«Ինծի սպասեցէ՛ք»
«Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը»։—ՍՈՓՈՆԵԱՅ 3։8
1. Սոփոնիա մարգարէին կողմէ ի՞նչ ազդարարութիւն տրուեցաւ, եւ ասիկա ինչո՞ւ ներկայիս ապրող մարդիկը կը հետաքրքրէ։
«ՏԷՐՈՋԸ մեծ օրը մօտ է»։ Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարու կիսուն, այս ազդարարական կոչը տրուեցաւ Սոփոնիա մարգարէին կողմէ։ (Սոփոնեայ 1։14) 40 կամ 50 տարի չանցած, այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, երբ Երուսաղէմի եւ իր ժողովուրդին հետ գէշ կերպով վարուելով, Եհովայի գերիշխանութիւնը արհամարհած ազգերուն վրայ Եհովայի դատաստանները ի գործ դնելու օրը հասաւ։ Այս դէպքը ինչո՞ւ Ի. դարու աւարտին ապրող մարդիկը կը հետաքրքրէ։ Մենք կ’ապրինք այն ժամանակին մէջ, երբ Եհովայի վերջնական «մեծ օրը» արագօրէն կը մօտենայ։ Սոփոնիայի օրերուն նման, Եհովայի «սաստիկ բարկութիւն»ը պիտի բռնկի Երուսաղէմի արդի համանմանին՝ Քրիստոնեայ Աշխարհին՝ եւ այն բոլոր ազգերուն վրայ, որոնք Եհովայի ժողովուրդին հետ գէշ կերպով կը վարուին ու իր տիեզերական գերիշխանութիւնը կ’արհամարհեն։—Սոփոնեայ 1։4. 2։4, 8, 12, 13. 3։8. Բ. Պետրոս 3։12, 13
Սոփոնիա՝ Քաջարի Վկայ մը
2, 3. (ա) Սոփոնիայի մասին ի՞նչ գիտենք, եւ ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ան Եհովայի քաջարի վկայ մըն էր։ (բ) Ի՞նչ իրողութիւններ կարելի կը դարձնեն որ Սոփոնիայի մարգարէանալուն ժամանակն ու վայրը բնորոշենք։
2 Սոփոնիա մարգարէին մասին շատ քիչ բան գիտենք, որուն անունը (Եբրայերէնով Սեֆանեահ) կը նշանակէ՝ «Եհովա Հովանաւորած Է (Գուրգուրացած է)»։ Սակայն, ուրիշ մարգարէներուն հակառակը, Սոփոնիա իր սերնդաբանութիւնը կուտայ մինչեւ չորրորդ սերունդը, մինչեւ «Եզեկիա»։ (Սոփոնեայ 1։1. բաղդատել Եսայեայ 1։1. Երեմեայ 1։1. Եզեկիէլ 1։3։) Ասիկա այնքան արտասովոր է որ մեկնաբաններէն շատեր կը խորհին որ հաւատարիմ Եզեկիա Թագաւորը իր պապին պապը ըլլալու էր։ Եթէ պարագան այդ էր, ուրեմն Սոփոնիա արքայազարմ էր, իսկ ասիկա Յուդայի իշխաններուն դէմ իր խիստ դատապարտութիւնը աւելի ծանրակշիռ կը դարձնէր ու ցոյց կու տար որ ինք քաջարի վկայ մը, ու Եհովայի մարգարէն էր։ Երուսաղէմի տեղագրութենէն ու արքայական պալատի իրադարձութիւններէն մօտէն տեղեակ ըլլալը կը թելադրէ որ ան Եհովայի դատաստանները թերեւս մայրաքաղաքին մէջ յայտարարած էր։—Տես Սոփոնեայ 1։8–11, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանշումները։
3 Նկատողութեան արժանի է այն իրողութիւնը որ, մինչ Սոփոնիա աստուածային դատաստաններ ծանուցանեց Յուդայի քաղաքական «իշխաններ»ուն (ազնուականներուն, կամ ցեղապետերուն) ու «թագաւորին տղաքներ»ուն դէմ, սակայն իր քննադատութեան մէջ բնաւ թագաւորը չյիշեց։a (Սոփոնեայ 1։8. 3։3) Ասիկա կը թելադրէ որ պատանի Յովսիա Թագաւորը մաքուր պաշտամունքին հանդէպ արդէն որոշ հակում մը ունէր, բայց քանի որ Սոփոնիա կացութիւնը կը պարսաւէր, բացայայտօրէն ան տակաւին իր կրօնական բարեկարգումները չէր սկսած։ Այս բոլորը կը մատնանշեն որ Սոփոնիա Յուդայի մէջ մարգարէացաւ Յովսիայի իշխանութեան սկիզբի տարիներու ընթացքին, որ թագաւորեց Հ.Դ.Ա. 659–էն մինչեւ 629։ Սոփոնիայի ուժեղ մարգարէութիւնը անկասկած պատճառ եղաւ որ պատանի Յովսիա աւելի անդրադառնայ այդ ժամանակ Յուդայի մէջ տիրական եղող կռապաշտութեան, վայրագութեան ու ապականութեան, եւ զինք քաջալերեց որ կռապաշտութեան դէմ արշաւ մը կատարէ։—Բ. Մնացորդաց 34։1–3
Եհովայի Սաստիկ Բարկութեան Պատճառները
4. Յուդայի ու Երուսաղէմի դէմ Եհովա իր բարկութիւնը ի՞նչ բառերով արտայայտեց։
4 Եհովա Յուդայի առաջնորդներուն ու բնակիչներուն եւ անոր մայրաքաղաքին՝ Երուսաղէմին՝ դէմ բարկանալու լաւ պատճառ ունէր։ Իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, ան ըսաւ. «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ, տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները, երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները»։—Սոփոնեայ 1։4, 5
5, 6. (ա) Սոփոնիայի ժամանակ ի՞նչ էր կրօնական վիճակը Յուդայի մէջ։ (բ) Յուդայի քաղաքական առաջնորդներուն ու անոնց հետեւակներուն վիճակը ի՞նչ էր։
5 Բահաղի պաշտամունքին բեղմնաւորութեան նուաստացուցիչ արարողութիւններով, դիւային աստղաբաշխութեամբ եւ հեթանոսական չաստուծոյ՝ Մեղքոմի՝ պաշտամունքով Յուդա պղծուած էր։ Եթէ Մեղքոմ նոյն Մողոքն է, ինչպէս ոմանք կը թելադրեն, ուրեմն Յուդայի սուտ պաշտամունքը կը պարփակէր մանուկներու զզուելի զոհագործութիւնը։ Կրօնական այսպիսի սովորութիւններ գարշելի էին Եհովայի աչքին։ (Գ. Թագաւորաց 11։5, 7. 14։23, 24. Դ. Թագաւորաց 17։16, 17) Անոնք իր բարկութիւնը աւելի բորբոքեցուցին, քանի որ այս կռապաշտները տակաւին Եհովայի անունով երդումներ կ’ընէին։ Ան այսպիսի կրօնական պղծութեան այլեւս պիտի չհանդուրժէր ու պիտի բնաջնջէր թէ՛ հեթանոս եւ թէ հաւատուրաց քահանաները։
6 Յուդայի քաղաքական առաջնորդներն ալ եղծանուած էին։ Անոր իշխանները յափշտակիչ «մռնչող առիւծներ»ու եւ անոր դատաւորները՝ գիշատիչ «գայլեր»ու կը նմանէին։ (Սոփոնեայ 3։3) Անոնց հետեւակները ամբաստանուած էին որպէս «իրենց Տէրոջը [տէրերուն (ՆԱ)] տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողներ»։ (Սոփոնեայ 1։9) Նիւթապաշտութիւնը լայնատարած էր։ Շատեր առիթը կ’օգտագործէին հարստութիւն դիզելու համար։—Սոփոնեայ 1։13
Կասկածներ՝ Եհովայի Օրուան Նկատմամբ
7. ‘Տէրոջը մեծ օրուընէ’ որքա՞ն առաջ Սոփոնիա մարգարէացաւ, եւ շատ մը Հրեաներու հոգեւոր վիճակը ի՛նչպէս էր։
7 Ինչպէս տեսանք, Սոփոնիայի ժամանակ տիրական եղող կրօնական աղիտալի վիճակը ցոյց կու տայ որ ան որպէս վկայ ու մարգարէ իր գործունէութիւնը կատարեց Յովսիա Թագաւոր կռապաշտութեան դէմ իր արշաւը սկսելէն առաջ, շուրջ Հ.Դ.Ա. 648–ին։ (Բ. Մնացորդաց 34։4, 5) Ուստի, շատ հաւանական է որ Յուդայի թագաւորութեան վրայ «Տէրոջը մեծ օրը» գալէն առնուազն 40 տարի առաջ Սոփոնիա մարգարէացաւ։ Այդ ժամանակամիջոցին, շատ մը Հրեաներ կասկածներ սնուցանեցին ու անտարբեր ըլլալով, Եհովայի ծառայելէ ‘ետ դարձան’։ Սոփոնիա կը խօսի անոնց մասին որոնք ‘Տէրը չփնտռեցին եւ զանիկա չխնդրեցին’։ (Սոփոնեայ 1։6) Բացայայտօրէն, Յուդայի մէջ մարդիկ անհոգ էին, Աստուծմով չէին հետաքրքրուեր։
8, 9. (ա) Եհովա ինչո՞ւ «Գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը» պիտի քննէր։ (բ) Եհովա Յուդայի բնակիչներուն եւ անոնց քաղաքական ու կրօնական առաջնորդներուն ի՞նչ կերպերով ուշադրութիւն պիտի ընծայէր։
8 Եհովա իր ժողովուրդը ըլլալ դաւանողները քննութեան ենթարկելու իր նպատակը յայտնած էր։ Իր երկրպագուները ըլլալ դաւանողներուն մէջ, ան պիտի փնտռէր այն անհատները որոնք մարդկային գործառնութիւններուն միջամտելու իր կարողութեան կամ մտադրութեան նկատմամբ իրենց սրտերուն մէջ կասկածներ կը սնուցանէին։ Ան ըսաւ. «Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’»։ (Սոփոնեայ 1։12) «Գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը» արտայայտութիւնը (որ ակնարկում մըն էր գինիի պատրաստութեան) կ’ակնարկէր անոնց, որոնք տակառի մը յատակը նստած գինեմրուրի նման հաստատուած էին եւ մարդային գործառնութիւններուն մէջ աստուածային վերահաս միջամտութեան որեւէ յայտարարութեամբ չէին ուզեր խանգարուիլ։
9 Եհովա իր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէր Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն եւ անոնց քահանաներուն վրայ, որոնք իր պաշտամունքը հեթանոսութեան հետ խառնած էին։ Եթէ անոնք Երուսաղէմի պարիսպներէն ներս, գիշերուան մթութեան ներքեւ իրենք զիրենք ապահով կը զգային, ան պիտի փնտռէր զանոնք որպէս թէ լուսարձակ ճրագներով, որոնք անոնց ապաստանած հոգեւոր խաւարէն ներս պիտի թափանցէին։ Զանոնք պիտի սթափեցնէր իրենց կրօնական անտարբերութենէն, նախ դատաստանական ահարկու պատգամներ ղրկելով ու ապա այդ դատաստանները ի գործ դնելով։
«Տէրոջը Մեծ Օրը Մօտ Է»
10. Սոփոնիա «Տէրոջը մեծ օրը» ինչպէ՞ս նկարագրեց։
10 Եհովա Սոփոնիան ներշնչեց որ յայտարարէ. «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ [դառն է (ՆԱ)]»։ (Սոփոնեայ 1։14) Արդարեւ դառն օրեր կը սպասէին բոլոր անոնց, որոնք մերժեցին ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայել ու մաքուր պաշտամունքին վերադառնալ, անոնք ըլլային քահանաներ, իշխաններ կամ ժողովուրդը։ Դատաստանի գործադրման օրը նկարագրելով, մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն օրը բարկութեան օր է. նեղութեան ու տառապանքի օր, կործանումի ու աւերումի օր, խաւարի ու մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օր է։ Պարսպապատ քաղաքներու դէմ եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է»։—Սոփոնեայ 1։15, 16
11, 12. (ա) Երուսաղէմի դէմ ի՞նչ դատաստանական պատգամ յայտարարուեցաւ։ (բ) Նիւթական բարգաւաճութիւնը կրնա՞ր Հրեաները փրկել։
11 Մի քանի տասնամեակներ ետք, Բաբելոնի բանակները Յուդայի վրայ պիտի խուժէին։ Երուսաղէմ պիտի չազատէր։ Անոր բնակութեան ու առեւտրական մասերը պիտի քանդուէին։ «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։ Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի [Երուսաղէմի մէկ մասը] բնակիչներ, քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան»։—Սոփոնեայ 1։10, 11, Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան ստորանշումը։
12 Մերժելով հաւատալ որ Եհովայի օրը մօտ էր, Հրեաներէն շատեր առեւտրական շահաւէտ ձեռնարկներու մէջ մխրճուեցան։ Սակայն իր հաւատարիմ Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նախագուշակեց որ «անոնց ստացուածքը՝ աւար, անոնց տուները աւերակ պիտի [ըլլային]»։ Անոնք իրենց արտադրած գինիէն պիտի չխմէին եւ «Տէրոջը բարկութեան օրը անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ զանոնք ազատելու կարող պիտի [չըլլային]»։—Սոփոնեայ 1։13, 18
Ուրիշ Ազգերու Դատաստանը
13. Սոփոնիա դատաստանական ի՞նչ պատգամ յայտարարեց Մովաբի, Ամմոնի ու Ասորեստանի դէմ։
13 Իր Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ, Եհովա նաեւ իր բարկութիւնը արտայայտեց իր ժողովուրդին հետ գէշ կերպով վարուած ազգերուն դէմ։ Ան ըսաւ. «Մովաբին նախատինքը ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։ Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմի պէս ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս եղիճներու կալուածք, աղի հանք ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։ . . . Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ եւ Նինուէն աւերակի ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ»։—Սոփոնեայ 2։8, 9, 13
14. Ի՞նչ ապացոյց կայ որ օտար ազգեր Իսրայելացիներուն ու անոնց Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ դէմ «հպարտացան»։
14 Մովաբն ու Ամմոնը Իսրայէլի դարաւոր թշնամիներն էին։ (Բաղդատել Դատաւորաց 3։12–14։) Մովաբական Կոթողը, որ Փարիզի Լուվրի Թանգարանին մէջ կը գտնուի, փորագրութիւն մը կը կրէ որ Մովաբացի Մեսա Թագաւորին սնապարծ մէկ խօսքը կը բովանդակէ։ Ան հպարտօրէն կը պատմէ թէ իր Քամովս չաստուծոյն օգնութեամբ ինչպէ՛ս իսրայէլի շատ մը քաղաքները գրաւեց։ (Դ. Թագաւորաց 1։1) Երեմիա, որ Սոփոնիայի ժամանակակից էր, խօսեցաւ Ամմոնացիներուն մասին, որոնք իրենց Մեղքոմ չաստուծոյն անունով Իսրայէլի պատկանող Գադի հողամասը գրաւեցին։ (Երեմեայ 49։1) Իսկ գալով Ասորեստանի, Սաղմանասար Ե. Թագաւորը Սոփոնիայի օրերէն շուրջ դար մը առաջ Սամարիան պաշարած ու գրաւած էր։ (Դ. Թագաւորաց 17։1–6) Անկէ քիչ ետք, Սենեքերիմ Թագաւորը Յուդայի վրայ յարձակեցաւ, անոր շատ մը ամրացուած քաղաքները գրաւեց եւ նոյնիսկ Երուսաղէմի սպառնաց։ (Եսայեայ 36։1, 2) Ասորեստանցի Թագաւորին խօսնակը արդարեւ Եհովայի դէմ հովեր առաւ, երբ Երուսաղէմի յանձնուիլը պահանջեց։—Եսայեայ 36։4–20
15. Եհովա իր ժողովուրդին դէմ հպարտացող ազգերուն չաստուածները ի՞նչպէս պիտի նուաստացնէր։
15 83–րդ Սաղմոսը կը յիշէ կարգ մը ազգեր, մէջը ըլլալով Մովաբը, Ամմոնը եւ Ասորեստանը, որոնք Իսրայէլի դէմ հպարտացան ու յոխորտալով ըսին. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէսզի ազգ չըլլան ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։ (Սաղմոս 83։4) Սոփոնիա մարգարէն խիզախօրէն յայտարարեց որ զօրքերու տէր Եհովան բոլոր այս ամբարտաւան ազգերը ու իրենց չաստուածները պիտի նուաստացնէր։ «Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ, քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին ու անոր դէմ հպարտացան։ Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ եւ ազգերու բոլոր կղզիները, ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն»։—Սոփոնեայ 2։10, 11
«Սպասեցէ՛ք»
16. (ա) Եհովայի օրուան մօտենալը որո՞նց համար ուրախութեան աղբիւր մըն էր եւ ի՛նչու։ (բ) Այս հաւատարիմ մնացորդին ոգեւորիչ ի՞նչ կոչ տրուեցաւ։
16 Մինչ հոգեւոր քնատութիւնը, կասկածամտութիւնը, կռապաշտութիւնը, ապականութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը տիրական էին Յուդայի ու Երուսաղէմի առաջնորդներուն եւ շատ մը բնակիչներուն մէջ, երեւութապէս կարգ մը հաւատարիմ Հրեաներ Սոփոնիայի ազդարարական մարգարէութիւններուն մտիկ ըրին։ Անոնք Յուդայի իշխաններուն, դատաւորներուն ու քահանաներուն գարշելի արարքներուն պատճառաւ տրտմած էին։ Սոփոնիայի յայտարարութիւնները այս հաւատարիմներուն համար մխիթարութեան աղբիւր մըն էին։ Եհովայի օրուան մօտենալը, փոխանակ մտավախութիւն պատճառելու, անոնց համար ուրախութեան աղբիւր մըն էր, քանի որ անիկա այսպիսի զըզւելի սովորութիւններուն վերջ պիտի դնէր։ Այս հաւատարիմ մնացորդը Եհովայի ոգեւորիչ կոչին անսաց. «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի»։—Սոփոնեայ 3։8
17. Սոփոնիայի դատաստանական պատգամները ե՞րբ եւ ի՞նչպէս ազգերուն վրայ սկսան կատարուիլ։
17 Այդ ազդարարութեան ականջ տուողները անակնկալի չեկան։ Շատեր իրենց կեանքի տեւողութեան տեսան Սոփոնիայի մարգարէութեան կատարումը։ Հ.Դ.Ա. 632–ին, Նինուէն գրաւուեցաւ ու կործանուեցաւ Բաբելոնացիներէ, Մարերէ ու հիւսիսէն եկած հրոսախումբերէ, հաւանաբար Սկիւթացիներէ բաղկացած դաշնակցութեան մը կողմէ։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրան կը պատմէ. «Նաբուպաղսարի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Բաբելոնական բանակ մը միացաւ Կիաքսարի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Մարական բանակի մը եւ Կովկասէն եկած Սկիւթացիներու հրոսախումբի մը հետ, ապշեցուցիչ դիւրութեամբ ու արագութեամբ գրաւեցին հիւսիսի միջնաբերդերը։ . . . Մէկ հարուածով Ասորեստանը պատմութեան էջերէն սրբուեցաւ»։ Սոփոնիա ճիշդ ասիկա մարգարէացած էր։—Սոփոնեայ 2։13–15
18. (ա) Երուսաղէմի վրայ աստուածային դատաստանը ի՞նչպէս ի գործ դրուեցաւ եւ ի՛նչու։ (բ) Մովաբի ու Ամմոնի առնչութեամբ Սոփոնիայի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
18 Եհովայի սպասող շատ մը Հրեաներ ալ իրենց կեանքի տեւողութեան տեսան Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր դատաստաններուն ի գործ դրուիլը։ Երուսաղէմի նկատմամբ, Սոփոնիա մարգարէացած էր. «Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, հարստահարութիւն ընող քաղաքին։ Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ»։ (Սոփոնեայ 3։1, 2) Իր անհաւատարմութեան պատճառաւ, Երուսաղէմ Բաբելոնացիներուն կողմէ երկու անգամ պաշարուեցաւ եւ վերջապէս գրաւուեցաւ ու կործանուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին։ (Բ. Մնացորդաց 36։5, 6, 11–21) Իսկ ինչ կը վերաբերի Մովաբի ու Ամմոնի, ըստ Հրեայ պատմաբան Յովսեպոսի, Երուսաղէմի անկումէն հինգ տարի ետք, Բաբելոնացիները անոնց դէմ պատերազմեցան ու զանոնք նուաճեցին։ Ինչպէս մարգարէացուած էր, անոնք հետագային չքացան։
19, 20. (ա) Եհովա իրեն սպասողները ի՞նչպէս վարձատրեց։ (բ) Այս դէպքերը ինչո՞ւ կը հետաքրքրեն մեզ, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնուին։
19 Սոփոնիայի մարգարէութեան այս եւ ուրիշ մանրամասնութեանց կատարումը Եհովայի սպասող Հրեաներուն ու ոչ–Հրեաներուն համար հաւատք զօրացնող փորձառութիւն մըն էր։ Յուդայի ու Երուսաղէմի կործանումէն վերապրողներուն մէջ կային Երեմիա, Եթովպիացի Աբդեմելէք եւ Յովնադաբին տունը՝ Ռեքաբեանները։ (Երեմեայ 35։18, 19. 39։11, 12, 16–18) Գերութեան մէջ գտնուող հաւատարիմ Հրեաները ու անոնց սերունդը, որոնք շարունակեցին Եհովայի սպասել, մաս կազմեցին այն ուրախ մնացորդին որ Հ.Դ.Ա. 537–ին Բաբելոնէն ազատագրուեցաւ ու մաքուր պաշտամունքը վերահաստատելու համար դէպի Յուդա վերադարձաւ։—Եզրասայ 2։1. Սոփոնեայ 3։14, 15, 20
20 Այս բոլորը մեր օրերուն ի՞նչ նշանակութիւն ունին։ Շատ մը կերպերով Սոփոնիայի օրուան կացութիւնը ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գարշելի բաներուն կը համապատասխանէ։ Ասկէ զատ, այդ ժամանակ ապրող Հրեաներուն զանազան վերաբերմունքներու նմանութիւններ կը տեսնուին ներկայիս, երբեմն նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին մէջ։ Այս հարցերը նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշ]
a Այդպէս կը թուի որ «թագաւորին տղաքները» արտայայտութիւնը արքայական բոլոր իշխաններուն կ’ակնարկէ, քանի որ այդ ժամանակ Յովսիայի որդիները շատ փոքր էին։
Վերաքաղ
◻ Սոփոնիայի օրերուն Յուդայի մէջ կրօնական վիճակը ի՞նչ էր։
◻ Քաղաքական առաջնորդներուն մէջ ի՞նչ վիճակներ տիրական էին, եւ շատ մը մարդոց վերաբերմունքը ի՞նչ էր։
◻ Ազգերը Եհովայի ժողովուրդին դէմ ի՞նչպէս հպարտացան։
◻ Սոփոնիա ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Յուդայի եւ ուրիշ ազգերու։
◻ Եհովայի սպասողները ի՞նչպէս վարձատրուեցան։
[Նկար՝ էջ 8]
Մովաբական Կոթողը կը հաստատէ որ Մովաբացի Մեսա Թագաւորը վաղեմի Իսրայէլի դէմ նախատական խօսքեր ըսաւ
[Նկար՝ էջ 9]
Սոփոնիայի մարգարէութեան թիկունք կանգնելով, Բաբելոնական ժամանակագրութեան այս սեպագիր քարէ տախտակը կ’արձանագրէ Նինուէի կործանումը դաշնակից բանակներու կողմէ