Ապականութենէ զերծ աշխարհի մը մասին խոստումը
ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ընկերութեան ամէն մակարդակէ ներս սպրդած է։ Ըլլայ կառավարութեան, գիտութեան, մարմնամարզանքի, կրօնքի, կամ առեւտուրի մէջ, ապականութիւնը անղեկավարելի կը թուի։
Երկրէ երկիր, ապականութեան տխրահռչակ լուրերը կարեւոր տեղեր կը գրաւեն մամուլին մէջ։ Մարդոց շահերուն ծառայելու յանձնառու անհատներէն շատեր երեւան կ’ելլեն որպէս իրենց անձնական շահերուն ծառայողներ, կաշառքներ կամ ձեռքի տակէն վճարումներ ստացած ըլլալով։ Այդպէս կոչուած «փողկապաւոր»ներու յանցագործութիւնները երթալով կը շատնան։ Ընկերային կամ տնտեսական բարձր խաւի պատկանող մեծ թիւով անհատներ իրենց սովորական զբաղումներուն կապակցաբար բարոյական լուրջ յանցանքներ կը գործեն։
Երթալով աւելի մտահոգիչ կը դառնայ այն ի՛նչ որ Եւրոպական օրաթերթ մը կոչեց «‘Բարձրաստիճաններու ապականութիւն’. բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, նախարարներ եւ, շատ յաճախ, պետական գլուխներ ձեռքի տակէն վճարումներ կը պահանջեն գլխաւոր գնումներու կամ ծրագիրներու հաւանելէ առաջ»։ Երկրի մը մէջ, «երկու տարուան ոստիկանական խուզարկութիւնները եւ գրեթէ ամէն օր եղած ձերբակալութիւնները տակաւին արգելք չեն հանդիսացած անսրբագրելիօրէն ապականած մարդոց», կը նշէ Պրիթանական պարբերաթերթ մը (The Economist)։
Այսպիսի համատարած ապականութեան պատճառաւ, շատեր կը խորհին որ ոեւէ մէկուն չեն կրնար վստահիլ։ Անոնք Աստուածաշունչի գրող Դաւիթին զգացումները կը բաժնեն, որ ըսաւ. «Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ»։—Սաղմոս 14։3
Համատարած ապականութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէք։ Շատեր պարզապէս կ’անտեսեն զայն։ Բայց եթէ նոյնիսկ ապականութիւնը անտեսէք, անիկա տակաւին պիտի վնասէ ձեզի։ Ինչպէ՞ս։
Ապականութիւնը կ’Ազդէ Ձեզի
Թէ՛ մեծ եւ թէ պզտիկ տարողութեամբ ապականութիւնը ապրուստի գինը կը բարձրացնէ, արտադրութեան որակը կը ցածցնէ, գործերը կը քիչցնէ եւ ամսականները կը նուազեցնէ։ Օրինակի համար, հաշիւ եղած է որ շորթումը եւ խարդախութիւնը առնուազըն տասը անգամ աւելի սուղի կը նստին քան բոլոր կողոպուտները, աւազակութիւնները եւ գողութիւնները։ Համայնագիտարան մը (The New Encyclopædia Britannica 1992) կը նշէ որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեծ ընկերութիւններու այսպիսի յանցագործութիւններու գինը տարեկան 200,000,000,000 տոլարի կը հասնի. կազմակերպուած ոճիրի գինէն երեք անգամը»։ Նոյն աղբիւրը կը բացատրէ որ, թէեւ անոնց ազդեցութիւնները շուտով չեն նկատուիր, բայց «այսպիսի յանցագործութիւններ աշխատաւորներու, յաճախորդներու ապահովութեան եւ միջավայրին վրայ հսկայ ընդհարում կ’ունենան»։
Ապականութեան դառն պտուղները Սողոմոն Թագաւորին խօսքերը կը յիշեցնեն մեզի. «Ես դարձայ ու տեսայ արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։ Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին. անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար»։—Ժողովողի 4։1
Արդ, ապականութեան տեղի՞ պէտք է տանք։ Անիկա անխուսափելի՞ է։ Ապականութենէ զերծ աշխարհ մը անիրականալի երա՞զ մըն է։ Բարեբախտաբար, ո՛չ։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ որ անիրաւութիւնն ու անօրէնութիւնը շուտով մէջտեղէն պիտի վերցուին։
Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ Մեզի
Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ ապականութիւնը սկսաւ, երբ հզօր հրեշտակ մը Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ եւ մարդկային առաջին զոյգը իրեն միանալու դրդեց։ (Ծննդոց 3։1–6) Անոնց մեղաւոր ընթացքը ոչ մէկ բարիք բերաւ։ Ընդհակառակը, Եհովա Աստուծոյ դէմ մեղանչելէն ի վեր, Ադամն ու Եւան սկսան ապականութեան գէշ հետեւանքներէն տառապիլ։ Անոնց մարմինը սկսաւ դանդաղօրէն հիւծիլ, անխուսափելի մահուան առաջնորդելով։ (Ծննդոց 3։16–19) Անկէ ի վեր, պատմութիւնը կաշառքի, խաբկանքի եւ խարդախութեան դրուագներով լեցուն է։ Սակայն այնպէս կը թուի որ այս յանցագործներէն շատեր անվնաս դուրս կու գան։
Սովորական ոճրագործներուն նման չըլլալով, ապականած բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ քաղաքագէտներ հազուադէպօրէն բանտ կը նետուին, կամ իրենց չարաշահութեան համար հատուցում կ’ընեն։ Քանի որ կաշառքները, ձեռքի տակէն վճարումները եւ այլ վճարումները գաղտնապէս կը կատարուին, յաճախ դժուար է բարձրաստիճան մարդոց ապականութիւնը երեւան հանել։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ ապականութենէ զերծ աշխարհ մը անիրականալի երազ մըն է։
Ապականութենէն ազատագրումը մարդուն Ստեղծիչէն՝ Եհովա Աստուծմէ՝ պիտի գայ։ Միակ լուծումը աստուածային միջամտութիւնըն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մարդկութեան անտեսանելի թշնամին՝ Բանսարկու Սատանան՝ կը շարունակէ մարդկութիւնը մոլորեցնել։ Ինչպէս Ա. Յովհաննու 5։19–ին մէջ կը կարդանք, «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ Ուրիշ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ապականութեան աճը, որ մեծաւ մասամբ անպատիժ կը մնայ։
Մարդկային ոչ մէկ ջանք կրնայ Սատանան եւ իր դեւերը նուաճել։ Մի՛միայն աստուածային միջամտութիւնը կրնայ հնազանդ մարդկութեան երաշխաւորել ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’։ (Հռովմայեցիս 8։21) Եհովա կը խոստանայ որ Սատանան շուտով պիտի արգելափակուի, որպէսզի ան այլեւս չկարենայ մարդիկը մոլորեցնել։ (Յայտնութիւն 20։3) Մինչ այդ, եթէ կը փափաքինք Աստուծոյ անապական նոր աշխարհին մէջ ապրիլ, պէտք է մերժենք այս աշխարհի ապականած ճամբաները։
Մարդիկ Կրնան Փոխուիլ
Յիսուս Քրիստոսի օրերուն, կային անհատներ որոնք իրենց հեղինակութիւնը կը շահագործէին եւ իրենց նմանները կը հարստահարէին։ Օրինակի համար, մաքսաւորները համբաւաւոր էին իրենց ապականած սովորութիւններուն համար, հակառակ անոր որ Աստուծոյ օրէնքը բացայայտօրէն կ’ըսէր. «Կաշառք մի՛ առներ. վասնզի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ»։ (Ելից 23։8) Զաքէոս, մաքսապետ մը, ընդունեց որ ինք զրպարտութեամբ կեղեքած էր։ Բայց փոխանակ ընկերային ընդարձակ բարեկարգութիւն քաջալերելու, Յիսուս անհատներու կոչ ըրաւ, որ զղջան եւ իրենց ապականած ճամբաները լքեն։ Որպէս արդիւնք, ապականած ըլլալու համբաւ ունեցած մաքսաւորներ, ինչպէս՝ Մատթէոս եւ Զաքէոս, իրենց նախկին կենցաղը լքեցին։—Մատթէոս 4։17. 9։9–13. Ղուկաս 19։1–10
Ներկայիս անպարկեշտ սովորութիւններու մէջ մխրճուած անհատները նոյնպէս կրնան ապականութիւնը մերժել «նոր մարդը իրենց վրայ» հագնելով, «որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է»։ (Եփեսացիս 4։24) Թերեւըս դիւրին չըլլայ պարկեշտօրէն տուրքերը վճարել կամ կասկածելի գործառնութիւններու մասնակցելէ ետ կենալ։ Սակայն, անկէ քաղուած օգուտները ամէն ջանքի արժանի են։
Այլեւս այս ապականած աշխարհին կողմէ պարտադրուած չըլլալով, ուրիշներուն բարօրութեամբ հետաքրքրուող անհատները ներքին խաղաղութիւն կը վայելեն։ Անոնք յանցագործութեամբ բռնուելու վախ չունին։ Ընդհակառակը, անոնք մաքուր խղճմտանք մը կը վայելեն։ Անոնք Աստուածաշունչի Դանիէլ մարգարէն կ’ընդօրինակեն։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ որ բարձրաստիճան պաշտօնեաները միշտ կը ջանային Դանիէլի դէմ պատճառ մը գտնել։ «Բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասնզի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ»։—Դանիէլ 6։4
Եհովայի Խոստումը
Եհովա կը խոստանայ որ «թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ ու անոր կեանքը երկննայ ալ, ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ։ Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. վասնզի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար»։—Ժողովողի 8։12, 13
Ի՜նչ ամոքում պիտի ըլլայ, երբ այլեւս ապականութիւնը տխրութիւն պիտի չպատճառէ։ Ի՜նչ օրհնութիւն պիտի ըլլայ ապականութենէ զերծ աշխարհի մը մէջ յաւիտեան ապրիլ։ Ասիկա անիրականալի չէ՛։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտըն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ»։ (Տիտոս 1։2) Եթէ ապականութիւնը կ’ատէք եւ արդարութիւնը կը սիրէք, շատ հաւանական է որ ապականութենէ զերծ աշխարհի մը մասին Աստուծոյ խոստման կատարումը տեսնէք։
[Նկար՝ էջ 4]
Ապականութիւնը զեղուն է կառավարութեան եւ առեւտրական շրջանակներէն ներս
[Նկար՝ էջ 5]
Ապականութիւնը յաճախ հանրային պաշտօնեաներու հետ յարաբերութիւններուն կ’ազդէ