Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 11/1 էջ 3
  • Փտածութիւնը որքա՞ն համատարած է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փտածութիւնը որքա՞ն համատարած է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ապականութենէ զերծ աշխարհի մը մասին խոստումը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Կաշառակերութեան դէմ պայքարիլ հոգիին սուրով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Ինչո՞ւ ա՛յսքան կաշառակերութիւն կայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Կառավարութեան մէջ փտածութիւնը համատարած դարձած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 11/1 էջ 3

Փտածութիւնը որքա՞ն համատարած է

«Մեր ընկերութիւնը տեղական կառավարական հաստատութեան մը ծառայութիւններ կը հայթայթէ։ Յաճախ կը ստիպուինք երկու–երեք ամիս սպասել ծախսերը գանձելու համար։ Բայց վերջերս, պաշտօնեայ մը ինծի հեռաձայնեց ու առաջարկեց շուտով վճարել, եթէ իրեն որոշ գումար մը յատկացնենք» (ՃՈՆ)a։

ԵՐԲԵՔ փտածութեան զոհը գացա՞ծ ես։ Թերեւս ոչ թէ վերոնշեալ կերպով, բայց վստահաբար փտածութեան ազդեցութիւններէն տառապած ես։

Ըստ Transparency International (TI)–ի 2011–ի Փտածութեան ընկալման ցուցանիշին, «183 երկիրներու ու երկրամասերու մեծամասնութեան նիշը ցոյց կու տայ, թէ անոնք փտածութեան լուրջ խնդիր կը դիմագրաւեն»։ Երկու տարի առաջ, TI–ը ընդունեց որ 2009–ի իր տարեկան տեղեկագիրը քօղազերծեց փտածութեան համատարած իրողութիւն ըլլալը, ըսելով. «Յստակ է որ երկրագունդին վրայ չկայ շրջան մը, որ փտածութեան վտանգներէն պաշտպանուած է»։

Կարգ մը պարագաներուն, փտածութեան հետեւանքները կրնան աղէտալի ըլլալ։ Օրինակ, Time պարբերաթերթը տեղեկագրեց, թէ 2010–ի Հայիթիի երկրաշարժին հետեւանքով մեռեալներուն հսկայ թիւին պատճառը առնուազն մասամբ «փտածութիւնը եւ անհոգութիւնն» էր։ Ատիկա աւելցուց, թէ յաճախ շէնքերը կը կառուցանուէին, առանց ճարտարագէտի մը ապահով ծրագրին համաձայն, եւ թէ մարդիկ կառավարական հսկիչներուն կաշառք կու տային։

Արդեօք փտածութեան պատուհասին մնայուն լուծում կա՞յ։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, պէտք է փտածութեան հիմնական պատճառները հասկնանք։ Ասոնք յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք։

[Ստորանիշ]

a Անունը փոխուած է։

[Մէջբերում՝ էջ 3]

«Անձնական շահի համար, վստահուած հեղինակութիւնը չարաչար գործածելը կը կոչուի փտածութիւն։ Ատիկա կը վնասէ բոլոր անոնց՝ որոնց կեանքը, ապրուստը կամ ուրախութիւնը կախեալ է հեղինակաւոր մարդոց ուղղամտութենէն» (TRANSPARENCY INTERNATIONAL)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել