Աստուծոյ մարգարէները օրինակ առէք
«Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան»։—ՅԱԿՈԲՈՒ 5։10
1. Ի՞նչ բան կ’օգնէ Եհովայի ծառաներուն որ ուրախ ըլլան, նոյնիսկ երբ հալածուած են։
ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները ուրախութիւն կը ճառագայթեն, հակառակ անոր որ այս վերջին օրերուն համայն աշխարհը երթալով վատ տրամադրութեան մէջ կ’ընկղմի։ Անոնք ուրախ են, քանի որ գիտեն թէ Աստուծոյ հաճելի են։ Եհովայի Վկաները հալածանքի ու հակառակութեան ներքեւ ալ իրենց հանրային ծառայութեան կառչած կը մնան, գիտակցելով որ արդարութեան համար կը տառապին։ Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասնզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ (Մատթէոս 5։10–12) Արդարեւ, երբ հաւատքի համար փորձութիւն մը կը դիմագրաւեն, Աստուծոյ ծառաները ուրախութիւն կը սեպեն զայն։—Յակոբու 1։2, 3
2. Ըստ Յակոբու 5։10–ին, ի՞նչ բան կ’օգնէ մեզի որ համբերենք։
2 Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու եւ համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան»։ (Յակոբու 5։10) Ու. Ֆ. Առնթ եւ Ֆ. Ու. Ճինկռիչ հոս գործածուած Յունարէն «օրինակ» (հիփոտէյկմա) բառը կը թարգմանեն որպէս «օրինակ, տիպար, նմոյշ՝ լաւ առումով, բան մը որ կը մղէ ու պէտք է մղէ անհատին որ ուզէ ընդօրինակել զայն»։ Ինչպէս ցոյց կը տրուի Յովհաննու 13։15–ին մէջ, «ասիկա օրինակէ մը աւելին է։ Ատիկա նախատիպ մըն է»։ (Theological Dictionary of the New Testament) Ուրեմն, Եհովայի արդի ծառաները կրնան իր հաւատարիմ մարգարէները օրինակ առնել «չարչարանքներու եւ համբերութեան» հետ կապակցաբար։ Երբ անոնց կեանքը կ’ուսումնասիրենք, ուրիշ ի՞նչ կրնանք նկատել։ Իսկ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ մեզի մեր քարոզչութեան մէջ։
Անոնք Չարչարուեցան
3, 4. Ամովս մարգարէն Ամասիայի կողմէ եկած հակառակութեան ինչպէ՞ս հակազդեց։
3 Եհովայի մարգարէները յաճախ չարչարանք կրեցին կամ նախատուեցան։ Մեր Հասարակ Դարաշրջանէն առաջ Թ. դարուն, զոր օրինակ, հորթ պաշտող Ամասիա քահանան չարութեամբ հակառակեցաւ Ամովս մարգարէին։ Ամասիա ամբաստանեց թէ Ամովս Յերոբովամ Բ. թագաւորին դէմ կը դաւաճանէր, երբ կը մարգարէանար թէ ան սուրով պիտի մեռնէր եւ թէ Իսրայէլ գերի պիտի տարուէր։ Ամասիա արհամարհանքով Ամովսի ըսաւ. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։ Հոն կաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։ Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ, քանզի ասիկա թագաւորին սրբարանն է ու թագաւորութեանը տունն է»։ Այս բերանացի յարձակումը չկասեցուց Ամովսը։ Ան պատասխանեց. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։ Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ եւ ինծի ըսաւ. ‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ’»։—Ամովսեայ 7։10–15
4 Եհովայի հոգին զօրացուց Ամովսը, որպէսզի խիզախօրէն մարգարէանայ։ Երեւակայեցէք Ամասիայի հակազդեցութիւնը, երբ Ամովս ըսաւ. «Հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛. Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ, քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան, քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։ Այս մարգարէութիւնը կատարուեցա՛ւ։ (Ամովսեայ 7։16, 17) Հաւատուրաց Ամասիան որքա՜ն ցնցուած ըլլալու էր։
5. Եհովայի արդի ծառաներուն եւ Ամովս մարգարէին միջեւ ի՞նչ զուգահեռ մը կը գտնենք։
5 Ներկայիս ալ Աստուծոյ ժողովուրդին վիճակը նոյնն է։ Մենք, Աստուծոյ պատգամաբերներս, չարութիւն կը կրենք, իսկ շատեր մեր քարոզչութեան մասին արհամարհանքով կը խօսին։ Ճիշդ է որ քարոզելու մեր հեղինակութիւնը աստուածաբանական դպրոցէ մը չենք ստացած։ Այլ Եհովայի հոգին կը դրդէ մեզ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանենք։ Մենք Աստուծոյ պատգամը ո՛չ կը փոխենք եւ ոչ ալ կը մեղմացնենք։ Այլ, Ամովսին նման, հլու հնազանդ զայն կը ծանուցանենք, առանց նկատի առնելու լսողներուն հակազդեցութիւնը։—Բ. Կորնթացիս 2։15–17
Անոնք Համբերեցին
6, 7. (ա) Եսայիի մարգարէութիւնը ի՞նչ յատկանիշ ունէր։ (բ) Եհովայի արդի ծառաները ինչպէ՞ս Եսայիին նման կը վարուին։
6 Աստուծոյ մարգարէները համբերեցին։ Օրինակի համար, Եսայի, որ Հ.Դ.Ա. Թ. դարուն կը ծառայէր որպէս մարգարէ, համբերեց։ Աստուած անոր ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։ Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր եւ ականջները ծանրացուր ու անոր աչքերը գոցէ, որպէսզի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։ (Եսայեայ 6։9, 10) Արդարեւ, ժողովուրդը այս վերաբերմունքը ունեցաւ։ Բայց ասիկա պատճառ եղա՞ւ որ Եսայի հեղգանայ։ Ո՜չ. ընդհակառակը, ան համբերութեամբ ու եռանդով ծանուցանեց Եհովայի ազդարարական պատգամները։ Վերոյիշեալ Աստուծոյ խօսքերուն Եբրայերէն կառոյցը այն գաղափարը կու տայ որ մարգարէին ծանուցումները «երկարօրէն շարունակուեցան», մարդիկ ‘լսելով պիտի լսէին’։—Gesenius’ Hebrew Grammar
7 Այսօր մարդիկ բարի լուրին հանդէպ նոյն կեցուածքը ունին, ինչպէս անոնք ունեցան Եսայիի կողմէ հաղորդուած Եհովայի խօսքերուն հանդէպ։ Մենք ալ, այդ հաւատարիմ մարգարէին նման, Թագաւորութեան պատգամը ‘կրկին անգամ կը լսեցնենք’։ Ասիկա կ’ընենք եռանդով եւ համբերատար յարատեւութեամբ, քանի որ ասիկա է Եհովայի կամքը։
«Տէրոջը Իրենց Պատուիրածին Պէս Ըրին»
8, 9. Եհովայի մարգարէն Մովսէս ի՞նչ կերպերով գեղեցիկ օրինակ մըն է։
8 Համբերութեան ու հնազանդութեան մէջ, Մովսէս մարգարէն օրինակելի էր։ Ան նախընտրեց գերեվարուած Իսրայելացիներուն կողքին դիրք բռնել, բայց համբերութեամբ պէտք էր սպասէր մինչեւ անոնց ազատագրումը։ Ան շուրջ 40 տարի Մադդիամու մէջ ապրեցաւ մինչեւ որ Աստուած զինք գործածեց Իսրայելացիները գերութենէ ազատագրելու համար։ Երբ Մովսէս ու իր եղբայրը՝ Ահարոն՝ Եգիպտոսի կառավարիչին դիմաց էին, անոնք հնազանդութեամբ ըսին եւ ըրին ի՛նչ որ Աստուած պատուիրած էր իրենց։ Արդարեւ, անոնք «Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին»։—Ելից 7։1–6. Եբրայեցիս 11։24–29
9 Երբ Իսրայելացիները 40 տարի անապատին մէջ անցուցին, Մովսէս համբերութեամբ տոկաց անապատային կոպիտ կեանքին։ Ան դարձեալ հնազանդութեամբ հետեւեցաւ Իսրայէլի տաղաւարը կառուցանելու եւ Եհովայի պաշտամունքին համար ուրիշ բաներ շինելու աստուածային առաջնորդութեան։ Մարգարէն ա՛յնքան մօտէն հետեւեցաւ Աստուծոյ հրահանգներուն, որ կը կարդանք. «Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ»։ (Ելից 40։16) Երբ Եհովայի կազմակերպութեան ընկերակցութեամբ մեր ծառայութիւնը կը կատարենք, յիշենք Մովսէսի հնազանդութիւնը եւ «ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէք» Պօղոսի խրատին ենթարկուինք։—Եբրայեցիս 13։17
Անոնք Դրական Կեցուածք մը Ունեցան
10, 11. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Ովսէ մարգարէն դրական կեցուածք մը ունէր։ (բ) Երբ մեր թաղամասին մէջ մարդոց կը մօտենանք, ինչպէ՞ս կրնանք դրական տեսակէտ մը պահել։
10 Հարկ էր որ մարգարէները դրական կեցուածք մը ունենային, երբ դատաստանական պատգամներ ու մարգարէութիւններ կու տային, որոնք Իսրայէլի մէջ ցրուած հաւատարիմներուն հանդէպ Աստուծոյ սիրալիր հետաքրքրութիւնը կ’արտացոլացնէին։ Այս էր պարագան Ովսէի, որ շուրջ 59 տարի ծառայեց որպէս մարգարէ։ Ան դրականօրէն շարունակեց Եհովայի պատգամները ծանուցանել, իսկ ան իր մարգարէական գիրքը եզրափակեց հետեւեալ խօսքերով. «Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ, կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։ Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն. բայց յանցաւորները ատոնց մէջ պիտի գլորին»։ (Ովսեայ 14։9) Ա՛յնքան ատեն որ Եհովա թոյլ կու տայ որ վկայութիւն տանք, անոր հանդէպ դրական կեցուածք մը ունենանք եւ շարունակենք փնտռել այնպիսի անհատներ որոնք Եհովայի անարժան ողորմութիւնը ընդունելու իմաստութիւնը ունին։
11 ‘Արժանի եղողները’ գտնելու համար, պէտք է յարատեւենք եւ հարցերը դրականօրէն դիտենք։ (Մատթէոս 10։11) Օրինակի համար, եթէ մեր բանալիները կորսնցնենք, կրնանք ետ քայլ ընել եւ փնտռել այն տեղերը ուր նախապէս գտնուած էինք։ Ասիկա քանի մը անգամ ընելէն ետքն է որ կրնանք գտնել զանոնք։ Նմանապէս ոչխարանման անհատները փնտռելու մէջ յարատեւենք։ Որքա՜ն կ’ուրախանանք, երբ անոնք յաճախ աշխատցուած թաղամասերուն մէջ բարի լուրին ընդառաջեն։ Իսկ որքա՜ն կ’ուրախանանք որ Աստուած կ’օրհնէ մեր աշխատանքը այն երկիրներուն մէջ, ուր նախապէս մեր հանրային ծառայութիւնը սահմանափակ էր։—Գաղատացիս 6։10
Քաջալերութեան Աղբիւրներ
12. Յովելի ո՞ր մարգարէութիւնը Ի. դարու կատարում մը կ’ունենայ եւ ինչպէ՞ս։
12 Եհովայի մարգարէներուն խօսքերը կրնան մեզ մեծապէս խրախուսել մեր ծառայութեան մէջ։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Յովելի մարգարէութիւնը։ Անիկա դատաստանական պատգամներ կը պարունակէ, որոնք հաւատուրաց Իսրայելացիներուն եւ Հ.Դ.Ա. Թ. դարուն ապրող ուրիշներուն ուղղուած էին։ Սակայն Յովել հետեւեալը մարգարէացաւ. «Ասկէ յետոյ իմ հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։ Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ հոգիս պիտի թափեմ»։ (Յովելեայ 2։28, 29) Ասիկա կատարուեցաւ Յիսուսի հետեւորդներուն վրայ, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Իսկ այս մարգարէութեան ի՜նչ հոյակապ մէկ կատարումը կը տեսնենք այս Ի. դարուն։ Ներկայիս միլիոնաւորներ ‘կը մարգարէանան’ կամ կը ծանուցանեն Եհովայի պատգամը, որոնցմէ աւելի քան 600,000–ը լման ժամանակով ծառայող ռահվիրաներ են։
13, 14. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել երիտասարդ Քրիստոնեաներուն որ քարոզչութեան մէջ ուրախութիւն գտնեն։
13 Թագաւորութեան հրատարակիչներէն շատեր երիտասարդներ են։ Անոնց համար միշտ դիւրին չէ իրենցմէ տարեցներուն հետ Աստուածաշունչին մասին խօսիլ։ Անոնք երբեմն Եհովայի պատանի ծառաներուն կ’ըսեն. ‘Քարոզելով քու ժամանակդ կը վատնես’, կամ՝ ‘Ասոր տեղ ուրիշ բանով զբաղուէ’։ Երիտասարդ Եհովայի Վկաները փափկանկատութեամբ կրնան ըսել, որ կը ցաւին թէ անհատը հարցը այդպէս կը դիտէ։ Բարի լուրի երիտասարդ քարոզիչ մը կ’աւելցնէ. «Ես կը խորհիմ որ ինծի համար իրապէս օգտակար է ձեզի նման ինծմէ տարեց անհատներուն հետ խօսիլ եւ ես ասկէ հաճոյք կ’առնեմ»։ Անշուշտ բարի լուրը քարոզելը վստահաբար ժամանակի վատնում չէ։ Կեանքեր խնդրոյ առարկայ են։ Յովելի միջոցաւ, Աստուած շարունակեց ըսել. «Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի»։—Յովելեայ 2։32
14 Իրենց ծնողքին ընկերակցութեամբ Թագաւորութիւնը քարոզելուն մասնակցող երախաները օգուտ կը քաղեն անձնական նպատակակէտեր դնելով։ Այս պզտիկները քայլ առ քայլ կը յառաջդիմեն, համար մը կարդալ սկսելով, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած իրենց յոյսը բացատրելով եւ հետաքրքրուած անհատներու պատշաճ գրականութիւններ հրամցնելով։ Երբ իրենց անձնական յառաջդիմութիւնը եւ Եհովայի օրհնութիւնը տեսնեն, Թագաւորութեան երիտասարդ հրատարակիչները կրնան բարի լուրը քարոզելուն մէջ մեծ ուրախութիւն գտնել։—Սաղմոս 110։3. 148։12, 13
Եռանդ եւ Սպասումի Վիճակ
15. Եզեկիէլի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ Թագաւորութիւնը քարոզելու հանդէպ մեր եռանդը բոցավառել։
15 Աստուծոյ մարգարէները եռանդ ցուցաբերելու եւ սպասումի վիճակ ունենալու մէջ ալ օրինակներ էին. մենք ալ այսօր մեր ծառայութեան մէջ այս բարեմասնութիւններուն պէտք ունինք։ Երբ առաջին անգամ Աստուծոյ Խօսքէն ճշմարտութիւնը սորվեցանք, հաւանաբար եռանդով վարուեցանք, ինչ որ մղեց մեզի որ այդ մասին համարձակօրէն խօսինք։ Սակայն թերեւս անկէ ի վեր տարիները սահած են, իսկ մեր թաղամասը լաւ աշխատցուած է։ Այլեւս աւելի քիչ անհատներ կ’ընդունին Թագաւորութեան պատգամը։ Ասիկա մեր եռանդը նուազեցուցա՞ծ է։ Եթէ այո, նկատի առէք Եզեկիէլ մարգարէն որու անունը կը նշանակէ «Աստուած կը Զօրացնէ»։ Թէեւ Եզեկիէլ վաղեմի խստապարանոց մարդոց հետ դէմ յանդիման եկաւ, բայց Աստուած զինք զօրացուց եւ, փոխաբերական իմաստով, իր ճակատը վէմէն կարծր դարձուց։ Այս կերպով, Եզեկիէլ շատ երկար տարիներ իր ծառայութիւնը շարունակեց, մարդիկ մտիկ ըրին կամ ոչ։ Իր օրինակը ցոյց կու տայ որ մենք ալ կրնանք նոյնը ընել եւ անիկա կրնայ քարոզչութեան մեր եռանդը բոցավառելուն նպաստել։—Եզեկիէլ 3։8, 9. Բ. Տիմոթէոս 4։5
16. Միքիայի ո՞ր կեցուածքը պէտք է մշակենք։
16 Միքիան համբերութեան աչքառու տիպար մըն էր, որ Հ.Դ.Ա. Թ. դարուն մարգարէացաւ։ Ան գրեց. «Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյ պիտի յուսամ. իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ»։ (Միքիայ 7։7) Միքիայի վստահութիւնը իր զօրաւոր հաւատքին մէջ արմատացած էր։ Եսայի մարգարէին նման, Միքիան գիտէր որ Եհովա ի՛նչ որ ծրագրած է անպայման պիտի ընէ։ Մենք ալ գիտենք ասիկա։ (Եսայեայ 55։11) Ուստի մենք ալ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման հանդէպ սպասումի վիճակ մը ունենանք. իսկ բարի լուրը եռանդով քարոզենք, նոյնիսկ այն շրջաններուն մէջ, ուր մարդիկ շատ քիչ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ։—Տիտոս 2։14. Յակոբու 5։7–10
Համբերել՝ Մեր Օրերուն
17, 18. Հին եւ արդի ի՞նչ օրինակներ կրնան օգնել մեզի որ համբերենք։
17 Աստուծոյ մարգարէներէն ոմանք իրենց նշանակումը տարիներ համբերութեամբ շարունակեցին, բայց իրենց մարգարէութիւններուն կատարումը չտեսան։ Սակայն, անոնց համբերատար յարատեւութիւնը, յաճախ նախատինքի դիմաց, մեզի կ’օգնէ հասկնալու որ մենք ալ կրնանք մեր ծառայութիւնը կատարել։ Ի. դարու առաջին տասնամեակներուն ապրած հաւատարիմ օծեալներու օրինակներէն ալ կրնանք օգտուիլ։ Թէեւ իրենց երկնային յոյսը իրենց ակնկալածին չափ շուտ չիրականացաւ, սակայն անոնք թոյլ չտուին որ այս երեւութական ուշացումը իրենց յայտնուած Աստուծոյ կամքը կատարելու նկատմամբ իրենց եռանդը նուազեցնէ։
18 Այս հաւատարիմ Քրիստոնեաները տարիներով կանոնաւորաբար ցրուեցին Դիտարան եւ Զարթի՛ր (նախապէս կոչուած՝ Ոսկեդար եւ ապա՝ Մխիթարութիւն) պարբերաթերթերը։ Անոնք այս արժէքաւոր պարբերաթերթերը եռանդով մարդոց մատչելի դարձուցին փողոցներուն մէջ եւ իրենց տուները, ինչ որ ներկայիս պարբերաթերթի կանոնաւոր բաշխում կը կոչենք։ Տարեց քոյր մը որ իր երկրային ընթացքը աւարտեց, իր բացակայութիւնը անմիջապէս նշմարուեցաւ անցորդներուն կողմէ, որոնք սովորութիւն ունէին զայն փողոցին մէջ ուրիշներուն վկայելով զբաղած տեսնել։ Իր տարիներու հաւատարիմ ծառայութեան ընթացքին, ան որքա՜ն վկայութիւն տուաւ, ինչպէս կը տեսնուի իր հանրային ծառայութեան ընթացքին զինք դիտողներուն գնահատական ակնարկներէն։ Որպէս Թագաւորութեան հրատարակիչ մը, դուք ալ Դիտարանը եւ Զարթի՛րը կանոնաւորաբար ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած անհատներուն ձեռքերուն մէջ կը դնէ՞ք։
19. Եբրայեցիս 6։10–12–ը ի՞նչ քաջալերութիւն կու տայ մեզի։
19 Նկատի առէք նաեւ, այն եղբայրներուն համբերութիւնն ու հաւատարիմ ծառայութիւնը, որոնք կը ծառայեն որպէս Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմնի անդամներ։ Անոնց մեծամասնութիւնը ներկայիս իրենց ութսունական կամ ինիսունական տարիքին մէջ է, սակայն անոնք տակաւին Թագաւորութեան հրատարակիչներ են, որոնք նախանձախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց նշանակուած պարտականութիւնները։ (Եբրայեցիս 13։7) Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել երկնային յոյս ունեցող միւս տարեցներուն մասին, կամ նոյնիսկ «ուրիշ ոչխարներ»էն եղող կարգ մը անհատներուն մասին, որոնք տարիքով յառաջացած են։ (Յովհաննու 10։16) Անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ Աստուած անիրաւ չէ որ իրենց գործը եւ իր անուան հանդէպ անոնց սէրը մոռնայ։ Երիտասարդ հաւատակիցներուն հետ, Եհովայի տարեց Վկաները թող շարունակեն իրենց կարելին ընել, հաւատք ի գործ դնելով եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ համբերելով։ (Եբրայեցիս 6։10–12) Այն ատեն, ըլլայ յարութեամբ՝ ինչպէս վաղեմի մարգարէներուն պարագային՝ թէ գալիք «մեծ նեղութենէն» ուղղակի վերապրումով, անոնք յաւիտենական կեանքի ճոխ վարձատրութիւնը պիտի հնձեն։—Մատթէոս 24։21
20. (ա) Մարգարէներուն «օրինակ»ներէն ի՞նչ սորվեցանք։ (բ) Մարգարէներուն նման համբերութիւն ունենալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։
20 Աստուծոյ մարգարէները ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը թողած են մեզի։ Քանի որ տառապանքներու տոկացին, համբերեցին եւ ուրիշ աստուածային յատկութիւններ ցուցաբերեցին, անոնք առանձնաշնորհումը ունեցան Եհովայի անունովը խօսելու։ Իր արդի Վկաները ըլլալով, մենք ալ անոնց նմանինք եւ Ամբակում մարգարէին նման վճռակամ ըլլանք, որ ըսաւ. «Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ ու պարըսպին վրայ պիտի կայնիմ։ Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի [Աստուած]»։ (Ամբակումայ 2։1) Մենք ալ նման վճռակամութեամբ համբերենք եւ ուրախութեամբ շարունակենք մեր Հոյակապ Ստեղծիչին՝ Եհովայի՝ անունը հանրապէս յայտարարել։—Նէեմեայ 8։10. Հռովմայեցիս 10։10
Այս Կէտերը Ըմբռնեցի՞ք
◻ Ամովս մարգարէն ի՞նչ քաջառի օրինակ մը հանդիսացաւ։
◻ Մովսէս մարգարէն ի՞նչ կերպերով օրինակելի էր։
◻ Եհովայի արդի Վկաները ինչպէ՞ս Ամովսին ու Եսայիին նման կը վարուին։
◻ Քրիստոնեայ քարոզիչներ ի՞նչ կրնան սորվիլ Ովսէի ու Յովելի վարքէն։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Եզեկիէլի ու Միքիայի օրինակներէն։
[Նկար՝ էջ 24]
Հակառակ Ամասիայի կոպիտ հակառակութեան, Եհովայի հոգին զօրացուց Ամովսը որ խիզախօրէն մարգարէանայ
[Նկար՝ էջ 26]
Հաւատարիմ օծեալներ գեղեցիկ օրինակներ հանդիսացած են Եհովայի ծառայութեան մէջ համբերելով