Ձեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգեցէք
«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը [մտահոգութիւնը (ՆԱ)] անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։6, 7
1. Մտահոգութիւնը ի՞նչպիսի ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք օրինակով մը պատկերացնել։
ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ կրնայ խորապէս ազդել մեր կեանքին։ Կարելի է զայն նմանցնել այն խառնակիչ ձայներուն որոնք երբեմն ձայնասփիւռէն գեղեցիկ մեղեդի մը ունկնդրելը կը խանգարեն։ Եթէ ձայնասփիւռի ալիքներուն վրայ խանգարում չըլլայ, կարելի է հաճելի երաժշտութիւններ ունկնդրել, որոնք հանդարտ վիճակ մը կը յառաջացնեն։ Սակայն, այդ խառնակիչ ու քերիչ ձայները կրնան նոյնիսկ ամենասիրուն նուագը խեղաթիւրել եւ այսպիսով մեզ բարկացնել ու ջղայնացնել։ Մտահոգութիւնը կրնայ նոյնանման ազդեցութիւն մը ունենալ մեր հանդարտ վիճակին վրայ։ Անիկա կրնայ ա՛յնչափ ընկճել մեզ որ ի վիճակի չենք ըլլար կենսական հարցերու ուշադրութիւն ընծայելու։ Արդարեւ, «մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը [անձկալից հոգը (ՆԱ)] զանիկա կը ճնշէ»։—Առակաց 12։25
2. Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ըսաւ «կեանքի մտահոգութիւններ»ուն մասին։
2 Յիսուս Քրիստոս չափազանց մտահոգութեան պատճառաւ մտացիր ըլլալու վտանգին մասին խօսեցաւ։ Վերջին օրերուն նկատմամբ իր մարգարէութեան մէջ, ան յորդորեց. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով [կեանքի մտահոգութիւններով (ՆԱ)] ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասնզի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։ (Ղուկաս 21։34–36) Ինչպէս որ կերուխումն ու գինովութիւնը կրնան մտային դանդաղկոտ վիճակ մը յառաջացնել, այդպէս ալ «կեանքի մտահոգութիւններով» ծանրանալը կրնայ պատճառ ըլլալ որ մենք մեր մտային հեռանկարը կորսնցնենք, եղերական հետեւանքներ ունենալով։
Մտահոգութիւնը Սահմանենք
3. «Մտահոգութիւն»ը ինչպէ՞ս սահմանուած է, եւ անոր պատճառներէն քանի մը հատը ի՞նչ են։
3 «Մտահոգութիւն» բառը սահմանուած է որպէս «մտքի ցաւալի կամ անձկալից անհանգստութիւն սով[որաբար] մօտալուտ վտանգի մը կամ ակնկալուած աղէտի մը վրայ»։ Անիկա «վախազդեցիկ մտազբաղութիւն կամ հետաքրքրութիւն» մըն է, ինչպէս նաեւ «անձկութեան ու վախի անբնական եւ ջախջախիչ վիճակ մը որ յաճախ կը բնորոշուի բնախօսական նշաններով (ինչպէս՝ քրտնութիւն, լարուածութիւն եւ բազկերակի արագացում), վտանգին իրականութեան եւ բնոյթին նկատմամբ կասկածներով եւ անոր հետ գլուխ ելլելու անկարողութեան զգացումով»։ (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary) Ուստի, մտահոգութիւնը կրնայ բարդ խնդիր մը ըլլալ։ Անոր բազմաթիւ պատճառներուն մաս կը կազմեն հիւանդութիւնը, ծերութիւնը, ոճիրի վախը, գործի կորուստը եւ իր ընտանիքին բարօրութեանը համար հոգը։
4. (ա) Մարդոց ու անոնց մտահոգութիւններուն մասին ի՞նչ բան յիշելը լաւ է։ (բ) Եթէ մտահոգուած ենք, ի՞նչ կարելի է ընել։
4 Պարզ է որ մտահոգութեան տարբեր աստիճաններ կան, ինչպէս որ տարբեր պայմաններ կամ պարագաներ կան, որոնք կրնան ծնունդ տալ անոր։ Ամէն մարդ, իր պարագային բերմամբ, նոյն կերպով չի հակազդեր։ Հետեւաբար, պէտք է անդրադառնանք որ, երբ բան մը մեզ նոյնիսկ չի նեղեր, անիկա կրնայ դառն մտահոգութեան պատճառ ըլլալ Եհովայի ուրիշ երկրպագուներէն ոմանց համար։ Ի՞նչ կարելի է ընել, երբ մտահոգութիւնը հասնի այնպիսի աստիճանի մը որ ի վիճակի չենք ըլլար Աստուծոյ Խօսքին ներդաշնակ ու հաճելի ճշմարտութիւններուն վրայ կեդրոնանալ։ Ի՞նչ ընել, երբ մտահոգութիւնով ա՛յնքան հարուածուինք որ անկարող ըլլանք մեր միտքը պահել Եհովայի գերիշխանութեան եւ Քրիստոնեային ուղղամտութեան հարցերուն վրայ։ Թերեւս մեր ձեռքը չէ մեր պարագաները փոխել։ Սակայն, սուրբ գրային նշումներուն պէտք է դիմենք, որոնք պիտի օգնեն մեզի որ գլուխ ելլենք կեանքի փշոտ խնդիրներէն առթած անտեղի մտահոգութեան հետ։
Օգնութիւնը Մատչելի Է
5. Ինչպէ՞ս կրնանք Սաղմոս 55։22–ին համաձայն գործել։
5 Երբ հոգեւոր օգնութիւն ստանալու կարիքը ունին եւ մտահոգութիւններով բեռնաւորուած են, Քրիստոնեաները կրնան Աստուծոյ Խօսքէն մխիթարութիւն քաղել։ Անիկա վստահելի առաջնորդութիւն կը հայթայթէ եւ մեզ շատ կը հաւաստիացնէ թէ մենք՝ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներս՝ առանձին չենք։ Օրինակի համար, Սաղմոսերգու Դաւիթ երգեց. «Քու հոգդ [բեռդ (ՆԱ)] Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ։ Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։ (Սաղմոս 55։22) Ինչպէ՞ս կրնանք այս խօսքերուն համաձայն գործել։ Մեր բոլոր մտահոգութիւնները, մտազբաղութիւնները, վախերը եւ յուսախաբութիւնները մեր սիրալիր երկնաւոր Հօրը վրայ ձգելով։ Ասիկա պիտի օգնէ մեզի որ ապահովութեան զգացում մը ու սրտի հանդարտութիւն մը ունենանք։
6. Ըստ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին, աղօթքը ի՞նչպիսի օգնութիւն կրնայ ըլլալ մեզի։
6 Կանոնաւորաբար սրտաբուխ աղօթք մատուցանելը կենսական է մեր բեռը, մէջը ըլլալով՝ մեր ամէն մտահոգութիւնը, Եհովայի վրայ ձգելու համար։ Ասիկա ներքին խաղաղութիւն պիտի տայ մեզի, քանի որ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք [մի՛ մտահոգուիք (ՆԱ)], հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Աստուծոյ անբաղդատելի «խաղաղութիւնը» անսովոր հանդարտութիւն մըն է զոր Եհովայի նուիրուած ծառաները կը վայելեն, նոյնիսկ ամենէն դժուար պարագաներուն ներքեւ։ Ասիկա Աստուծոյ հետ մեր անձնական սերտ յարաբերութեան արդիւնքն է։ Երբ սուրբ հոգին ստանալու համար կ’աղօթենք եւ թոյլ կու տանք որ անիկա մեզ ուղղէ, կեանքի բոլոր խնդիրներէն չենք ձերբազատուիր, բայց հոգիին մէկ պտուղը՝ խաղաղութիւնը՝ կը վայելենք։ (Ղուկաս 11։13. Գաղատացիս 5։22, 23) Մենք մտահոգութիւններով չենք ջախջախուիր, քանի որ գիտենք որ Եհովա իր բոլոր հաւատարիմ ծառաները ‘ապահովութեամբ կը բնակեցնէ’ եւ թոյլ պիտի չտայ որ բան մը մնայուն վնաս պատճառէ անոնց։—Սաղմոս 4։8
7. Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչ դեր կրնան խաղալ մեզի օգնելով որ մենք մեր մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։
7 Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, երբ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ խոկալով եւ աղօթքի մէջ յարատեւելով հանդերձ, մեր մտահոգութիւնը կը մնայ։ (Հռովմայեցիս 12։12) Ժողովքին մէջ նշանակուած երէցներն ալ Եհովայի մէկ կարգադրութիւնն են հոգեւոր գետնի վրայ մեզի օգնելու համար։ Անոնք կրնան մեզ մխիթարել եւ մեզի օգնել Աստուծոյ Խօսքը գործածելով եւ մեզի հետ ու մեզ համար աղօթելով։ (Յակոբու 5։13–16) Պետրոս առաքեալ իր ընկերակից երէցները յորդորեց, որպէսզի անոնք Աստուծոյ հօտը հովուեն կամաւ, յօժարութեամբ եւ օրինակելի կերպով մը։ (Ա. Պետրոս 5։1–4) Այս մարդիկը անկեղծօրէն կը հետաքրքրուին մեր բարօրութիւնով եւ կ’ուզեն օգնել մեզի։ Անշուշտ, երէցներուն օգնութենէն լիովին օգտուելու եւ ժողովքին մէջ հոգեւորապէս լաւ զգալու համար, բոլորս ալ պէտք է կիրարկենք Պետրոսի սա խրատը. «Դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասնզի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։—Ա. Պետրոս 5։5
8, 9. Ա. Պետրոս 5։6–11–էն ի՞նչ կազդուրում կրնանք քաղել։
8 Պետրոս աւելցուց. «Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէսզի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը [մտահոգութիւնը (ՆԱ)] անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասնզի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։ Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛ [ձեր մարզումը ամբողջացնէ (ՆԱ)], հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։—Ա. Պետրոս 5։6–11
9 Որքա՜ն կազդուրիչ է անդրադառնալ որ մենք կրնանք ‘մեր ամէն մտահոգութիւնը Աստուծոյ վրայ ձգել, քանի որ ան մեզի համար կը հոգայ’։ Իսկ եթէ մենք մասամբ մտահոգուած ենք, քանի որ Բանսարկուն կը փորձէ Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը բեկանել մեր վրայ հալածանք եւ ուրիշ տառապանքներ բերելով, հոյակապ չէ՞ գիտնալ թէ ամէն բան վերջապէս բարիի գործակից պիտի ըլլայ ուղղամիտ անհատներուն համար։ Այո, քիչ մը ատեն մենք նեղութիւն կրելէ ետք, բոլոր շնորհներու Աստուածը մեր մարզումը պիտի ամբողջացնէ եւ մեզ պիտի հաստատէ ու զօրացնէ։
10. Ա. Պետրոս 5։6, 7–ն ո՞ր երեք յատկութիւններուն կ’ակնարկէ, որոնք կրնան օգնել որ մտահոգութիւնը թեթեւնայ։
10 Առաջին Պետրոս 5։6, 7–ն կ’ակնարկէ երեք յատկութիւններու որոնք կրնան մեզի օգնել, որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։ Անոնցմէ մէկն է խոնարհութիւնը։ 6–րդ համարին մէջ կը գործածուի «ժամանակին» արտայայտութիւնը, համբերութեան կարիքը թելադրելով։ 7–րդ համարը ցոյց կու տայ որ մենք կրնանք մեր ամէն մտահոգութիւնը վստահութեամբ Աստուծոյ վրայ ձգել, ‘քանի որ ան մեզի համար կը հոգայ’, իսկ այս խօսքերը կը քաջալերեն մեզ որ Եհովայի ամբողջովին ապաւինինք։ Արդ, տեսնենք թէ խոնարհութիւնը, համբերութիւնը եւ Աստուծոյ ամբողջովին ապաւինիլը ի՛նչպէս կրնան օգնել որ մեր մտահոգութիւնը թեթեւնայ։
Խոնարհութիւնը Ի՛նչպէս կ’Օգնէ Մեզի
11. Խոնարհութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել մեզի որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։
11 Եթէ խոնարհ ենք, պիտի ընդունինք որ Աստուծոյ խորհուրդները մեր խորհուրդներէն շա՜տ աւելի գերիվեր են։ (Եսայեայ 55։8, 9) Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ գիտակցելու որ մեր մտային կարողութիւնը սահմանափակ է, բաղդատած՝ Եհովայի ամենապարփակ հեռանկարին հետ։ Ան կը տեսնէ բաներ զորս մենք չենք նկատեր, ինչպէս ցոյց տրուած է արդար Յոբին պարագայով։ (Յոբ 1։7–12. 2։1–6) «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» մեր անձը խոնարհեցնելով, Գերագոյն Գերիշխանին առնչութեամբ մեր նուաստ դիրքին կը գիտակցինք։ Այս կեցուածքը, իր կարգին, կ’օգնէ մեզի որ գլուխ ելլենք այն պարագաներուն հետ զորս ան թոյլ կու տայ։ Մեր սրտերը թերեւս անմիջական ամոքումի կը տենչան, բայց քանի որ Եհովայի յատկութիւնները կատարելապէս կը հաւասարակշռուին, ան ճշդօրէն գիտէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս գործել մեզի ի նպաստ։ Ուստի, երախաներու նման, Եհովայի հզօր ձեռքը բռնենք, վստահ ըլլալով որ ան պիտի օգնէ մեզի որ մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։—Եսայեայ 41։8–13
12. Նիւթական ապահովութեան շուրջ մտահոգութեան հետ ինչպէ՞ս կրնանք գլուխ ելլել, երբ Եբրայեցիս 13։5–ի խրատը խոնարհութեամբ կիրարկենք։
12 Խոնարհութիւնը կը պարփակէ Աստուծոյ Խօսքէն եկող խրատները կիրարկելու յօժարութիւնը, որոնք յաճախ կրնան մտահոգութիւնը նուազեցնել։ Օրինակի համար, եթէ մտահոգուած ենք, քանի որ նիւթական հետապնդումներով շատ զբաղուած ենք, լաւ պիտի ըլլար Պօղոսի հետեւեալ խրատին վրայ խորհիլ. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասնզի [Աստուած] ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ ’»։ (Եբրայեցիս 13։5) Այս խրատը խոնարհութեամբ կիրարկելով, շատեր նիւթական ապահովութեան շուրջ մեծ մտահոգութենէ ձերբազատուած են։ Թէեւ անոնց նիւթական վիճակը չէ բարելաւուած, սակայն անիկա անոնց խորհուրդներուն չի տիրեր, ի վնաս անոնց հոգեւորականութեան։
Համբերութեան Դերը
13, 14. (ա) Համբերութեամբ տոկալու մէջ, Յոբ ի՞նչպիսի օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Եհովայի գործելուն սպասելով, ի՞նչ կ’ընենք մեզի ի նպաստ։
13 Ա. Պետրոս 5։6–ին մէջ գործածուած «ժամանակին» արտայայտութիւնը կը թելադրէ համբերութեամբ տոկալու կարիքը։ Երբեմն խնդիր մը երկար ժամանակ կը տեւէ եւ ասիկա կրնայ մեր մտահոգութիւնը աւելցնել։ Մասնաւորաբար այս պարագաներուն, հարցերը Եհովայի ձեռքերուն մէջ դնելու կարիքը ունինք։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ (Յակոբու 5։11) Յոբ տնտեսական փլուզում ունեցաւ, տասը զաւակներ կորսնցուց, զզուելի հիւանդութենէ մը տառապեցաւ եւ կեղծ մխիթարիչներու կողմէ անճշդօրէն դատապարտուեցաւ։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ առնուազն որոշ մտահոգութիւն մը հասկնալի պիտի ըլլար։
14 Ամէն պարագայի ներքեւ, Յոբ համբերութեամբ տոկալու մէջ օրինակելի էր։ Եթէ մենք հաւատքի դառն փորձի մը կ’ենթարկուինք, կրնայ ըլլալ որ մենք ալ, Յոբին նման, ամոքումի կը սպասենք։ Բայց Աստուած գործեց անոր ի նպաստ, վերջապէս Յոբը իր տառապանքներէն ազատագրելով եւ զայն առատօրէն վարձատրելով։ (Յոբ 42։10–17) Եհովայի գործելուն սպասելով, մենք մեր համբերութիւնը աւելի տոկուն կը դարձնենք եւ իրեն հանդէպ մեր նուիրումին խորութիւնը ցոյց կու տանք։—Յակոբու 1։2–5
Եհովայի Ապաւինինք
15. Ինչո՞ւ Եհովայի ամբողջովին պէտք է ապաւինինք։
15 Պետրոս իր հաւատակիցները յորդորեց որ ‘իրենց ամէն մտահոգութիւնը Աստուծոյ վրայ ձգեն, քանի որ ան իրենց համար կը հոգայ’։ (Ա. Պետրոս 5։7) Հետեւաբար, կրնանք Եհովայի ամբողջովին ապաւինիլ եւ պէ՛տք է ապաւինինք։ Առակաց 3։5, 6–ը կ’ըսէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ Անցեալին իրենց ունեցած փորձառութիւններուն պատճառաւ, մտահոգութեամբ լեցուած անհատներէն ոմանք դժուարութիւն ունին ուրիշ մարդոց ապաւինելու մէջ։ Բայց մենք ամէ՛ն պատճառ ունինք մեր Ստեղծիչին, կեանքի Աղբիւրին ու Հայթայթիչին ապաւինելու։ Նոյնիսկ երբ որոշ հարցի մը մէջ մեր անձնական հակազդեցութեան չենք ապաւինիր, կրնանք մի՛շտ Եհովայի ապաւինիլ թէ ան մեր նեղութիւններէն պիտի փրկէ մեզ։—Սաղմոս 34։18, 19. 36։9. 56։3, 4
16. Նիւթական բաներու մասին մտահոգութեան շուրջ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ ըսաւ։
16 Աստուծոյ ապաւինիլը կը պարփակէ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ հնազանդիլ, որ իր Հօրմէն սորվածը ուսուցանեց։ (Յովհաննու 7։16) Յիսուս յորդորեց իր աշակերտները որ ‘երկինքը գանձեր դիզեն’ Եհովայի ծառայելով։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել նիւթական կարիքներու, ինչպէս՝ ուտելիքի, հագուելիքի եւ պատսպարանի, մասին։ «Հոգ մի՛ ընէք», խրատեց Յիսուս։ Ան նշեց որ Աստուած կը կերակրէ թռչունները։ Ան գեղեցկօրէն կը հագուեցնէ ծաղիկները։ Աստուծոյ երկրային ծառաները ասոնցմէ աւելի արժէք չունի՞ն։ Անշո՛ւշտ։ Հետեւաբար, Յիսուս յորդորեց. «Բայց առաջ խնդրեցէք [նախ փնտռեցէք (ՆԱ)] Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ ... արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ Ան շարունակեց. «Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք [մի՛ մտահոգուիք (ՆԱ)], վասնզի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ»։ (Մատթէոս 6։20, 25–34) Այո, մենք ուտելու, խմելու, հագուելու եւ պատսպարուելու կարիքը ունինք, բայց եթէ Եհովայի կ’ապաւինինք, այս բաներուն մասին անտեղիօրէն պիտի չմտահոգուինք։
17. Ինչպէ՞ս կրնանք օրինակով մը պատկերացնել նախ Թագաւորութիւնը փնտռելու կարեւորութիւնը։
17 Նախ Թագաւորութիւնը փնտռել կը նշանակէ Աստուծոյ ապաւինիլ եւ մեր նախապատուութիւնները իրենց պատշաճ տեղը պահել։ Առանց շնչառութեան գործիքի սուզորդ մը թերեւս կարող է ջուրին տակ սուզուիլ իր մէջ մարգարիտ ունեցող ոստրէ փնտռելու համար։ Ասիկա իր ընտանիքին նիւթական կարիքները հայթայթելու իր միջոցն է։ Արդարեւ, կարեւոր նախապատուութիւն մը։ Բայց ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է։ Օդը։ Ան կանոնաւորաբար ջուրին մակերեսը պէտք է ելլէ իր թոքերը լեցնելու համար։ Օդը աւելի կարեւոր նախապատուութիւն մըն է։ Մենք ալ, նմանապէս, թերեւս իրերու այս դրութեան մէջ կերպով մը պարփակուած ենք կեանքի անհրաժեշտութիւնները ձեռք ձգելու համար։ Սակայն, հոգեւոր հարցերը առաջին տեղը պէտք է գրաւեն, քանի որ մեր ընտանիքին բուն կեանքը ասոնցմէ կախեալ է։ Նիւթական կարիքներու մասին անտեղի մտահոգութենէն խուսափելու համար, Աստուծոյ ամբողջովին պէտք է ապաւինինք։ Ասկէ զատ, ‘Տէրոջը գործին մէջ շատ ընելիք ունենալ’ը կրնայ օգնել որ մեր մտահոգութիւնը թեթեւնայ, քանի որ ‘Եհովայի ուրախութիւնը’ մեր զօրութիւնը պիտի ըլլայ։—Ա. Կորնթացիս 15։58. Նէեմեայ 8։10
Շարունակենք Մեր Մտահոգութիւնը Եհովայի Վրայ Ձգել
18. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ մեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգելը կրնայ իրապէս օգնել մեզի։
18 Հոգեւոր նկատողութիւններու վրայ յստակօրէն կեդրոնացած մնալու համար, մենք պէտք է շարունակենք մեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգել։ Միշտ յիշենք որ ան իրապէս իր ծառաներուն համար կը հոգայ։ Օրինակ մը տանք. իրեն հանդէպ իր ամուսնոյն անհաւատարմութեան պատճառաւ, Քրիստոնեայ կին մը ա՛յնքան մտահոգուած էր, որ այլեւս չէր կրնար քուն մտնել։ (Բաղդատել Սաղմոս 119։28, ՆԱ։) Բայց, անկողնին մէջ, ան իր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ կը ձգէր։ Ան իր սիրտը կը թափէր Աստուծոյ առջեւ, իրեն ըսելով որ ինք ու իր երկու աղջնակները որքա՜ն կը տառապէին։ Աղօթքի մէջ ամոքումի համար սրտանց աղաղակելէ ետքն էր որ ան միշտ կը կարողանար քնանալ, քանի որ վստահ էր որ Եհովա իրեն ու իր զաւակներուն համար պիտի հոգար։ Սուրբ գրային հիման վրայ ամուսնալուծուած այս կինը հիմա երէցի մը հետ ուրախ ամուսնութիւն մը կը վայելէ։
19, 20. (ա) Մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար կարգ մը միջոցները ի՞նչ են։ (բ) Ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել մեր ամէն մտահոգութեան հետ։
19 Մենք՝ Եհովայի ծառաներս՝ բազմաթիւ միջոցներ ունինք մեր մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար։ Աստուծոյ Խօսքը կիրարկելը մասնաւորաբար օգտաւէտ է։ Ունինք հոգեւոր ճոխ կերակուրը զոր Աստուած կը հայթայթէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, մէջը ըլլալով՝ Դիտարանին ու Զարթի՛րին մէջ հրատարակուած օգտաշատ եւ կազդուրիչ նիւթերը։ (Մատթէոս 24։45–47) Ունինք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնը։ Կանոնաւորաբար ու ջերմեռանդօրէն աղօթելը մեծ օգուտ կ’ընէ մեզի։ Նշանակուած Քրիստոնեայ երէցները պատրաստ եւ յօժար են մեզի հոգեւոր օգնութիւն ու մխիթարութիւն մատուցանելու։
20 Խոնարհութիւնն ու համբերութիւնը օգտաշատ են մեզ ընկճող մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար։ Մասնաւորաբար կարեւոր է Եհովայի ամբողջովին ապաւինիլ, քանի որ մեր հաւատքը կը կերտուի, երբ իր օգնութիւնն ու ուղղութիւնը կը զգանք։ Իր կարգին, Աստուծոյ վրայ հաւատք ունենալը կրնայ անտեղիօրէն խռովելէ ետ պահել մեզ։ (Յովհաննու 14։1) Հաւատքը կը մղէ մեզ որ նախ Թագաւորութիւնը փնտռենք եւ Տէրոջը ուրախ գործին մէջ զբաղած ըլլանք, որոնք կրնան օգնել մեզի որ մեր մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք։ Այս գործունէութիւնը ապահովութեան զգացում մը կու տայ մեզի, անոնց մէջ գտնուելով, որոնք յաւիտեան Աստուծոյ գովաբանութիւնները պիտի երգեն։ (Սաղմոս 104։33) Ուստի, շարունակենք մեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգել։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Մտահոգութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել։
◻ Մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար կարգ մը միջոցները ի՞նչ են։
◻ Խոնարհութիւնն ու համբերութիւնը ինչպէ՞ս կրնան օգնել որ մտահոգութիւնը թեթեւնայ։
◻ Մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու համար, ինչո՞ւ կարեւոր է Եհովայի ամբողջովին ապաւինիլ։
◻ Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մեր ամէն մտահոգութիւնը Եհովայի վրայ ձգել։
[Նկար՝ էջ 31]
Գիտէ՞ք թէ Յիսուս ի՛նչու ըսաւ. «Հոգ մի՛ ընէք»։