Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/15 էջ 9-13
  • Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ԶՕՐԵՂ Է
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ՎԱՅՐԱԳ Է
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ԽԱԲԵԲԱՅ Է
  • Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ո՛վ է Բանսարկուն
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Որո՞նք են Աստուծոյ թշնամիները
    Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/15 էջ 9-13
Թագաւորութեան հրատարակիչ մը թերթիկ մը ցոյց կու տայ երկու անհատներու. անոնց քով մռնչող առիւծ մը գծագրուած է

Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել

«Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. ՊԵՏ. 5։8)։

ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՑՈՅՑ ՏՈՒԱԾ Է, ԹԷ ԻՆՔ՝

  • զօրեղ է։

  • վայրագ է։

  • խաբեբայ է։

1. Սատանան ինչպէ՞ս մէջտեղ եկաւ։

ՈՐՈՇ ժամանակ մը, այս հոգեղէն արարածը Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Ապա ան սկսաւ ցանկալ, որ մարդիկ զինք պաշտեն։ Փոխանակ այդ անպատշաճ ցանկութիւնը մէկդի ընելու, ան զայն աճեցուց մինչեւ որ մեղքի ծնունդ տուաւ (Յակ. 1։14, 15)։ Մենք զինք կը ճանչնանք որպէս Սատանան, որ «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ», Եհովային դէմ ըմբոստացաւ ու ‘ստութեան հայրը’ եղաւ (Յովհ. 8։44)։

2, 3. «Սատանայ», «Բանսարկու», «օձ» եւ «վիշապ» բառերը ի՞նչ կը յայտնեն Եհովայի մեծագոյն թշնամիին մասին։

2 Սատանան իր ըմբոստութենէն ի վեր Եհովայի մեծագոյն թշնամին եղած է, եւ վստահաբար մարդկութեան բարեկամը չէ եղած։ Անոր տրուած տիտղոսները կը յայտնեն անոր փտածութեան խորութիւնը։ Սատանայ կը նշանակէ՝ «Հակառակորդ», ցոյց տալով որ այս չար հոգեղէն արարածը Աստուծոյ գերիշխանութեան զօրավիգ չի կանգնիր, հապա զայն կ’ատէ ու անոր դէմ բուռն կերպով կը պայքարի։ Ամէն բանէ աւելի, ան կ’ուզէ որ Եհովայի գերիշխանութիւնը վերջ գտնէ։

3 Յայտնութիւն 12։9–ն կը նշէ թէ Սատանան կը կոչուի Բանսարկու, որ կը նշանակէ՝ «Զրպարտիչ»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, թէ Սատանան Եհովան վարկաբեկած է՝ զինք ստախօս պիտակելով։ Իսկ «առաջուան օձը» արտայայտութիւնը կը յիշեցնէ այն ողբերգական օրը Եդեմի մէջ, երբ Սատանան Եւան խաբելու համար օձ մը գործածեց։ Իբրեւ «մեծ վիշապ», ան վախազդու հրէշի մը նման անգութ ու դաժան է, եւ կը ջանայ Եհովայի նպատակը խափանել ու Իր ժողովուրդը բնաջնջել։

4. Այժմ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Յստակ է որ Սատանան մեր ուղղամտութեան մեծապէս կը սպառնայ։ Ուստի, վաւերական պատճառով Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8)։ Այդ ազդարարութեան ի տես, այս յօդուածը նկատի պիտի առնէ Սատանայի երեք առանձնայատկութիւններ, որոնք կը շեշտեն այս անխիղճ թշնամիէն զգուշանալու կարիքը։

ՍԱՏԱՆԱՆ ԶՕՐԵՂ Է

5, 6. ա) Օրինակներ տուր, որոնք ցոյց կու տան թէ հոգեղէն արարածները «ուժով զօրաւոր» են։ բ) Սատանան ի՞նչ առումով մահ պատճառելու կարողութիւնը ունի։

5 Հրեշտակ կոչուող հոգեղէն արարածները «ուժով զօրաւոր» են (Սաղ. 103։20)։ Անոնք մարդոցմէ գերադաս են, եւ հետեւաբար աւելի ուշիմ եւ ուժեղ են։ Անշուշտ հաւատարիմ հրեշտակները իրենց զօրութիւնը բարիքի համար կը գործածեն։ Օրինակ՝ առիթով մը մէկ հրեշտակ 185,000 ասորեստանցի զինուոր մեռցուց, ինչ որ մարդ մը չի կրնար ընել (Դ. Թագ. 19։35)։ Ուրիշ առիթով, հրեշտակ մը Յիսուսի առաքեալները բանտէն ազատ արձակեց, իր գերմարդկային ուժն ու հնարամտութիւնը գործածելով։ Հակառակ պահակներուն ներկայութեան, այդ հոգեղէն արարածը ապահովութեան միջոցառումները ի դերեւ հանեց, դռները բացաւ, առաքեալները դուրս բերաւ ու անոնց ետեւէն դռները կղպեց (Գործք 5։18-23)։

6 Միւս կողմէ, Սատանան իր զօրութիւնը չարիքի համար կը գործածէ։ Արդարեւ ան մեծ ոյժ ու ազդեցութիւն ունի։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ, թէ ան «աշխարհին իշխանը» եւ «այս աշխարհի աստուածն» է (Յովհ. 12։31. Բ. Կոր. 4։4)։ Ան նոյնիսկ ունի «մահուան իշխանութիւնը», կամ մահ պատճառելու կարողութիւնը (Եբ. 2։14)։ Ասիկա չի նշանակեր որ Բանսարկու Սատանան ուղղակի բոլոր մարդիկը կը սպաննէ։ Ան ի՞նչ առումով մահ պատճառելու կարողութիւնը ունի։ Առաջին, իր ատելավառ ու կատաղի կեցուածքը ներկայ աշխարհէն ներս թափանցած է։ Երկրորդ, քանի որ Եւան իր սուտին հաւատաց ու Ադամ Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, բոլոր մարդիկը կը մեղանչեն ու կը մեռնին (Հռով. 5։12)։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, Սատանան «մարդասպան» է (Յովհ. 8։44)։ Ան իրապէս զօրեղ թշնամի է։

7. Դեւերը իրենց զօրութիւնը ինչպէ՞ս ցուցուցած են։

7 Սատանային դիմադրելով, դէմ դրած կ’ըլլանք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ իր կողմը դիրք բռնած են։ Անոնց մէջ կան բազմաթիւ չար ոգիներ կամ դեւեր (Յայտ. 12։3, 4)։ Դեւերը շատ մը առիթներով իրենց գերմարդկային զօրութիւնը ցուցուցած են, իրենց տանջած մարդոց ծայրայեղ թշուառութիւն պատճառելով (Մատ. 8։28-32. Մար. 5։1-5)։ Այս չար հրեշտակներուն եւ «դեւերուն իշխան»ին զօրութիւնը բնաւ մի՛ թերագնահատեր (Մատ. 9։34, ԱԾ)։ Առանց Եհովայի օգնութեան, Սատանայի դէմ մեր մղած պայքարը բնաւ չենք կրնար շահիլ։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՎԱՅՐԱԳ Է

8. ա) Ի՞նչ է Սատանային նպատակակէտը (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Ըստ քեզի, այս աշխարհը ինչպէ՞ս Սատանայի անգթութիւնը կ’արտացոլէ։

8 Պետրոս առաքեալ նմանցուց Սատանան «մռնչող առիւծ»ի։ Աշխատասիրութեան մը համաձայն, «մռնչող» թարգմանուած յունարէն բառը կը մատնանշէ «ծայրաստիճան անօթի գազանի մը ոռնումը»։ Ասիկա լաւ կերպով կը նկարագրէ Սատանային կատաղի տրամադրութիւնը։ Ամբողջ աշխարհը արդէն իր ձեռքին տակ ըլլալով հանդերձ, ան յաւելեալ զոհեր կը փնտռէ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Աշխարհը իրեն համար պարզապէս «նախուտեստ» է, իսկ իր ուշադրութիւնը գրաւող «գլխաւոր ճաշ»ն է՝ օծեալ մնացորդը եւ «ուրիշ ոչխարներ»ը (Յովհ. 10։16. Յայտ. 12։17)։ Ան մտադրած է Եհովայի ծառաները կլլել։ Եւ առաջին դարէն մինչեւ օրս Յիսուսի հետեւորդներուն դէմ իր արձակած հալածանքի ալիքները կ’ապացուցանեն իր անգթութիւնը։

9, 10. ա) Սատանան ինչպէ՞ս իսրայէլ ազգին վրայ յարձակեցաւ (օրինակներ տուր)։ բ) Սատանան ինչո՞ւ վաղեմի իսրայէլի վրայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց։ գ) Ըստ քեզի, Բանսարկուն ի՞նչ կը զգայ, երբ այսօր Եհովայի ծառայ մը լուրջ մեղք գործէ։

9 Այլ կերպով ալ Սատանան վայրագութիւն կը ցուցաբերէ, մինչ կը ջանայ Աստուծոյ նպատակը խոչընդոտել։ Անօթի առիւծը իր որսին վրայ չի խղճար։ Զայն սպաննելէ առաջ չի կարեկցիր, եւ սպաննելէ ետք չի զղջար։ Համանման կերպով, Սատանան չի խղճար անոնց վրայ, որոնց կը փորձէ կլլել։ Օրինակ՝ քու կարծիքովդ, Սատանան ի՞նչ զգաց ամէն անգամ որ իսրայէլացիները տեղի տուին մեղքերու, ինչպէս՝ սեռային անբարոյութեան ու ագահութեան։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ ինչպէս Սատանան իր տարած յաղթանակով հրճուեցաւ, մինչ տեսաւ Զամբրիի անբարոյութեան եւ Գէեզիի ագահութեան ողբալի հետեւանքները (Թուոց 25։6-8, 14, 15. Դ. Թագ. 5։20-27)։

Տղամարդ մը գիշերով անպատշաճ նկարներ կը դիտէ համակարգիչի պաստառէն. ժպտացող առիւծի մը գծագրութիւնը կ’երեւնայ սենեակին մէջ

Սատանան կը հրճուի, երբ Եհովայի ծառան մեղք գործէ (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10 Սատանան վաղեմի իսրայէլի վրայ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մասնայատուկ պատճառ ունէր։ Այդ ազգը մէջտեղ պիտի բերէր Մեսիան, որ զինք պիտի ճզմէր ու Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէր (Ծն. 3։15)։ Սատանան չէր ուզեր որ իսրայէլացիները բարգաւաճէին, եւ անողոքօրէն ջանաց զիրենք մեղքերով ապականել։ Մի՛ խորհիր որ ան ցաւ զգաց Դաւիթի համար, երբ շնութիւն գործեց, կամ կարեկցեցաւ Մովսէսի, երբ Աւետեաց երկիրը մտնելու անորակեալ դարձաւ։ Ընդհակառակը, Սատանան անկասկած կ’ուրախանայ, երբ Աստուծոյ ծառան լուրջ մեղքով մը կ’արատաւորուի։ Իրականութեան մէջ, Բանսարկուն կրնայ այսպիսի յաղթանակներ գործածել, որպէսզի Եհովան անարգէ կամ նախատէ (Առ. 27։11)։

11. Սատանան ինչո՞ւ Սառան իր յարձակման թիրախը դարձուց։

11 Սատանան յատկապէս ատելութիւն ունէր անոնց հանդէպ, որոնց շառաւիղէն Մեսիան պիտի գար։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ, Աբրահամի ըսելէ ետք թէ «մեծ ազգ» պիտի ըլլար (Ծն. 12։1-3)։ Մինչ Աբրահամ ու Սառա Եգիպտոս էին, Սառան փարաւոնին տունը տարուեցաւ, բացայայտօրէն՝ որպէսզի իր կինը ըլլայ։ Բայց Եհովան միջամտեց ու այս դժուար կացութենէն ազատեց Սառան (կարդա՛ Ծննդոց 12։14-20)։ Իսահակի ծնունդէն քիչ առաջ, Գերարայի մէջ նոյնանման միջադէպ մը տեղի ունեցաւ (Ծն. 20։1-7)։ Արդեօք Սատանան քուլիսներու ետին իր գործը կը տեսնէ՞ր։ Ան յուսա՞ց որ Սառան, որ բարգաւաճ Ուր քաղաքը ձգելով վրաններու մէջ կ’ապրէր, հրապուրուէր փարաւոնի ու Աբիմելէքի շքեղ պալատներով։ Ան խորհեցա՞ւ թէ Սառան պիտի դաւաճանէր իր ամուսինին,– եւ Եհովային,– ու այդ թագաւորներէն մէկուն հետ ամուսնանար։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր, բայց վաւերական պատճառ ունինք հաւատալու, թէ Բանսարկուն շատ պիտի ուրախանար եթէ կարենար Սառան անյարմար դարձնել խոստացեալ սերունդին ծնունդ տալու։ Այս առաքինի կնոջ ամուսնութիւնը, համբաւը եւ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւնը քանդուիլը, Սատանային որեւէ խղճի խայթ պիտի չպատճառէր։ Ան որքա՜ն անգութ է։

12, 13. ա) Յիսուսի ծնունդէն ետք, Սատանան իր վայրագ ըլլալը ինչպէ՞ս դրսեւորեց։ բ) Քու կարծիքովդ, ներկայիս Սատանան ի՞նչ կը զգայ այն դեռատիներուն հանդէպ, որոնք Եհովան կը սիրեն ու կը ջանան Իրեն ծառայել։

12 Աբրահամէն դարեր ետք Յիսուս ծնաւ։ Մի՛ կարծեր թէ Սատանան զինք սեպեց գեղեցիկ, սիրունիկ կամ թոնթոշիկ մանուկ մը։ Ան գիտէր որ այս նորածինը խոստացեալ Մեսիան պիտի ըլլար։ Արդարեւ Յիսուս Աբրահամի սերունդին գլխաւոր մասն է, որ յետագային «Սատանային գործերը [պիտի] քանդէ» (Ա. Յովհ. 3։8)։ Սատանան պիտի պատճառաբանէ՞ր թէ մանուկի մը կեանքը խլելը չափազանց վայրագութիւն է։ Անոր վերջին հոգն է թէ ի՛նչ բան ճիշդ է կամ՝ սխալ։ Ուստի Յիսուսի առնչութեամբ, ան շուտով գործի լծուեցաւ։ Ինչպէ՞ս։

13 Երբ մոգեր հարցուցին թէ «ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ», Հերովդէս թագաւոր խռովեցաւ ու որոշեց զայն սպաննել (Մատ. 2։1-3, 13)։ Ան հրամայեց ջարդել Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր մանչերը՝ երկու տարեկան ու անկէ վար (կարդա՛ Մատթէոս 2։13-18)։ Այս սարսափելի սպանդէն Յիսուս վերապրեցաւ. բայց ասիկա ի՞նչ կը յայտնէ մեր թշնամիին մասին։ Բացայայտ է որ Բանսարկուն մարդկային կեանքին արժէք չի տար։ Ան վստահաբար երեխաներու հանդէպ փափուկ սիրտ չունի։ Ան իսկապէս «մռնչող առիւծ» է. անոր վայրագութիւնը բնաւ թեթեւի մի՛ առներ։

ՍԱՏԱՆԱՆ ԽԱԲԵԲԱՅ Է

14, 15. Սատանան ինչպէ՞ս ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցուցած է’։

14 Սատանան մարդիկը խաբելով է որ զիրենք կը մղէ սիրառատ Աստուծոյ՝ Եհովայի դէմ ըմբոստանալու (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան խաբէութեամբ պատճառ կը դառնայ որ մարդիկ ‘չգիտակցին իրենց հոգեւոր կարիքներուն’ (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Այսպէս ան «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը» (Բ. Կոր. 4։4)։

15 Սուտ կրօնքը Սատանայի խաբէութեան մեծագոյն մէկ միջոցն է։ Ան որքա՜ն ուրախ ըլլալու է, քանի որ մարդիկ կը պաշտեն նախահայրերը, բնութիւնը կամ անասունները,– ոեւէ մէկը կամ որեւէ բան, բացի Եհովայէն, որ «բացարձակ նուիրուածութիւն կը պահանջէ» (Ել. 20։5, ՆԱ)։ Նոյնիսկ շատեր, որոնք կը կարծեն թէ պատշաճօրէն Աստուած կը պաշտեն, սուտ հաւատալիքներու եւ անօգուտ արարողութիւններու գերի են։ Անոնց վիճակը խղճալի է, ինչպէս որ էր անոնց պարագան, որոնց Եհովա ըսաւ. «Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ. ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ» (Եսա. 55։2)։

16, 17. ա) Յիսուս ինչո՞ւ Պետրոսին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ»։ բ) Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ մեզ խաբել, որպէսզի մեր արթնութիւնը կորսնցնենք։

16 Սատանան կրնայ նոյնիսկ Եհովայի նախանձախնդիր ծառաները խաբել։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ սպաննուելու վրայ էր։ Պետրոս առաքեալ, անկասկած լաւ շարժառիթով, մէկդի առաւ զինք ու ըսաւ. «Քաւ լիցի [«Բարի՛ եղիր անձիդ հանդէպ», ՆԱ], Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Յիսուս խստօրէն պատասխանեց. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ» (Մատ. 16։22, 23)։ Ան ինչո՞ւ Պետրոսը կոչեց «Սատանայ»։ Յիսուս ըմբռնած էր թէ ինչ բաներ պիտի պատահէին։ Ժամանակը հասած էր, որ իր կեանքը իբրեւ փրկանքի զոհ տար ու փաստէր թէ Բանսարկուն ստախօս է։ Մարդկութեան պատմութեան այդ զգայուն հանգրուանին, ժամանակը չէր որ Յիսուս իր անձին հանդէպ ‘բարի ըլլար’ կամ քաղցր գտնուէր։ Իր արթնութեան մէջ թերանալը Սատանային ճիշդ ուզածն էր։

17 Մինչ այս չար աշխարհի վերջը կը մօտենայ, մենք ալ ճգնաժամային օրերու մէջ կ’ապրինք։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր անձին հանդէպ ‘բարի ըլլանք’, ջանալով այս աշխարհին մէջ մեր անձնական շահերը յառաջ մղել, եւ այսպէս մեր հրատապութեան զգացումը կորսնցնենք։ Թոյլ մի՛ տար որ այս մէկը քեզի պատահի։ Փոխարէն, շարունակէ ‘արթուն մնալ’ (Մատ. 24։42)։ Խուլ ականջ դարձուր Սատանայի խաբեբայ փրոփականտին, որ կ’ըսէ թէ վերջը հեռո՜ւ ապագային է կամ թէ երբեք պիտի չգայ։

18, 19. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մեզ մղել որ խորհինք թէ Եհովայի սիրոյն արժանի չենք։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ զգաստ ու արթուն մնանք։

18 Սատանան կը փորձէ այլ կերպով ալ մեզ խաբել։ Ան կը ջանայ մեզ մղել հաւատալու, թէ Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտուած՝ մենք չենք սիրուիր ու մեր մեղքերը աններելի են։ Այս ամէնը Սատանայի խաբեբայ փրոփականտին մէկ մասն է։ Իրականութեան մէջ, Եհովայի աչքին Սատանան ի՛նք յատկապէս ու իրապէս չի սիրուիր եւ ի՛նք իսկապէս ներումի արժանի չէ։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (Եբ. 6։10)։ Եհովան կը գնահատէ զինք հաճեցնելու մեր ջանքերը, եւ մեր ծառայութիւնը ի զուր չէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Ուրեմն, Սատանայի խաբեբայ փրոփականտին զոհը չերթանք։

19 Արդարեւ Սատանան զօրեղ, վայրագ ու խաբեբայ է։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս վիթխարի թշնամիին դէմ մեր մղած պայքարը շահիլ։ Եհովան մեզ անպաշտպան չի ձգեր։ Իր Խօսքը մեզի կը յայտնէ Սատանային մեթոտներն ու դիտաւորութիւնները, եւ հետեւաբար «անոր խորհուրդները գիտենք» (Բ. Կոր. 2։11)։ Սատանային ռազմավարութիւնը ըմբռնելով աւելի ի վիճակի կ’ըլլանք զգաստ ու արթուն մնալու։ Բայց անոր դիտաւորութիւնները պարզապէս գիտնալը բաւարար չէ։ Սուրբ Գիրքը կը նշէ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յակ. 4։7)։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ երեք մարզեր, որոնց մէջ կրնանք Սատանային դէմ պայքարիլ ու յաղթել։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել