Երբ աւանդութիւնը ճշմարտութեան հետ համապատասխան չէ
ՎՏԱՆԳ. ԽՄՈՒԵԼԻՔ ՋՈՒՐ ՉԷ։ Հաւանաբար այսպիսի զգուշացումներ տեսնելու սովոր ենք։ Շատ շրջաններու մէջ մարդիկ ուշադիր են թէ ի՛նչ կը խմեն, քանի որ գիտեն որ կարգ մը ջրամբարներ վարակիչ տարրերով թունաւորուած են, զորս կը կոչեն «կախարդի հեղուկ»։ Ուսումնասիրութիւն մը կ’ըսէ որ այս ապականութեան որպէս հետեւանք, ջուրը փոխանակ «կեանքը գոյատեւող ու պահպանող» մը ըլլալու, կրնայ «ախտայառաջ մարմիններ եւ ... քիմիական վարակիչ տարրեր փոխանցել»։—Water Pollution.
Ճշմարտութեան Ջուրերը Ապականել
Ճշմարտութեան հետ համապատասխան չեղող աւանդութիւնները կը նմանին ապականած ջրամբարներու։ Կրնանք միամտօրէն կառչիլ սերունդէ սերունդ փոխանցուած աւանդութիւններու՝ տեղեկութիւններու, կարծիքներու, հաւատալիքներու կամ սովորութիւններու՝ որոնք սակայն, վարակուած են սուտ, մոլորեցնող գաղափարներու եւ փիլիսոփայութիւններու «կախարդի հեղուկ»ով։ Ապականած ջուրի նման, ասոնք կրնան անհամար վնասներ՝ հոգեւոր վնասներ՝ պատճառել։
Նոյնիսկ երբ խորհինք որ մեր կրօնական աւանդական հաւատալիքները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են, բոլորս ալ զանոնք ուշադրութեամբ քննելու համար ժամանակ պէտք է յատկացնենք։ Չմոռնանք որ, երբ Մարտին Լուտեր իր օրուան աւանդական հաւատալիքին կառչեցաւ եւ դատապարտեց Կոպեռնիկոսը, ինք կը հաւատար որ Աստուածաշունչը իրեն նեցուկ կը կանգնէր։ Սակայն, Լուտեր չհետեւեցաւ նախկին Բերիացիներու լաւ օրինակին, որոնք ‘ազնիւ մարդիկ էին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են’։—Գործք 17։10, 11
Պահ մը խորհեցէք թէ աւանդական հաւատալիքները ո՛րքան վնաս հասցուցին Յիսուսի օրուան կարգ մը Հրեաներուն։ Անոնք սրտանց կը հաւատային որ իրենց աւանդութիւնները շիտակ էին։ Երբ բողոքեցին որ Յիսուսի աշակերտները աւանդութիւնները չէին պահեր, Յիսուս զանոնք նեղը ձգեց հետեւեալ հարցումով. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ»։ (Մատթէոս 15։1–3) Ո՞ւր էր սխալը։ Յիսուս իր մատը խնդրին վրայ դրաւ, երբ Եսայի մարգարէին խօսքերը մէջբերեց. «[Անոնք] պարապ տեղը [Աստուած] կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով»։—Մատթէոս 15։9. Եսայեայ 29։13
Այո, անոնք Աստուծմէ բխած ճշմարտութիւնները փոխարինեցին մարդոցմէ, աւելի գէշը՝ դեւերէ՝ ծագում առած գաղափարներով։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններու Վրայ գիրքը (Հատոր Ա. էջ 506) կը բացատրէ. «Այդ ժամանակուան Փարիսեցիները կը սորվեցնէին որ անգամ մը որ անհատ մը ըսեր թէ իր ստացուածքը ‘գորպան’ կամ Աստուծոյ տրուելիք ընծայ մըն է, ան այլեւս չէր կրնար զայն գործածել իր ծնողքին կարիքները լեցնելու համար, անոնք որքան ալ կարօտեալ ըլլային, սակայն ինք կրնար այդ ստացուածքը գործածել մինչեւ իր մահը, եթէ փափաքէր»։ Մարդկային իմաստութիւնը, որ Ճշմարտութեան ջուրերը վարակած էր, գէշ ազդեցութիւն ունեցաւ Հրեաներուն հոգեւորականութեան վրայ։ Մեծամասնութիւնը նոյնիսկ մերժեց երկար ժամանակէ սպասուած Մեսիան։
Քրիստոնեայ Աշխարհը Ապականութիւնը կ’Աւելցնէ
Յիսուսի մահուընէ ետք ալ նոյնանման հոգեւոր վնասներ պատճառուեցան։ Յիսուսի հետեւորդները ըլլալ դաւանողներէն շատեր, բերանացի աւանդութեան դիմեցին իրենց նոր ուսուցումները ապացուցանելու համար։ Ըստ Մըգլինթոկ եւ Սթրոնկի Համայնագիտարանին (Cyclopedia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature), Քրիստոնեայ կոչուած կարգ մը անհատներ խորհեցան որ այդ աւանդութիւնները «Ուսուցումներ էին, որոնք Քրիստոնէական առաջին եկեղեցինները առաքեալներուն բերնէն ստացած էին ե որոնք առաքելական դարէն փոխանցուած ըլլալով մինչեւ իրենց ժամանակը մաքուր պահուած էին»։— Շեղագիրը մեզմէ։
Իրականութեան մէջ, այդ աւանդութիւններէն շատերը անմաքուր, սխալ գաղափարներ էին։ Ինչպէս Համայնագիտարանը կը բացատրէ, այդ նոր փիլիսոփայութիւնները «տարակարծիք էին ո՛չ միայն ուրիշ աւանդութիւններու հետ, այլ նաեւ՝ իրենց ձեռքին մէջ գտնուող առաքեալներուն բուն գրութիւններուն հետ»։ Ասիկա ամբողջովին անսպասելի բան մը չէր։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուցած էր Քրիստոնեաները, ըսելով. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։—Կողոսացիս 2։8
Այսօր ալ, աւանդական հաւատալիքներէն շատեր ‘առաքեալներուն բուն գրութիւններուն հետ տարակարծիք են’։ Քրիստոնեայ Աշխարհը ճշմարտութեան ջուրերը թունաւորած է, դեւերու կողմէ ներշնչուած շատ մը գաղափարներով, ինչպէս Երրորդութիւնը, դժոխքի կրակը, մարդկային հոգիին անմահութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ կռապաշտութիւնը։a (Ա. Տիմոթէոս 4։1–3) Պատմութիւնը կը վկայէ որ մարդիկ հոգեւոր հիւանդութեան մատնուած են դեւերու ուսմունքներու զոհ դառնալով, որոնք Քրիստոնեայ Աշխարհի աւանդական ուսուցումները դարձած են։—Եսայեայ 1։4–7
Արդարեւ, ճշմարտութիւնը սկսաւ վարակուիլ, մարդուն գոյութեան սկիզբէն իսկ։ Սատանան սուտերով եւ խաբկանքներով մարդոց մտքերը թունաւորելու իր գործընթացը շարունակած է, զոր սկսած էր Եդէմի մէջ։ (Յովհաննու 8։44. Բ. Կորնթացիս 11։3) Նոյի օրուան Ջրհեղեղէն ետք, երբ մարդիկ ամբողջ երկրի վրայ ցրուեցան, ամէն մշակոյթի պատկանողներ դեւերու կողմէ ներշնչուած փիլիսոփայութիւններու եւ գաղափարներու մարդկային գիտութեան ջրամբարներէն յօժարօրէն թունաւորուելու զոհ գացին։
Հոգեւոր Ապականութեան Հետեւանքները
Այսպիսի հոգեւոր ապականութիւն մը ի՞նչ վնասներ կրնայ հասցնել։ Կրնանք զայն բաղդատել մեր ֆիզիքական առողջութեան վրայ, ապականած ջուրին ունեցած հետեւանքներուն հետ։ Հեղինակութիւն մը կ’ըսէ. «Մորթին հետ շփման մէջ եկած ապականած ջուրի հետեւանքով, շուրջ 200 միլիոն անհատներ զոհ կ’երթան շիսթոսոմիասիսի, [օձի տենդ, որ արիւնատութիւն, անհանգստութիւն, ընդհանուր վատառողջութիւն եւ նոյնիսկ մահ կը պատճառէ]։ Աղտոտ ջուրով լոգնալու հետեւանքով, 500 միլիոն անհատներ տրաքոմա ունին, որ կուրութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն է։ ... Իսկ շուրջ 2 միլիառ մարդիկ խմելիք մաքուր ջուր չունին»։ (Our Country, the Planet) Միլիոնաւոր մարդիկ, սուտ, դիւային ուսուցումներով խարդախուած աւանդութիւններու հետեւած ըլլալով, հոգեւոր գետնի վրայ տկարացած, կուրացած եւ նոյնիսկ սպաննուած են։—Ա. Կորնթացիս 10։20, 21. Բ. Կորնթացիս 4։3, 4
Օրինակ, շատեր շփոթած կամ կուրացած են Յիսուս Քրիստոսի եւ իր Հօրը՝ Եհովա Աստուծոյ՝ միջեւ եղող յարաբերութեան շուրջ։ Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն ոմանց մէջ սովորութիւն եղած է Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն հանել Աստուծոյ սուրբ անունը։ Ճորճ Հաուըրտ կ’ըսէ. «Մեր կարծիքով, Քառեգիրին վերցուիլը շփոթութիւն յառաջացուց Հեթանոսութենէ եկած նախկին Քրիստոնեաներու մտքին մէջ, ‘Տէր Աստուծոյ’ եւ ‘Տէր Քրիստոս’ի միջեւ եղած յարաբերութեան շուրջ»։— Journal of Biblical Literature
Մտածեցէք նաեւ, մարդկային հոգիի անմահութեան հակա–սուրբ գրային աւանդութեան պատճառած շփոթութեան, նախապաշարումին եւ վախին մասին։ (Բաղդատել Ժողովողի 9։5. Եզեկիէլ 18։4։) Որքա՜ն մարդիկ նախնիքներու պաշտամունքի գերութեան, կամ յարատեւ վախի մէջ են, որ ննջեցեալները պիտի գան ու վնաս հասցնեն իրենց։ Այս հաւատալիքը մղած է մարդոց որ իրենք զիրենք եւ ուրիշները սպաննեն։
Ճաբոնցիներէն շատեր կը խորհին որ մահուան ժամանակ, իրենց մեկնող հոգիները անդիի աշխարհին մէջ իրար պիտի հանդիպին։ Հետեւաբար, անձնասպանութեան ձեռնարկող ծնողներէն շատեր, խորհած են որ լաւագոյն բանն է իրենց զաւակներն ալ սպաննել։ Բառագիրք մը (An English Dictionary of Japanese Ways of Thinking) կը բացատրէ. «Ճաբոնի մէջ, անձնասպանութիւնը միշտ դատապարտուած չէ, այլ անիկա յաճախ կը նկատուի որպէս մէկու մը գործած լուրջ սխալին համար թողութիւն խնդրելու ընդունելի կերպ մը։ ... Նոյնիսկ ընտանեկան անձնասպանութեան մասին կարեկցութեամբ կրնայ խօսուիլ»։
Աւանդութիւնները Փորձի Ենթարկեցէք
Աւանդական հաւատալիքներու ու սովորութիւններու կուրաբար հետեւելուն վտանգները նկատի ունենալով, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետեւեալ խրատը տուաւ. «Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ [ինչպէս որ պիտի փորձէիք ջուրին մաքրութիւնը] թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասնզի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են»։ (Ա. Յովհաննու 4։1. տես նաեւ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21։) Ինչպէ՞ս կրնաք գիտնալ որ աւանդութիւն մը վնասակար է։ Ձեր հաւատացած բաները փորձելու համար, հեղինակութեան մը, մաքրութեան որոշ չափանիշի մը կարիքը ունիք։
Աստուածաշունչը այսպիսի հեղինակութիւն մըն է։ Յիսուս Քրիստոս նշեց. «Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննու 17։17) Ան նաեւ ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով»։ (Յովհաննու 4։23) Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը գործածելով, ճշմարտութեան մաքուր ջուրերը կը խմէք, փոխանակ մարդկային եւ դիւային փիլիսոփայութիւններու ապականած ջուրերը խմելու։—Յովհաննու 8։31, 32. Բ. Տիմոթէոս 3։16
Մի՛ մոռնաք որ նոյնիսկ քանի մը կաթիլ ապականիչ նիւթ գէշ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Երբեմն տարիներ ետք անոնց ազեցութիւնը երեւան կ’ելլէ։ Բնապահպանման Համաշխարհային Կազմակերպութեան նախկին նախագահը, Շրիտաթ Ռամֆըլ կ’ըսէ. «Աղտոտ ջուրը աշխարհի ամենէն վտանգաւոր սպաննիչը եղած է։ Անիկա ամէն օր առ նուազն 25,000 մարդ կը սպաննէ»։ Հոգեւոր գետնի վրայ ապականած աւանդութիւնները տակաւին աւելի վտանգաւոր են։
Երկար տարիներ ձեր հետեւած աւանդական հաւատալիքներէն ձերբազատուելու քաջութիւնը ունի՞ք, եթէ տեսնէք որ անոնք ճշմարտութեան հետ համապատասխան չեն։ Տրուած ազդարարութեան ուշադի՛ր եղէք։ Դուք ձեզ եւ ձեր ընտանիքը պաշտպանեցէ՛ք, վստահ ըլլալով որ ձեր աւանդութիւնները Աստուծոյ ճշմարտութեան մաքուր Խօսքին հետ ներդաշնակ են։—Սաղմոս 19։8–11. Առակաց 14։15. Գործք 17։11
[Ստորանիշ]
a Փաստելու համար թէ այսպիսի ուսուցումներ հիմնուած չեն Աստուածաշունչի վրայ, տես՝ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը, որ տարբեր լեզուներով հրատարակուած է Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։