Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 10/1 էջ 4-6
  • Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Հակառակ Իրական Անձ մը
  • Ի՛նչու Թոյլատրուած Է որ Սատանան Տիրէ
  • Սատանայի Ժամանակը Կարճցած Է
  • Թագաւորութեան Իշխանութեան Ներքեւ Ուրախութիւն
  • Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Սատանան պարզապէս չարութեան խորհրդանի՞շ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 10/1 էջ 4-6

Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ

Ո՞Վ ԿԸ ՏԻՐԷ աշխարհին։ Արդեօք գերմարդկային որոշ ղեկավարութիւն մը կա՞յ, թէ ոչ Աստուած ձգած է որ մարդիկ իրենց գլխուն ճարը տեսնեն։ Այս հարցումներուն պատասխաններ ստանալու համար, նախ դէպք մը նկատի առնենք, որ պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի երկրային ծառայութեան ընթացքին։

Իր մկրտութենէն քիչ ետք, Յիսուս Բանսարկու Սատանայ կոչուած անտեսանելի հոգեղէն արարածի մը կողմէ փորձուեցաւ։ Այդ փորձութիւններէն մէկը նշելով, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սատանան ... առաւ հանեց [Յիսուսը] խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ (Մատթէոս 4։8) Ապա Սատանան Յիսուսին ըսաւ. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասնզի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկըդ պիտի ըլլան»։—Ղուկաս 4։6, 7

Սատանան դաւանեցաւ այս աշխարհին բոլոր թագաւորութիւններուն, կամ՝ կառավարութիւններուն, վրայ իշխանութիւն ունենալ։ Յիսուս ժխտե՞ց այս դաւանութիւնը։ Ո՛չ։ Իրականութեան մէջ, ուրիշ առիթով մը, ան հաստատեց զայն, Սատանային ակնարկելով որպէս «այս աշխարհին իշխանը»։—Յովհաննու 14։30

Ըստ Աստուածաշունչին, Սատանան մեծ զօրութիւն ունեցող չար հրեշտակ մըն է։ Քրիստոնեայ Պօղոս առաքեալ Սատանան կը դասէ «չար ոգիներուն» հետ, զանոնք «այս խաւար աշխարհին իշխաններ» կոչելով։ (Եփեսացիս 6։11, 12) Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը նշէ որ Սատանան ‘ամբողջ աշխարհը կը մոլորեցնէ’։ (Յայտնութիւն 12։9) Յայտնութիւն գիրքը, այլաբանական լեզուով, նաեւ Սատանան կը նկարագրէ որպէս վիշապ մը որ «իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն» կու տայ աշխարհի քաղաքական դրութեան։—Յայտնութիւն 13։2

Աշխարհի դէպքերը նաեւ կ’ապացուցանեն որ չար ոյժ մը գործի լծուած է եւ մարդիկը կը ձեռնավարէ ի վնաս անոնց։ Ուրիշ ի՞նչ պատճառով մարդկային կառավարութիւնները խաղաղութիւն հաստատելու մէջ կը ձախողին։ Ուրիշ ի՞նչ բան պատճառ պիտի ըլլար որ մարդիկ իրար ատեն ու սպաննեն։ Քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ կոտորածէն եւ մահէն զարհուրած ականատես կին մը ըսաւ. «Չեմ գիտեր թէ այս վայրագութիւնը ի՛նչպէս պատահած է։ Անիկա ատելութենէ աւելին է։ Չար ոգի մըն է, որ կը գործածէ այս մարդկային էակները որ իրար ջարդեն»։

Աստուծոյ Հակառակ Իրական Անձ մը

Ներկայիս, շատեր Բանսարկու Սատանայի գոյութեան չեն հաւատար։ Սակայն, ան պարզապէս մարդոց մէջ չարութեան սկզբունքը չէ, ինչպէս ոմանք կը հաւատան։ Թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ աշխարհի դէպքերը ցոյց կու տան որ ան իրական անձ մըն է։ Ասկէ զատ, Սատանան ուղղակիօրէն հակառակ է Եհովա Աստուծոյ։ Անշուշտ, Սատանան Աստուծոյ հաւասար չէ։ Քանի որ Եհովա ամենակալ Ստեղծիչն է, ան ամբողջ ստեղծագործութեան իրաւացի Իշխանն է։—Յայտնութիւն 4։10

Աստուած իրեն հակառակ չար արարած մը չէ ստեղծած։ Ընդհակառակը, «Աստուծոյ [հրեշտակային] որդիներ»էն մէկը իրաւացիօրէն Եհովային պատկանող պաշտամունքը խլելու անձնասէր ցանկութիւն մը զարգացուց։ (Յոբ 38։7. Յակոբու 1։14, 15) Այս ցանկութիւնը առաջնորդեց զինք որ Աստուծոյ դէմ ըմբոստութեան ընթացք մը որդեգրէ։ Ըմբոստանալով, այս հոգեղէն արարածը ինքզինք Սատանայ (որ կը նշանակէ «հակառակորդ») ու Բանսարկու (որ կը նշանակէ «զրպարտիչ») ըրաւ։ Այս բոլորը նկատի ունենալով, թերեւս հարց կու տաք թէ ի՛նչու թոյլատրուած է որ Սատանան տիրէ աշխարհին։

Ի՛նչու Թոյլատրուած Է որ Սատանան Տիրէ

Կը յիշէ՞ք թէ Սատանան երկրին իշխանութեան մասին ի՛նչ ըսաւ Յիսուսին։ «Այս ամէն իշխանութիւնը ... քեզի պիտի տամ. վասնզի ինծի յանձնուած է», ըսաւ ան։ (Ղուկաս 4։6) Այդ խօսքը ցոյց կու տայ որ Բանսարկու Սատանան մի՛միայն Աստուծոյ թոյլատուութեամբ իշխանութիւն կը բանեցնէ։ Բայց Աստուած ինչո՞ւ կը հանդուրժէ Սատանային։

Այս հարցումին պատասխանը Եդեմի պարտէզին մէջ պատահած դէպքերուն հետ առնչութիւն ունի, ուր Սատանան իր ասպարէզը սկսաւ որպէս աշխարհին իշխանը։ Եդեմի մէջ, ան կարծել տուաւ որ Աստուած գէշ կերպով կը տիրէր, առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան՝ լաւ բանէ մը զրկելով։ Ըստ Սատանային, եթէ անոնք Աստուծոյ արգիլած պտուղը ուտէին, պիտի ազատագրուէին։ Ադամն ու Եւան Եհովայէ ազատ ու անկախ պիտի ըլլային։ Անոնք ուղղակի Աստուծոյ պէս պիտի ըլլային։—Ծննդոց 2։16, 17. 3։1–5

Եւային այս կերպով ստելով եւ զայն խաբելով, ու անոր միջոցաւ Ադամն ալ միջամուխ ընելով, որ Աստուծոյ օրէնքը բեկանէ, Սատանան մարդկային առաջին զոյգը իր առաջնորդութեան ու հսկողութեան ներքեւ բերաւ։ Այս կերպով, Բանսարկուն անոնց աստուածը եղաւ, Եհովայի հակառակ աստուած մը։ Սակայն, ազատութեան փոխարէն, Ադամն ու Եւան Սատանային, մեղքին եւ մահուան գերութեան ենթարկուեցան։—Հռովմայեցիս 6։16. Եբրայեցիս 2։14, 15

Իր կատարեալ արդարութեան հետ ներդաշնակ, Եհովա կրցած պիտի ըլլար անմիջապէս Սատանան եւ անոր երկու նոր հետեւորդները մահով պատժել։ (Բ. Օրինաց 32։4) Բայց բարոյական հարց մը պարփակուած էր։ Սատանան Եհովայի իշխելու կերպին իրաւացի ըլլալը հարցի տակ դրած էր։ Իր իմաստութեամբ, Աստուած ժամանակ թոյլատրեց, որպէսզի ապացուցանուի որ իրմէ անկախ ըլլալը աղէտ կը բերէ։ Եհովա թոյլ տուաւ որ ըմբոստները շարունակեն որոշ ժամանակ մը ապրիլ, թոյլատրելով որ Ադամ ու Եւա սերունդ ունենան։—Ծննդոց 3։14–19

Թէեւ Ադամի սերունդէն շատեր Եհովայի իշխանութեան չեն ենթարկուած, սակայն Իր երկըրպագուներուն հանդէպ Աստուծոյ վերաբերմունքը իր գերակայութիւնը ցոյց տուած է։ Եհովայի իշխանութեան պատշաճ ճանաչումը ուրախութիւն ու իսկական ապահովութիւն կը պատճառէ։ Իսկ միւս կողմէն, Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ մարդկային իշխանութենէն թշուառութիւն ու անապահովութիւն պատճառուած է։ Այո, «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Մարդիկ Սատանայի զօրութեան ներքեւ եղող այս աշխարհի մարդկային իշխանութենէն իսկական ապահովութիւն եւ մնայուն ուրախութիւն չեն գտած։ Սակայն, լաւատես ըլլալու լաւ պատճառ ունինք։

Սատանայի Ժամանակը Կարճցած Է

Երկրի վրայ Սատանայի ազդեցութիւնը ժամանակաւոր է։ Եհովա աւելի երկար ժամանակ պիտի չհանդուրժէ սատանայական իշխանութեան։ Շուտով Բանսարկուն գործելէ պիտի դադրի։ Նոր իշխան մը երկիրը պիտի ղեկավարէ. Աստուծոյ կողմէ ընտրուած արդար թագաւոր մը։ Այդ Թագաւորը Յիսուս Քրիստոսն է։ Երկնքի մէջ իր գահակալութեան մասին, Յայտնութիւնը կ’ըսէ. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը [Եհովային] ու իր Օծեալինը եղան»։ (Յայտնութիւն 11։15) Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը եւ Սուրբ Գրոց մարգարէութիւններուն կատարումը կը փաստեն որ այս դէպքը տեղի ունեցաւ 1914–ին։—Մատթէոս 24։3, 6, 7

Աստուածաշունչը նաեւ կը նկարագրէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ Յիսուսի գահակալութենէն քիչ ետք։ Անիկա կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [Յիսուս Քրիստոս] ու իր հրեշտակները վիշապին [Բանսարկու Սատանային] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։—Յայտնութիւն 12։7–9

Երկնքէն Սատանայի վտարուելուն հետեւանքը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Երկնքի մէջ եղողները պիտի կարենային ուրախանալ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել երկրի բնակիչներուն մասին։ «Վա՜յ երկրին ու ծովուն», կ’ըսէ Յայտնութիւն 12։12–ը, «վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Արդարեւ, երկնքէն Սատանային վար ձգուիլը վա՜յեր բերած է երկրին վրայ։ Գիրք մը (The Columbia History of the World) կը նշէ. «1914–1918–ի Չորս Տարուան Պատերազմին մեծ աղէտը ... Արեւմտեան աշխարհին ցոյց տուաւ որ անիկա չի կրնար քաղաքակրթութիւնը իր յիմարութենէն կամ վատ մղումէն պաշտպանել։ Արեւմուտքի հոգին այդ ցնցումէն իրապէս բնաւ չէ ապաքինած»։

Այս սերունդին վայերը հոգին ցնցելէն շատ աւելին ըրած են։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ... ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան»։ Ան մահտարաժամներ ալ գուշակեց։ (Մատթէոս 24։7, 8. Ղուկաս 21։11) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ իրերու Սատանայի դրութեան «վերջին օրեր»ուն, շատեր «անձնասէր, արծաթասէր, ... ծնողներու անհնազանդ, ... անհաշտ» պիտի ըլլային։ Մարդիկ նաեւ «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» պիտի ըլլային։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5

Պատերազմները, մահտարաժամները, սովերը, երկրաշարժները եւ բարոյական արժէքներու վատթարացումը աննախընթաց տարողութեամբ տեղի ունեցած են 1914–էն ի վեր, ինչպէս Աստուածաշունչը գուշակած էր։ Անոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ ու մարդուն կատաղած թշնամին՝ Բանսարկու Սատանան՝ երկնքէն վար ձգուած է եւ հիմա կրնայ իր զայրոյթը միմիայն երկրի ծիրին վրայ թափել։ Բայց Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ թէ պիտի չթոյլատրուի որ Սատանան աւելի երկար ժամանակ գործէ։ Ան միայն «քիչ ժամանակ» ունի մինչեւ Արմագեդոն, երբ Աստուած Սատանային ղեկավարութեան ներքեւ եղող աշխարհի դրութիւնը պիտի կործանէ։

Այդ ժամանակ ի՞նչ պիտի պատահի Սատանային։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց»։ (Յայտնութիւն 20։1–3) Տառապող մարդկութեան համար ի՜նչ ամոքում մը։

Թագաւորութեան Իշխանութեան Ներքեւ Ուրախութիւն

Սատանան մէջտեղէն վերցուելով, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկութեան բոլոր գործառնութիւնները պիտի ղեկավարէ։ Փոխանակ երկրի վրայ բազմաթիւ կառավարութիւններ ըլլալու, միայն մէկ երկնային կառավարութիւն պիտի մնայ ամբողջ երկրագունդին իշխելու համար։ Պատերազմը անցեալին պիտի պատկանի եւ ամենուրեք խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, բոլորըն ալ միասին սիրալիր եղբայրակցութեան մէջ պիտի բնակին։—Սաղմոս 72։7, 8. 133։1. Դանիէլ 2։44

Յիսուս ի՞նչպիսի իշխան մը պիտի փաստէ ըլլալ։ Երբ երկրի վրայ էր, ան մարդոց հանդէպ խոր սէր ցուցաբերեց։ Յիսուս կարեկցութեամբ անօթիները կերակրեց։ Ան հիւանդները բժշկեց եւ կոյրերուն տեսողութիւնը վերահաստատեց, համրերուն լեզուն բացաւ եւ կաղերուն քալել տուաւ։ Ան նոյնիսկ մեռելները ետ կեանքի բերաւ։ (Մատթէոս 15։30–38. Մարկոս 1։34. Ղուկաս 7։11–17) Այդ հրաշքները նախաշուքերն էին այն սքանչելի բաներուն զորս ան պիտի կատարէ որպէս Թագաւոր։ Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ այսպիսի բարեգործ իշխան մը ունենալ։

Եհովայի գերիշխանութեան ենթարկուողները անվերջ օրհնութիւններ պիտի վայելեն։ Սուրբ Գրութիւնները կը խոստանան. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուիի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 35։5, 6) Այդ հոյակապ օրուան մատնանշելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Երկընքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասընզի առաջուան բաները անցան’»։—Յայտնութիւն 21։3, 4

Իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ Եհովա Աստուծոյ իշխանութեան շնորհելիք հաճոյքները անհամեմատելիօրէն պիտի գերակշռեն Բանսարկու Սատանային կողմէ տիրապետուած իրերու ներկայ դրութեան մէջ մեր քաշած որեւէ տառապանքին։ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ, մարդիկ հարց պիտի չտան, ըսելով. «Իրապէս ո՞վ կը տիրէ»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Հնազանդ մարդկութիւնը հոգեղէն ծիրէն իշխող սիրալիր Իշխաններուն՝ Եհովայի եւ Քրիստոսի՝ երկրային ծիրին մէջ ուրախ ու ապահով պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ անոնց հպատակներուն մէջ գտնուելու յոյսը դուք ալ չողջունէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել