ Յիշէ որ ամուսնութիւնը մրցոյթ մը չէ, տեսնելու համար թէ ո՛վ աւելի զօրաւոր է, ո՛վ աւելի բարձր կրնայ պոռալ կամ ո՛վ կրնայ ամէնէն կծու դիտողութիւնները ընել։ Ճիշդ է որ բոլորս թերութիւններ ունինք եւ ատեններ ուրիշները կը նեղացնենք, բայց բնաւ արդարացի պատճառ մը չկայ, որ ամուսինը կամ կինը գործածէ ծաղրական եւ անարգ խօսքեր, կամ աւելի գէշը՝ իր կողակիցը հրմշտկէ կամ անոր զարնէ (կարդա՛ Առակաց 17։27. 31։26)։

17. Այրեր ինչպէ՞ս կրնան Ոսկի կանոնը գործադրել։

17 Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, ամուսինը էրիկմարդ կը համարուի, երբ իր կնոջ կը սպառնայ կամ կը ծեծէ։ Բայց Աստուածաշունչը հետեւեալը կ’ըսէ. «Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն» (Առ. 16։32)։ Բարոյական մեծ զօրութիւն կը պահանջուի անհատէ մը, որ ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակէ եւ ինքզինք զսպէ։ Այն այրը որ խօսքով կամ ֆիզիքապէս կը վիրաւորէ իր կինը, տղամարդութենէ զուրկ է, եւ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը պիտի կորսնցնէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք» (Եփ. 4։26)։

«ՍԷՐԸ ՀԱԳԷՔ»

18. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ շարունակենք սիրոյ յատկութիւնը մշակել։

18 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4-7։ Սէրը կարեւորագոյն յատկութիւնն է ամուսնութեան մէջ։ «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է» (Կող. 3։12, 14)։ Անձնազոհ եւ քրիստոսանման սէրը այն նիւթն է, որ ամուր ամուսնութեան շինաքարերը իրարու կը միացնէ։ Ատիկա ամուսնական կառոյցը անխախտ կը պահէ, նկարագրի անախորժ գիծերու, առողջապահական ճնշիչ խնդիրներու, ֆինանսական ընկճիչ տագնապներու եւ խնամիական դժուար հարցերու դիմաց։

19, 20. ա) Զոյգեր ինչպէ՞ս կրնան յաջողապէս ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտել։ բ) Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

19 Արդարեւ, սիրալիր նուիրուածութիւնը, հաւատարիմ յանձնառութիւնը եւ անկեղծ ջանքերը անհրաժեշտ են ամուսնութիւն մը յաջողցնելու համար։ Երբ դժուարութիւններ ծագին, կողակիցները պէտք չէ ամուսնութենէն վազ անցնին, հապա՝ պէտք է վճռեն իրենց փոխյարաբերութիւնը ոչ միայն փրկել, այլեւ՝ զօրացնել։ Եհովային եւ իրարու հանդէպ սէր ունեցող քրիստոնեայ կողակիցները պէտք է վճռեն իրենց խնդիրները լուծել, քանի որ «սէրը բնա՛ւ չ’իյնար» (Ա. Կոր. 13։8. Մատ. 19։5, 6. Եբ. 13։4)։

20 Ամուր եւ երջանիկ ամուսնութիւն կերտելը յատկապէս դժուար է այս «չար ժամանակներ»ուն մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ, կարելի է այդ մէկը ընել։ Սակայն զոյգերը նաեւ պէտք է պայքարին այս աշխարհի համատարած բարոյական անկման դէմ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ այրեր ու կիներ ինչպէ՛ս կրնան իրենց ամուսնութեան հոգեւոր պաշտպանութիւնը զօրացնել։

a Ճիշդ է որ զոյգեր կը ջանան իրարու ներել եւ խնդիրները լուծել, բայց Աստուածաշունչը անմեղ կողակիցին իրաւունք կու տայ որոշելու, թէ շնացող կողակիցին պիտի ներէ թէ ոչ պիտի ամուսնալուծուի (Մատ. 19։9)։ Տե՛ս «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գրքին յաւելուածը, «Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել