Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 10/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բախումները սէրէ մղուած լուծէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Կրնաք շահիլ ձեր եղբայրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • ‘Շարունակեցէք իրարու անհաշիւ ներել’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ձեր սրտէն ներեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 10/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Նոյեմբեր 1—Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. ... ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է։—Կողոսացիս 3։5, Դիտ. 4/1/93 18, 19դ

Նոյեմբեր 2—Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։—Ա. Յովհաննու 5։3, Դիտ. 5/1/93 15, 16ա

Նոյեմբեր 3—Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։—Եբրայեցիս 13։4, Դիտ. 5/1/93 14, 15բ

Նոյեմբեր 4—Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։—Ա. Պետրոս 4։7, Դիտ. 9/1/93 9, 10ա

Նոյեմբեր 5—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթէոս 28։19, 20, Դիտ. 9/1/93 14, 15գ

Նոյեմբեր 6—Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ։ Թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։—Յակոբու 3։13, Դիտ. 10/1/93 5, 6, 8ա

Նոյեմբեր 7—Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։—Հռովմայեցիս 12։21, Դիտ. 10/1/93 13–15ա

Նոյեմբեր 8—Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն ու իրենց մարմինը մաշողներուն։—Առակաց 23։20, Դիտ. 11/1/93 17, 18

Նոյեմբեր 9—Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞։ [Հաճիս, (ՆԱ)] կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ։ Եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ։—Ծննդոց 13։9, Դիտ. 11/1/93 14, 16գ

Նոյեմբեր 10—Զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։—Բ. Օրինաց 6։7, Դիտ. 1/1/93 17, 18գ

Նոյեմբեր 11—Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը [բարի լուրը (ՆԱ)] քարոզեցինք։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, Դիտ. 2/1/93 9, 10ա

Նոյեմբեր 12—Առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասնզի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։—Եբրայեցիս 11։6, Դիտ. 10/1/93 21բ

Նոյեմբեր 13—Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։—Բ. Պետրոս 1։21, Դիտ. 10/1/93 15, 16բ

Նոյեմբեր 14—Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33, Դիտ. 11/1/93 2, 13, 14ա

Նոյեմբեր 15—Միայն Ղուկասը ինծի հետ է։ Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասնզի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար։—Բ. Տիմոթէոս 4։11, Դիտ. 11/1/93 17, 18գ

Նոյեմբեր 16—Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթէոս 24։45, Դիտ. 4/1/93 4, 7, 8ա

Նոյեմբեր 17—Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասնզի Աստուած սէր է։—Ա. Յովհաննու 4։8, Դիտ. 9/1/93 16, 17, 21գ

Նոյեմբեր 18—Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։ Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։ Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի, որպէսզի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։ Վասնզի դուն, ո՛վ Տէր [Եհովա], ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։—Սաղմոս 86։16, 17, Դիտ. 2/1/93 14, 15գ

Նոյեմբեր 19—Եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով ..., ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով [է], ... անոնց մասին խորհեցէք։—Փիլիպպեցիս 4։8, Դիտ. 10/1/93 9, 20գ

Նոյեմբեր 20—Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։—Ա. Կորնթացիս 15։58, Դիտ. 11/1/93 21, 22ա

Նոյեմբեր 21—Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին։ ... Հեզահոգի [ըլլան], ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։—Տիտոս 3։1, 2, Դիտ. 10/1/93 10–12ա

Նոյեմբեր 22—[Սերմերէն] մէկ քանիները ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։—Մատթէոս 13։4, Դիտ. 11/1/93 15, 16ա

Նոյեմբեր 23—Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը [Եհովայի] ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։—Առակաց 3։5, 6, Դիտ. 5/1/93 17, 18ա

Նոյեմբեր 24—Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած։—Յակոբու 1։14, Դիտ. 5/1/93 12, 13բ

Նոյեմբեր 25—Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք։ Վասնզի մարմինը կը ցանկայ հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։—Գաղատացիս 5։16, 17, Դիտ. 10/1/93 7, 8գ

Նոյեմբեր 26—Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33, Դիտ. 11/1/93 18ա

Նոյեմբեր 27—Առաջ պէտք է որ աւետարանը [բարի լուրը (ՆԱ)] քարոզուի բոլոր ազգերուն։—Մարկոս 13։10, Դիտ. 12/1/92 12, 14դ

Նոյեմբեր 28—Ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէսզի անպատասխանի մնան։—Հռովմայեցիս 1։19, 20, Դիտ. 9/1/93 4, 6, 7բ

Նոյեմբեր 29—Դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։ Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէսզի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։—Բ. Տիմոթէոս 2։3, 4, Դիտ. 10/1/93 10–12

Նոյեմբեր 30—Բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն։—Բ. Պետրոս 1։5, Դիտ. 10/1/93 4, 17, 18գ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել