Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Սոփոնիա
1. ա) Ինչպիսի՞ վիճակներու մէջ Սոփոնիան որպէս մարգարէ ծառայեց։ բ) Ան ինչպէ՞ս լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։
1 Ք.Ա. 7–րդ դարու կիսուն, Յուդայի բնակիչները բացէ ի բաց Բահաղը կը պաշտէին։ Չար Ամոն թագաւոր նոր սպաննուած էր, եւ այժմ դեռատի Յովսիա թագաւոր կ’իշխէր (Բ. Մն. 33։21–34։1)։ Այդ ժամանակաշրջանին, Եհովան Սոփոնիա մարգարէն հանեց՝ Իր դատաստանական պատգամը ծանուցանելու։ Թէեւ Սոփոնիան Յուդայի արքայական տան մէկ անդամը եղած ըլլալու էր, բայց Յուդայի իշխանութեան դէմ Եհովայի դատապարտական պատգամը չմեղմացուց (Սոփ. 1։1. 3։1-4)։ Համանման կերպով, մենք կը ջանանք Սոփոնիայի քաջութիւնը ընդօրինակել եւ թոյլ չտալ ընտանեկան կապերուն, որ Եհովայի մեր պաշտամունքին բացասականօրէն ազդեն (Մատ. 10։34-37)։ Սոփոնիային ծանուցանած պատգամը ի՞նչ էր եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
2. Եհովայի բարկութեան օրը ծածկուելու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։
2 Եհովան փնտռել։ Իր բարկութեան օրը, միայն Եհովան կրնայ մարդիկը փրկել։ Անոր համար, Սոփոնիան Յուդայի բնակիչները հրահրեց որ Եհովան փնտռեն, արդարութիւն փնտռեն եւ խոնարհութիւն փնտռեն՝ այնքան ատեն որ դեռ ժամանակ կար (Սոփ. 2։2, 3)։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Սոփոնիայի նման ուրիշները կը քաջալերենք որ Եհովան փնտռեն, բայց մե՛նք ալ պէտք է գործի լծուինք՝ վճռելով բնաւ ‘Տէրոջմէ ետ չդառնալ’ (Սոփ. 1։6)։ Փոխարէն, Եհովան կը փնտռենք իր Խօսքը ուշի–ուշով սերտելով եւ աղօթքով իր առաջնորդութիւնը խնդրելով։ Արդարութիւն կը փնտռենք՝ բարոյապէս մաքուր կեանք վարելով։ Խոնարհութիւն կը փնտռենք՝ ենթարկուող կեցուածք մշակելով եւ պատրաստակամօրէն Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութեան ընդառաջելով։
3. Ծառայութեան մէջ ինչո՞ւ դրական կեցուածք պէտք է պահպանենք։
3 Դրական արդիւնքներ։ Սոփոնիայի դատաստանական պատգամը Յուդայի բնակիչներէն ոմանց սրտին դպա՛ւ։ Ուշադրութեան արժանի է նշել Յովսիա թագաւորը, որ սկսաւ Եհովան փնտռել երբ դեռ պատանի էր։ Յետագային, ան վճռական արշաւի մը ձեռնարկեց կռապաշտութեան դէմ (Բ. Մն. 34։2-5)։ Ներկայիս, թէեւ Թագաւորութեան կարգ մը սերմեր կ’իյնան ճամբուն քով, ապառաժուտ տեղերը կամ փուշերու մէջ, ա՛յլ սերմեր ալ կ’իյնան աղէկ հողի մէջ եւ պտուղ կու տան (Մատ. 13։18-23)։ Մենք վստահ ենք որ Եհովան պիտի շարունակէ մեր ջանքերը օրհնել, մինչ Թագաւորութեան սերմերը ցրուելով զբաղած կը մնանք (Սաղ. 126։6)։
4. Ինչո՞ւ պէտք է ‘Եհովային սպասենք’։
4 Յուդայի մէջ, ոմանք խորհեցան թէ Եհովան բնաւ գործի պիտի չլծուէր։ Բայց Եհովան բոլորին վստահեցուց թէ իր մեծ օրը մօտ էր (Սոփ. 1։12, 14)։ Պիտի փրկուէին միայն անոնք՝ որոնք իրեն կը յուսային (Սոփ. 3։12, 17)։ Մինչ ‘Եհովային կը սպասենք’, թող որ ուրախութիւն գտնենք մեր հաւատակիցներուն հետ ուս–ուսի մեր հզօր Աստուծոյն ծառայելով (Սոփ. 3։8, 9)։