Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 10/15 էջ 17-22
  • Կրնաք շահիլ ձեր եղբայրը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնաք շահիլ ձեր եղբայրը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ան Ի՞նչ Ըսել Ուզեց
  • Ջանացէք Ձեր Եղբայրը Շահիլ
  • Հասուն Օգնութեան Դիմեցէք
  • Զինք Շահելու Վերջին Ջանք մը
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Աստուծոյ ողորմութիւնը ընդօրինակենք ներկայիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1991
  • Բախումները սէրէ մղուած լուծէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Երէցները սիրով եւ ողորմութեամբ կը վարուին յանցագործներուն հետ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 10/15 էջ 17-22

Կրնաք շահիլ ձեր եղբայրը

«Գնա յանդիմանէ զանիկա [«իր սխալը պարզէ», ՆԱ] երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 18։15

1, 2. Յանցանքներ ձեռք առնելու մասին Յիսուս ի՞նչ գործնական խրատ տուաւ։

ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ մէկ տարուընէ նուազ ժամանակ մը մնացած էր եւ Յիսուս իր աշակերտներուն կենսական դասեր ունէր տալիք։ Այս մասին կրնաք կարդալ Մատթէոս 18–րդ գլուխին մէջ։ Անոնցմէ մէկն էր երախաներու նման խոնարհ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Ապա ան շեշտեց որ պէտք է զգուշանանք «այս պզտիկներէն մէկը» գայթակղեցնելէ եւ թէ, պէտք է ջանանք մոլորած «պզտիկներ»ը ետ բերել, որպէսզի չկորսուին։ Ասկէ ետք, Յիսուս արժէքաւոր ու գործնական խրատ մը տուաւ, Քրիստոնեաներու միջեւ խնդիրները լուծելու մասին։

2 Թերեւս կը յիշէք իր խօսքերը. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա [«իր սխալը պարզէ», ՆԱ] երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ (Մատթէոս 18։15-17) Այս խրատը ե՞րբ պէտք է գործադրենք եւ ասիկա ընելու շարժառիթը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

3. Ուրիշներու սխալներուն հանդէպ ընդհանրապէս ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք։

3 Նախորդ յօդուածը ընդգծեց թէ քանի որ բոլորս ալ մեղաւոր ենք եւ սխալելու հակամէտ, պէտք է ներողամիտ ըլլալու վրայ աշխատինք։ Մասնաւորաբար երբ Քրիստոնեայ հաւատակիցի մը ըսած կամ ըրած մէկ բանին համար վիրաւորուած ենք։ (Ա. Պետրոս 4։8) Յաճախ նախընտրելի է պարզապէս անտեսել վիրաւորանքը՝ ներել ու մոռնալ։ Ասիկա կրնանք նկատել որպէս ժողովքին խաղաղութեան նպաստող բան մը։ (Սաղմոս 133։1. Առակաց 19։11) Սակայն, կրնայ պարագայ մը ըլլալ, երբ կը զգաք որ ձեզ վիրաւորած եղբօր կամ քրոջ հետ խնդիրը պէտք է լուծէք։ Այս պարագային, Յիսուսի վերոյիշեալ խօսքերը առաջնորդութիւն կը հայթայթեն։

4. Որպէս սկզբունք, երբ ուրիշներ յանցանքներ գործեն, Մատթէոս 18։15–ը ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։

4 Յիսուս յանձնարարեց՝ «իր սխալը պարզէ երբ դուն եւ ան մինակ էք»։ Ասիկա ընելը իմաստութիւն է։ Գերմաներէն կարգ մը թարգմանութիւններ հոս ըսած են՝ իր սխալը ներկայացուր «չորս աչքերու տակ», այսինքն՝ երկուքիդ։ Երբ խնդիր մը փափկանկատութեամբ անհատին ուշադրութեան կը յանձնուի երբ ան առանձին է, զայն լուծելը շատ աւելի դիւրին կ’ըլլայ։ Եղբայր մը որ վիրաւորական կամ անազնիւ բան մը ըրաւ կամ ըսաւ, շատ աւելի դիւրութեամբ պիտի ընդունի իր սխալը, երբ առանձին էք։ Եթէ ուրիշներ լսեն, անկատար մարդկային բնոյթին պատճառաւ անհատը կրնայ չընդունիլ իր սխալած ըլլալը, կամ փորձէ ինքզինք արդարացնել։ Բայց մինչ այս նիւթին մասին կը խօսիք «չորս աչքերու տակ», թերեւս տեսնէք որ անիկա աւելի թիւրիմացութիւն մըն էր, քան թէ մեղք մը կամ գիտակից սխալ մը։ Անգամ մը որ երկուքդ ալ տեսնէք անոր թիւրիմացութիւն մը ըլլալը, կրնաք զայն լուծել, թոյլ չտալով որ անկարեւոր հարց մը մեծնայ եւ ձեր յարաբերութիւնը թունաւորէ։ Հետեւաբար Մատթէոս 18։15–ի սկզբունքը կրնայ կիրարկուիլ նոյնիսկ առօրեայ չնչին վիրաւորանքներու պարագային։

Ան Ի՞նչ Ըսել Ուզեց

5, 6. Բովանդակութիւնը նկատի ունենալով, Մատթէոս 18։15–ը ի՞նչպիսի մեղքերու կը նշէր եւ ինչէ՛ն գիտենք։

5 Յիսուսի խրատը առաջին հերթին աւելի լուրջ խնդիրներու հետ առնչուած բաներու համար է։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու եղբայրդ . . . մեղանչէ»։ Աւելի լայն առումով, ‘մեղքը’ որեւէ սխալ կամ թերացում մըն ալ կրնայ ըլլալ։ (Յոբայ 2։10. Առակաց 21։4. Յակոբու 4։17) Սակայն, ընդհանուր բովանդակութիւնը կը թելադրէ թէ Յիսուսի ի մտի ունեցած մեղքը լուրջ ըլլալու էր։ Անիկա մինչեւ «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս» նկատելու առաջնորդելու աստիճան լուրջ ըլլալու էր։ Այս նախադասութիւնը ի՞նչ կը նշանակէր։

6 Այս խօսքերը լսող Յիսուսի աշակերտները գիտէին որ իրենց քաղաքացիները հեթանոսներու հետ չէին շաղուեր։ (Յովհաննու 4։9. 18։28. Գործք 10։28) Իսկ անոնք իրապէս կը խուսափէին մաքսաւորներէն՝ որոնք ծագումով Հրեայ տղամարդիկ էին, բայց ժողովուրդը կը շահագործէին։ Ուստի, Մատթէոս 18։15-17–ը ակնարկութիւն կ’ընէր լուրջ մեղքերու, եւ ոչ թէ անձնական վիրաւորանքներու կամ նեղութիւններու, որոնք պարզապէս կրնան ներուիլ ու մոռցուիլ։—Մատթէոս 18։21, 22a

7, 8. (ա) Երէցները ի՞նչպիսի մեղքեր պէտք է ձեռք առնեն։ (բ) Ի՞նչպիսի մեղքեր երկու Քրիստոնեաներու մէջ պէտք է լուծուին, Մատթէոս 18։15-17–ի համաձայն։

7 Օրէնքին ներքեւ, կարգ մը մեղքեր վիրաւորուած անհատէն ներողութիւն խնդրելէն աւելին կը պահանջէին։ Հայհոյանքը, հաւատուրացութիւնը, կռապաշտութիւնը եւ պոռնկութեան, շնութեան եւ միասեռականութեան մեղքերը պէտք էր տեղեկագրուէին եւ երէցներուն (կամ քահանաներուն) կողմէ ձեռք առնուէին։ Նոյնն է պարագան քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ (Ղեւտացւոց 5։1. 20։10-13. Թուոց 5։30. 35։12. Բ. Օրինաց 17։9. 19։16-19. Առակաց 29։24) Սակայն նկատի առէք որ հոս Յիսուսի թուած մեղքերու տեսակը երկու անձերու միջեւ կրնայ լուծուիլ։ Օրինակ՝ բարկութենէ կամ նախանձէ մղուած մէկը իր ընկերը կը զրպարտէ։ Քրիստոնեայ մը կը համաձայնի գործ մը ընել շինարարական որոշ նիւթեր գործածելով եւ որոշ թուականի մը զայն վերջացնել։ Ուրիշ մը կը համաձայնի որ պարտք առած դրամը պիտի վերադարձնէ յայտագրուած կերպով կամ որոշուած թուականի մը։ Մէկը խօսք կու տայ որ եթէ իր գործատէրը զինք մարզէ, ինք անոր հետ պիտի չմրցի (նոյնիսկ երբ գործը փոխէ), ոչ ալ իր յաճախորդները ձեռքէն պիտի խլէ սահմանուած ժամանակ մը, կամ սահմանուած շրջանի մը մէջ։b Եթէ եղբայր մը իր խօսքը չպահէ եւ իր ըրած սխալին համար չզղջայ, անիկա անշուշտ լուրջ յանցանք մըն է։ (Յայտնութիւն 21։8) Բայց այսպիսի յանցանքներ խնդրոյ առարկայ երկու անհատներուն միջեւ կրնան լուծուիլ։

8 Սակայն, այս հարցը լուծելու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէք։ Յիսուսի խօսքերը յաճախ նկատուած են որպէս երեք քայլեր։ Իւրաքանչիւրը ձեռք առնենք։ Փոխանակ զանոնք անթեքելի օրինական քայլեր նկատելու, ջանացէք անոնց իմաստը ըմբռնել, առանց ձեր մտքէն հանելու ձեր սիրալիր նպատակը։

Ջանացէք Ձեր Եղբայրը Շահիլ

9. Մատթէոս 18։15–ը կիրարկելու համար ի՞նչ բան նկատի պէտք է ունենանք։

9 Յիսուս ըսաւ. «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա [«իր սխալը պարզէ», ՆԱ] երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ»։ Անշուշտ, ասիկա պարզ կասկածի վրայ հիմնուած քայլ մը չէ։ Ապացոյցներ կամ մասնայատուկ տեղեկութիւն պէտք է ունենաք, զորս կրնաք գործածել որպէսզի ձեր եղբօր օգնէք տեսնելու թէ սխալ մը գործած է եւ հարցերը շտկելու կարիքը ունի։ Լաւ է արագօրէն գործի լծուիլ, թոյլ չտալով որ հարցը մեծնայ, կամ իր կեցուածքը աւելի արմատանայ։ Իսկ մի՛ մոռնաք որ այդ մասին ձեր մտքին մէջ վերցնել դնելով կրնաք վնաս հասցնել դուք ձեզի։ Քանի որ խօսակցութիւնը պիտի ըլլայ ձեր եւ իր միջեւ, զգուշացէք անկէ առաջ ուրիշներուն խօսելէ, անոնց կարեկցութիւնը շահելու կամ ձեր պատկերը բարելաւելու մտքով։ (Առակաց 12։25. 17։9) Ինչո՞ւ։ Ձեր նպատակակէտին պատճառաւ։

10. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ որ մեր եղբայրը շահինք։

10 Ձեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ ձեր եղբայրը շահիլ եւ ոչ թէ զայն պատժել, նուաստացնել կամ քանդել։ Եթէ իրապէս սխալ մը գործած է, Եհովայի հետ իր յարաբերութիւնը վտանգի տակ է։ Վստահաբար կ’ուզէք որ ան ձեր Քրիստոնեայ եղբայրը մնայ։ Շատ աւելի հաւանական է որ յաջողիք, եթէ ձեր առանձին խօսակցութեան ընթացքին հանդարտ մնաք, զգուշանալով կոշտ արտայայտութիւններէ կամ դատապարտող ձայնածաւալէ։ Այս սիրալիր հանդիպման մէջ, մի՛ մոռնաք որ երկուքդ ալ անկատար ու մեղաւոր անհատներ էք։ (Հռովմայեցիս 3։23, 24) Երբ ան անդրադառնայ որ դուք զինք չէք բամբասած եւ տեսնէ թէ անկեղծօրէն կ’ուզէք օգնել իրեն, շատ շուտով լուծում մը կը գտնուի։ Այս ազնիւ, յստակ մերձեցումին իմաստուն ընթացք մը ըլլալը պիտի արտացոլացուի, եթէ ապացուցուի որ երկուքդ ալ որոշ չափով սխալ մը գործած էք, կամ՝ հարցին արմատը թիւրիմացութիւն մըն էր։—Առակաց 25։9, 10. 26։20. Յակոբու 3։5, 6

11. Նոյնիսկ երբ յանցաւորը մեզի մտիկ չընէ, ի՞նչ կրնանք ընել։

11 Եթէ կարենաք իրեն ցոյց տալ որ սխալ մը եղած է եւ թէ անիկա լուրջ է, թերեւս ան զղջայ։ Սակայն, մի՛ մոռնաք որ հպարտութիւնը կրնայ արգելք ըլլալ իրեն։ (Առակաց 16։18. 17։19) Ուստի, եթէ սկիզբը նոյնիսկ իր սխալը չընդունի եւ չզղջայ, կրնաք հոն կենալ եւ ուրիշ առթիւ հարցը ձեռք առնել։ Յիսուս չըսաւ՝ ‘միայն մէկ անգամ գնա իր սխալը պարզելու համար’։ Քանի որ անիկա մեղք մըն է, զոր կրնաք հաստատել, ուստի, Գաղատացիս 6։1–ի հոգիով եւ «չորս աչքերու տակ» դարձեալ մօտենալու մասին մտածեցէք։ Հաւանաբար կարենաք յաջողիլ։ (Համեմատել՝ Յուդա 22, 23) Սակայն, եթէ համոզուած էք որ մեղք մը գործուած է եւ ինք չ’ընդունիր, ի՞նչ կրնաք ընել։

Հասուն Օգնութեան Դիմեցէք

12, 13. (ա) Ըստ Յիսուսի, յանցանքներ քննելու երկրորդ քայլը ի՞նչ է։ (բ) Այս քայլը առնելու համար ի՞նչ յարմար խրատ կը տրուի։

12 Եթէ դուք լուրջ սխալով մը յանցապարտ ըլլայիք, պիտի ուզէի՞ք որ ուրիշներ շուտով ձեզմէ հրաժարէին։ Անշուշտ ո՛չ։ Նոյն կերպով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ առաջին քայլը առնելէ ետք պէտք չէ հրաժարիք, եթէ կ’ուզէք որ ձեր եղբայրը շահիք, Աստուած ընդունելի կերպով պաշտելու մէջ ձեզի եւ ուրիշներուն հետ միացած պահելու համար։ Յիսուս երկրորդ քայլը ուրուագծեց. «Եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի»։

13 Ան ըսաւ՝ «ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ» քեզի հետ։ Ան չըսաւ որ առաջին քայլը առնելէ ետք, ազատ էք խնդրին մասին շատերուն խօսելու, շրջանային տեսուչին հետ շփման մէջ գալու, կամ այդ խնդրին մասին եղբայրներուն գրելու։ Դուք որքան ալ համոզուած ըլլաք գործուած սխալին մասին, տակաւին անիկա լիովին հաստատուած չէ։ Պիտի չուզէիք սխալ տեղեկութիւն մը տարածել, որ ի վերջոյ ձեր կողմէ եղած բամբասանք պիտի նկատուէր։ (Առակաց 16։28. 18։8) Բայց Յիսուս ըսաւ որ ձեզի հետ մէկ կամ երկու հոգի առէք։ Ինչո՞ւ։ Իսկ անոնք որո՞նք կրնան ըլլալ։

14. Երկրորդ քայլին համար որո՞նք կրնանք մեր հետ տանիլ։

14 Դուք կը փորձէք ձեր եղբայրը շահիլ զինք համոզելով որ մեղք մը գործուած է եւ քաջալերելով որ ան զղջայ, որպէսզի ձեզի ու Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ ըլլայ։ Ասիկա իրագործելու համար, իտէալ կացութիւն պիտի ըլլար եթէ այդ ‘մէկ կամ երկու հոգին’ սխալին ականատեսները եղած ըլլային։ Թերեւս անոնք ներկայ էին երբ անիկա տեղի ունեցաւ, կամ վաւերական տեղեկութիւն ունին թէ առեւտրական հարցի մը մէջ ի՛նչ կատարուած էր (կամ չէր)։ Եթէ կարելի չէ, ձեր բերելիք անհատները պէտք է խնդրոյ առարկայ հարցին մէջ փորձառութիւն ունեցողներ ըլլան, որպէսզի կարենան հաստատել թէ պատահածը իրապէս սխալ մըն էր թէ ոչ։ Մանաւանդ, հետագային անոնք կրնան ըսուած բաներուն որպէս վկայ գործածուիլ, ներկայացուած իրողութիւնները հաստատելու եւ թափուած ջանքերը ներկայացնելու համար։ (Թուոց 35։30. Բ. Օրինաց 17։6) Ուստի անոնք միայն չէզոք կողմեր ու միջնորդներ չեն. անոնց ներկայութեան նպատակն է ձեր եւ իրենց եղբայրը շահիլ։

15. Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչպէս կրնան օգտակար ըլլալ, եթէ երկրորդ քայլը առնելու հարկադրուած ենք։

15 Պէտք չէ խորհիք որ ձեր բերելիք տղամարդիկը ժողովքին երէցները պէտք է ըլլան։ Սակայն, երէց եղող հասուն տղամարդիկ կրնան օգտակար ըլլալ իրենց հոգեւոր որակումներով։ Այսպիսի երէցներ՝ «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» են։ (Եսայեայ 32։1, 2) Անոնք եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ տրամաբանելու եւ զանոնք ուղղութեան բերելու փորձառութիւնը ունին։ Իսկ յանցագործը ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդոց’ վրայ վստահութիւն ունենալու լաւ պատճառներ ունի։c (Եփեսացիս 4։8, 11, 12) Այսպիսի հասուն տղամարդոց ներկայութեան հարցը ծեծելը եւ անոնց հետ աղօթքի մասնակցիլը կրնայ նոր մթնոլորտ մը ստեղծել եւ լուծել այն ինչ որ անլուծելի կը թուէր։—Համեմատել՝ Յակոբու 5։14, 15

Զինք Շահելու Վերջին Ջանք մը

16. Յիսուսի ուրուագծած երրորդ քայլը ի՞նչ է։

16 Եթէ երկրորդ քայլը ձախողի, երրորդ քայլին մէջ վերջապէս ժողովքին տեսուչները կը մտնեն։ «Եթէ անոնց [մէկ կամ երկու հոգիին] ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Ասիկա ի՞նչ հետեւանք կ’ունենայ։

17, 18. (ա) Ի՞նչ նախօրինակ մեզի կ’օգնէ որ ‘եկեղեցիին ըսելու’ իմաստը հասկնանք։ (բ) Այսօր այս քայլը ի՞նչպէս կը կիրարկենք։

17 Ասիկա չենք նկատեր մեղքը կամ սխալը ամբողջ ժողովքին գիտցնելու համար կանոնաւոր կամ մասնաւոր ժողով գումարելու որպէս ցուցմունք։ Հարկ եղած գործընթացը կրնանք որոշել Աստուծոյ Խօսքէն։ Նկատի առէք որ վաղեմի Իսրայէլի մէջ ի՛նչ կը կատարուէր ըմբոստութեան, որկրամոլութեան եւ գինովութեան պարագային. «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքին բնաւ մտիկ չըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չհնազանդիր, այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. ‘Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքին մտիկ չըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է’. այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա»։—Բ. Օրինաց 21։18-21

18 Ամբողջ ազգը կամ իր ամբողջ ցեղախումբը մարդուն մեղքերը չլսեցին եւ զինք չդատեցին։ Այլ, ճանչցուած «ծերեր» խնդրին նայեցան, որպէս ժողովքին ներկայացուցիչները։ (Համեմատել՝ Բ. Օրինաց 19։16, 17–ը, որ կը խօսի թէ դատ մը «այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն» կողմէ ձեռք կ’առնուէր։) Այսօր ալ, երբ երրորդ քայլը առնելու կարիքը տեսնուի, ժողովքը ներկայացնող երէցները խնդիրը ձեռք կ’առնեն։ Անոնց նպատակակէտն ալ նոյնն է՝ եթէ կարելի է, շահիլ Քրիստոնեայ եղբայրը։ Անոնք ասիկա կը ցոլացնեն ազնուութիւն ցոյց տալով, առանց կանխադատողութեան կամ աչառութեան։

19. Հարցը մտիկ ընելու համար որոշուած երէցները ի՞նչ պիտի ջանան ընել։

19 Անոնք կը ջանան իրողութիւնները կշռել եւ հարկ եղած վկայութիւնները լսել, որոշելու համար թէ իրապէս մեղք մը գործուած է (կամ կը շարունակուի գործուիլ) թէ ոչ։ Անոնք կ’ուզեն ժողովքը պաշտպանել ապականութենէ եւ աշխարհի հոգին անկէ դուրս պահել։ (Ա. Կորնթացիս 2։12. 5։7) Սուրբ գրային իրենց որակումներուն համաձայն, անոնք կը ջանան «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել»։ (Տիտոս 1։9) Յուսալով որ յանցագործը պիտի չըլլայ այն Իսրայելացիներուն նման, որոնց մասին Եհովայի մարգարէն գրեց. «Կանչեցի ու պատասխան չտուիք, խօսեցայ ու մտիկ չըրիք, հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։—Եսայեայ 65։12

20. Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ որ տեղի պէտք է ունենայ, եթէ մեղաւորը մերժէ մտիկ ընել ու զղջալ։

20 Համեմատաբար քիչ պարագաներու սակայն, յանցագործը այսպիսի կեցուածք մը կը յայտնաբերէ։ Եթէ այս ըլլայ անոր կեցուածքը, Յիսուսի տուած ցուցմունքը յստակ է. «Հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ Տէրը անմարդկային ըլլալ կամ վնաս հասցնել չյանձնարարեց։ Սակայն, անզեղջ մեղաւորները ժողովքէն վտարելու Պօղոս առաքեալի ցուցմունքը յստակ է։ (Ա. Կորնթացիս 5։11-13) Նոյնիսկ այս քայլը ի վերջոյ մեղաւորը շահելու կրնայ նպաստել։

21. Ժողովքէն վտարուածի մը դիմաց ի՞նչ կարելիութիւն կը մնայ։

21 Այս հաւանականութիւնը կրնանք տեսնել Յիսուսի անառակ որդիի առակով։ Ինչպէս բացատրուած է, ժամանակ մը իր հօրը սիրալիր տունէն դուրս մնալէ ետք, այդ մեղաւորը ‘ինքզինքին եկաւ’։ (Ղուկաս 15։11-18) Պօղոս Տիմոթէոսի յիշեցուց որ կարգ մը յանցագործներ ժամանակի ընթացքին պիտի զղջային եւ «Սատանային որոգայթէն զգաստանային»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24-26) Անշուշտ, մեր յոյսն է որ ամէն անոնք որ առանց զղջալու կը մեղանչեն եւ կը վտարուին ժողովքէն, պիտի անդրադառնան իրենց կորուստին՝ Աստուծոյ հաճութեան եւ հաւատարիմ Քրիստոնեաներու ջերմ ընկերակցութեան ու ընկերային շփումի կորուստին՝ եւ պիտի զգաստանան։

22. Տակաւին ի՞նչպէս կրնանք մեր եղբայրը շահիլ։

22 Յիսուս հեթանոսները եւ մաքսաւորները անփրկուելի չնկատեց։ Վերջիններէն մէկը՝ Մատթէոս Ղեւի՝ զղջաց, անկեղծօրէն ‘Յիսուսի ետեւէն գնաց’, եւ նոյնիսկ որպէս առաքեալ ընտրուեցաւ։ (Մարկոս 2։15. Ղուկաս 15։1) Հետեւաբար, ներկայիս եթէ մեղաւոր մը «եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ» եւ անկէ վտարուի, կրնանք ակնկալել որ ժամանակի ընթացքին զղջայ եւ շիտակ ճամբու մէջ քալէ։ Երբ ասիկա ընէ եւ ժողովքին վերադառնայ, ուրախ պիտի ըլլանք որ մեր եղբայրը ճշմարիտ պաշտամունքի փարախին վերադարձաւ։

[Ստորանիշներ]

a Մգլինթոկի ու Սթրոնկի Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Նոր Կտակարանի Պետական պաշտօնեաները [մաքսահաւաքները], նկատուած էին որպէս մատնիչներ եւ դասալիքներ, հեթանոսներուն հետ իրենց ունեցած յաճախակի յարաբերութիւններէն ապականուած ըլլալով՝ հարստահարիչներու յօժարակամ գործիքներ։ Անոնք մեղաւորներուն . . . հետ դասուած էին, . . . պարկեշտ կեանք ունեցող մարդիկ անոնցմէ մեկուսացած ըլլալով, անոնց միակ բարեկամները եւ ընկերները կը գտնուէին անոնց մէջ, որոնք իրենց նման, ընկերութենէն վտարուածներ էին»։

b Որոշ չափով խաբեբայութիւն եւ խարդախութիւն պարունակող առեւտրական կամ դրամական հարցեր Յիսուսի ըսած մեղքին մէջ կ’իյնան։ Ասոր կը նշէ, Մատթէոս 18։15-17–ի ցուցմունքէն ետք, պարտք ունեցող ու վճարելու կարողութիւն չունեցող ծառաներուն (գործաւորներուն) մասին Յիսուսի տուած առակը։

c Աստուածաշունչի ուսումնական մը ըսաւ. «Երբեմն կը պատահի որ յանցագործ մը շատ աւելի ընդունի խրատը, երբ երկու կամ երեք հոգի են (մանաւանդ եթէ անոնք յարգարժան անհատներ ըլլան) զայն տուողը, քան՝ երբ մէկ հոգի է. մանաւանդ երբ այդ մէկը անհատ մըն է՝ որու հետ տարակարծութիւններ ունեցած է»։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Մատթէոս 18։15-17–ն գլխաւորաբար ի՞նչպիսի մեղքերու կը կիրարկուի։

◻ Եթէ առաջին քայլը պիտի առնենք, ի՞նչ բան պէտք է յիշենք։

◻ Եթէ երկրորդ քայլը առնելու ստիպուած ենք, որո՞նք կրնան օգնել մեզի։

◻ Երրորդ քայլի պարագային որո՞նք խնդրին մէջ կը մտնեն, եւ տակաւին ի՞նչպէս կրնանք շահիլ մեր եղբայրը։

[Նկար՝ էջ 18]

Հրեաները կը խուսափէին մաքսաւորներէն։ Մատթէոս իր ընթացքը փոխեց եւ Յիսուսի հետեւորդ մը եղաւ

[Նկար՝ էջ 20]

Յաճախ կրնանք հարցը լուծել «չորս աչքերու տակ»

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել